­Յու­նո­ւա­րի 8ի այս օ­րը, հինգ տա­րի ա­ռաջ՝ 2014ին, յետ կար­ճա­տեւ՝ ծանր հի­ւան­դու­թեան, Ե­րե­ւա­նի մէջ 54 տա­րե­կա­նին վախ­ճա­նե­ցաւ հայ բե­մի տա­ղան­դա­ւոր վար­պետ­նե­րէն Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան։
Իբ­րեւ բե­մադ­րի­չի ու դե­րա­սա­նի՝ Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան քսան տա­րե­կա­նէն սկսեալ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ հայ­րե­նի բե­մա­կան ա­րո­ւես­տի նո­րա­րա­րա­կան թար­մաց­ման գոր­ծին։ Ե­թէ ծանր հի­ւան­դու­թիւ­նը ա­պա­ժամ վերջ չտար ա­նոր կեան­քին, Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հա­սու­նաց­ման իր բարձ­րա­կէ­տին կը գտնո­ւէր եւ շատ տա­լիք ու­նէր մեր ժո­ղո­վուր­դին։
Իսկ իբ­րեւ քա­ղա­քա­ցիի ու հան­րա­յին գոր­ծի­չի՝ Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան գոր­ծօն ու յա­ռա­ջա­պահ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ինչ­պէս Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի շղթա­յա­զերծ­ման, այն­պէս եւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման ու հա­յոց ­Պե­տա­կան ­Տան կա­ռուց­ման սրբա­զան գոր­ծին մէջ։
Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան ծնած է Ե­րե­ւան, 15 ­Փետ­րո­ւար 1960ին։
1984ին ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­թա­տե­րա­կան Ինս­տի­տու­տի բե­մադ­րու­թեան բա­ժի­նը:
1981-88 թո­ւա­կան­նե­րուն աշ­խա­տած է Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Կա­մե­րա­յին ­Թատ­րո­նին մէջ՝ իբ­րեւ դե­րա­սան եւ բե­մադ­րիչ։
Իսկ 1986-88 թո­ւա­կան­նե­րուն աշ­խա­տած է նաեւ ­Պա­տա­նե­կան ­Թատ­րո­նի ա­րո­ւես­տա­նո­ցին մէջ` իբ­րեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վար, բե­մադ­րիչ: ­Նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ե­ղած է «Ա­կունք» ազ­գագ­րա­կան երգ­չա­խում­բի բե­մադ­րի­չը։
1987-89ին` գոր­ծած է Ե­րե­ւա­նի ­Սուն­դու­կեա­նի Ա­նո­ւան Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­կան ­Թատ­րո­նին մէջ` իբ­րեւ բե­մադ­րիչ-վար­ժեց­նող:
1988ին Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան հիմ­նադ­րեց եւ ղե­կա­վա­րեց «­Գոյ» թատ­րո­նը։
1991էն սկսեալ, կեան­քի կո­չեց «­Գո­յակ» մշա­կու­թա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­րա­րա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը։
1995ին ձեռ­նար­կեց «Ա­զատ Ա­րո­ւես­տի Ա­կումբ» եւ «­Հայ-Արտ» ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, իսկ 1996ին՝ «Ա­զատ ­Թատ­րոն» նա­խա­գի­ծի ի­րա­կա­նաց­ման:
1998-2009 թո­ւա­կան­նե­րուն Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան ստանձ­նեց Ե­րե­ւա­նի ­Թատ­րո­նի եւ ­Կի­նո­յի ­Պե­տա­կան Ինս­տի­տու­տի դե­րա­սա­նա­կան բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ ղե­կա­վա­րի եւ դա­սա­տու պրո­ֆե­սո­րի:
2009ին ան ար­ժա­նա­ցաւ Հ.Հ. Ա­րուես­տի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծի­չի կոչ­ման:
Իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, 2011էն 2014, Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան ե­ղաւ Ե­րե­ւա­նի ­Թատ­րո­նի եւ ­Կի­նո­յի պե­տա­կան հիմ­նար­կի տնօ­րէ­նը (ռեկ­տո­րը): ­Դե­րա­սա­նա­կան իր աս­պա­րէ­զով՝ 1983 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ, Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան հան­դէս ե­կաւ բա­զում ներ­կա­յա­ցում­նե­րու մէջ, ո­րոնց շար­քին՝ ­Զէյ­թուն­ցեա­նի «­Հի­րո­սի­մա» եւ «Ոտ­քի, դա­տա­րանն է գա­լիս» գոր­ծե­րը, ­Դե­միր­ճեա­նի «­Քաջ ­Նա­զար»ը, Երն­ջա­կեա­նի «­Պա­րո­նայք, ա­մէն ինչ կոր­ծան­ւում է»ն, ­Շէյքս­փի­րի «­Համ­լետ»ն­ ու «­Ռո­մէօ եւ ­Ճու­լիէթ»ը, Ս­թէյ­վի­սի «­Գա­լի­լէյ»ը, ­Ռա­դինս­կիի «­Նէո­նի եւ ­Սե­նե­կա­յի թատ­րո­նը», ­Ռի­բա­կո­վի «Ար­բա­տի զա­ւակ­նե­րը», ­Մո’է­մի «­Լու­սին եւ գրոշ», ­Փի­րան­տել­լո­յի «­Վեց անձ­նա­ւո­րու­թիւն հե­ղի­նակ ո­րո­նե­լիս», Նժ­դե­հի «­Հա­յաս­տան եւ ճշմար­տու­թիւն», Գ­րի­բո­յե­դո­վի «­Խել­քից պա­տու­հաս» եւ այլն:
Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան նաեւ նկա­րա­հա­նո­ւե­ցաւ «Ընտ­րու­թիւն», «Տ­ղա­մարդ­կա­յին գործ», «­Ճա­կա­տա­գիր», «Ես եմ» շար­ժան­կա­րա­յին ժա­պա­ւէն­նե­րուն մէջ։ ­Կազ­մա­կեր­պեց եւ ի­րա­գոր­ծեց բազ­մա­թիւ եւ բազ­մա­պի­սի մի­ջո­ցա­ռում­ներ, ա­րո­ւես­տի ե­րե­կո­ներ, շնոր­հան­դէս­ներ, շօ-ծրա­գիր­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, հե­ռա­տե­սի­լի նա­խա­գիծ­ներ:
Իբ­րեւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի՝ Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Ար­ցա­խեան մար­տե­րուն։ Ե­ղաւ «­Մուշ» զօ­րա­միա­ւոր­ման ջո­կա­տի հրա­մա­նա­տա­րը: 2000-02 թո­ւա­կան­նե­րուն ընտ­րո­ւե­ցաւ «Ա­զա­տա­մար­տի ­Վե­տե­րան­նե­րի ­Միու­թիւն» կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մա­նա­խա­գա­հը: ­Կազ­մա­կեր­պեց Հ.Հ. զի­նեալ ու­ժե­րու ստեղծ­ման 15րդ, 17րդ, 19րդ­ եւ 20րդ ­տա­րե­դարձ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­հան­դէս­ներ: Ար­ժա­նա­ցաւ «­Գա­րե­գին Նժ­դեհ» շքան­շա­նի, «Ֆ­րի­տեոֆ ­Նան­սէն» ոս­կեայ յու­շաշ­քան­շա­նի, ­Մար­տա­կան ­Ծա­ռա­յու­թեան շքան­շա­նի: ­Մա­հա­ցաւ Ե­րե­ւան 8 ­Յու­նուար 2014ին, ծանր հի­ւան­դու­թեան հե­տե­ւան­քով։
­Տա­ղան­դա­շատ բե­մադ­րիչ ու դե­րա­սան՝ Ար­մէն ­Մազ­մա­նեան նաեւ ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան պատ­գա­մի տէր հան­րա­յին գոր­ծիչ էր, որ «Ա­ռա­ւօտ» թեր­թին տրո­ւած իր վեր­ջին հար­ցազ­րոյց­նե­րէն (2013ին) մէ­կուն մէջ, հե­տե­ւեալ ա­հա­զանգն ու զգօ­նու­թեան կո­չը կը հնչեց­նէր ­Հա­յաս­տա­նին սպառ­նա­ցող մեծ վտանգ­նե­րուն եւ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց ա­ւագ պար­տա­ւո­րու­թեանց մա­սին.-
«­Մին­չեւ յա­ջորդ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­ներ կան­խա­տե­սում եմ շատ քաո­սա­յին վի­ճակ եւ շատ ծանր քա­ղա­քա­կան դաշտ, ե­թէ ո­րա­կա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ չլի­նեն, ու այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ռա­զա­մա­վա­րա­կան չլի­նեն.- Օ­րի­նակ՝ ինչ­պէ՞ս թու­լաց­նել հա­յա­թա­փու­թեան խնդի­րը, ա­ռա­ջին հեր­թին մաք­սա­յի­նի հետ աշ­խա­տե­լով: Ո­րով­հե­տեւ ­Հա­յաս­տանն այ­սօր մեծ տո­կո­սով հա­յա­թափ­ւում է մաք­սա­յին խնդիր­ներ ու­նե­ցող, դա­տա­րան ընկ­նող մարդ­կան­ցով, ո­րոնք վար­կի տակ են: 500.000 դրա­մի հա­մար ընկ­նում են պատ­մու­թեան մէջ, դա­տա­րան­ներ, յե­տոյ տու­նը ծա­խում են ու փախ­նում երկ­րից: ­Մի­ջին ու փոքր բիզ­նե­սը սատ­կում է: Դ­րա հա­շո­ւին ար­տա­հոսք է:
«Ն­ման դա­ժան ու կա­տե­գո­րիկ թուա­յին բարձ­րա­ցում­ներ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տում, ա­տամ­նա­բոյ­ժե­րի գոր­ծում: Ի՞նչ ենք ու­զում ա­նել, որ գնա՞ն այս մաս­նա­գէտ­նե­րը: Ար­տա­հոս­քի ա­պա­հով­ման պայ­ման­նե­րը պէտք է վե­րաց­նել:
­Հէնց հի­մա հար­կա­յին ամ­նիս­տիա (ընդ­հա­նուր նե­րում) պէտք է յայ­տա­րա­րել, մար­դիկ տնե­րով, գոր­ծա­րան­նե­րով միայն դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցից յե­տոյ ի­րենց վրայ բար­դո­ւած տո­կոս­նե­րից ար­դէն դիակ են: Այս­պի­սի կա­տե­գո­րիկ դրա­կան ֆոն ու­նե­ցող խնդիր­ներ պէտք է լու­ծի իշ­խա­նու­թիւ­նը , որ վե­րա­կանգ­նի ժո­ղովր­դի վստա­հու­թիւ­նը: ­Սո­ցիա­լա­կան ո­լորտ, օ­րէն­քի ո­լորտ, մրցակ­ցա­յին դաշտ, օ­լի­գարխ­նե­րի ուղ­ղա­կի գլխա­տում: ­Բա­ւա­կան է՝ միայն մի մարդ մեզ շա­քար ու ա­լիւր կե­րակ­րի, վատն է այդ շա­քարն ու ա­լիւ­րը: Ու մենք բո­լորս դա տես­նում ենք: Ազ­գի ա­ռող­ջու­թեան խնդիր կայ, ար­տադ­րուող ապ­րան­քի ո­րա­կի խնդի­րը պէտք է լու­ծո­ւի…Այ­սինքն, այս խնդիր­նե­րի վե­րաց­մամբ պէտք է զբա­ղո­ւի իշ­խա­նու­թիւ­նը ու շատ միան­գա­մից ու ար­դիւ­նա­ւէտ, որ դրա ար­դիւն­քը ժո­ղո­վուր­դը տես­նի, այլ կերպ յետ բե­րել վստա­հու­թիւ­նը հնա­րա­ւոր չէ»:
«… Այ­նու­հան­դերձ չի կա­րե­լի ջայ­լա­մի պէս գլու­խը մտցնել հո­ղի մէջ ու ա­սել՝ ո­չինչ ա­րո­ւած չէ: Այս 4 տա­րուայ մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ կան, դաշտն ա­ւե­լի հան­գիստ է, ինչ-որ դրա­կան տե­ղա­շարժ­ներ կան: Ու­րիշ բան, որ գլո­բալ չեն: Ա­սել՝ ժա­մա­նակն է խոս­տում­ներն ի­րա­կա­նաց­նե­լու եւ ոչ թէ փոքր-փոքր չա­փե­րով, այլ ֆուն­դա­մեն­տալ ու լուրջ ռե­ֆորմ­նե­րով: Ընդ ո­րում՝ ռե­ֆորմ­ներ, ո­րոնց ար­դիւն­քում քա­ղա­քա­ցին իր մաշ­կի վրայ շա­հի:
Մ­նա­ցած այդ տնտե­սա­կան հա­շո­ւարկ­նե­րը՝ քա­նի՞ տո­կոս աճ ենք տո­ւել, հա­մաշ­խար­հա­յին ռէյ­թին­կում քա­նի տեղ ենք ա­ռաջ ըն­կել… ­Սա կրո­ցի չէ, սպորտ չէ: ­Դա մեզ չի հա­մո­զում, մարդն իր մաշ­կի վրայ պէտք է զգայ»: