Այն օ­րէն իր վեր, այն օ­րէն աս­դին…

ՍՕՍ ՎԱՆԻ

Խմ­բագ­րու­թեան կող­մէ

«Ա­զատ Օր» պար­բե­րա­բար պի­տի հրա­տա­րա­կէ ­Սօս ­Վա­նիի «Այն օ­րէն ի վեր, այն օ­րէն աս­դին…» հե­քիաթ­նե­րու շար­քի կարճ պատ­մո­ւածք­նե­րը, ո­րոնք լոյս տե­սան 1959ին ­Լի­բա­նա­նի մէջ՝ «­Սե­ւան» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ։ ­Գիր­քի յա­ռա­ջա­բա­նին մէջ գրո­ւած է.- «­Սօս ­Վա­նին կը գրա­ւէ նշա­նա­կե­լի տեղ մը հայ հե­քիա­թա­գիր­նե­րու մէջ։ Ան քա­ռա­սուն տա­րիէ ա­ւե­լի նո­ւի­րո­ւած է ա­ռա­ւե­լա­բար հայ հե­քիա­թագ­րու­թեան։ ­Կու­գայ «­Վաս­պու­րա­կան մեր աշ­խար­հէն», ա­մուր, խո­րա­պէս հայ ու հա­րուստ գա­ւա­ռէ մը։
Իր հե­քիաթ­նե­րը –­ ա­ւե­լի ա­ւան­դու­թիւն­ներ եւ ա­ւան­դա­վէ­պեր – ­կը պա­հեն խոր­քի հա­րա­զա­տու­թիւն, բայց են­թար­կո­ւած են գրա­կան մշա­կու­մի եւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան ընդ­լայ­նու­մի։ Այս­պի­սով, ինչ­պէս իր գա­ւա­ռը, կը գրա­ւէ մի­ջին տեղ մը ա­րե­ւե­լա­հայ եւ ա­րեւմ­տա­հայ հե­քիա­թա­գիր­նե­րու մի­ջեւ»։
­Յու­նա­հայ մեծ մտա­ւո­րա­կա­նի ու ու­սու­ցի­չի գրա­կան բե­ղուն յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած փոքր տուրք մը պէտք է սե­պել իր գրու­թիւն­նե­րու ըն­ծա­յու­մը թեր­թիս ըն­թեր­ցող­նե­րուն։ ­Կը մնայ, որ իր կրթա­կան ու գրա­կան վաս­տա­կը պատ­շաճ կեր­պով ներ­կա­յա­ցո­ւի, որ­պէս­զի հայ գի­րին ու գրա­կա­նու­թեան հա­մեստ սպա­սար­կո­ւին թո­ղած ժա­ռան­գու­թիւ­նը յա­ւերժ մնայ յու­նա­հայ մա­տեա­նին մէջ։

­Հայ եր­գը (Ա­ւան­դու­թիւն)

­Լենկ­թի­մու­րը իր պե­խե­րը կը կրծէր ու կը զայ­րա­նար. ո­րով­հե­տեւ մին­չեւ այդ օ­րը, դեռ չէր յա­գե­ցած մարդ­կա­յին ա­րիւ­նէն:
Ու աշ­խար­հա­կա­լը լա­ցաւ: ­Բայց ներ­քին ձայն մը ը­սաւ ի­րեն.

