Փիրէայի եւ Վուլայի քաղաքապետութիւնները, ինչպէս նաեւ Յունաստանի եգիպտական համայնքը կը կանգնին...
Մեծ թափով կը շարունակուին Յունաստանի զանազան քաղաքապետութիւններու կողմէ, յատկապէս անոնցմէ ուր հայաշատ կեդրոններ գոյութիւն ունին, իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնել Արցախի մարտնչող ժողովուրդին եւ դատապարտել...
Քորիտալոսի քաղաքապետը յարգանքի տուրք մատուցեց Արցախի հայութեան
Չորեքշաբթի՝ 28 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Յունաստանի ազգային տօնին առիթով, Քորիտալոսի քաղաքապետ Նիքոս Խրուսալաս յարգանքի տուրք մատուցեց «Այիոս Եորղիոս» հրապարակի վրայ կանգնած հայկական խաչքարին առջեւ։ Մասնակցութիւն...
«Համազգային»ը Արցախի կողքին
Նեցուկ կանգնելով հայոց բանակին, միանալով ազգային կոչին՝ «Համազգային»ի Ատտիկէի «Սօս-Վանի» վարչութիւնը, Միութեան Շրջ. վարչութեան հովանաւորութեամբ, կազմակերպեց դրամահաւաք՝ զետեղելով իր կրպակը Նէա Զմիռնիի բազմամարդ կեդրոնական...
Հ.Կ.Խաչի «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանի աշակերտները Արցախի զինուորի կողքին
Արցախեան գոյամարտի այս օրերուն, համայն հայութիւը մէկ մարդու նման ոտքի կանգնած կը պայքարի իր անժխտելի մարդկային եւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր: Այս առումով,...
Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի յիշատակում
Կիրակի՝ 25 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Նէոս Գոզմոսի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակը, եւ յաւարտ ս. պատարագի արարողութեան կատարուեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր...
ԲՈՂՈՔԻ ՀԱՒԱՔ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
ԲՈՂՈՔԻ ՀԱՒԱՔ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Հինգշաբթի 29 Հոկտեմբեր
երեկոյեան ժամը 5-ին
Եւրոպական Միութեան
|Աթէնքի Գրասենեակներուն առջեւ
Βασιλίσσης Σοφίας 2, Σύνταγμα
ΣΥΓΚΕΝΤΡΩΣΗ ΔΙΑΜΑΡΤΥΡΙΑΣ ΓΙΑ ΤΗΝ ΑΜΕΣΗ
ΚΑΤΑΠΑΥΣΗ ΤΟΥ ΠΥΡΟΣ ΣΤΟ ΑΡΤΣΑΧ
(Ναγκόρνο...
Յունաստանի հայութիւնը եւս 50.000 եւրօ նուիրաբերեց Արցախին
Անդուլ թափով յունահայութիւնը կը շարունակէ իր հայրենասիրական պարտքը կատարել Արցախի մարտնչող բանակին ու ժողովուրդին համար հաստատուած Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ֆոնտին։
Ինչպէս որ կը տեղեկացնէ Հիմնադրամի...
Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» դպրոցի բացում
Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցը, Շաբաթ` 17 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, իր 2020-21 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի դռները անգամ մը...
Յոյն-թրքական սահմաններու փակում
Հետեւելով մեծ թիւով եւրոպական երկիրներու մայր ճամբաներու փակման նախաձեռնութիւնները, Թրակիոյ հայութիւնը, Երկուշաբթի՝ 19 Հոկտեմբերի կանուխ առաւօտուն, ինքնաշարժերու հսկայ շարասիւն կազմած ուղղուեցաւ դէպի Էվրոսի յոյն-թրքական...
Համերգ Քսանթիի մէջ
Մեծ յաջողութեամբ, Կիրակի՝ 18 Հոկտեմբերին, Քսանթիի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ համերգ նուիրուած Արցախի հերոսական ժողովուդին։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Քսանթիի թաղային խորհուրդին կողմէ, գործակցութեամբ...