Յարգելի հաւատացեալներ,
Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուայ տօնական օրերը այս տարի շատ աւելի համեստ կերպով պիտի ապրինք, նախ եւ առաջ իբր զօրակցութիւն մեր Հայրենիքին՝ Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ ի յարգանս Արցախի նահատակներուն։
Միւս կողմէն, «Քորոնա» ժահրի պատճառաւ, հրաւիրուած ենք յարգելու Յունաստանի կառավարութեան ցուցմունքները, մեզմէ ամէն մէկուն առողջապահութեան համար։
— Այս տարի միմիայն եկեղեցական արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան։
— Եկեղեցական արարողութիւնները պիտի կատարուին դռնփակ, բացի Տօն Սուրբ Ծննդեան՝ 25.12.2020 եւ Տօն Յայտնութեան՝ 6.1.2021 օրերու Սուրբ Պատարագներէն՝ միայն 5 անձի մասնակցութեամբ։
Ներողամիտ պիտի գտնուիք, որ պիտի չկարենանք ընդունիլ աւելի քան 5 անձի ներկայութիւնը։
— Օրհնութիւն ստանալու համար, վերոյիշեալ երկու տօնական օրերու ընթացքին, եկեղեցւոյ դռները բաց պիտի մնան առաւօտեան ժամը 10-էն միջեւ կէսօրուան 1:30, միշտ նկատի առնելով, որ միեւնոյն ժամանակ միայն 5 հոգի կրնան ներկայ գտնուիլ եկեղեցւոյ մէջ։
— «Դիմակ»ի գործածութիւնը միշտ անհրաժեշտ է։
Ուրբաթ` 1 Յունուար 2021՝
Տօն Տնօրէնութեան եւ անուան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի։
Չորեքշաբթի` 6 Յունուար 2021՝
ՏՕՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՏՆՈՒԹԵԱՆ։
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին եւ 12:30ին
Սուրբ Պատարագներ եւ Ջրօրհնէք։
Հինգշաբթի՝ 7 Յունուար 2021՝ Օր Մեռելոց։
Երկուշաբթի՝ 18 Յունուար 2021՝
Քրիստոնեաներու Միութենական Աղօթք։
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