8-9 ­Մա­յի­սը պատ­մա­կան յի­շար­ժան թո­ւա­կան դար­ձաւ եւ փա­ռա­ւոր իր տե­ղը գրա­ւեց հա­յոց յու­շա­տետ­րին մէջ 1992ին, երբ Ար­ցախ աշ­խար­հի հի­նա­ւուրց բեր­դա­քա­ղաք ­Շու­շին ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան զա­ւակ­նե­րուն ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան բա­ցա­ռիկ սխրան­քով։
­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ­Մա­յիս 9ին կը մե­ծա­րէ «­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման եւ յաղ­թա­նա­կի» պե­տա­կան տօ­նը։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան տօ­նա­ցոյ­ցով ­Մա­յիս 9ն հռ­չա­կո­ւած է «­Յաղ­թա­նա­կի Օր»։
­Թէ՛ իբ­րեւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի յան­դուգն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն եւ թէ, մա­նա­ւա՛նդ, իբ­րեւ ռազ­մա­կան փայ­լուն գոր­ծո­ղու­թիւն, ­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման միօ­րեայ յաղ­թա­կան գրո­հը, որ սկսաւ 8 ­Մա­յիս 1992ին, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան իր նշա­նա­կու­թեամբ կա­րե­ւո­րա­գոյն դար­ձա­կէտ մը նո­ւա­ճեց հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան հա­մար։
­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման «­Հար­սա­նիք լեռ­նե­րում» ա­նո­ւա­նո­ւած յաղ­թա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը դրաւ սկիզ­բը Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան յաղ­թար­շա­ւին։
Ա­ւե­լի՛ն. ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մով հայ ժո­ղո­վուր­դը ոչ միայն յաղ­թա­կան թռիչ­քի թափ ա­պա­հո­վեց Ար­ցա­խի վե­րա­տի­րաց­ման պայ­քա­րին, այ­լեւ՝ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ամ­րագ­րեց վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թիւ­նը։
­Բարձ­րա­նիստ բեր­դա­քա­ղա­քի ա­նա­ռիկ իր դիր­քով յատ­կան­շո­ւող ­Շու­շին ոչ միայն վեր­ջին ե­րեք տաս­նա­մեակ­նե­րուն, այ­լեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան բո­լոր թէժ պա­հե­րուն, բայց յատ­կա­պէս 17րդ ­դա­րէն սկսեալ թափ ա­ռած հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի բախ­տո­րոշ բո­լոր վե­րի­վայ­րում­նե­րու ըն­թաց­քին, խորհր­դան­շած է հայ­կա­կան ինք­նու­թեան, ինք­նու­րոյ­նու­թեան եւ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ազ­գա­յին կամ­քին բար­ձունք­նե­րէն մէ­կը՝ ա­նա­ռիկ եւ հե­րո­սա­կան։
­Մի­ջին դա­րե­րուն ­Շի­կա­քար բեր­դա­քա­ղա­քի ա­նու­նով հռչա­կո­ւած ­Շու­շին մեր ժա­մա­նակ­նե­րը թե­ւա­կո­խեց իբ­րեւ հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի ե­զա­կի ար­ծո­ւե­բոյն­նե­րէն մէ­կը։ ­Հա­կա­ռակ դա­րե­րու ըն­թաց­քին այ­լա­ցեղ ներ­խու­ժող­նե­րու կող­մէ կա­տա­րո­ւած աս­պա­տա­կու­թեանց եւ բռնագ­րա­ւող ու­ժե­րու կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած՝ հայ­կա­կան այս հի­նա­ւուրց ոս­տա­նը հա­յա­թափ­ման են­թար­կե­լու եւ օ­տա­րա­մուտ տար­րե­րով բնա­կեց­նե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան փոր­ձե­րուն, ­Շու­շին ե՛ւ պահ­պա­նեց հայ­կա­կան իր ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը, ե՛ւ դար­ձաւ հայ մշա­կոյ­թի ու դպրու­թեան, այ­լեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ու ռազ­մա­կան տա­ղան­դի զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն բնօր­րա­նը։
1895ին ­Շու­շի անդր­կով­կա­սեան յայտ­նի գիւ­ղա­քա­ղաք էր 30 հա­զար բնակ­չու­թեամբ, ո­րուն 21 հա­զա­րը հայ էր։ ­Շու­շիի ­Թե­մա­կան դպրո­ցը կը հան­դի­սա­նար, ա­տե­նին, ողջ հա­յա­շխար­հի կրթա­կան հինգ կա­րե­ւոր կրթօ­ճախ­նե­րէն մէ­կը, ուր թրծո­ւե­ցան թէ՛ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն շա­տեր, թէ՛ հե­տա­գա­յին՝ խորհր­դա­յին դա­րաշր­ջա­նին, ­Կար­միր ­Բա­նա­կի մե­ծա­նուն զօ­րա­վար­ներ դար­ձած հայ գոր­ծիչ­ներ։
­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կերտ­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­ւոր­ման տա­րի­նե­րուն, 1918-1921 թո­ւա­կան­նե­րուն, ­Շու­շին ա­ռա­ջա­ւոր դիր­քը ե­ղաւ ­Հայ­կա­կան ­Դի­մադ­րու­թեան՝ ա­րե­ւել­քէն եւ հիւ­սիս-ա­րե­ւել­քէն ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման սպառ­նա­ցող թուրք-թա­թար ա­զե­րիա­կան վտան­գին եւ ներ­խուժ­ման փոր­ձե­րուն դէմ։ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը ղե­կա­վա­րե­լով՝ ­Շու­շի հե­րո­սա­բար դի­մադ­րեց հա­մաթր­քա­կան գրաւ­ման վտան­գին եւ տե­ղի տո­ւաւ միայն ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, երբ Ս­տա­լի­նեան կա­մա­յա­կա­նու­թեամբ պար­տադ­րա­բար կցո­ւե­ցաւ ­Խորհր­դա­յին Ադր­բե­ջա­նին՝ իբ­րեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մար­զի։
­Խորհր­դա­յին լու­ծի տակ ­Շու­շին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն են­թար­կո­ւե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­յա­թափ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, բայց ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը եր­բեք չհա­մա­կեր­պե­ցաւ ճնշում­նե­րուն։ Իսկ երբ 1988ին ար­ցա­խա­յու­թիւ­նը բարձ­րա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի հետ ­Միաց­ման դրօ­շը, ա­զե­րիա­կան բա­նա­կի ա­նա­ռիկ յե­նա­կէտ դար­ձած ­Շու­շին պա­տու­հաս դար­ձաւ ողջ Ար­ցա­խի գլխուն, յատ­կա­պէս իր ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող Լ.Ղ.Ի.Մ.ի մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տը մնա­յուն ռմբա­կոծ­ման տակ առ­նե­լով։
Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով հայ­կա­կան հե­րո­սու­թեան ու դիւ­ցազ­նա­կան խո­յան­քի փա­ռա­հեղ մարմ­նա­ւո­րու­մը կը հան­դի­սա­նայ 8 ­Մա­յիս 1992ին շղթա­յա­զեր­ծո­ւած ­Շու­շիի ա­զա­տագրման ռազ­մա­կան գրո­հը, որ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն զգե­ցաւ նաեւ ու յատ­կա­պէ՛ս իր սան­ձա­զեր­ծած հա­յաշ­խար­հի ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեամբ։
­Հայ­կա­կան գրո­հը սկսաւ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած հայ մար­տիկ­նե­րու բո­լոր միա­ւոր­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կա­յին­ներ ըլ­լա­յին ա­նոնք թէ ­Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րէն եւ սփիւռ­քեան հա­յօ­ճախ­նե­րէն Ար­ցախ փու­թա­ցած նո­րօ­րեայ ֆե­տա­յի­ներ։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դրօ­շին տակ հա­մախմ­բո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ ըլ­լա­յին ա­նոնք, թէ 1988ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան շարժ­ման ա­լի­քին հետ կեանք ա­ռած ջո­կատ­նե­րու ան­դամ «մա­հա­պարտ­ներ» կամ «երկ­րա­պահ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ»։
Ան­շուշտ, յան­դուգն այդ գրո­հի ըն­թաց­քին, ա­ռաս­պե­լա­տիպ հայ հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նէն ծանր գին վճա­րե­ցինք ա­նա­ռիկ ­Շու­շին ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար։ ­Բայց ա­զա­տու­թեան եւ յաղ­թա­նա­կի ու­ղին միշտ ալ ա­րեամբ ներ­կուած է եւ, կռո­ւի դաշ­տին վրայ ին­կած նոյն այդ հե­րոս­նե­րու ա­րեան գնով, թան­կա­գին իր ար­ժէքն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը նո­ւա­ճած է ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի իւ­րա­քան­չիւր յաղ­թա­նակ ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դի, այ­լեւ՝ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ։
­Հա­յոց յու­շա­տետ­րի 8-9 ­Մա­յի­սի է­ջով՝ ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան այս փա­ռա­պանծ յաղ­թա­նա­կին մէջ, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր նախ կ­՚ար­ժե­ւո­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­րի այ­րե­րուն միաս­նա­կան յանդգ­նու­թիւնն ու հե­րո­սու­թիւ­նը։
8 ­Մա­յիս 1992ի գրո­հով հայ­կա­կան ու­ժե­րը նո­ւա­ճե­ցին ե­րա­զը, ա­զա­տագ­րե­ցին ­Շու­շին եւ ճամ­բան հար­թե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նի ողջ եր­կայն­քով Ար­ցա­խի վե­րան­կա­խա­ցու­մին։
Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մին եւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ միա­ցու­մին ամ­րա­կուռ ան­կիւ­նա­քա­րը հան­դի­սա­ցաւ ­Շու­շիի վե­րա­տի­րա­ցու­մը, ո­րուն փա­ռա­հեղ ա­ւան­դը ամ­բող­ջաց­նե­լու մեծ պարտ­քին տակ ենք ազ­գո­վին։
­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման հա­մար ի­րենց գե­րա­գոյ­նը զո­հա­բե­րած հե­րոս հա­յոր­դի­նե­րուն տա­կա­ւին պարտք ենք՝ թէ՛ իբ­րեւ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւն, թէ՛ իբ­րեւ ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նած պե­տա­կա­նու­թիւն՝ ա­զա­տագ­րո­ւած ­Շու­շիի լիի­րաւ պահ­պա­նու­մը, լիար­ժէք վե­րա­շի­նու­թիւնն ու բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցու­մը։
Այդ ա­ռու­մով ­Մա­յիս 8-9ի ա­մե­նա­մեայ նշումն ու տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը կը ծա­ռա­յեն շեշ­տե­լու, ­Յաղ­թա­նա­կի Օ­րո­ւան փա­ռա­բա­նան­քի կող­քին ու միա­ժա­մա­նա՛կ՝ ­Շու­շիի վե­րա­շի­նու­թեան, վե­րաբ­նա­կեց­ման ու նո­րո­վի ծաղկ­ման պայ­քա­րին հա­մազ­գա­յին ու­ժե­րով թափ տա­լու, զայն յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­լու հրա­մա­յա­կանն ու պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։
­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար ին­կած հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ ու հե­րոս զա­ւակ­ներ­նե­րուն պարտք ենք տա­կա­ւին ամ­բողջ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ան­կա­խու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ փաս­տա­ցի միա­ւոր­ման պահ­պա­նումն ու նաեւ մի­ջազ­գա­յին՝ ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մով հաս­տա­տագ­րու­մը։
­Պարտք ենք, մա­նա­ւա՛նդ, ­Շու­շիի կող­քին ար­ցա­խեան բո­լոր շէ­նե­րու ամ­բող­ջա­կան վե­րաբ­նա­կե­ցումն ու տնտե­սա­կան-հա­սա­րա­կա­կան բազ­մա­հուն զար­գա­ցու­մը։
­Մեր սե­րուն­դը դէմ յան­դի­ման կանգ­նած է ազ­գա­յին ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան այս ա­ռաջ­նա­հերթ փոր­ձա­քա­րին։
­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար թա­փո­ւած հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նը ար­դէն դար­ձած է սրբա­զան Կ­տակ՝ ա­րեամբ նո­ւա­ճո­ւա­ծը ա­մէն գնով պահ­պա­նե­լու, այլ մա­նա­ւանդ զար­գաց­ման ու­ղիով ար­մա­տա­ւո­րե­լու եւ ան­դառ­նա­լիօ­րէն հա­յաց­նե­լու, իբ­րեւ ազ­գա­յին ան­կորն­չե­լի հարս­տու­թիւն գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն ա­ւանդ յանձ­նե­լու։
Որ­պէս­զի միշտ հպար­տու­թեամբ յի­շա­տա­կո­ւի փառ­քը 8-9 ­Մա­յիս 1992ին հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­ցած լու­սա­ւոր դա­րաշր­ջա­նին՝ հա­յոց պատ­մու­թեան մե­րօ­րեայ յաղ­թար­շա­ւին։
­Յա­նուն հայ­րե­նի ա­զա­տագ­րեալ հո­ղի վե­րա­շի­նու­թեան, վե­րաբ­նա­կեց­ման ու բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման՝ ոչ միայն Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, այ­լեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի բո­լոր հո­սանք­նե­րը կո­չո­ւած են աչ­քի լոյ­սի պէս գուր­գու­րա­լու ­Մեծ Ե­րա­զը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձու­ցած Ար­ցա­խի զա­ւակ­նե­րուն, այ­լեւ հա­մայն հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Հա­ւա­քա­կան ­Կամ­քի եւ ­Միաս­նա­կան Ու­ժի զօ­րա­շար­ժին ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խի­քին վրայ։
­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան տա­րե­դար­ձը, իբ­րեւ յու­շա­րա­րը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շա­րու­նա­կո­ւող պայ­քա­րին, գա­ղա­փա­րա­կան ա՛յս դա­սե­րով կը լու­սա­ւո­րէ պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան յաղ­թա­նա­կի դժո­ւա­րին ու­ղին։