Խոհեր՝ գաղութային կարեւոր ելոյթներու առիթով — Բ. մաս
Շարունակելով մեր զրոյցը ընթերցողներուն հետ, այսօր պիտի անդրադառնանք Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած բժշկական տեղեկատուական հանդիպումին՝ «Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական արխիւ» բարեգործական հիմնադրամի...
Խոհեր՝ գաղութային կարեւոր ելոյթներու առիթով — Ա. մաս
«Ազատ Օր», իր 75ամեայ պատմութեան ընթացքին, միշտ նախանձախնդիր եղած է իր էջէրէն ներկայացնել եւ վերլուծել գաղութին հետ կապուած կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնց մասին կ՚արժէ մտածել,...
Հայու Նոր Տարին
Տարի մը եւս անցաւ, իր հետ տանելով յունահայութեան համար դժուար եւ կնճռոտ տասնամեակ մը։
Անցնող տասնամեակը, թէեւ հայութեան եւ Հայաստանին համար նշանակալից հանգրուան մը եղաւ...
Նոր համայնքներ՝ նոր մարտահրաւէրներ, որոնք կարելի չէ անտեսել
Վերջին աւելի քան 25 տարիներու ընթացքին Հայաստանէն արտագաղթի դառն երեւոյթը նոր իրականութիւններ ստեղծեց Սփիւռքի մէջ, որոնցմէ զերծ չմնաց նոյնիսկ յունահայ գաղութը։
Այսօր, Յունաստանէն ներս աւանդական...
«Մեր հոգին միշտ կը մնայ Հայաստանի մէջ». Փրոքոփիս Փաւլոբուլոս
Իսկական հայասէր՝ յոյն նախագահի սրտէն բխած խօսքերը դիպուկ կերպով կը մատնանշեն Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ եղբայրական սերտ կապերու առկայութիւնը։
Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոբուլոսի երկօրեայ...
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ նոր սերունդի պատասխանատուութիւնը
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը աննկարագրելի գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ բովանդակ հայաշխարհին մէջ։
Երկար տարիներու անդուլ պայքարի, հետեւողական յամառ աշխատանքի, կապերու եւ յարաբերութիւններու...
Խմբագրական-Երկու ժողովներ, բազմատեսակ մարտահրաւէրներ
Այս շաբաթավերջին յունահայ գաղութը մեծ եռուզեռ մը պիտի ապրի։
Երկու տարբեր պատգամաւորական ժողովներ պիտի համախմբեն համայնքի մէջ գործող ազգային կրօնական, ինչպէս նաեւ երիտասարդական ուժերը, որոնք...
«Դուն հայերէն կ՚ուզե՞ս սորվիլ»
Երկու շարունակական տարիներու յաջող իրագործումէն ետք, Յունաստանի «Համազգային»ի Շրջանային վարչութիւնը, այս տարի եւս կը կազմակերպէ հայերէն լեզուի դասընթացքներ՝ հայերէնէ բոլորովին անտեղեակ անձերու համար, արեւմտահայերէնի...
Պէտք չէ մսխուի անկախութեան ներուժը
«21 Սեպտեմբեր 1991»ը հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ Հայաստանի վերանկախացման խորհուրդի նշանակալից նուաճումն է, 1918ի Հայաստանի Հանրապետութեան պատմականօրէն անգերազանցելի հռչակումին մերօրեայ նուիրագործումը, որուն մէջ մարմնացաւ...
Հայակրթութիւնը մեր աչքին լոյսն է
Այսօր, Հ.Կ.Խաչի ազգային «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան», «Զաւարեան», «Լ. եւ Ս. Յակոբեան», «Ա. Գալուստեան» եւ «Հ. Ուշագլեան» ամէնօրեայ միջնակարգ վարժարանի, նախակրթարաններուն եւ մանկապարտէզներուն մէջ...