­Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին կեդ­րո­նա­ցած էր ­Մու­սա ­Լե­րան ­Վա­քըֆ գիւ­ղի վրայ, ուր հանգս­տեան կո­չո­ւած պատ­րիարք ­Մես­րոպ Արք. ­Մու­թա­ֆեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նո­ւած հո­վո­ւա­տան մշա­կու­թա­յին հա­մա­լի­րի բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ ­Պոլ­սոյ մեր պաշ­տօ­նա­կից «­Ժա­մա­նակ»ը։
­Գիւ­ղի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ կա­ռու­ցո­ւած հա­մա­լիր մըն է այս մէ­կը։ ­Շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բազ­մազ­բաղ պա­հե­ցին գիւղն ու հա­մայն­քը եւ շնոր­հիւ ­Միհ­րան Ու­լի­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ գոր­ծադ­րո­ւած ջան­քե­րուն՝ կա­րե­ւոր ծրա­գիր մը ի կա­տար ա­ծո­ւե­ցաւ, ի նպաստ ­Վա­քըֆ գիւ­ղին։ ­Սեպ­տեմ­բեր 24-ին, այս հա­մա­լի­րի բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան առ­թիւ գիւ­ղին մէջ տօ­նա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ։ ­Հա­մա­լի­րի օրհ­նու­թեան կար­գին հան­դի­սա­պե­տեց ­պատ­րիար­քու­թեան կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ ­Սա­հակ Եպսկ. ­Մա­շա­լեան։ ­Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան բազ­մա­թիւ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րեր, ո­րոնք փու­թա­ցած էին բաժ­նե­լու վա­քըֆ­ցի­նե­րու ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը։
Եր­կու օ­րե­րու վրայ տա­րա­ծո­ւած ծրա­գիր մը գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ գիւ­ղին մէջ՝ հո­վո­ւա­տան մշա­կու­թա­յին հա­մա­լի­րի բաց­ման առ­թիւ։ ­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ սար­քո­ւե­ցաւ ընթ­րիք մը, որ նա­խա­տե­սո­ւած էր մե­ծա­րե­լու հա­մար այս ծրագ­րին բա­րե­րար­նե­րը։ ­Ներ­կայ էին Տ. ­Սա­հակ Եպս. ­Մա­շա­լեան, գիւ­ղի հո­վիւ Ա­ւե­տիս Քհնյ. ­Թա­պա­շեան, տի­րա­մայր ­Մա­րի ­Մու­թա­ֆեան եւ հա­մայն­քէն այլ բազ­մա­թիւ դէմ­քեր։
Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան ­Սա­հակ Եպս. ­Մա­շա­լեան, Ծ­խա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Ճէմ ­Չա­փար, կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Միհ­րան Ու­լի­կեան։ ­Ներ­կայ էին գիւ­ղա­պետ ­Պերճ ­Քար­թուն եւ գիւ­ղի բազ­մա­թիւ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։ ­Վեր­յի­շո­ւե­ցան 1997 թո­ւա­կա­նի ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն դրո­ւագ­ներ։ Ընթ­րի­քէն ետք ա­ւան­դա­կան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը հա­ւա­քո­ւե­ցան գիւ­ղին հրա­պա­րա­կին վրայ, ուր «Ո­մանք» ե­րաժշ­տա­կան խում­բը հան­դէս ե­կաւ հա­մեր­գով մը։ ­Ժո­ղո­վուր­դը պար բռնեց բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ եւ բո­լո­րը զո­ւար­ճա­ցան մին­չեւ գի­շե­րո­ւան ուշ ժա­մե­րը՝ մինչ սկսած էր նաեւ ա­ւան­դա­կան հա­րի­սա­յի պատ­րաս­տու­թիւ­նը։ ­Գի­շե­րո­ւան ժա­մե­րուն ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան ­Մի­սաք ­Հեր­կել եւ ­Սա­հակ Եպս. ­Մա­շա­լեան։ «Ո­մանք»ի գոր­ծադ­րած ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րին զու­գա­հեռ՝ գիւ­ղի ե­րի­տա­սարդ­ներն ալ ի­րենց եր­գե­րով ու պա­րե­րով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս յատ­կան­շա­կան գի­շե­րո­ւան։ ­Բո­լոր ե­լոյթ ու­նե­ցող­նե­րը եւ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծե­ցին, որ շնոր­հիւ ­Մես­րոպ ­Պատ­րիարք ­Մու­թա­ֆեա­նի ­Վա­քըֆ գիւ­ղը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն մաս կազ­մել սկսած էր ­Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քին եւ իբր այդ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ վեր­յի­շո­ւե­ցան իր կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ջան­քե­րը։
­Սեպ­տեմ­բեր 24ի ա­ռա­ւօ­տեան կա­յա­ցաւ մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այս առ­թիւ ­Վա­քըֆ գիւղ ժա­մա­նե­ցին ­Հա­թա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Լիւթ­ֆի ­Սա­վաշ, ­Սա­ման­տա­ղի գա­ւա­ռա­պետ ­Ճա­հիտ ­Չե­լիք, ­Սա­ման­տա­ղի քա­ղա­քա­պետ ­Միթ­հատ ­Նե­հիր, ­Հա­թա­յի միւֆ­թի ­Համ­տի ­Քա­ւիլ­լիօղ­լու, ­Սա­հակ Եպս. ­Մա­շա­լեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րեր։
­Նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րը, որ ե­ռա­յարկ է, ու­նի ինը հիւ­րա­սե­նեակ­ներ։ Կ­՚ընդգր­կէ հո­վո­ւա­տուն մը։ 150 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րա­ծու­թեամբ դահ­լիճ մը կ­՚ընդգր­կէ հա­մա­լի­րը, ուր նոյն տա­րա­ծու­թեամբ կայ նաեւ ար­տադ­րա­մաս մը։ Այդ ար­տադ­րա­մա­սը ա­նո­ւա­նո­ւած է մեր ազ­գա­յին­նե­րէն ­Միհ­րան Ու­լի­կեա­նի ա­նու­նով՝ հա­շո­ւի առ­նե­լով ա­նոր կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ե­րախ­տա­շատ ջան­քե­րը։ ­Հա­մա­լի­րը կ­՚ընդգր­կէ նաեւ թան­գա­րա­նի բա­ժին մը, սա­կայն այս թան­գա­րա­նի բա­ցու­մը պի­տի  կա­տա­րո­ւի ա­պա­գա­յին։
­Ներ­կա­յիս ­Վա­քըֆ գիւ­ղին մէջ կը բնա­կի շուրջ 160 հո­գի, կան 35 բնա­կա­րան­ներ։ ­Լու­սան­կար­նե­րը՝ «­Ժա­մա­նակ»ի։