Սիրելի ծխականներ,
Նէոս Գոզմոս (Ֆիքս)ի «Ս. Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը, նախ՝ կը շնորհաւորեն ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով բոլորին առողջ եւ երջանիկ երկար տարիներ, ապա կը տեղեկացնենք թէ այս տարի, դժբախտաբար, բոլորիս ծանօթ «Քորոնա» ժահրի համավարակման պատճառով, եւ գործադրելով պետական առողջապահական մարմիններուն օրէնքներն ու որոշումները, կարելի պիտի չ’ըլլայ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն ներկայութեամբ տօնել զայն՝ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ մատաղօրհնութեամբ:
Հետեւաբար, Կիրակի՝ 17 Յունուար 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին,
պիտի մատուցուի դռնփակ (առանց ժողովուրդի) Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ,որուն պիտի հանդիսապետէ եւ պատգամէ
Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ եկեղեցւոյս հանգուցեալ քահանաներու, սարկաւագներու, դպիր-դպրուհիներու, Թաղային խորհուրդներու եւ Տիկնանց մարմիններու մէջ ծառայողներու եւ բարերարներու յիշատակին։
Առ այդ, կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակներուն, իրենց ապահով բնակարաններէն մասնակից դառնալու համացանց (Internet)ի ճամբով սոյն հոգեպարար Սուրբ Պատարագին եւ լսելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական պատգամը։
Սիրելի ծխականներ,
Հակառակ անոր, որ համաճարակին պատճառով եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնին առիթով մատաղի պատրաստութիւն տեղի պիտի չունենայ, շնորհակալութեամբ պիտի ընդունինք -փոխան մատաղի- ձեր սրտաբուխ նուիրատութիւնները:
Արարողութիւնը պիտի սփռուի «Live Streaming»-ով, եկեղեցւոյս Դիմատետրի «Facebook»-ի էջէն: https://www.facebook.com/St-Garabed-Armenian-Apostolic-Church-Neos-Kosmos-Athens-Greece-118582618215064
«Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ» ԵԿԵՂԵՑԻ