Նոյեմբեր 9ի այս օրը, 138 տարի առաջ, հայ կաթողիկէներու ազգայնական ուղղութեան տէր մեծաթիւ խումբ մը, պատմական նշանակութեամբ կարեւոր քայլ մը նետելով՝ որոշեց վերադառնալ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մայր գիրկը։
9 Նոյեմբեր 1879ին, Ս. Խաչի Գիւտի տօնական Կիրակի օրը, հայ կաթողիկէ Անտոնեան Միաբանութեան 72 հաւատաւորներ, Մաղաքիա Օրմանեան Վարդապետի եւ հայ գրականութեան պատմավէպի ռահվիրաներէն Ծերենցի գլխաւորութեամբ, հաւաքաբար եւ պաշտօնական շքախումբով մը ներկայացան Գում Քափուի հայոց պատրիարքարանը։ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանին հետ նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն, հայ կաթողիկէներու ներկայացուցչական այս խումբը պատրիարքարան եկած էր պաշտօնապէս ստանալու համար Ներսէս Պատրիարքին հաւանութիւնը՝ հայ առաքելական մայր եկեղեցւոյ գիրկը վերադառնալու իրենց հաւաքական որոշումին վերաբերեալ։
Իր կարգին, Պատրիարքութիւնը յատուկ պատրաստութիւն տեսած էր ու իր հոգեւորական եւ աշխարհական պատասխանատուներով ներկայ էր, որպէսզի արժանի ընդունելութեամբ ողջունէ ի գին մեծ դժուարութեանց յաղթահարման առնուած հայ կաթողիկէներու վերադարձի այդ պատմական քայլը։ Դարձի եկած հայ հաւատացեալներուն անունով՝ Օրմանեան Վարդապետ արտասանեց պատմական խօսք մը, գրաւոր բանաձեւուած եւ Հայոց Պատրիարքին յանձնուած հաւաքական դիմումին առ ի լրացում։ Օրմանեան՝ դրուատելով հանդերձ Կաթոլիկութեան դաւանաբանական արժէքները եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մեծ ու հանդիսաշուք Տուն մը ըլլալու հանգամանքը, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ եւ շեշտեց հայոց ազգային եկեղեցական Տան հարազատութեան ու ջերմութեան իրենց ծարաւը՝ տունդարձի արտօնութիւն խնդրելով։ Իսկ Վարժապետեան Պատրիարք անպաճոյճ բառերով յայտարարեց, որ «Ձեր Տունն է» Հայաստանեայց Եկեղեցին։ Այսպիսով վարագոյրը իջաւ ու պաշտօնապէս փակեց շուրջ կէս-դարեայ ազգային-յարանուանական բուռն վէճերու եւ բախումներու ժամանակաշրջան մը։
Իր պաշտօնական աւարտին յանգեցաւ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան մէջ սկսած եւ արագօրէն ողջ հայութեան կեանքը փոթորկած «Հասունեան» եւ «Հակահասունեան» հակամարտութիւնը, որ յարանուանական կողմնորոշումներու եւ վէճերու ընդհանուր պաստառին վրայ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, էապէ՛ս մէկ կողմէ օտարասէր ու միւս կողմէ ազգայնական ներհակ ուղղութեանց միջեւ բախում էր։
Նշանակալից աւարտ՝ ոչ այնքան դարձի եկած հայ կաթողիկէներու քանակով կամ ներկայացուցած ազգային-հոգեւորական եւ աշխարհական-մտաւորական որակով, որքան Օրմանեանի եւ Ծերենցի գլխաւորութեամբ նետուած մեծ Քայլին ու Վարժապետեան Պատրիարքի ընդառաջումի Կեցուածքին հետեւող ազգային ներքին համերաշխութեան մթնոլորտին աստիճանական ամրապնդման իմաստով։
Աւելի՛ն. հայ կաթողիկէները գլխաւորած Օրմանեան Վարդապետի Տուն դարձով՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին իր ծոցին մէջ լիարժէք ինքնադրսեւորման ու արգասաւորման լայն ասպարէզ բացաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան մեծ երախտաւորներէն մէկուն առջեւ։ Մաղաքիա Վրդ. Օրմանեան ոչ միայն հասաւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան գահակալի պաշտօնին, այլեւ իր կոթողական աշխատասիրութիւններով անզուգական ներդրում մը ունեցաւ իրերայաջորդ հայ սերունդներու ազգային յիշողութեան հարստացման մէջ՝ հայոց արժանաւորութեան եւ հպարտութեան պահերը իր բազմահմուտ գրիչով անմահացնելով։
Նոյնինքն 9 Նոյեմբեր 1879ի Հայ կաթողիկէներու Տուն Դարձին վերաբերեալ անպայման հարկ է ընդգծել, որ պատմական այդ քայլով մեծ յաղթանակ մը տարաւ Մխիթարեաններու ազգային աւանդէն ներշնչուած եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցին օտարամոլութեան դէմ պաշտպանելու պայքարին լծուած ազգայնական ուղղութիւնը հայ կաթողիկէ հասարակութեան մէջ։
Ծանր պարտութիւն կրեց հայ կաթոլիկութեան մէջ առաջացած եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դէմ դաւանական անհաշտ պայքար բացած Անտոն Հասուն Վարդապետի օտարամոլ ուղղութիւնը։
Լիբանանի հայ կաթողիկէ Զմմառեան միաբանութեան վրայ իր տիրական իշխանութիւնը հաստատած եւ, քաղաքական թէ դաւանաբանական տարբեր կարգի միջնորդութիւններով, Հռոմի Պապական իշխանութեան զօրակցութիւնը ապահոված կաթոլիկ վարդապետ էր Անտոն Հասուն (ասորի ծագումով հայ դարձած ընտանիքի մը շառաւիղը)։
Հայոց Զմմառի Կաթոլիկ Կաթողիկոսութեան տիրանալու երկարատեւ պայքար մը եղաւ անոր կեանքը։ Պայքար մը՝ որուն յաջող աւարտին հասնելու համար «Հասունեան» հռչակուած կաթոլիկ շարժումը Հայաստանեայց Եկեղեցին վարկազրկելու ամէն քայլի դիմեց, որպէսզի ապահովէ Հռոմի հովանաւորութիւնը ի նպաստ Անտոն Հասունի Պատրիարք-Կաթողիկոս ընտրութեան։
Հայ կաթողիկէ Անտոնեան Միաբանութիւնը 1840ականներէն իսկ անդրադարձաւ «Հասունեան» շարժումի ազգավնաս բնոյթին եւ երկարատեւ պայքար մղեց այդ վտանգին դէմ՝ նոյնինքն հայ կաթոլիկութիւնը իր ազգային նկարագրով պայծառացնելու առաջադրանքով նաեւ։
Ընդհանրապէս Հռոմի Պապական իշխանութիւնը երկար ժամանակ իր հովանաւորութեան տակ առաւ «Հասունեան»ները, բայց ժամանակը գործեց ի նպաստ «Հակահասունեան» շարժումի ազգային առաջադրանքներուն ժողովրդականացման։ Հայ ժողովուրդի կաթողիկէ հաւատացեալները իրենց աջակցութիւնը բերին ազգայնական դիմագծի եւ ուղղութեան տէր հոգեւորական առաջնորդներուն։
Թէեւ ի վերջոյ, Հռոմի Պապական ճնշումին տակ, Անտոն Հասուն հասաւ իր նպատակին եւ Պատրիարք-Կաթողիկոս ընտրուեցաւ, այսուհանդերձ՝ Օրմանեանի գլխաւորութեամբ ազգայնական թեւի ղեկավարութեան Տուն դարձով, հայ կաթողիկէ հասարակութեան մէջ տիրական դարձաւ ազգային մեր աւանդներուն տէր կանգնելու եւ, ըստ այնմ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ազգային հունով զարգացնելու ուղղութիւնը։
Նոյնինքն Անտոն Հասուն Պատրիարք հարկադրուեցաւ տեղի տալու սեփական հաւատացեալներէն եկող այդ ճնշումին տակ. անոր պատրիարքութեան օրով իսկ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին թեւակոխեց ազգային յարանուանութիւն դառնալու հայ եկեղեցական ծառայութեան հարազատ հունը։
9 Նոյեմբեր 1879
9 Նոյեմբեր 1879. Կաթողիկէ հայ միաբաններու եւ հաւատացեալներու վերադարձը՝ հայոց առաքելական մայր եկեղեցւոյ գիրկը Ն.