­Կի­րա­կի՝ 19 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, ­Դա­րա­շամ­բի Ս. Ս­տե­փա­նոս ­Նա­խավ­կայ վան­քին մէջ, պաշտօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ վե­րա­նո­րո­գո­ւած ցու­ցաս­րա­հին, նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ ձե­ռամբ Ատր­պա­տա­կա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի ա­ռաջ­նորդ Գ­րի­գոր Եպս. ­Չիֆթ­ճեա­նի:
­Պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւի­րեալ­նե­րու շար­քին էին Ա­րաք­սի ա­զատ գօ­տիի ընդ­հա­նուր կա­ռա­վա­րիչ Ա­րապ­պա­ղիի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դոկտ. ­Դա­դաշ­զա­դէ, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րու տնօ­րէն դոկտ. Ապ­պա­սի եւ շարք մը ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ ու լու­սան­կա­րիչ­ներ, ո­րոնց գոր­ծե­րը ցու­ցադ­րո­ւած էին ցու­ցաս­րա­հին մէջ: ­Վան­քին նախ­կին ա­խո­ռը, որ գլխա­ւոր դար­պա­սէն ներս մտնե­լէ ետք ձախ թե­ւին վրայ գտնո­ւող ա­ռա­ջին մեծ եւ կա­մա­րա­կապ սրահն էր, հիմ­նո­վին վե­րա­նո­րո­գու­թեան են­թար­կո­ւած էր եւ զա­նա­զան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու յար­մար սրա­հի փո­խա­կեր­պո­ւած, Ա­րաք­սի ա­զատ գօ­տիի նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ:
Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զա­նը վե­րա­նո­րո­գո­ւած ցու­ցաս­րա­հի մուտ­քի դրան ժա­պա­ւէ­նը կտրե­լով՝ հիւ­րե­րուն հետ մուտք գոր­ծեց սրահ, որ յա­տուկ լու­սա­ւո­րու­թեան սար­քե­րով օժ­տո­ւած էր, ցու­ցադ­րո­ւած պատ­կեր­նե­րուն կամ ի­րե­րուն վրայ լոյս ցո­լաց­նե­լու նպա­տա­կով: Ի­րա­նի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պահ­պան­ման պե­տա­կան հիմ­նար­կի տնօ­րէն եւ շի­նա­րա­րա­կան սոյն աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մա­կար­գող ­Շեր­լի Ա­ւե­տեան ներ­կա­նե­րուն բա­ցատ­րու­թիւն տո­ւաւ աշ­խա­տան­քի սկզբնա­ւո­րու­թեան եւ ա­ւար­տին, ինչ­պէս նաեւ ա­պա­գայ հե­ռան­կար­նե­րու մա­սին: Ա­պա՝ ներ­կա­նե­րը միաս­նա­բար դի­տե­ցին պա­տե­րուն վրայ զե­տե­ղո­ւած լու­սան­կար­նե­րը, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նէին վան­քին տար­բեր մա­սե­րը, օ­րո­ւան տար­բեր ժա­մե­րուն: