­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի 82-րդ ­­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­­Ժո­ղո­վը գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­­Կի­րա­կի՝ 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, ­­Գո­քի­նիոյ «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­­Զա­քա­րեան-­­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րէն ներս։
­­Ժո­ղո­վին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Հ. Կ. ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թիւ­նը, ­Ֆիք­սի «­­Ռու­բի­նա», ­­Գո­քի­նիոյ «­­Սօ­սէ», ­­Ֆա­լի­րո­յի «­­Նա­յի­րի», ­­Գա­րէա-­­Կե­սա­րիա­նիի «Աղ­թա­մար» եւ Ա­թէն­քի «­­Ծո­վի­նար» մաս­նա­ճիւղ­նե­րը՝ շրջան­նե­րէն ընտ­րո­ւած ի­րա­ւա­սու եւ խորհր­դակ­ցա­կան ձայ­ներ ներ­կա­յաց­նող պատ­գա­մա­ւոր­նե­րով:
­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց  ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեան եւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Յա­րութ ­Սե­րո­բեան, ո­րոնք ի­րենց ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղե­ցին ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին: ­Ներ­կայ ե­ղան նաեւ՝ «­­Զա­ւա­րեան», «Լ. եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան» եւ «­­Ճէ­նա­զեան» վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը, Հ.Կ.­Խա­չի վաս­տա­կա­ւոր ըն­կե­րու­հի­նե­րը, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Վեր­ժին ­Կա­րա­պե­տեան եւ «Ա­զատ Օր»ի խմբա­գի­րը:
Covid-19 հա­մա­վա­րա­կի պար­տադ­րո­ւած սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու պատ­ճա­ռով գա­ղու­թի միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ գրա­ւոր ող­ջոյ­նի խօս­քեր ուղ­ղե­ցին Հ.Գթ. ­Խա­չի ­Մա­կե­տո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը, «­­Հա­մազ­գա­յին»ի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը:
82-րդ ­­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­­Ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­­Լի­զէթ ­­Գի­րա­զեա­նի կող­մէ:
Ըն­կե­րու­հին անդ­րա­դառ­նա­լով ան­ցած նստաշր­ջա­նին նշեց, որ սո­վո­րա­կան նստաշր­ջան մը չէր: ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը ըն­թաց­քի մէջ էր, ո­րուն ար­դէն իբ­րեւ միու­թիւն կը փոր­ձէր օգ­տա­կար ըլ­լալ: Ա­նոր յա­ջոր­դեց լի­բա­նա­հա­յու­թեան ճգնա­ժա­մը ու Covid-19 հա­մա­ճա­րա­կը, ա­պա՝ Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ ա­հա­ւոր պա­տե­րազ­մը:
­Շա­րու­նա­կե­լով ը­սաւ, որ հա­մա­ճա­րա­կի սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու պատ­ճա­ռով այս տա­րեշր­ջա­նին ա­ռի­թը չու­նե­ցաւ միու­թիւ­նը հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տո­նով յար­գել յի­շա­տա­կը իր բա­րե­րար­նե­րուն ու կրթա­կան մշակ­նե­րուն: Այդ­պէս, ըն­կե­րու­հին հրա­ւի­րեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րը մէկ վայր­կեա­նի յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գե­լու Հ. Կ. ­­Խա­չի բա­րե­րար­նե­րու, վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան մշակ­նե­րու եւ վաս­տա­կա­ւոր ըն­կե­րու­հի­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին զո­հո­ւած­նե­րուն յի­շա­տա­կը: Ա­պա, հրա­ւի­րեց Սր­բա­զան հայ­րը ա­ղօթ­քով մը յար­գել ա­նոնց յի­շա­տա­կը:
­Վեր­ջաց­նե­լով իր խօս­քը, ըն­կե­րու­հին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար:
­­Ժո­ղո­վի մաս­նակ­ցող­նե­րու լիա­զօ­րագ­րե­րու քննու­թե­նէն ետք, ստու­գո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վի օ­րի­նա­ւո­րու­թիւ­նը: Ա­պա՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ մնա­յուն դի­ւա­նի ընտ­րու­թիւ­նը:
­­Նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին հա­մար ընտ­րո­ւե­ցան ըն­կե­րու­հի­ներ ­­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան եւ ­Լի­զա Ա­ւա­գեան: ­­Քար­տու­ղար­ներ՝ ըն­կե­րու­հի­ներ ­­Շո­ղիկ ­­Պա­պօղ­լեան եւ Ան­նա ­Գա­զան­ճեան:
Այ­նու­հե­տեւ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ար­խի­ւա­յին, բա­նա­ձե­ւի, նա­խա­հա­շի­ւի յանձ­նա­խում­բե­րու կազ­մե­րու ընտ­րու­թիւ­նը:

Ող­ջոյ­նի խօս­քեր

Սր­բա­զան ­հայ­րը իր հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն՝ նշե­լով, թէ Հ.Օ.Մ.ը իր աշ­խար­հա­տա­րած կա­ռոյ­ցով կը վա­յե­լէ բո­լո­րին յար­գան­քը եւ գուր­գու­րան­քը: Սր­բա­զա­նը շեշ­տեց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը Հ.Կ.­Խա­չի բազ­մա­տե­սակ գոր­ծու­նէու­թեան եւ զայն հա­մե­մա­տեց որ­պէս գա­ղու­թի կա­րե­ւոր ե­րա­կը եւ մաղ­թեց, որ միու­թեան վար­կը եւ վաս­տա­կը միշտ բարձր պա­հել, ինչ­պէս ե­ղած է մին­չեւ օրս նա­խորդ սե­րունդ­նե­րուն կող­մէ: «Հ. Կ. ­­Խա­չը կո­չո­ւած է կա­մա­ւոր, նո­ւի­րեալ եւ կար­գա­պա­հա­կան աշ­խա­տան­քով նոր սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տե­լու, հին ու նոր սե­րունդ­նե­րը ի­րա­րու շա­ղա­խե­լով», ա­ւել­ցուց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը:
­­Յա­ջոր­դա­բար, բո­լոր հրա­ւի­րեալ­նե­րու ող­ջոյ­նի խօս­քե­րուն մէջ նշմա­րե­լի էր շնոր­հա­ւո­րա­կան ու գնա­հա­տան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, միու­թեան տա­րած գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար, իսկ բո­լոր ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նշե­ցին, թէ հա­մա­ճա­րա­կի պատ­ճա­ռով ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թիւ­նը եւ մեր հայ­րե­նի­քի ապ­րած պա­տե­րազմն ու ա­նոր տխուր ա­ւար­տը, նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ կը դնեն բո­լորս սփիւռ­քի մէջ: Այս դժո­ւար ի­րա­կա­նու­թեան առ­ջեւ, մեր միու­թիւն­նե­րը պար­տին եւ պատ­րաստ են ա­ռա­ւել կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեամբ, բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ եւ նոր ծրագ­րում­նե­րով հա­մախմ­բո­ւե­լու եւ գոր­ծի լծո­ւե­լու:

Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ող­ջոյ­նի խօսք

­Նաեւ Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կող­մէ ըն­կե­րու­հի­ներ ­Թա­լին Մկր­տի­չեան եւ ­Նա­յի­րի ­Տէր­տէ­րեան, առ­ցանց կապ հաս­տա­տե­լով, ի­րենց ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղե­ցին ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն:
Ընկ. ­Թա­լին Մկր­տի­չեան յայտ­նեց, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հ.Օ.Մ.ը պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ պայ­ման­նե­րու տակ գոր­ծել: Անդ­րա­դար­ձաւ մաս­նա­ւո­րա­պէս թա­գա­ժահ­րի հա­մա­ճա­րա­կին ու ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն, ­Պէյ­րու­թի նա­ւա­հան­գիս­տի ա­հա­ւոր պայ­թու­մին եւ վեր­ջա­պէս Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին՝ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին: ­Կեդր. վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը զե­կու­ցեց Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդր. վար­չու­թեան մար­դա­սի­րա­կան-խնա­մա­տա­րա­կան եր­կա­մեայ ծրա­գիր­նե­րու մա­սին, ո­րոնք կը գոր­ծադ­րո­ւին ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ, ինչ­պէս նաեւ սփիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րու տա­րած­քին: Ըն­կե­րու­հին յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ը­սաւ որ շի­նիչ ո­րո­շում­նե­րը պի­տի ձե­ւա­ւո­րեն յա­ռա­ջի­կայ նստաշր­ջա­նի նպաս­տա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Առ­ցանց կա­պի ըն­թաց­քին նաեւ Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Նա­յի­րի ­Տէր­տէ­րեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Հ.Կ.­Խա­չի վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րու զե­կոյց­ներ

­Ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղող «­­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի ընկ. ­­Հայ­կա­նուշ ­­Մի­նա­սեան, «Լ. եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէն ընկ. ­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեան եւ «Ա. եւ Ժ. ­­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի տնօ­րէ­նու­հի ընկ. Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեան ամ­փոփ զե­կոյց­նե­րով լոյս սփռե­ցին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւին, վար­ժա­րան­նե­րու դի­մագ­րա­ւած ա­ռօ­րեայ հար­ցե­րուն եւ գոր­ծադ­րո­ւող ծրա­գիր­նե­րուն շուրջ։

Օ­րա­կար­գե­րու քննար­կում

Ա­պա՝ ժո­ղո­վը ան­ցաւ իր օ­րա­կար­գե­րու քննարկ­ման: ­­Կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ­­Յու­նաս­տա­նի Հ. Կ. ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան տե­ղե­կա­գի­րը եւ նիւ­թա­կան հա­շո­ւեկ­շի­ռը, ո­րոնց յա­ջոր­դե­ցին լու­սա­բա­նա­կան հար­ցում­ներ:
­­Ժո­ղո­վը լսե­լէ ետք Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան նիւ­թա­բա­րո­յա­կան տե­ղե­կա­գի­րը եր­կա­րաձ­գո­ւած նստաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին հա­մա­ճա­րա­կի պատ­ճա­ռած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն հան­դերձ՝ գնա­հա­տեց միու­թեան նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յե­լու եւ Հ. Կ. ­­Խա­չի կրթա­կան-խնա­մա­տա­րա­կան հիմ­նա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ու կո­չու­մին հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք ծա­ւա­լե­լու ճի­գը։
Քն­նե­լով կազ­մա­կերպ­չա­կան օ­րա­կար­գը՝ կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ, թէ ան­յե­տաձ­գե­լի է ե­րի­տա­սարդ ան­դա­մու­հի­նե­ր ­ներգ­րա­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ա­նոնց ա­ռի­թը տա­լով յանձ­նա­խում­բե­րու մէջ ան­դա­մակ­ցե­լով, գործ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու միու­թեան ծրագ­րում­նե­րուն եւ ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն:
­Ն­շո­ւե­ցաւ, որ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը պէտք է շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ աշ­խուժ՝  խնա­մա­տա­րա­կան ու բա­րե­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով, ­­Լի­բա­նա­նի, ­Սու­րիոյ, ­Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խի ծրա­գիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, քա­րոզ­չա­կան-յա­րա­բե­րա­կան (ներ­քին եւ ար­տա­քին) աշ­խա­տան­քով ու հա­յակր­թու­թեամբ:
Օ­րա­կար­գի նիւթ դար­ձաւ նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի կա­նո­նա­գի­րը: ­Նա­խորդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը պարտք դրած էր 82-րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին վե­րա­նա­յե­լու եւ բա­րե­փո­խում­ներ կա­տա­րե­լու միու­թեան կա­նո­նագ­րին: Ե­ղան ո­րոշ բա­րե­փո­խում­ներ, ո­րոնք քո­ւէար­կո­ւե­ցան եւ վա­ւե­րա­ծո­ւե­ցան:
­Յա­ջոր­դեց՝ նա­խա­հա­շի­ւի եւ պիւտ­ճէի քո­ւէար­կու­մը ու բա­նա­ձե­ւե­րու քո­ւէար­կու­մը:

­­Նոր կազ­մի ընտ­րու­թիւն

­­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ 2021-2023 նստաշր­ջա­նի 9 ան­դամ Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւ­նը:
Այս­պէս, ընտ­րո­ւե­ցան հե­տե­ւեալ ըն­կե­րու­հի­նե­րը.-

­Ա­ւա­գեան ­Լի­զա, Ա­ճէ­մեան Ազ­նիւ, ­Գէոր­գեան ­Մա­րի-­­Ռոզ, Խտ­րեան ­Մե­րի, ­Ման­կո­յեան ­Զա­րու­հի, ­Մի­քա­յէ­լեան ­Կա­րի­նէ, ­Յա­րու­թիւ­նեան Ա­լիս, ­Փա­փա­զեան ­Ա­լիս, ­Քիւր­տօղ­լեան ­Նո­րա։

­Փոխ ան­դամ ընտ­րո­ւե­ցան ըն­կե­րու­հի­ներ ­Գա­զան­ճեան Ան­նա եւ ­Պա­պօղ­լեան ­Շո­ղիկ։­

­Ժո­ղո­վը շնոր­հա­ւո­րա­կան եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցե­լով նո­րըն­տիր Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան, փա­կեց իր աշ­խա­տանք­նե­րը Հ. Կ. ­­Խա­չի քայ­լեր­գով: