8 ­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րը, 1915 թո­ւա­կա­նին, գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը բնաջն­ջե­լու թրքա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան ծրա­գի­րը։
Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան պա­րագ­լուխ­նե­րը գաղտ­նի ժո­ղո­վի հրա­ւի­րե­ցին իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ցե­ղաս­պա­նա­կան ի­րենց ծրա­գի­րը գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­լու պատ­մա­կան ծան­րա­գոյն ո­րո­շու­մը կա­յաց­նե­լու հա­մար։
Ե­րիտ­թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այդ օ­րե­րուն կը ղե­կա­վա­րո­ւէր ե­ռա­պե­տու­թեամ­բը ­Մեհ­մետ ­Թա­լէա­թի (վար­չա­պետ ու ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար), Իս­մա­յիլ Էն­վե­րի (պա­տե­րազ­մի նա­խա­րար) եւ Ահ­մէտ ­Ճե­մա­լի (ծո­վու­ժի նա­խա­րար եւ ­Սու­րիոյ զի­նո­ւո­րա­կան կա­ռա­վա­րիչ)։ ­Կա­ռա­վա­րու­թեան եւ իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան վրայ ի­րենց ամ­բող­ջա­կան հա­կակ­շի­ռը հաս­տա­տած փա­շա­նե­րը, ո­րոնք ­Գեր­մա­նիոյ կող­քին պա­տե­րազ­մի մէջ մխրճած էին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը, խու­ճա­պա­հար վի­ճակ ու­նէին։ ­Կով­կա­սեան ճա­կա­տի վրայ Էն­վեր փա­շա­յի զօր­քե­րը ծանր պար­տու­թիւն կրած էին։ Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը ի՛նք պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած էր ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ, 1914ի աշ­նան թրքա­կան զօր­քը սկսած էր իր ար­շա­ւան­քը, բայց ­Յու­նո­ւար 1915ին ար­դէն սկսած էր նա­հան­ջել եւ ռու­սա­կան զօր­քե­րուն ու հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րուն զի­ջիլ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի նա­հանգ­նե­րը։
Ա­հա ա՛յդ պայ­ման­նե­րուն մէջ թրքա­կան պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը գաղտ­նի ժո­ղո­վի հրա­ւի­րեց Իթ­թի­հատ վէ ­Թե­րաք­քը (­Միու­թիւն եւ ­Յա­ռաջ­դի­մու­թիւն) կու­սակ­ցու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի կազ­մը։
8 ­Փետ­րո­ւար 1915ին գու­մա­րո­ւած այդ գաղտ­նի ժո­ղո­վին (ո­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցան Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին իթ­թի­հա­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց յան­ցանք­նե­րը մեր­կաց­նող՝ ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու հսկո­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւած օս­մա­նեան դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին), Էն­վեր փա­շա ա­հա­զանգ հնչե­ցուց թրքա­կան պե­տու­թեան սպառ­նա­ցող «օր­հա­սա­կան վտան­գին» դէմ։
Ա­րեւ­մուտ­քէն եւ հա­րա­ւէն՝ Անգ­լիան ու Ֆ­րան­սան, իսկ հիւ­սի­սէն ու ա­րե­ւել­քէն՝ ­Ռու­սաս­տա­նը պա­շար­ման օ­ղա­կը սկսած էին ծայր աս­տի­ճան սեղ­մել թրքա­կան պե­տու­թեան շուրջ, ո­րուն ու­ժաս­պառ ան­կու­մը ան­խու­սա­փե­լի դար­ձած էր՝ ա­րա­գաց­նե­լով Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ամ­բող­ջա­կան ան­դա­մա­հա­տու­մը։
