2019ի ըն­թաց­քին լոյս տե­սաւ Ե­ղի­շէ ­­­Չա­րեն­ցի «Ես իմ ա­նուշ ­­­Հա­յաս­տա­նի» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը՝ հրա­տա­րա­կո­ւած գե­ղա­տիպ գիր­քի մը մէջ:
«­­­Տա­ղա­րան» շար­քի վեր­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը՝ «Ես իմ ա­նուշ ­­­Հա­յաս­տա­նի»ն, ­­­Չա­րեն­ցը նո­ւի­րած է կնո­ջը՝ Ար­փե­նի­կին: ­­­Չա­րենց այս բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը սկսած է գրել 1920 թո­ւա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ ա­ւար­տած՝ 1921 թո­ւա­կա­նին ­­­Մոս­կո­ւա­յի մէջ, երբ հա­զիւ քսա­նե­րեք-քսան­չորս տա­րե­կան էր:
Աշ­խար­հի տար­բեր լե­զու­նե­րով գիր­քը թարգմա­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծը ստանձնած էր Ե­ղի­շէ ­­­Չա­րեն­ցի թոռ­նու­հին՝ ­­­Գո­հար ­­­Չա­րենց-­Ճեր­րա­հեա­նը: ­­­Գիր­քը նկա­րա­զար­դո­ւած է ­­­Մար­տի­րոս ­­­Սա­րեա­նի հրա­շա­լի կտաւ­նե­րու դրուագնե­րով, ո­րոնք տրա­մադ­րած են նկա­րի­չի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը: ­­­Գիր­քը հրա­տա­րա­կած է «­­­Բու­կի­նիստ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը՝ Է­թով­պա­հայ ու Անգ­լիա բնա­կող՝ Հ­րաչ ­­­Ճեր­րա­հեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ:
­­­Գիր­քի շնոր­հա­հան­դէ­սը ա­ռա­ջին ան­գամ ե­ղաւ «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ծի­րէն ներս ­­Հոկ­տեմ­բեր 2019ին: Շ­նոր­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ե­լոյթ ու­նե­ցած են ­­­Չա­րեն­ցի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը` ­­­Գո­հար եւ Ար­մէն ­­­Չա­րենց­նե­րը, յօ­րի­նող ­­­Տիգ­րան ­­­Ման­սու­րեան, գիր­քի հրա­տա­րակ­ման հո­վա­նա­ւոր Հ­րաչ ­­­Ճեր­րա­հեան, ­­­Մար­տի­րոս ­­­Սա­րեա­նի տուն-թան­գա­րա­նի տնօ­րէն ­­­Ռու­զան ­­­Սա­րեան, «­­­Բու­կի­նիստ» ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն ­­­Խա­չիկ ­­­Վար­դա­նեան:
Շ­նոր­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րո­ւած են գիր­քի մա­սին պատ­մող տե­սա­նիւ­թեր, ուր հնչած են ­­Չա­րեն­ցի մա­սին հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կար­ծիք­նե­րը, ցու­ցադ­րո­ւած են ­­Չա­րեն­ցին վե­րա­բե­րող ար­խի­ւա­յին նիւ­թեր եւ բա­ցա­ռիկ ձե­ռագ­րեր:
Ե­ղի­շէ ­­Չա­րեն­ցի տուն-թան­գա­րա­նին մէջ եւս 27 ­­Նո­յեմ­բե­ր 2019ին, ­­Չա­րեն­ցի մա­հո­ւան օ­րը՝ մի­ջո­ցա­ռում­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են, ո­րոնց ըն­թաց­քին ե­ղած է գիր­քի ներ­կա­յա­ցու­մը:
­­­Չա­րեն­ցի թոռ­նու­հին յայտ­նած է, որ տար­բեր լե­զու­նե­րով բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը թարգ­մա­նե­լու գա­ղա­փա­րը ա­ռա­ջա­ցած էր չորս տա­րի ա­ռաջ:
Ան դի­մած է տար­բեր թարգ­մա­նիչ­նե­րու ու ստա­ցած է բազ­մա­թիւ թարգ­մա­նու­թիւն­ներ աշ­խար­հի տար­բեր լե­զու­նե­րով եւ ոչ միայն հա­յե­րէ: ­­­Շատ դժո­ւար աշ­խա­տանք մըն էր, ո­րով­հե­տեւ պէտք էր մաս­նա­գէ­տի հետ խորհր­դակ­ցիլ, որ բազ­մա­թիւ տար­բե­րակ­նե­րէ ընտ­րո­ւի լա­ւա­գոյ­նը:
­Գիր­քին մէջ կ’ընդգր­կո­ւին ե­րաժշ­տա­կան նո­թեր՝ ­Տիգ­րան ­Ման­սու­րեա­նի, Ա­շոտ ­Սաթ­լեա­նի, ­Նի­կոլ ­Գա­լեն­տէ­րեան, ­Համ­բար­ձում ­Պէր­պէ­րեա­նի:
­­­Գիր­քին մէջ կան նաեւ վկա­յու­թիւն­ներ սոյն բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մա­սին:
­­­Բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մա­սին ­­­Մար­տի­րոս ­­­Սա­րեան գրած է. «Ես իմ ա­նու­շը ե՛ւ ա­ղօթք, ե՛ւ եր­դում է: Այն կա­րե­լի է մրմնջալ մտո­վի եւ եր­գել փո­ղո­ցում իբ­րեւ ա­զա­տու­թեան հիմն: Եւ, վեր­ջա­պէս, դա հայ­կա­զեան ցե­ղի ինք­նա­հաս­տատ­ման ու յա­րա­տեւ­ման կնիքն է: ­­­Չա­րենցն ան­մահ է: … Այդ­պի­սի մի երկ աշ­խարհ բե­րե­լու հա­մար պէտք էր ա­մե­նա­քի­չը կի­սաս­տո­ւած լի­նել»:
Ո­ւի­լեըմ ­­­Սա­րո­յեան գրած է. «Ես իմ ա­նուշ ­­­Հա­յաս­տա­նի ա­րե­ւա­համ բառն եմ սի­րում… ­­­Զայն մին­չեւ այ­սօր կը նկա­տեմ մեր երկ­րին, մեր հո­ղին, մեր պատ­մու­թեան նո­ւի­րո­ւած ա­մէ­նէն գե­ղե­ցիկ եր­գը, գո­վա­բա­նա­կան ա­ղօթ­քը: «­­­Հայր մեր»ին նմա­նո­ւող ա­ղօթք մը»:
­­­Բա­նաս­տեղ­ծու­թեան յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րած է ­­­Յա­կոբ ­­­Ճէ­լա­լեան: