Մա­նուկ Ա­բե­ղեան (1865-1944)

­­Մա­նուկ Ա­բե­ղեան (1865-1944). ­Մե­ծա­վաս­տակ գրա­կա­նա­գէ­տը, բա­նա­սէ­րը եւ լե­զո­ւա­բա­նը Ն.

0
1675

­Սեպ­տեմ­բեր 25ի այս օ­րը, 73 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծար­ժէք ծնունդ­նե­րէն ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեան, որ յա­ւերժ ար­ժա­նի պի­տի մնայ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան՝ հայ գրա­կա­նա­գի­տու­թեան, բա­նա­սի­րու­թեան եւ լե­զուա­բա­նու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ իր կա­տա­րած գի­տա­կան բազ­մա­վաս­տակ, այ­լեւ տի­տա­նա­կան ներդ­րու­մին հա­մար։
Ան­մի­ջա­պէս պէտք է նշել ան­շուշտ, նաեւ՝ գլխա­գիր, որ ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի ա­նու­նով կնքո­ւե­ցաւ քսա­նե­րորդ դա­րու քսա­նա­կան­նե­րուն խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ հա­յոց ­Մես­րո­պեան՝ ­Դա­սա­կա՛ն ուղ­ղագ­րու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը։
­Պե­տա­կան ո­րո­շու­մով եւ պե­տա­կան մի­ջոց­նե­րու խստա­գոյն կի­րարկ­մամբ պար­տադ­րո­ւած պոլ­շե­ւի­կեան այս­պէս կո­չո­ւած պաշ­տօ­նա­կան «ուղ­ղագ­րու­թիւն»ը, փաս­տօ­րէն, ծա­ռա­յեց հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւնն ու գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը երկ­փեղ­կե­լու՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը նա­խա­խորհրդա­յին իր ան­ցեա­լէն խզե­լու եւ էա­պէս խորհր­դայ­նաց­նե­լու նպա­տա­կին։ Իսկ այդ ճամ­բուն վրայ խորհր­դա­յին­նե­րը գի­տա­կան հիմ­նա­ւոր­ման զի­նա­նո­ցի ու յատ­կա­պէս վա­հա­նի վե­րա­ծե­ցին Ա­բե­ղեա­նի «ուղ­ղագ­րա­կան» (սխա­լագ­րա­կան՝ պի­տի ը­սէին ­Թէօ­լէօ­լեան­նե­րը) մօ­տե­ցում­նե­րը։ Գ­րա­ւոր մշա­կոյ­թի ու գի­տու­թեան բո­լոր մար­զե­րէն ներս պե­տա­կա­նօ­րէն ար­գի­լո­ւե­ցաւ հա­յոց ­Մես­րո­պեան՝ ­Դա­սա­կա՛ն ուղ­ղագ­րու­թեան գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, փո­խա­րէ­նը ա­մէ­նուր եւ ա­մե­նայն շտա­պո­ղա­կա­նու­թեամբ թափ տա­լով «ա­բե­ղեա­նա­կան» ուղ­ղագ­րու­թեամբ թեր­թե­րու, գիր­քե­րու եւ դա­սա­գիր­քե­րու տպագ­րու­թեան…
Այդ­պէ՛ս, ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի ա­ռա­ջադ­րած հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րու­թեան իբր թէ տէր կանգ­նե­լու պատ­րո­ւա­կով՝ ­Խորհր­դա­յին­նե­րը ծան­րա­գոյն հա­րուած հաս­ցու­ցին հա­յե­րէ­նի միա­ցեալ ուղ­ղագ­րու­թեան եւ, եր­կա­թեայ վա­րա­գոյ­րով ար­դէն երկ­փեղ­կո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի զոյգ թե­ւե­րուն մի­ջեւ, բա­ցին նաեւ հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րա­կան ներ­հակ ուղ­ղագ­րու­թեանց խոր խրա­մա­տը։