Ա­հա՛ նման ա­հա­զան­գով՝ ­Թա­լէաթ-Էն­վեր-­Ճե­մալ ե­ռա­պե­տու­թիւ­նը Ե­րիտ­թուրք կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րու­թե­նէն պա­հան­ջեց գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման նպա­տա­կով տա­րի­ներ ա­ռաջ ի­րենց մշա­կած ցե­ղաս­պա­նա­կան ծրա­գի­րը։
Իթ­թի­հա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին ո­րո­շու­մով տա­րի մը ա­ռաջ ար­դէն, 1914ի ­Փետ­րո­ւա­րին, ստեղ­ծուած էր այս­պէս կո­չո­ւած «Ե­րե­քի ­Գոր­ծա­դիր ­Կո­մի­տէ» մը՝ տոքթ. ­Նա­զը­մի, ­Շա­քիր ­Պե­հաէտ­տի­նի եւ ­Միտ­հաթ ­Շիւք­րիի մաս­նակ­ցու­թեամբ: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ման­րա­մաս­նօ­րէն նա­խա­պատ­րաս­տե­լու կո­չո­ւած էր այդ մար­մի­նը, որ կա­ռա­վա­րող ե­ռա­պե­տու­թեան՝ ­Թա­լէա­թի, Էն­վե­րի եւ ­Ճե­մա­լի ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեան տակ, լծո­ւած էր Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ամ­բողջ հա­յու­թեան տե­ղա­հա­նու­թիւնն ու ջար­դը կազ­մա­կեր­պե­լու աշ­խա­տան­քին։ ­Կո­մի­տէն օժ­տո­ւած էր ա­մե­նա­լայն լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով։ ­Ման­րա­մասն մշա­կած էր հա­յե­րու տե­ղա­հա­նու­թեան եւ ոչն­չաց­ման բո­լոր գործ­նա­կան քայ­լե­րը՝ յստա­կաց­նե­լով տե­ղա­հան­ման ժամ­կէտ­նե­րը ըստ շրջան­նե­րու, տե­ղա­հան­ման ու­ղի­նե­րը եւ վայ­րե­րը, ոչն­չաց­ման նպա­տա­կով ա­նոնց կեդ­րո­նաց­ման վայ­րե­րը ե­ւայլն։
­Տոքթ. ­Նա­զըմ ե­ղաւ 8 ­Փետ­րո­ւար 1915ի Իթ­թի­հա­տի ղե­կա­վա­րու­թեան այդ գաղտ­նի ժո­ղո­վին գլխա­ւոր զե­կու­ցա­բե­րը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի դէմ մշա­կո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան պե­տա­կան ծրա­գի­րը գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­լու «հրա­մա­յա­կան»ը շեշ­տեց հե­տե­ւեալ խօս­քով.- «­Հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք է ոչն­չաց­նել հիմ­նո­վին, որ­պէս­զի ոե­ւէ հայ չմնայ մեր երկ­րին մէջ եւ մոռ­ցո­ւի այդ ա­նունն իսկ: ­Հի­մա պա­տե­րազմ է եւ այս­պի­սի յար­մար ա­ռիթ այ­լեւս չի գար: ­Մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջամ­տու­թիւ­նը եւ հա­մաշ­խար­հա­յին մա­մու­լի աղմ­կոտ բո­ղոք­նե­րը անն­կատ կ’անց­նին, իսկ ե­թէ նոյ­նիսկ ա­նոնք ի­մա­նան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ար­դէն դրո­ւած կ’ըլ­լան կա­տա­րո­ւած փաս­տի առ­ջեւ եւ, այդ­պի­սով, հարց չի մնար: Այս ան­գամ մեր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պէտք է կրեն հա­յե­րու ամ­բող­ջա­կան ոչն­չաց­ման բնոյթ. անհ­րա­ժեշտ է ոչն­չաց­նել բո­լո­րը, մին­չեւ վեր­ջին մար­դը… Ես կ­’ու­զեմ, որ այս հո­ղին վրայ թուր­քը եւ միայն թուր­քը ապ­րի ու ան­բա­ժա­նե­լիօ­րէն տի­րա­պե­տէ: ­Թող կոր­չին բո­լոր ոչ-թուրք տար­րե­րը, ինչ ազ­գու­թեան եւ կրօ­նի ալ պատ­կա­նին ա­նոնք»:
­Ցե­ղաս­պան այս տրա­մա­բա­նու­թեամբ էր, որ Իթ­թի­հա­տի ղե­կա­վա­րու­թեան գաղտ­նի ժո­ղո­վը ո­րո­շեց տխրահռ­չակ «Ե­րե­քի ­Կո­մի­տէ»ի տրա­մադ­րու­թեան տակ դնել այս­պէս կո­չո­ւած «­Յա­տուկ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն»ը, որ պի­տի ստանձ­նէր հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը: Ա­նոր ան­մի­ջա­կան ղե­կա­վար նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րը: «­Յա­տուկ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը» կազ­մո­ւե­ցաւ բան­տե­րէն ո­րո­շա­պէս այդ նպա­տա­կով ա­զատ ար­ձա­կո­ւած քրէա­կան յան­ցա­գործ ոճ­րա­գործ­նե­րէ, չե­թէ­նե­րէ եւ ա­ւա­զա­կա­խումբ­նե­րէ, ո­րոնք ըն­դու­նակ էին ա­մե­նա­դա­ժան ո­ճիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման:
Եւ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ թրքա­կան պե­տու­թեան «­Յա­տուկ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն»ը 8 ­Փետ­րո­ւար 1915ին կա­նաչ լոյս ստա­ցաւ անց­նե­լու… գոր­ծի։
Ա­ռա­ջին հեր­թին սկսան հայ պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու պաշ­տօ­նազր­կում­նե­րը, օս­մա­նեան բա­նա­կի հայ սպա­նե­րուն ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը, զի­նա­թա­փուած հայ զի­նո­ւոր­նե­րով բա­նո­ւո­րա­կան վաշ­տե­րու կազ­մու­թիւ­նը։
­Պա­տա­հա­կան չէր, որ Ե­րիտ­թուրք ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագ­րին գործ­նա­կան կի­րար­կու­մը սկսաւ ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծը հասց­նե­լով բա­նակ զօ­րա­կո­չո­ւած հայ զինվոր­նե­րուն: Այդ քայ­լով թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կը ձգտէր հա­յե­րը զրկել ի­րենց զի­նո­ւո­րա­կան՝ դի­մադ­րա­կան նե­րու­ժէն:
­Թուր­քիոյ ռազ­մա­կան նա­խա­րար Էն­վե­րի կող­մէ նոյն օ­րը ար­ձա­կո­ւած հրա­մա­նով՝ բո­լոր հայ զի­նո­ւոր­նե­րը զի­նա­թա­փո­ւե­ցան եւ, բաժ­նո­ւե­լով 50էն 100 հո­գի­նոց խում­բե­րու, իբր բա­նո­ւոր աշ­խա­տան­քի տա­րո­ւե­լու պատ­րո­ւա­կով հե­ռա­ցո­ւե­ցան ու սպան­նո­ւե­ցան:
Ն­պա­տա­կը հա­յու­թիւ­նը սկիզ­բէն իսկ զրկելն էր իր զի­նո­ւո­րա­կան ու­ժէն, որ­պէս­զի ոչ ոք կա­րե­նար պաշտ­պա­նել հա­յե­րը, ա­նոնց տու­նը, ու­նե­ցո­ւած­քը եւ բնա­կա­վայ­րե­րը։
­Հա­յոց բնա­կա­վայ­րե­րուն մէջ պէտք է մնա­յին միայն ծե­րու­նի­նե­րը, հի­ւանդ­նե­րը, կա­նայք, ե­րե­խա­նե­րը եւ դե­ռա­հաս­նե­րը:
Այս­պէ՛ս սկսաւ, 8 ­Փետ­րո­ւար 1915ին, թրքա­կան պե­տու­թեան մշա­կած հայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։
Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը կը հիմ­նո­ւէր պա­տե­հա­պաշտ այն հա­շո­ւար­կին վրայ, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ Եւ­րո­պա օ­րին պի­տի չկա­րե­նար մի­ջամ­տել, ո­րով­հե­տեւ ար­դէն պա­տե­րազ­մի մէջ էր թուր­քե­րուն դէմ։ Իսկ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին, ­Թուր­քիա յաղ­թած ըլ­լար թէ պար­տո­ւած, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը փաս­տօ­րէն յա­ջո­ղած պի­տի ըլ­լար հայ ժո­ղո­վուր­դը բնաջն­ջե­լու իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան մէջ, նոյ­նիսկ «մար­սած» պի­տի ըլ­լար զտա­րիւն թուրք մե­ծա­մաս­նու­թեամբ պե­տա­կա­նու­թիւն ա­ռա­ջա­ցու­ցած ըլ­լա­լու… «փա­ռա­հեղ պա­տառ»ը։