  • Ա­մօթ է ար­ցուն­քը աչ­քե­րուդ. լա­ցը ստրու­կի հա­մար է, դո՛ւն ստրուկ չես. ա­մուր եւ հաս­տա­տուն ե­ղիր սու­րիդ պող­պա­տին պէս:
    ­Կա­տա­ղու­թեան կար­մի­րը ան­ցաւ ­Լենկ­թի­մու­րի այ­տե­րուն վրա­յէն, ա­ռիւ­ծի պէս մռնչեց:
    -­Վե­զի՛ր:
    ­Գետ­նի վրա­յէն սո­ղա­լով, փոր­սո՜ղ, մօ­տե­ցաւ վե­զի­րը, ա­նոր ոս­կե­հուռ քղանց­քը համ­բու­րեց, ա­պա՝
    -­Տէ՛ր, շշնչեց ան, վախ­ցած ու դո­ղա­հար:
  • ­Վե­զի՛ր, ես մեռ­ցու­ցի մարդ­կա­յին հրճո­ւան­քը Երկրա­յին կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, ուր այժմ՝ գե­րեզ­ման­ներ ու լա­ցող­ներ կան միայն:
  • ­Տէ՛ր, մրմնջեց վե­զի­րը, ­Դո՛ւն ես ար­դա­րու­թեան Ա­րե­գա­կը:
  • ­Վե­զի՛ր, ես ցամ­քե­ցու­ցի վար­դա­բոյր ջու­րե­րը Ի­րա­նի մար­մա­րա­շէն աղ­բիւր­նե­րուն, որ չոր­նան պեր­ճա­փայլ ծա­ղիկ­նե­րը երկ­րին, քա­ղաք­նե­րու մէջ լռե­ցու­ցի մարդ­կա­յին շուն­չը՝ որ չլսեմ ա­նոնց խրախ­ճանք­նե­րուն ձայ­նե­րը, ես՝ սպան­նե­ցի եր­գիչ­նե­րը Ի­րա­նի գո­ռոզ պա­լատ­նե­րուն՝ որ այ­լեւս եր­գի ձայն չլսեմ…:
    -­Տէ՜ր Անս­պառ ­Լոյս ու Ու­ժի ան­մա­հու­թիւն:
  • ­Վե­զի՛ր, կը լսես այս Եր­գը՝ որ դաշ­տե­րէն կու­գայ, գար­նան զե­փիւ­ռին պէս հան­դարտ, եւ մա­նուկ­նե­րու ե­րա­զին պէս ճոխ եւ ա­րե­ւոտ:
    ­Վե­զի­րը նա­յե­ցաւ հե­ռուն:
    ­Լե­րան ոտ­քին տակ կծկտած ար­տի մը մէջ, հայ մշակ մը եր­կե­լով կը ցա­նէր ցո­րե­նա­հա­տի­կը:
    -­Տէ՜ր, կը լսեմ ՀԱՅՈՒՆ ԵՐԳԸ:
    -­Վե­զի՛ր, ՀԱՅԱՍՏԱ՛Ն կը կո­չո­ւի այս եր­կի­րը, ուր մար­դիկ կ­‘աշ­խա­տին եր­գե­րով, եւ մա­միկ­նե՛­րը՝ հե­քիաթ պատ­մե­լով կը մեռ­նին. վե­զի՛ր, դուն չե՛ս հասկ­նար այս եր­գին ի­մաս­տը, բայց ես գի­տեմ ինչ ը­սել կ­՚ու­զէ ան: Այս եր­գը կ­՚ա­նար­գէ մե­ծու­թեանս փառ­քը, կը նսե­մաց­նէ ար­քա­յա­կան հմայքս… վե­զի՜ր, դադ­րե­ցո՛ւր ՀԱՅ ԵՐԳԸ…:

­Վե­զի­րը տա­րագ­րել տո­ւաւ հայ ցե­ղը, խոր­տա­կեց ու քան­դեց գիւ­ղերն ու քա­ղաք­նե­րը, սպան­նեց ու վա­ռեց, ա­պա՝ յաղ­թա­կա­նօ­րէն վե­րա­դար­ձաւ, ա­ւե­տե­լու հա­մար մա­հը հայ եր­գին…:
­Լենկ­թի­մու­րը նստեր էր իր վրա­նին առ­ջե­ւը, աչ­քե­րը մութ էին, դէմ­քը՝ ա­ղօտ: Ա­նոր լռու­թե­նէն քա­րերն իսկ կրնա­յին ճա­թիլ, ծա՜նր ջա­ղաց­քա­րի մը նման՝ ար­քա­յին եր­կիւ­ղը ին­կեր էր կեան­քին վրայ: ­Վե­զի­րը մօ­տե­ցաւ կա­մաց, համ­բու­րեց ­Լենկ­թի­մու­րին ու­սը, իր ա­րիւ­նոտ սու­րը ա­նոր ոտ­քե­րուն առ­ջեւ դրաւ:

