Այս տա­րի եւս Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ, ինչ­պէս նաեւ ­Գա­լա­մա­թա­յի հա­յա­շատ շրջան­նե­րուն մէջ ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով նշե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-րդ ­տա­րե­լի­ցը։ ­Բո­լոր ե­լոյթ­նե­րը պատ­շա­ճե­ցան թա­գա­վա­րա­կին պատ­ճա­ռով կի­րար­կո­ւած սեղ­մում­նե­րուն։ ­Մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շար­քը կազ­մա­կեր­պո­ւած եւ համադ­րո­ւած էր ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ տեղ­ւոյն թա­ղա­յին մար­մին­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ո­րոնց ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նաեւ շրջան­նե­րու պե­տա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան կար­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ն­շենք, որ այս տա­րի եւս, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կեդ­րո­նա­կան քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թին, որ սփռո­ւե­ցաւ առ­ցանց, ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ շրջա­նի մարզ­պետ Խ­րիս­թոս ­Մե­թիոս։

ՔՍԱՆԹԻ

­Շա­բաթ՝ 24 Ապ­րի­լին, Ք­սան­թիի մէջ, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, հայ­կա­կան ա­կում­բին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րիւ­նա­տուու­թիւն՝ ի յի­շա­տակ մէկ ու կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րուն, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան մեծ թի­ւով հա­յեր։­Յատ­կան­շա­կան էր նաեւ, որ յոյն բա­րե­կամ­ներ ըն­դա­ռա­ջե­ցին կո­չին եւ ի­րենց տուր­քը մա­տու­ցե­ցին՝ ա­րիւն պար­գե­ւե­լով Հ.Գ.­Խա­չի ա­րեան պա­հես­տին։ ­Նոյն ե­րե­կոյ, քա­ղա­քի կեդ­րո­նի «Ա­զա­տու­թեան» հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին հա­ւաք եւ մո­մա­վա­րու­թիւն ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, այ­լեւ Ար­ցա­խի վեր­ջին պա­տե­րազ­մին զո­հո­ւած զի­նո­ւոր­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու յի­շա­տա­կին։ Շր­ջա­նի հայ­կա­կան շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը յա­տուկ փայլ մը տո­ւին յուշ ե­րե­կո­յին, ար­տա­սա­նե­լով բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ եւ գրա­կան կտոր­ներ։ Շր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Ծ. Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի ա­ղօթ­քով բո­լո­րո­ւե­ցաւ ե­րե­կո­յի յայ­տա­գի­րը։ Ն­շենք, որ ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին շրջա­նի յոյն մետ­րո­պո­լիտ ­Փան­տե­լէի­մոն ե­պիս­կո­պո­սը, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­պետ ­Մա­նո­լիս ­Ցե­լե­փիս։

ԳԱՎԱԼԱ

­Գա­վա­լա­յի մէջ, նա­խա­պէս դա­սա­ւո­րո­ւած էր ե­լոյթ­նե­րու շարք մը, ո­րուն գլխա­ւոր բա­ժի­նը կը պա­րու­նա­կէր դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում քա­ղա­քի հե­րոս­նե­րու նո­ւի­րո­ւած յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ։ ­Սա­կայն, քա­ղա­քէն ներս հա­մա­վա­րա­կի ստեղ­ծած մտա­հո­գիչ պայ­ման­նե­րուն պատ­ճա­ռով, գոր­ծակ­ցու­թեամբ շրջա­նի փոխ­մարզ­պետ ­Քոս­թաս Ան­տո­նիա­տի­սի եւ քա­ղա­քա­պետ ­Թո­տո­րոս ­Մու­րիա­տի­սի, ե­ղաւ յայ­տա­գի­րի պատ­շա­ճե­ցում, ու այդ­պէս քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի շէն­քին առ­ջեւ 24 Ապ­րի­լի օ­րը կանգ­նե­ցաւ հայ­կա­կան ե­ռա­գոյ­նը, իսկ նոյն գի­շեր կեդ­րո­նա­կան շէն­քի մը պա­տին վրայ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին մե­ծա­դիր նկար­ներ, ո­րոնք տպա­ւո­րիչ պատ­կեր մը տո­ւին քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար, ի­րա­զե­կե­լով ա­նոնց հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ գոր­ծո­ւած մեծ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան մա­սին։

ԳՈՄՈԹԻՆԻ

24 Ապ­րի­լի օ­րը, քա­ղա­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան մա­տու­ցեց պա­տա­րագ, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար։ ­Նոյն օ­րը, ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ։ ­Գո­մո­թի­նիի միօ­րեայ հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը առ­ցանց կա­պով ներ­կա­յա­ցուց գե­ղե­ցիկ յայ­տա­գիր մը, զա­նա­զան գրու­թիւն­նե­րով եւ ա­ղօթք­նե­րով, ո­րոնք ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ, յու­զիչ պատ­կեր մը ստեղ­ծե­ցին։

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼԻՍ

­Շա­բաթ՝ 24 Ապ­րի­լին, Ա­լըեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում քա­ղա­քի կեդ­րո­նը կանգ­նած ­Պոն­տա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի կո­թո­ղին առ­ջեւ։
Շր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան կա­տա­րեց գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք, ա­պա յա­ջոր­դեց դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում։ ­Յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­ցին Էվ­րո­սի փոխ­մարզ­պետ ­Տի­միթ­րիս ­Փեթ­րո­վիչ, քա­ղա­քա­պետ Իոան­նիս ­Զամ­պու­քիս, ե­րես­փո­խան­ներ Ա­նաս­թա­սիոս ­Տի­մոս­խա­քիս եւ Ս­թաւ­րոս ­Քա­լե­ցիս, հայ հա­մայն­քի ա­նու­նով Ար­մէ­նու­հի ­Գուր­պա­նեան եւ Էվ­րո­սի գաղ­թա­կա­նաց միու­թեան կող­մէ Ար­թուր ­Քա­րա­կիո­զի­տիս։
Ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, շրջա­նի հայ­կա­կան միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, հայ­կա­կան տա­րազ­ներ հա­գած, տպա­ւո­րիչ տե­սա­րան մեը ստեղ­ծե­ցին յու­շար­ձա­նին շուրջ։

ԳԱԼԱՄԱԹԱ

Այս տա­րի եւս, շրջա­նի մէջ հայ­կա­կան «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում քա­ղա­քի կեդ­րո­նը կանգ­նած հայ­կա­կան խաչ­քա­րին առ­ջեւ։ ­Ներ­կայ ե­ղան շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տը, ինչ­պէս նաեւ ոս­տի­կա­նա­պե­տը եւ զի­նուո­րա­կան բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր եւ շրջա­նի հա­յու­թեան մեծ թիւ մը։
­Գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թան­քէն յե­տոյ ե­ղաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում։
­Գա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Թա­նա­սիս ­Վա­սի­լո­փու­լոս կա­տա­րեց հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «106 տա­րի­ներ ան­ցան ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւոր ե­ղե­լու­թե­նէն։
­Մենք յար­գե­ցինք Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան կող­մէ մէկ ու կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը։ Եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ու­նին հա­սա­րա­կաց պայ­քար­ներ, նո՛յն ցա­ւը կը զգանք ա­նի­րաւ կեր­պով զո­հո­ւած մեր եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն հա­մար։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը թի­ւով փոքր է, սա­կայն հո­գիով մեծ է։ Մենք միշտ ձեր կող­քին պի­տի կանգ­նինք»։