Քորոնա համաճարակի կանխարգիլման համար շարունակուող պետական սպասարկութեանց խիստ միջոցառումներուն հետեւելով, Յունաստանի Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի տնօրինումով, ստորեւ կը ներկայացնենք յառաջիկայ տօնական օրերուն Թեմիս եկեղեցիներէն ներս կատարուելիք արարողութեանց ժամանակացուցակը:
Արարողութիւնները՝ ըստ հնարաւորութեան, պիտի շարունակուին ուղղակիօրէն սփռուիլ «live streaming» Ազգային Առաջնորդարանի եւ եկեղեցիներու դիմատետրի էջերէն:
Ամանորի Ս. Պատարագ
Ուրբաթ՝ 1 Յունուար 2021-ին առաւօտեան ժամը 11։00-ին։
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Երեքշաբթի՝ 5 Յունուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին,
Ս. Պատարագ եւ Ս. Ծննդեան նախատօնակ ու աւետում դռնփակ։
Ս. ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԿԱՐԳ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՏՆՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՌՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Չորեքշաբթի՝ 6 Յունուար 2021-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին,
Ս. Պատարագ եւ ապա՝
Կարգ Մկրտութան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի։
Այս տարի, հետեւելով պետական հանրային
առողջապահութեան թելադրանքներուն, արարողութեան
աւարտին օրհնուած ջուր պիտի չբաժնուի:
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ
Հինգշաբթի՝ 7 Յունուար 2021-ի, առաւօտեան ժամը 9։30-ին,
Ս. պատարագ ապա հոգեհանգիստ դռնփակ։
ԳԵՐԵԶՄԱՆՕՐՀՆԷՔ
Ս. Ծննդեան տօնի մեռելոցի օրուան առիթով, մեր հոգեւոր
հովիւները պիտի կատարեն գերեզմանօրհնէք։ Փափաքողները կրնան կապ հաստատել ժամադրութիւն ապահովելու համար։
Հարկ է նշել, թէ աչալրջութեամբ պէտք է հետեւիլ
պետական հանրային առողջապահութեան թելադրանքներուն:
* * *
Կ’աղօթենք առ Ամենակարող Աստուած, որ շուտափոյթ փարատէ աշխարհասասան այս համաճարակի պատուհասը եւ անդորրութիւն պագեւէ համայն մարդկութեան:
Բարի եւ ուրախ տօներ:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