­Մա­յիս ­Մէկ էր ե­րէկ եւ ա­րար-աշ­խարհ ա­կա­նա­տես դար­ձաւ, որ աշ­խա­տան­քի եւ աշ­խա­տա­ւո­րի ա­զա­տագ­րու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան վեհ շար­ժու­մը, այ­լեւ՝ ըն­կե­րա­յին ի­րա­ւա­տի­րու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան հա­մար ա­զա­տա­խոհ մարդ­կու­թեան մղած շուրջ 130ա­մեայ կազ­մա­կերպ պայ­քա­րը ինչ­պէ՜ս մատ­նո­ւած է ֆա­շա­կա­նու­թեան կրուն­կին տակ ոտ­նա­կոխ ճզմո­ւե­լու, այ­լա­մեր­ժու­թեան ու մո­լե­ռան­դու­թեան միեւ­նոյն հո­սան­քէն թափ ա­ռած՝ գա­ղա­փա­րա­մոլ թէ կրօ­նա­մոլ ի­րե­րա­մերժ թե­ւե­րու աք­ցա­նին մէջ ու­ժաս­պառ դառ­նա­լու եւ իր վեր­ջին շուն­չը փչե­լու օր­հա­սին։
Այս տա­րո­ւան ­Մա­յիս ­Մէ­կի Օ­րը աշ­խա­տա­ւոր մարդ­կու­թիւ­նը դի­մա­ւո­րեց խոր ան­դո­հան­քով, ա­հա­ւոր ան­կում­նե­րու վտան­գը դի­մագ­րա­ւե­լու անձ­կու­թեամբ՝ ի տես եւ ի լուր ֆա­շա­կա­նու­թեան եր­կու բե­ւեռ­նե­րուն ալ յաղ­թար­շա­ւին… ­Թուր­քիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան քո­ղին տակ ե­րե­ւան ե­կած մէկ կող­մէ «խա­լի­ֆա­յու­թեան» եւ միւս կող­մէ «խա­չակ­րու­թեան» վե­րապ­րուկ­նե­րու քան­դիչ մո­լուց­քի բոր­բո­քու­մին։
Ա­յո՛, էա­պէս եւ ըստ ա­մե­նայ­նի ֆա­շա­կա­նու­թե­նէն կը ներշն­չո­ւին մեր օ­րե­րուն հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ Ա­րե­ւել­քը վա­րա­կած կրօ­նա­մո­լու­թիւ­նը, թէ՛ Ա­րեւ­մուտ­քը խռո­ված ցե­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը։ Ի­րե­րա­մերժ ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ ա­նոնք միա­ժա­մա­նակ ո­խե­րիմ թշնա­մի­ներն են երկ­րա­գուն­տը մարդ­կու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քին հա­մար ընդ­հա­նուր հայ­րե­նիք եւ բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման հա­մե­րաշխ օր­րան դա­ւա­նող ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու ըն­կեր­վա­րու­թեան գա­ղա­փար­պաշտ մեծ շար­ժու­մին։
Ա­հա թէ քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան ինչ­պի­սի՛ ջլա­տիչ մթնո­լոր­տի մէջ, ­Մա­յիս ­Մէ­կի ե­րէ­կո­ւան օ­րը, ողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին — բա­ցա­ռու­թեամբ հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի – ­պաշ­տօ­նա­պէս աշ­խա­տան­քը դա­դար ա­ռաւ եւ բո­լոր եր­կիր­նե­րու աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան հետ՝ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը նշեց Աշ­խա­տան­քի ու Աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը։
­Թէեւ հնա­դա­րեան ժա­մա­նակ­նե­րէն մարդ­կու­թիւ­նը տօ­նած է ­Մա­յիս ամ­սու գա­լուս­տը իբ­րեւ ծաղ­կու­մի եւ կեն­սու­րա­խու­թեան հե­թա­նո­սա­կան տօն, բայց ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հը հիմ­նո­վին տար­բեր գա­ղա­փա­րա­կան խոր­քով կը նշէ ­Մա­յիս 1ը։
­Մա­յիս ­Մէ­կի խոր­հուր­դը շա­տոնց ուղ­ղա­կիօ­րէն կա­պո­ւած է մար­դու աշ­խա­տան­քի ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ շար­ժու­մին եւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րին հետ։
­Շուրջ 130 տա­րի ա­ռաջ սկսաւ ­Մա­յիս 1ի ժա­մա­նա­կա­կից ի­մաս­տով նշու­մը եւ այն­քան ալ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով չսկսաւ։ 1890ի ­Մա­յիս 1ին, յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին, աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը եւ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը (ըն­կեր­վա­րա­կան, ա­նիշ­խա­նա­կան թէ ա­զա­տա­խո­հա­կան) փո­ղոց ի­ջան եւ ցոյց կա­տա­րե­ցին՝ ութ­ժա­մայ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րո­ւան եւ ընդ­հան­րա­պէս աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կեան­քի պայ­ման­նե­րու բա­րե­լաւ­ման պա­հան­ջով։
­Յատ­կա­պէս աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րո­ւած ա­ռա­ջին այդ ­Մա­յիս 1ի ցոյ­ցե­րը այդ­պէս՝ պա­տա­հա­կան կամ ինք­նա­բուխ չե­ղան։ ­Տա­րի մը ա­ռաջ, 1889ի ­Յու­լի­սին, Ֆ­րան­սա­կան մեծ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով գու­մա­րո­ւած էր Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի (պատ­մու­թեան ծա­նօթ իբ­րեւ Երկ­րորդ ­Մի­ջազ­գայ­նա­կան) հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վը, որ հե­տա­գայ իր գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րու շար­քին՝ ­Մա­յիս ­Մէ­կը հռչա­կեց իբ­րեւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շար­ժում­նե­րու մի­ջազ­գա­յին զօ­րակ­ցու­թեան Օր։
­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի այդ ո­րո­շումն էր, որ ի գործ դրո­ւե­ցաւ 1890ին։ Իսկ ­Մա­յիս 1ին մի­ջազ­գա­յին աշ­խա­տա­ւո­րա­կան զօ­րակ­ցու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան ի­մաստ տա­լու գա­ղա­փա­րը բխած էր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ ար­դէն ծա­ւա­լուն բնոյթ ստա­ցած աշ­խա­տա­ւո­րա­կան պայ­քա­րին թի­կունք կանգ­նե­լու Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շու­մէն։
Ար­դա­րեւ, աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շար­ժու­մը ակն­բախ յա­ռաջ­խա­ղացք ար­ձա­նագ­րած էր Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ՝ օգ­տո­ւե­լով ա­զատ մտա­ծո­ղու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­զատ գոր­ծու­նէու­թեան՝ Եւ­րո­պա­յի հա­մե­մատ ա­ւե­լի ձեռն­տու պայ­ման­նե­րէն։ 1886ին, ­Մա­յի­սի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու աշ­խա­տա­ւո­րա­կան եւ գաղ­թա­կա­նա­կան կեդ­րո­նաց­ման քա­ղաք­նե­րէն ­Շի­քա­կո­յի մէջ, աշ­խա­տա­ւոր­նե­րը փո­ղոց ի­ջած էին եւ օ­րե­րու վրայ շա­րու­նա­կո­ւած ցոյ­ցե­րու մի­ջո­ցաւ պա­հան­ջած էին, որ օ­րէն­քով նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւի ութ­ժա­մեայ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րո­ւան ի­րենց պա­հան­ջը։ ­Մա­յիս 4ին, ­Շի­քա­կո­յի ­Հէյ­մար­քէթ հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ցոյ­ցը շատ բազ­մա­մարդ եւ բուռն ե­ղած էր՝ ոս­տի­կա­նու­թեան հետ առ­ճա­կատ­ման եր­թա­լու ի­մաս­տով։
Ա­նո­րոշ կող­մէ ռումբ նե­տո­ւած էր ցոյ­ցին հսկող ոս­տի­կա­նու­թեան վրայ՝ զո­հեր խլե­լով ոս­տի­կան­նե­րէն, ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս կրակ բա­ցած էին ցու­ցա­րար­նե­րուն վրայ եւ պատ­ճառ դար­ձած՝ 8 մե­ռեա­լի եւ տաս­նեակ­նե­րով վի­րա­ւոր­նե­րու։
Ան­շուշտ օ­րին դատ¬դա­տա­վա­րու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցած էր, բայց դա­տա­րա­նը իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցու­ցած էր, ռում­բի ար­ձակ­ման բուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու փո­խա­րէն, ցոյ­ցի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն քա­ղա­քա­կան հա­մո­զում­նե­րուն քննարկ­ման եւ բա­ցա­յայտ­ման վրայ, ինչ որ քա­ղա­քա­կա­նա­ցուց աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շարժ­ման ամ­բողջ բնոյ­թը։
­Նոյն պատ­ճա­ռով ալ, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու օ­րո­ւան նա­խա­գա­հը՝ Ք­լիվ­լընտ փու­թաց զօ­րակ­ցե­լու ա­մե­րի­կա­ցի աշ­խա­տա­ւո­րա­կան միու­թիւն­նե­րէն Աշ­խա­տան­քի Աս­պետ­ներ ար­հես­տակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ ի հա­կազ­դե­ցու­թիւն ըն­կեր­վա­րա­կան հա­մո­զում­նե­րով ­Հէյ­մար­քէ­թի ցու­ցա­րար­նե­րուն՝ ա­ռա­ջար­կեց ­Սեպ­տեմ­բե­րին տօ­նել Աշ­խա­տան­քի Օ­րը եւ այդ­պէս ալ, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու եւ ­Քա­նա­տա­յի մէջ, մին­չեւ այ­սօր Աշ­խա­տան­քի Օ­րը կը տօ­նո­ւի ­Սեպ­տեմ­բե­րին։
Եւ այդ­պէս սկսաւ ­Մա­յիս ­Մէ­կի մի­ջազ­գա­յին շարժ­ման կեն­սագ­րու­թիւ­նը։
Սկզբ­նա­պէս սահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ ութ­ժա­մեայ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րո­ւան, աշ­խա­տա­վար­ձե­րու ար­դար գնա­հատ­ման եւ աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու մէջ ա­ւե­լի յար­մար պայ­ման­նե­րու ա­պա­հով­ման պա­հանջ­նե­րով։
­Բայց ո­րով­հե­տեւ 19րդ ­դա­րու վեր­ջին տաս­նա­մեա­կէն սկսած աշ­խար­հով մէկ վա­րա­կիչ դար­ձած էին ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ա­զա­տագ­րու­մի յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րը, ­Մա­յիս ­Մէ­կի ո­գե­կո­չում­ներն ու տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րը շատ ա­րագ ա­մէ­նուր վե­րա­ծո­ւե­ցան բո­ղո­քի եւ ցոյ­ցի պոռթ­կում­նե­րու՝ իշ­խա­նու­թեանց եւ ժո­ղովր­դա­յին խա­ւե­րու մի­ջեւ բա­խու­մի ա­ռիթ­նե­րու։
­Նոյն­քան ա­րա­գու­թեամբ զուտ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան պա­հանջ­նե­րու վրայ գու­մա­րո­ւե­ցան ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան ա­զա­տագ­րու­մի ա­ռա­ջադ­րանք­ներ, մին­չեւ որ տաս­նա­մեա­կէ տաս­նա­մեակ յա­րա­ճուն թափ ա­պա­հո­վե­լով՝ ­Մա­յիս ­Մէ­կի ե­լոյթ­նե­րը ընդգր­կե­ցին լայ­նա­գոյն հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան ա­մէն կար­գի պա­հանջ։
­Մա­յիս ­Մէ­կը այ­սօր եւս կը պահ­պա­նէ, ան­շո՛ւշտ, շեշ­տա­կիօ­րէն Աշ­խա­տան­քի եւ Աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րո­ւան իր նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Այ­սու­հան­դերձ՝ ներ­կա­յիս Աշ­խա­տանքն ու Աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը շատ բան կորսն­ցու­ցած են նեղ դա­սա­կար­գա­յին ի­րենց սկզբնա­կան ի­մաս­տէն եւ ար­ժէ­քէն։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ցե­ղա­յին ու սե­ռա­յին հա­ւա­սա­րու­թեան, ազ­գա­յին պաշտ­պա­նո­ւա­ծու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­կակ­շիռ­նե­րու ընդ­լայն­ման, կեն­սո­լոր­տի ան­խա­թար պահ­պան­ման եւ կրօ­նա­կան ու քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նու­րոյ­նու­թեան ա­զատ զար­գաց­ման պա­հանջ­նե­րը ամ­բողջ հո­րի­զո­նը լայ­նա­գոյնս բա­ցած են ­Մա­յիս ­Մէ­կի ի­մաս­տին եւ ար­ժէ­քին առ­ջեւ։
­Մա­յիս ­Մէ­կի գա­ղա­փա­րա­կան խոր­հուր­դին այս աս­տի­ճան ընդ­լայ­նու­մը, բնա­կա­նա­բար, շատ բան նո­ւա­զե­ցուց ա­նոր էա­պէս աշ­խա­տա­ւո­րա­կան պայ­քա­րի նշա­նա­կու­թե­նէն եւ հնչե­ղու­թե­նէն։ ­Բայց նոյ­նիսկ մեր օ­րե­րուն, աշ­խար­հի ո­րե­ւէ ան­կիւ­նը, մին­չեւ ան­գամ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նօ­րէն հաս­տա­տա­քայլ յա­ռաջ­դի­մած եր­կիր­նե­րու մէջ, երբ աշ­խա­տանքն ու աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը ի­րա­ւազր­կե­լու քայ­լեր կ­þար­ձա­նագ­րո­ւին, ­Մա­յիս ­Մէ­կը ան­մի­ջա­պէս կը վե­րագտ­նէ եր­բեմ­նի իր բուռն պայ­քա­րի տա­րո­ղու­թիւ­նը՝ աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան եւ իշ­խա­նու­թեանց մի­ջեւ ա­րիւ­նա­լի բա­խում­նե­րու յան­գե­լով։
Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ, 19րդ ­դա­րա­վեր­ջէն սկսեալ, ­Մա­յիս ­Մէ­կը ոչ միայն հայ գրող­նե­րու՝ ­Վա­րու­ժան­նե­րու եւ ­Վա­րան­դեան­նե­րու ու ա­նոնց գա­ղա­փա­րա­կան են­թա­հո­ղը կազ­մող հայ ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը դար­ձաւ, այ­լեւ՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն մղում տո­ւաւ հա­մա­մարդ­կա­յին մեծ ի­տէալ­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու սկզբուն­քայ­նու­թեան։
­Մա­յիս ­Մէ­կը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն չա­րա­շա­հո­ւե­ցաւ նաեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի պոլ­շե­ւի­կեան թե­ւին կող­մէ եւ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան է­ջե­րուն միշտ սե­ւով ու մու­րով պի­տի յի­շա­տա­կո­ւի 1920ի ­Մա­յիս ­Մէ­կը, երբ ­Կար­միր ­Բա­նա­կի հրահ­րու­մով՝ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը ­Կար­սի մէջ Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Օ­րո­ւան հան­դի­սու­թիւն­նե­րը փոր­ձե­ցին ծա­ռա­յեց­նել ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ բո­ղո­քի շար­ժու­մի եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան խռո­վու­թիւն­նե­րու ծա­ւա­լու­մին…
­Պատ­մու­թիւ­նը վկայ է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը իր ազ­գա­յին ա­ռողջ բնազ­դով կուլ չգնաց պոլ­շե­ւի­կեան յոր­ձան­քի այ­լա­սեր­ման ու դա­ւա­նա­մո­լու­թեան վտան­գին։ Ամ­բողջ եօ­թա­նա­սուն տա­րո­ւան խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան թու­նա­ւո­րու­մէն ետք ան­գամ, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը կրցաւ իր ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան հա­րա­զատ ա­կունք­նե­րով վե­րա­կանգ­նիլ։
Եւ ա­մէն ­Մա­յիս ­Մէ­կի հետ, մե­րօ­րեայ հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հով մէկ կը վե­րա­նո­րո­գէ ա­րե­ւուն տակ իր ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ա­զատ ու ար­դար կեան­քը նո­ւա­ճե­լու ուխ­տը։
­Վե­րա­հաս­տատ այդ վճռա­կա­մու­թեամբ ալ կը սե­ւե­ռինք մե­րօ­րեայ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան երկ­նա­կա­մա­րը մթագ­նող ֆա­շա­կա­նու­թեան կու­տա­կած մութ եւ մռայլ ամ­պե­րուն՝ մեր կար­գին մեր լիի­րաւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար աշ­խա­տա­ւոր մարդ­կու­թեան քա­ղա­քակր­թա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քի եր­թը ետ շրջե­լու մո­լե­ռան­դու­թեան ա­մէն կար­գի եւ գոյ­նի դրսե­ւո­րում­նե­րու դի­մագ­րա­ւու­մին։