Եւրոպայի սահմաններու պաշտպանութեան հաստատութեան (Frontex) կայքէջին մէջ լոյս տեսած տեղեկագիրին համաձայն, Յունաստանի կղզիները հասած գաղթականներու թիւի 9% յաւելում արձանագրուած է Օգոստոսին։ Զանազան ուղիներով Եւրոպա մուտք գործած 12.900 գաղթականներէն, 9.300 անձեր անցան արեւելեան Էգէականի կղզիներէն։ Հաստատութիւնը կը նշէ թէ այս թիւերը կրկնապատկուած են 2018ի Օգոստոսի տուեալներէն, մատնանշելով թէ գաղթականներով լեցուն նաւակներու կրկնապատիկ թիւ մը կը փորձէ հասնիլ յունական կղզիները, մասնաւորաբար Լեզւոս կղզին։ «Frontex»ի տեղեկագիրը կը նշէ թէ իւրաքանչիւր հինգ գաղթականներէն երկուքը` Աֆղանիստանի քաղաքացիներ են։
9.300 գաղթականներ մուտք գործեցին Յունաստան Օգոստոսին մէջ
9.300 գաղթականներ մուտք գործեցին Յունաստան Օգոստոսին մէջ