Շա­բաթ, 16 Ապ­րիլ 2022-ի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն հա­յա­հոծ ­Նէա Զ­միռ­նիի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, հայ յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք, ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն։ ­
­Նէա Զ­միռ­նիի հայ­կա­կան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ կա­տա­րո­ւած ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ժո­ղո­վուր­դը ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ­Սին­տաղ­մա հրա­պա­րա­կը, ուր Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպա­կին առ­ջեւ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ պա­տա­նի­նե­րը ար­դէն կը սպա­սէին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, կա­տա­րե­լու հա­մար բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւի եւ ցոյ­ցի մեկ­նար­կը դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։
Ա­ւե­լի քան հա­զար հո­գի­նոց բազ­մու­թիւ­նը ճամ­բայ ե­լաւ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք բռնած էին մե­ծա­դիր ե­ռա­գոյն մը, տպա­ւո­րիչ տե­սա­րան մը ներ­կա­յաց­նե­լով ամ­բողջ քայ­լեր­թի ըն­թաց­քին։ ­Կը յա­ջոր­դէին Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան ան­դամ­նե­րը մեծ պաս­տառ­նե­րով եւ ե­ռա­գոյն դրօ­շակ­նե­րով, ո­րոնց ե­տե­ւէն կը հե­տե­ւէր ժո­ղո­վուր­դը։
­Քայ­լար­շա­ւի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, բարձ­րա­խօս­նե­րէն կը լսո­ւէին ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող լո­զունք­ներ, հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու կո­չեր, Ար­ցա­խի վրայ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կու­մը դա­տա­պար­տող կան­չեր, ո­րոնք մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը միա­բե­րան կ­՚ար­տա­յայ­տէին զօ­րա­ւոր բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով։
­Ժո­ղովր­դա­յին քայ­լար­շա­ւի հսկո­ղու­թիւ­նը ստանձ­նած էին ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը, իսկ ոս­տի­կա­նա­կան նկա­տա­ռե­լի ու­ժեր կը հե­տե­ւէին ու կը հսկէին եր­թին վրայ։
Ն­շենք, որ յու­նա­կան եւ օ­տար լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու լրագ­րող­ներ եւ լու­սան­կա­րիչ­ներ հե­տե­ւե­ցան ցոյ­ցին եւ ար­ձա­գան­գե­ցին յու­նա­հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րուն։
­Ժո­ղովր­դա­յին եր­թը հա­սաւ ­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ, թրքա­կան դես­պա­նա­տու­նէն քա­նի մը հա­րիւր մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, ուր այս ան­գամ ալ, ոս­տի­կա­նա­կան զրա­հա­պատ ինք­նա­շարժ­ներ եւ յա­տուկ ու­ժեր փա­կած էին ճամ­բան դէ­պի դես­պա­նա­տան շէն­քը։ Եր­թը կանգ ա­ռաւ հրա­պա­րա­կին եւ կեդ­րո­նա­կան պո­ղո­տա­յին վրայ, ուր գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ յայ­տա­գիր, մինչ պա­տա­նի­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, դրօ­շակ­նե­րով եւ պաս­տառ­նե­րով, լայն շրջա­նակ մը կազ­մած էին, ո­րոնց ե­տին կանգ­նած էր ժո­ղո­վուր­դը։
Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ե­ռան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը ճամ­բայ ե­լաւ դէ­պի դես­պա­նա­տուն, յանձ­նե­լու հա­մար ժո­ղո­վուր­դի ա­նու­նով յու­շա­գիր մը դես­պա­նա­տան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։
­Միա­ժա­մա­նակ, յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մէկ առ մէկ խօսք ա­ռին եւ բուռն դա­տա­պար­տե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­պա­տիժ մնա­ցած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը, Ար­ցա­խի վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մը, ­Յու­նաս­տա­նի դէմ ­Թուր­քիոյ յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ ռազ­մա­շունչ գրգռու­թիւն­նե­րը, թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հա­գոր­ծում­նե­րը։
Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­ներ ­Նա­թա­լի Է­քի­զեան եւ ­Մա­րիա ­Մար­տի­կեան կար­դա­ցին ու­ղերձ­ներ ի­րենց միու­թեան ա­նու­նով, իսկ Ե­րիտ. միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան ա­նու­նով ընկ. ­Վազ­գէն ­Սա­վու­լեան ներ­կա­յա­ցուց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան խօս­քը եւ ­Հայ դա­տի ի­րա­գործ­ման հա­մար պայ­քա­րե­լու խոս­տու­մը, յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով Ար­ցա­խի մարտն­չող ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դին։
Դժ­բախ­տա­բար, նա­խորդ տա­րի­նե­րուն նման, թրքա­կան դես­պա­նա­տան դռնե­րը ան­գամ մը եւս փակ մնա­ցին մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն առ­ջեւ, ցոյց տա­լով թուրք պե­տու­թեան կող­մէ շա­րու­նա­կո­ւող լռու­թեան պա­տի կանգ­նու­մը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լի ի­րո­ղու­թեան դի­մաց։
Ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու ցուց­մուն­քը՝ յու­շա­գի­րը դես­պա­նա­տան դի­մաց գտնո­ւող ծա­ռի մը վրայ զե­տե­ղե­լու մա­սին, կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժո­ւե­ցաւ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թեան կող­մէ, ո­րոնք վե­րա­դար­ձան հա­ւա­քո­ւած ժո­ղո­վուր­դին մօտ ա­ռանց գի­րը յանձ­նած ըլ­լա­լու։ ­Տեղ­ւոյն վրայ, ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի կող­մէ ընկ. ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան բարձ­րա­խօ­սէն ար­տա­յա­տո­ւե­ցաւ կա­տա­րո­ւած դէպ­քին մա­սին դես­պա­նա­տան առ­ջեւ եւ բուռն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով դա­տա­պար­տեց թրքա­կան մեր­ժու­մը։ Ան շեշ­տեց, որ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ան­դուլ պայ­քա­րը, ընդ­դէմ թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան, մինչ ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը բարձրա­գոչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով իր ընդվ­զու­մը յայտ­նեց կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան հա­մար։
Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ճամ­բուն վրայ զե­տե­ղե­ցին մէ­կու­կէս մի­լիոն թի­ւը խորհր­դան­շող եր­կար պա­րան մը, որ վա­րե­լով ստեղ­ծեց կայծկլ­տող պատ­կեր մը, իսկ չորս պա­տա­նի­ներ օ­դին վրայ ար­ձա­կե­ցին լու­սա­ւո­րո­ւած մեծ պա­րիկ­ներ, ո­րոնց մէջ վա­ռած կրա­կը խո­յա­ցաւ դէ­պի վեր, խորհր­դան­շե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի նա­հա­տա­կու­թեան լու­սա­ւոր յի­շո­ղու­թիւ­նը եւ յար­գան­քը։
­Ժո­ղովր­դա­յին բազ­մա­մա­մարդ ցոյ­ցը վերջ գտաւ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րու միա­բե­րան կա­տա­րու­մով։