Ան­շուշտ հայ լե­զո­ւա­գի­տու­թեան այդ օ­րե­րու մե­ծար­ժէք վաս­տա­կա­ւոր­նե­րը, Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ծա­ռա­ցան խորհր­դա­յին­նե­րու հա­կազ­գա­յին քայ­լին դէմ, բայց ոչ միայն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­տե­սու­մի մատ­նե­ցին զա­նոնք, այ­լեւ՝ անձ­նա­պէս շնոր­հազրկե­ցին մե­ծա­նուն այդ ար­ժա­նա­ւոր­նե­րը՝ բա­րո­յա­պէս ընկ­ճե­լով եւ հա­լա­ծան­քի թի­րախ դարձ­նե­լով զա­նոնք։
­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մով բա­ցո­ւած հա­յոց պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րը տա­րա­կոյս չեն ձգեր, որ նոյ­նինքն ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի սրտով չէր հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րու­թեան իր «բա­րե­փո­խում­ներ»ը այդ­պէս բա­ցար­ձա­կօ­րէն ու պե­տա­կա­նօ­րէն հան­րա­պար­տա­դիր դարձ­նե­լու եւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րը Ազ­գի ժա­ռան­գու­թեան խոր­թաց­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։
Ա­հա՛ վկա­յու­թիւ­նը նոյ­նինքն Ա­բե­ղեա­նի.-
«­Փո­փո­խու­թիւն, իմ կար­ծի­քով, պէտք է, եւ կա­րե­լի է ա­նել ո­րոշ չա­փով. բայց ե­թէ որ­ևէ փո­փո­խու­թիւն պի­տի վե­րաց­նի մեր ուղ­ղագ­րու­թեան միու­թիւ­նը եւ մեր եր­կու գրա­կան լե­զու­ներն ի­րա­րուց ա­ւե­լի հե­ռաց­նի, ա­ւե­լի լաւ է, որ չլի­նի: Իսկ մինչ այդ, ձեռք պի­տի քա­շել ա­մէն հին ու նոր փո­փո­խու­թիւն­նե­րից եւ դառ­նալ ա­ւան­դա­կան ուղ­ղագ­րու­թեա­նը: Ա՛յս է ու­ղիղ ճա­նա­պար­հը: («­Դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը նոր ուղ­ղագ­րու­թեամբ փո­խա­րի­նե­լու մա­սին», «Ա­րա­րատ» ամ­սա­գիր, 1913)։
­Նաեւ այս ա­ռու­մով կաս­կա­ծէ վեր է, որ ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րա­կան տե­սու­թիւն­նե­րուն պաշ­տօ­նա­կան՝ խորհր­դա­յին պե­տա­կան այդ չա­րա­շա­հու­մը ո­չինչ կը պակ­սեց­նէ մե­ծար­ժէք հա­յուն հա­յա­գի­տա­կան բա­ցա­ռիկ ներդ­րու­մէն՝ ա­նոր գի­տա­կան ու ան­վի­ճե­լիօ­րէն տի­տա­նա­կան ե­րախ­տա­շատ վաս­տա­կէն։
­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի գրա­կա­նա­գի­տա­կան, բա­նա­սի­րա­կան եւ լե­զո­ւա­բա­նա­կան գոր­ծե­րուն սոսկ մա­տե­նա­գի­տու­թիւ­նը ինք­նին բա­ւա­րար է, որ­պէս­զի ըն­թեր­ցո­ղը ամ­բող­ջա­կան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ խո­նար­հի ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին եւ գի­տա­կան հմտու­թեան առ­ջեւ հայ մտքի այս ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին։
­Մա­նուկ Ա­բե­ղեան ծնած է 1865ի ­Մարտ 15ին, հին ­Նա­խի­ջե­ւա­նի Աս­տա­պատ գիւ­ղը, հայ հո­ղա­գործ ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ։
Սկզբ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Կար­միր վան­քի դպրո­ցին մէջ։ 1876ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Էջ­միած­նի ԳԷոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը եւ ա­ւար­տեց 1885ին: Ան­մի­ջա­պէս հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ դա­սա­խօ­սե­լու ինչ­պէս նոյն ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի, այն­պէս ալ ­Շու­շիի եւ ­Թիֆ­լի­սի հա­յոց թե­մա­կան եւ մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։
1893ին մեկ­նե­ցաւ ար­տա­սահ­ման եւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ Ե­նա­յի, ­Լայփ­ցի­կի, ­Պեր­լի­նի եւ ­Փա­րի­զի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ։ 1898ին ա­ւար­տեց Ե­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նը՝ ստա­նա­լով փի­լի­սո­փա­յու­թեան դոկ­տո­րի աս­տի­ճան։ Այ­նու­հե­տեւ վե­րա­դար­ձաւ ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րան, ուր մին­չեւ 1914 թո­ւա­կա­նը հա­յոց լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­տու ե­ղաւ ու սե­րունդ­ներ հաս­ցուց։ Ա­պա՝ չորս տա­րի, մին­չեւ 1918ի ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնն ու Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թիւ­նը, ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն վա­րեց ­Թիֆ­լի­սի ­Ներ­սի­սեան դպրո­ցին մէջ։
Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին բաց­ման օ­րէն իսկ՝ ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեան փրո­ֆե­սո­րի պաշ­տօն ստանձ­նեց եւ պատ­րաս­տեց հա­յոց լե­զո­ւի ու գրա­կա­նու­թեան բազ­մա­թիւ մաս­նա­գէտ­ներ։ 1925-30 թո­ւա­կան­նե­րուն ղե­կա­վա­րեց ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի գի­տու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի հիմ­նար­կը: Ա­կա­դե­մա­կան ու դա­սա­խօ­սա­կան բե­ղուն աշ­խա­տան­քի պատ­նէ­շին վրայ մնաց մին­չեւ իր մա­հը՝ 25 ­Սեպ­տեմ­բեր 1944ին։
­Մա­նուկ Ա­բե­ղեան գրած է հա­յոց լե­զո­ւի, հին թէ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու գրա­կա­նու­թեան եւ հայ ժո­ղովր­դա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց ու բա­նա­հիւ­սու­թեանց վե­րա­բե­րեալ բա­զում գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­ներ։ Շր­ջած է ­Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղե­րը՝ հա­ւա­քե­լով հայ ժո­ղովր­դա­կան ա­ռաս­պել­ներ, գու­սա­նա­կան տա­ղեր, հայ­րէն­ներ, գրի ա­ռած է հայ­կա­կան ­Դիւ­ցազ­ներ­գու­թեան (է­պո­սի) բազ­մա­թիւ տար­բե­րակ­ներ։ Ո­րոշ ժա­մա­նակ ե­ղած է նաեւ խմբա­գիր՝ մաս­նակ­ցե­լով «­Նոր-­Դար» թեր­թի խմբագ­րու­թեան։
­Կը նկա­տո­ւի հա­յոց տա­ղա­չա­փու­թեան ա­ռա­ջին ու­սում­նա­սի­րողն ու փաս­տա­ցի, ամ­բող­ջա­կան հե­տա­զօ­տու­թեան հե­ղի­նա­կը։
1886ին ար­դէն, Ա­բե­ղեան գրա­ռած էր «­Սաս­նայ Ծ­ռեր» դիւ­ցազ­նա­վէ­պի մո­կաց տար­բե­րա­կը, կա­տա­րած էր ա­նոր ա­ռա­ջին մաս­նա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը եւ 1889ին հրա­տա­րա­կած՝ «­Դա­ւիթ եւ Մ­հեր» վեր­նագ­րով: ­Հե­տա­գա­յին ստեղ­ծեց «­Սաս­նայ Ծ­ռեր»ու դա­սա­կան տե­սու­թիւ­նը:
Ինչ­պէս որ «­Հայ­կա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րան»ը կը հաս­տա­տէ, Մ. Ա­բե­ղեան նո­րո­վի պար­զա­բա­նեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հին ու նոր հա­ւա­տա­լիք­նե­րը, ա­ռաս­պե­լա­կան զրոյց­նե­րը։ Մ­շա­կեց հայ ա­ռաս­պե­լա­բա­նու­թեան գի­տա­կան նոր տե­սու­թիւ­նը («­Հայ վի­պա­կան բա­նա­հիւ­սու­թիւն», 1966):
Իր «­Ժո­ղովր­դա­կան խա­ղեր» (1904) եւ «­Հին գու­սա­նա­կան ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր» (1931) մե­նագ­րու­թեանց մի­ջո­ցաւ, Ա­բե­ղեան հե­տա­զօ­տեց հա­յոց խա­ղիկ­նե­րու, միջ­նա­դա­րեան հայ­րէն­նե­րու տե­սա­կա­յին (ժան­րա­յին), կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին, տի­պա­բա­նա­կան, տա­ղա­չա­փա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը, պար­զա­բա­նեց ա­նոնց ժո­ղովր­դա­կան բնոյ­թը, նշեց ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու ա­կունք­նե­րը, զար­գա­ցումն ու ըն­թաց­քը:
Իր «­Հա­յոց հին գրա­կա­նու­թեան պատ­մու­թիւն» (1944-46) քա­ռա­հա­տոր աշ­խա­տու­թեան մէջ, Մ. Ա­բե­ղեան գի­տա­կան խո­րա­ցու­մով ու մշա­կու­մով ու­սում­նա­սի­րեց հայ գրա­կա­նու­թեան սկզբնա­ւոր­ման, պատ­մու­թեան, գրա­կան դէմ­քե­րու եւ դպրոց­նե­րու գնա­հատ­ման, ծագ­ման ու զար­գաց­ման հար­ցե­րը։
1910ա­կան­նե­րէն սկսեալ, Ա­բե­ղեան խո­րա­ցաւ հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թեան տա­ղա­չա­փու­թեան հե­տա­զօտ­մամբ («­Հա­յե­րէն տա­ղա­չա­փու­թեան մա­սին», 1916, «­Տա­ղա­չա­փու­թեան զար­գա­ցու­մը ­Չա­րեն­ցի եւ ու­րիշ­նե­րի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րի մէջ», 1923, «­Հա­յոց լե­զո­ւի տա­ղա­չա­փու­թիւն», 1933):
­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի գի­տա­կան վաս­տա­կին մէջ կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւեն ա­նոր լե­զո­ւա­բա­նա­կան-քե­րա­կա­նա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը: «Աշ­խար­հա­բա­րի քե­րա­կա­նու­թիւն» (1906), «Աշ­խար­հա­բա­րի շա­րա­հիւ­սու­թիւն» (1912), «­Հա­յոց լե­զո­ւի տե­սու­թիւն» (1931) աշ­խա­տու­թիւն­նե­րով, Ա­բե­ղեան ե­ղաւ ա­ռա­ջին­նե­րէն, որ աշ­խա­տե­ցաւ գի­տա­կա­նօ­րէն հա­մա­կար­գել ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի հնչիւ­նա­բա­նու­թիւ­նը, պար­զել հնչիւ­նա­փո­խու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րը, հա­մա­կող­մա­նիօ­րէն հե­տա­զօ­տել բա­ռա­գի­տու­թիւնն ու բա­ռա­կազ­մու­թիւ­նը: Ա­բե­ղեա­նի կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած է ա­ռա­ջին «­Ռուս-­Հա­յե­րէն բա­ռա­րա­նը» (1925 թ.). մաս­նակ­ցած է շարք մը բա­ռա­րան­նե­րու ստեղծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն:
­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի ա­նու­նով կո­չո­ւած է Հ.Հ. ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի Գ­րա­կա­նու­թեան ­Հիմ­նար­կը։
­Հա­յա­գի­տու­թեան մեծ վար­պե­տին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս է­ջը ե­զ­րա­փա­կենք ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի ծննդեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով «­Պատ­մա-­Բա­նա­սի­րա­կան ­Հան­դէս»ի է­ջե­րուն ա­կա­դե­մի­կոս Կ. Ա. ­Մե­լիք-Օ­հան­ջա­նեա­նի լոյս ըն­ծա­յած յո­բե­լի­նա­կան յօ­դո­ւա­ծի նե­րա­ծու­թե­նէն քա­ղո­ւած հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ.-
«­Հայ բա­նա­սի­րու­թեան, լայն ա­ռու­մով հա­յա­գի­տու­թեան, ա­մե­նա-ա­կա­նա­ւոր դէմ­քե­րից է մեծ գիտ­նա­կան ­Մա­նուկ ­Խա­չա­տու­րի Ա­բե­ղեա­նը։
«Չ­կայ հա­յա­գի­տու­թեան մէջ հա­մա­րեա մի բնա­գա­ւառ, ո­րին րնդհուպ մօ­տե­ցած եւ իր ծան­րակ­շիռ խօսքն ա­սած չլի­նի ա­կա­նա­ւոր գիտ­նա­կա­նը։ Ն­րա վիթ­խա­րի ժա­ռան­գու­թիւ­նը բազ­մա­ժանր է, իր ժա­մա­նա­կին վճռո­ղա­կան դեր է կա­տա­րել, այ­սօր էլ պահ­պա­նում է իր մեծ մա­սի ա­նու­րա­նա­լի ար­ժէքր, ո­րոշ բնա­գա­ւառ­նե­րում՝ գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը։ Ն­րա աշ­խա­տու­թիւն­նե­րի գի­տա­կան ար­ժա­նիք­նե­րի յա­րա­տե­ւու­թեան պատ­ճառն այն է, որ ­Մա­նուկ Ա­բեղ­յանր եր­բեք չի ե­ղել է­պի­գոն՝ ինք­նու­րոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նից զուրկ սոս­կա­կան մի հե­տե­ւորդ։
«Իր ե­րի­տա­սար­դա­կան վաղ հա­սա­կից սկսած նա ե­ղել եւ մին­չեւ իր կեան­քի վախ­ճա­նը մնա­ցել է մարտն­չող, նոր ու­ղի­ներ հար­թող, նո­րա­րար գիտ­նա­կան։
­Սայ­թա­քում­ներ, հար­կաւ, նա էլ է ու­նե­ցել, բայց այդ ո՞ր մեծ գիտ­նա­կանն է, որ՝ անս­խալ, ան­սայ­թաք անց­նե­լով գի­տու­թեան ծովր, մե­թո­դո­լո­գիա­յի բո­լոր խո­չըն­դոտ­ներն ու խո­չըն­դակ­նե­րը, «անվ­տանգ ու ան­շեղ», ու­ղիղ իր ան­քոյթ հանգ­րո­ւանն է հա­սե…
«Ի՞ն­չով բա­ցատ­րել այն, որ նրա գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­ներր այ­սօր էլ ա­ռատ նիւթ են տա­լիս մեր ար­դի գի­տու­թեա­նը եւ մեր գիտ­նա­կան­նե­րի հա­մար «կաթ­նաղ­բիւր»ի դերն են կա­տա­րում։
Դ­րա միակ պատ­ճա­ռը կամ բա­ցատ­րու­թիւ­նը այն է, որ մեծ գիտ­նա­կա­նը բնու­թիւ­նից օժ­տո­ւած լի­նե­լով նուրբ զգա­ցո­ղու­թեամբ, դի­տո­ղա­կան սուր ըն­դու­նա­կու­թեամբ եւ ար­տա­կարգ ջա­նա­սի­րու­թեամբ, հե­տա­գա­յում ու­սում­նա­ռու­թեան շրջա­նում թէ՛ ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նում եւ թէ եւ­րո­պա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րում կա­րո­ղա­ցել է գի­տու­թիւն ամ­բա­րել, քննա­դա­տա­բար իւ­րաց­նել, ստեղ­ծա­գոր­ծա­բար մշա­կել եւ­րո­պա­կան ա­ռա­ջա­ւոր գի­տու­թիւ­նը եւ այդ ա­մէնն ի սպաս դնել հայ­րե­նի աշ­խար­հի հո­գե­ւոր մշա­կոյ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թեան գոր­ծին»։