Ասատուր (Աստիկ) Միքայէլեան

Ասատուր (Աստիկ) Միքայէլեան

0
2457

­Կեանք մը եւս շի­ջե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թէն։ ­Կի­րա­կի՝ 5 ­Յու­նո­ւար 2020ին, սպա­ռիչ հի­ւան­դու­թե­նէ մը ետք, իր աչ­քե­րը փա­կեց ազ­նուա­կան հայ­րե­նա­կից մը՝ Ա­սա­տուր ­Մի­քա­յէ­լեա­նը։ Աս­տիկ կը կան­չէին ա­նոր՝ իր բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րը եւ բա­րե­կամ­նե­րը, նաեւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րու ան­ձին վրայ ան­պա­կաս ե­ղաւ բնա­ծին բա­րու­թիւնն եւ հո­գիի ազ­նո­ւու­թիւ­նը։
Աս­տիկ ­Մի­քա­յէ­լեան ծնած էր ­Գո­քի­նիոյ գաղ­թա­կա­յա­նէն ներս եւ փոքր տա­րի­քէն մաս­նակ­ցած էր շրջա­նի հայ կեան­քին։ 1951ին շրջա­նա­ւարտ ե­ղաւ Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նէն, կազ­մա­ւո­րո­ւե­լով մեր մեծ դաս­տիա­րակ­նե­րու շուն­չին տակ։ ­Կա­նու­խէն մտաւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դաց միու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շար­քե­րը ու մին­չեւ վերջ մնաց սի­րա­հա­րը ու ջերմ գնա­հա­տո­ղը մար­զա­կան մեծ միու­թեան, ո­րուն ծա­ռա­յեց իր կեան­քի ըն­թաց­քին։ Ե­ղաւ սկաուտ եւ վար­չա­կան, իր ներդ­րու­մը բե­րաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վե­րել­քին եւ հա­յա­պահ­պան­ման ջան­քե­րուն, միշտ իր ազ­նիւ նկա­րագ­րով, բա­րու­թեամբ եւ ջեր­մու­թեամբ վա­րո­ւե­ցաւ իր շուր­ջին­նե­րուն եւ գոր­ծա­կից­նե­րուն, ինքն ալ եւս իր դրոշ­մը ձգե­լով «բարձ­րա­ցիր-բարձ­րա­ցուր» վսեմ գա­ղա­փա­րին վրայ։
Աս­տիկ կազ­մեց հա­յա­բոյր ըն­տա­նիք մը եւ բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ եր­կու մանչ զա­ւակ­նե­րով, ո­րոնք, ի­րենց կար­գին, կազ­մե­ցին հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­ներ, հե­տե­ւե­լով ի­րենց ծնող­քի օ­րի­նա­կին։ Աս­տիկ ­Մի­քա­յէ­լեան իր սրտի ջեր­մու­թիւնն ու հայ­րա­կան գուր­գու­րան­քը ա­ռա­տօ­րէն տո­ւաւ նաեւ իր թոռ­նիկ­նե­րուն, վա­յե­լե­լով ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը պա­տա­նե­կան շար­ժում­նե­րուն եւ ա­շա­կեր­տա­կան կեան­քին մէջ։
­Հան­գու­ցեա­լը միշտ ներ­կայ ե­ղաւ գա­ղու­թի ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան ե­լոյթ­նե­րուն եւ գնա­հա­տեց կա­տա­րո­ւած գոր­ծե­րը։ ­Յա­ճախ, իր նիւ­թա­կան ներդ­րու­մով քա­ջա­լե­րեց զա­նա­զան աշ­խա­տանք­ներ եւ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցաւ գա­ղու­թա­յին կա­րիք­նե­րուն։ Ա­մէ­նօ­րեայ հեր­թով ե­ղաւ «Ա­զատ Օր»ի ըն­թեր­ցող եւ հե­տե­ւե­ցաւ հայ կեան­քի բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րուն։
­Վեր­ջին շրջա­նին, հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով բա­ւա­կան տա­ռա­պա­լից ա­միս­ներ ան­ցուց եւ իր հիւ­ծած մար­մի­նը չդի­մա­ցաւ հի­ւան­դու­թեան արագ սա­հան­քին։ Իր աչ­քե­րը փա­կեց ­Նոր ­Տա­րո­ւան ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, սու­գի մէջ մատ­նե­լով իր ան­մի­ջա­կան հա­րա­զատ­նե­րը եւ ըն­տա­նե­կան շրջա­նա­կը։
­Թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հին­շաբ­թի՝ 9 ­Յու­նո­ւա­րին, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ ­Հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան վեր ա­ռաւ հան­գու­ցեա­լի ար­ժա­նիք­նե­րը եւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան բնա­բան­նե­րով՝ մատ­նա­շեց ա­նոր հե­զա­համ­բոյր եւ ազ­նո­ւո­գի նկա­րա­գիրն ու կեն­ցա­ղը։
Իր մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Ս­խիս­թո­յի գերեզ­մա­նա­տու­նը։ ­Ծաղ­կեպ­սակ­ներ ղրկած էին շրջա­նի միու­թիւն­նե­րը եւ հոծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ փու­թա­ցած էր ե­կե­ղե­ցի՝ յար­գան­քի վեր­ջին տուր­քը մա­տու­ցե­լու հա­րա­զա­տին եւ բա­րե­կա­մին։
­Հո­ղը թե­թեւ ըլ­լայ ազ­նիւ եւ սի­րե­լի Աս­տի­կին վրայ։

Ք.