  • Երկ­րա­կա՜լ ­Տէր, մե­ռաւ հայ ցե­ղը իր եր­գին հետ, ալ եր­գող շունչ ու հա­գագ չմնաց, հան­գի՛ստ ե­ղիր, աս­կէ յե­տոյ՝ քեզ խռո­վող եր­գը պի­տի չլսես…:
    ­Բայց վե­զի­րի վեր­ջին բա­ռե­րուն հետ, հայ եր­գը սլսլաց, ու­ռե­նի­նե­րու ա­նուշ մրմուն­չին պէս, մտաւ ար­քա­յա­կան վրան, տնտնաց ար­քա­յի ոտ­քը, քսուե­ցաւ հոն տա­րա­ծո­ւած վե­զի­րի ա­րիւ­նոտ սու­րին, թի­թեռ­նի­կի պէս խա­ղաց գոր­գե­րուն վրայ, լոյ­սի ճա­ռա­գայ­թի մը նման քաղց­րա­ցուց օդն ու հո­ղը…:
    ­Լենկ­թի­մու­րը լսեց այդ սլսլու­քը, ճանչ­ցաւ հայ եր­գին ձայ­նը. զար­հու­րե­ցաւ, վասն­զի՝ ա­նի­կա իր վրա­նին մէջ էր, իր գոր­գե­րուն վրայ եւ ա­կան­ջին խո­րը, բար­կու­թե­նէն հեղ մըն ալ կրծեց իր պե­խե­րը:
    Այդ պա­հուն՝ ­Լենկ­թի­մու­րը նման էր իր վան­դա­կէն փախ­չող ա­ռիւ­ծին: ­Գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ իր ա­նօ­թու­թիւ­նը պտտեց­նող բո­րե­նին էր:
  • ­Վե­զի՛ր, պո­ռաց ­Թա­թա­րը, ի՛նչ երգ է այս՝ որ կը թփրտայ ա­կանջ­նե­րուս մէջ, ստա­խօ՜ս, դուն կը յանդգ­նիս խա­բել զիս, ան՝ ո­րուն առ­ջեւ փո­շիի հա­տիկ մը ան­գամ չես, սո՛ւտ են խօս­քերդ, եւ սուտ՝ սու­րիդ վրա­յի ա­րիւ­նը, կ­‘ապ­րի հա­յոց աշ­խար­հը ու ես կը լսեմ ա­նոր եր­գը:
  • ­Տէ՜ր, հա­զիւ կրցաւ շշնչել վե­զի­րը:
    ­Հո­վե­րու դէմ դո­ղա­ցող, աշ­նան ցրտա­հար տե­րեւ մը՝ վե­զի­րը, վա­խէն՝ լե­զուն քիմ­քին փա­կեր էր, աչ­քե­րը լայն­ցեր ու պղտո­րո­ւեր, դէմ­քը տժգոյն ու կծկտած, ճա­կա­տը՝ կար­կու­տէ բռնո­ւած տա­պա­նա­քա­րի մը նման…, խե­լա­կո­րոյս ու քրջա­ցած՝ գե­տին տա­պա­լե­ցաւ, ին­կաւ փո­րին վրայ, ­Կա­ղին ոտ­քը լզեց, ու նե­րո­ղու­թիւն, ու շնորհք խնդրեց:
  • Գլ­խա­տե­ցէ՛ք խա­բե­բան, ա­նոր ա­րիւ­նը սրսկե­ցէք քա­րե­րու եւ մար­դե­րու վրայ, հրա­մա­յեց ­Թի­մու­րը:
    ­Վե­զի­րը ա­րե­ւա­ծա­գէն ա­ռաջ գլխա­տո­ւե­ցաւ:
    ՀԱՅ ԵՐԳԸ, գար­նա­նա­բոյր սի­րեր­գու­թեան մը շուն­չո­վը կը սա­հէր բլուր­նե­րէն ու լեռ­նե­րէն, դաշ­տե­րէն ու հո­վիտ­նե­րէն, կը շո­յէր ծա­ղիկ­նե­րը, կը համ­բու­րէր հողն ու ջու­րե­րը, եւ օրհ­նու­թեան պէս բա­րի, խա­ղա­ղու­թեան լու­րե­րու նման զո­ւարթ՝ կեանք եւ յոյս կը սրսկէր ա­մէն կողմ:

­Լենկ­թի­մու­րը դեռ չէր յա­գե­ցած եր­կիր­ներ կոր­ծա­նե­լէ: Ա­նոր աչ­քե­րուն կա­պոյ­տին մէջ տա­կա­ւին կը լո­ղար ե­ղեռ­նին ստո­ւե­րը…:
Առ­տո­ւան հետ, արթն­ցեր էր Աշ­խար­հա­կա­լը: ­Ծա՜նր էր շնչա­ռու­թիւ­նը: ­Կուրծ­քին վրայ՝ ժայռ մը կար:
Ա­րե­ւը չծա­գած՝ գլխա­տել տո­ւեր էր վե­զի­րը. պար­տո­ւած ու մտած­կոտ՝ նստեր էր գոր­գա­պատ գա­հին վրայ:
­Քիչ վերջ՝ ա­րեւ ին­կաւ լի­ճե­րուն վրայ, դաշ­տե­րու մէջ, ան­տա­ռին խո­րը եւ իր վրա­նին վրայ: Ա­մէ՜ն տեղ: ­Գա­րո՜ւն էր, հա­յոց գե­տե­րը գա­հա­վէժ կը վա­զէին, թռչուն­նե­րը ի­րենց գե­ղե­ցիկ դայ­լայլ­նե­րով կը զո­ւար­թաց­նէին եր­կի­րը…: ­Բայց ա­ւե­րա՜կ էր ­Հա­յաս­տա­նը, լո՜ւռ էին ա­նոր եր­բեմ­նի շէն քա­ղաք­ներն ու գիւ­ղե­րը: ­Հե­ռո­ւէն ա­րա­գիլ մը թռաւ, ան­ցաւ ­Լենկ­թի­մու­րի վրա­նին վրա­յէն, ա­նոր շու­քը ին­կաւ ար­քա­յա­կան վրա­նին կա­տա­րը ցցո­ւած ար­ծա­թա­շէն ար­ծի­ւին վրայ:
Իսկ ՀԱՅ Ե՞ՐԳԸ:
Ա­նի­կա փրթաւ դար­ձեալ, վանկ առ վանկ, հա­տի՜կ-հա­տիկ, բարձ­րա­ցա՜ւ, խա­ղաց օ­դին մէջ. ան­ցաւ դաշ­տե­րուն հու­նէն եւ մտաւ ­Կա­ղին վրա­նը…:
­Լենկ­թի­մու­րը քա­շեց ճակ­տին վրայ կա­խո­ւած գան­գու­րը: Փրփ­րե­ցաւ ու հայ­հո­յեց: ՀԱՅ ԵՐԳԻՆ ձայ­նը կ­‘առ­նէր:

  • ­Զօ­րա­կա՜ն, պո­ռաց:
  • ­Տէր, Ար­քա­նե­րուն Ար­քայ, եւ՝ անս­խալ Ի­մաս­տու­թիւն:
    Ու զօ­րա­կա­նը, ձեռ­քե­րը պոր­տին վրայ խա­չա­ձեւ կա­պած, հա­յեաց­քը գետ­նին, սահմռ­կած ու սրսփուն՝ մօ­տե­ցաւ գա­հին: Ե­րեք ան­գամ համ­բու­րեց գա­հին պա­տո­ւան­դա­նը, սպա­սեց ­Տի­րոջ հրա­մա­նին:
  • ­Զօ­րա­կա՛ն, խօ­սե­ցաւ ­Լենկ­թի­մու­րը, ես՝ տէրն եմ ­Գան­գէ­սի ու Ին­տո­սի լայ­նա­ծա­ւալ ու ար­գա­ւանդ դաշ­տե­րուն, ո­րոնց վրայ ապ­րող ժո­ղո­վուր­դը ոս­կիի, մար­գա­րի­տի եւ սա­տա­փի հետ կը խա­ղայ, եւ ա­դա­ման­դը ա­ւա­զի չափ շատ է, ես՝ վե­հա­պետն եմ ­Պե­լու­ճիս­տա­նի ու Աֆ­ղա­նիս­տա­նի, ո­րոնց գա­հա­կալ­նե­րը ներ­քի­նի­ներ ե­ղան իմ կա­նա­նոց­նե­րուս:
  • ­Տէր, հզօ՛ր եւ ի­մաս­տուն:
  • Ես,- շա­րու­նա­կեց ­Կա­ղը — ­Հին­տու­քու­շի ու ­Պա­մի­րի, ես՝ տի­րա­կալ ան­ծայ­րա­ծիր Երկ­նա­յին ­Կայսրու­թեան. բայց, ­Զօ­րա­կա՛ն, տես, առ­տո­ւան հետ արթն­ցեր եմ… գի­շե­րը չքնա­ցայ, քու­նը կարծ­րա­ցեր է բի­բիս մէջ ու կո­պե­րուս վրայ…, ծա՛նր է շնչա­ռու­թիւնս, կը խեղ­դո­ւի՛մ, ա­զա­տէ՛ զիս, կը լսե՞ս ՀԱՅ ԵՐԳԻՆ ձայ­նը՝ որ դաշ­տե­րէն ու լեռ­նե­րէն կու­տայ, կը վի­րա­ւո­րէ զիս: Լ­ռե­ցո՛ւր զայն՝ որ հանգս­տա­նամ…:
  • Հ­րա­մա՛նդ, ­Տէր…
  • Ա­հա՛ քե­զի հրա­ման, քաջ զօ­րա­կան, աւ­րէ՛ հեր­կե­րը, սեր­մե­րը երկն­քի թռչուն­նե­րուն տո՛ւր, սպան­նէ՛, դաշ­տե­րուն մշակ­նե­րը եւ լեռ­նե­րու վրայ՝ ի­րենց հօ­տե­րը ա­րա­ծող հո­վիւ­նե­րը, ջար­դէ՛ քա­ղա­քա­ցի­ներն ու գիւ­ղա­ցի­նե­րը, մեծն ու պզտի­կը, ա­մէ՜ն­քը, մո­խիր ու փո­շի դար­ձուր ան­հա­ւա­տին եր­կի­րը ու զայն ցրո­ւէ՛ հե­ռա­ւոր ճամ­բա­նե­րու վրայ:
    ­Զօ­րա­կա­նը ու­րա­կա­նի պէս ին­կաւ հա­յոց երկ­րին վրայ:
    ­Չոր­ցան բոյսն ու կա­նա­չը, ծիլն ու ծա­ղի­կը:
    Թն­դո­ւե­ցան ցա­նո­ւած հեր­կե­րը, սպան­նո­ւե­ցան մարդն ու ա­նա­սու­նը: ­Գիւ­ղերն ու քա­ղաք­նե­րը հեղ մըն ալ սու­րէ ան­ցո­ւե­ցան:
    ­Ծա­ռին վրայ՝ բոյն ու թուխս չմնաց:
    ­Հո­ղին վրայ՝ տուն ու մա­րագ:
    ­Զօ­րա­կա­նը ա­րիւ­նի հան­դէ­սը երբ վեր­ջա­ցուց, ե­լաւ բլու­րի մը վրայ, նա­յե­ցաւ, դի­տեց շուր­ջը ու մտիկ ը­րաւ, ո՛չ ձայն կար, ո՛չ ալ շար­ժում:
    Ու զօ­րա­կա­նը վե­րա­դար­ձաւ յաղ­թա­նա­կի ու փառ­քի յոյ­սե­րով…:
  • ­Տէր, ես մեռ­ցու­ցի հայ ցե­ղը իր եր­գին հետ, ալ եր­գող հա­գագ չմնաց, ալ աս­կէ յե­տոյ ան­հա­ւա­տը իր վե­րա­կանգ­նու­մի ու յա­րու­թեան եր­գը պի­տի չու­նե­նայ…:
    ­Լենկ­թի­մու­րը մտած­կոտ կը լսէր իր զօ­րա­կա­նը:
  • Իմ ­Տէ՛ր, թող ձեր սա­ղա­ւար­տին աստ­ղա­նի­շը փայ­լի ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռիւծ­նե­րու աչ­քին պէս:
    ­Բայց ճիշդ այն պա­հուն, երբ զօ­րա­կա­նը կը վեր­ջաց­նէր իր խօս­քը, ՀԱՅ ԵՐԳԸ փրթաւ ար­տե­րու հու­նէն, բար­դա­ցա՜ւ ու բարձ­րա­ցաւ հպարտ ու ան­յաղ­թե­լի՝ մտաւ վրա­նէն ներս…:
  • ­Խա­բե­բա՛յ, մռնչեց լենկ­թի­մու­րը, եւ սու­րո­վը՝ գե­տին փռեց իր զօ­րա­կա­նը…: ­Հո­սե­ցաւ ա­նոր տաք ա­րիւ­նը, ա­լիք եւ ծփանք շի­նեց գոր­գե­րուն վրայ: Լ­ճա­ցաւ գա­հին շուր­ջը: ­Մեռ­նո­ղին ա­րիւ­նը կը պղպջար, կար­ծես կը խօ­սէր, կը բա­ցատ­րէր հայ եր­գին ի­մաստն ու ա­նոր յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան հա­նե­լու­կը…:

­Լենկ­թի­մու­րը դեռ չէր յա­գե­ցած ա­րիւն թա­փե­լէ: Ա­նոր բի­բին մէջ՝ նոր թա­փո­ւե­լիք ա­րիւ­նին կա­րօ­տը կը ծփար:

  • Ի­մաս­տո՜ւն, կան­չեց ան:
    Ու ծեր մը, ձիւ­նաս­պի­տակ մօ­րու­քով, հա­գած կար­միր պա­րե­գօտ մը, ձեռ­քին մէջ ե­ղեգ­նեայ գրիչ մը՝ ներ­կա­յա­ցաւ ար­քա­յին, ճա­կա­տը քսեց գա­հին, եւ շրթնե­րը ար­քա­յի քղանց­քին:
    ­Կե­ցաւ ու սպա­սեց:
  • Ի­մաս­տո՛ւն, խօ­սե­ցաւ ­Թի­մու­րը. վե­զիրս տա­րագրեց ու ջար­դեց հա­յե­րը, զօ­րա­կանս՝ այ­րեց ու կո­տո­րեց, բայց եր­կուքն ալ չկրցան լռեց­նել հայ եր­գը:
  • ­Տէր, ը­սաւ ի­մաս­տու­նը, ար­ծիւ­նե­րու թե­ւին պէս մօ­րու­քը շո­յե­լով:
  • Ը­սէ՛ հա­մար­ձակ, մի վախ­նար, ո­րով­հե­տեւ սուքն ու խա­բե­բա­յու­թիւ­նը պի­տի չկրնան լու­ծել ՀԱՅ ԵՐԳԻՆ հան­գոյ­ցը, կ­‘ու­զեմ ճշմար­տու­թիւ­նը լսել ու գիտ­նալ, ես՝ որ ­Սուլ­թան ­Պա­յա­զի­տը վան­դա­կին մէջ դրի, ­Սա­մար­ղանտ ղրկե­ցի, ես՝ ան­յաղթ­նե­րու ան­յաղ­թը, կը դո­ղամ այ­սօր, բա­ցատ­րէ ին­ծի այս եր­գին ի­մաս­տը, երգ մը՝ ո­րուն ձայ­նը միշտ կը լսեմ:
  • Ար­քա՛յ,- խօ­սե­ցաւ ի­մաս­տու­նը — ա­նընկ­ճե­լի է այս եր­կի­րը, այս­պէս կ­‘ը­սեն հե­ռա­ւոր ու մեր­ձա­ւոր պատ­մու­թիւն­նե­րը, ո­րո՞ւ ոտ­քը դպած է Ա­րա­րա­տի ձիւ­նե­րուն…: Ա­րա­րա­տի ձիւ­նին պէս՝ ան­մահ են հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ ա­նոր հայ­րե­նի­քը, ան­մատ­չե­լի են եւ ան­կոխ: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ձնծա­ղիկ է, ձիւ­նին տա­կէն կը ծլի, ա­նի­կա ա­ռաս­պե­լա­կան փիւ­նիկ թռչունն է, իր մո­խիր­նե­րէն յա­րու­թիւն կ­‘առ­նէ, ա­ռա­ջո­ւը­նէ ա­ւե­լի հզօր եւ յա­մառ, գի­տէ ա­ւե­րակ­նե­րը դրախ­տի վե­րա­ծել եւ ա­նա­պատ­նե­րը՝ մրգաս­տա­նի…
  • Ի՛նչ խա­ղաղ է հո­սու­մը հայ եր­գին, ու դեռ՝ ինչ­քա՜ն ներ­դաշ­նակ իր բխու­մէն յա­ռա­ջըն­թա­ցը:
  • Ար­քա՛յ, հայ կո­կոր­դէն բարձ­րա­ցող եր­գը ռազ­մա­կան չէ, եւ ո՛չ ալ գի­նո­վու­թեան ու հա­ճոյ­քի կանչ. այլ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ապ­րու­մին ու յա­րու­թեան ճիչն է, որ չի բա­ցատ­րո­ւիր, այլ՝ կը զգա­ցո­ւի, քան­զի, ­Հա­յաս­տա­նի ան­տառ­նե­րու ծալքն ու խոր­հուր­դը ու­նի…:
  • Ի­մաս­տո՛ւն, գիր­քե­րու գաղտ­նի­քը դուն գի­տես, կը ճանչ­նաս աստ­ղե­րու գի­տու­թիւ­նը, դո՛ւն միայն կրնաս կար­դալ դա­րե­րու եւ ան­ցեա­լի լե­զուն, ու այն մա­գա­ղաթ­նե­րը՝ ո­րոնք կը գտնո­ւին ­Նի­նո­ւէի ու ­Բա­բե­լո­նի գրա­դա­րան­նե­րու մէջ: Փր­կէ՛ զիս այս եր­գին պատ­ճա­ռած խռով­քէն:
    Այդ պա­հուն՝ ՀԱՅ ԵՐԳԸ ան­գամ մըն ալ քաղց­րօ­րէն ծլծլաց, ան­ցաւ դաշ­տե­րէն, հո­վիտ­նե­րէն, ան­տառ­նե­րէն ու ջու­րե­րէն, մտաւ ­Լենկ­թի­մու­րի վրա­նը…:
  • ­Տէր ար­քա՛յ, վեր­ցո՛ւր զար­հու­րան­քը հա­յոց աշ­խար­հէն, չար չէ՛ ՀԱՅ ԵՐԳԸ, խա­ղա­ղու­թիւն տո՛ւր, ա­զա­տու­թիւն տո՛ւր ա­նոր՝ որ գլգլայ ու բխի իր սա­րե­րէն ու դաշ­տե­րէն, թող կրկին ծաղ­կի ­Հա­յաս­տա­նը, ե­ռայ ու բոր­բո­քի աշ­խա­տան­քը, եւ յոր­դի ու գե­ղեց­կա­նայ կեան­քը:
  • Ի­մա­տո՛ւն, ար­դար է խօսքդ եւ ձայնդ՝ ա­նուշ, ո­րով­հե­տեւ ճշմար­տու­թեան ա­րե­ւուն մէ­ջէն կու­գան ա­նոնք, ես՝ ա­զա­տու­թիւն տո­ւի այս երկ­րին, օ՜ն ու­րեմն, թող բա­նա­կը պատ­րաս­տո­ւի, ­Սա­մար­ղան­տի ա­պա­րան­քիս կա­րօ­տը կը լլկէ զիս…:
    ­Հե­ռա­ցաւ ­Լենկ­թի­մու­րը, բայց ցե­ղին յա­րու­թեան եր­գը ըն­կե­րա­ցաւ ա­նոր՝ մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի հե­ռա­ւոր սահ­ման­նե­րը:

­Դեռ կայ այդ եր­գը…:
Ա­նոր ձայ­նը կը լսո­ւի ա­հա­ւա­սիկ, դաշ­տէ դաշտ, լեռ­նէ լեռ…:
ՀԱՅ ԱՐԻՒ­Նին կանչն է ՀԱՅ ԵՐԳԸ, ՀԱՅ ԴԱ­Տին Ար­դա­րու­թեան Ա­ղա­ղա­կը…: