Հարիւրչորս տարի առաջ, 1915ի Փետրուար 8ի այս օրը, Օսմանեան Կայսրութեան Իթթիհատական կառավարութեան պարագլուխները գաղտնի ժողովի հրաւիրեցին իրենց կուսակցութեան կեդրոնական մարմինը՝ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական իրենց ծրագիրը գործադրութեան յանձնելու «պատմական» որոշումը կայացնելու համար։
8 Փետրուար 1915ի այդ գաղտնի ժոովին՝ այլապէս ալ կատաղած ու խուճապահար վիճակ ունէին Թուրքիոյ պետական ղեկին տիրացած եւ Իթթիհատական կառավարութեան եռագլուխ ղեկավարութիւնը կազմող Մեհմէտ Թալէաթ (վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար), Իսմայիլ Էնվեր (պատերազմի նախարար) եւ Ահմէտ Ճեմալ (ծովուժի նախարար եւ Սուրիոյ զինուորական կառավարիչ) փաշաները։
Կովկասեան ճակատի վրայ Էնվեր փաշայի զօրքերը ծանր պարտութիւն կրած էին։ Թրքական պետութիւնը ի՛նք պատերազմ յայտարարած էր Ցարական Ռուսաստանի դէմ, 1914ի աշնան թրքական զօրքը ձեռնարկած էր իր արշաւանքին, բայց Յունուար 1915ին արդէն սկսած էր նահանջելու եւ ռուսական զօրքերուն ու հայ կամաւորական գունդերուն զիջելու Արեւմտեան Հայաստանի նահանգները։
Համիտեան շրջանի թրքական պետութեան անգլիամէտ ու ֆրանսամէտ քաղաքականութեան կռնակ դարձուցած եւ, 1912¬1913ի Պալքանեան Պատերազմի իր պարտութենէն վերականգնելու որոշումով, Կայսերական Գերմանիոյ հետ զինակցած Իթթիհատական իշխանութիւնները կանգնած էին անփառունակ նոր պարտութեան մը սեմին։
Իթթիհատ վէ Թերաքքը (Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն) կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի 8 Փետրուար 1915ի այդ գաղտնի ժողովին (որուն մանրամասնութիւնները բացայայտուեցան Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին Իթթիհատական իշխանութեանց յանցանքները մերկացնող եւ Դաշնակից Ուժերու պահանջով կայացած զինուորական դատավարութեանց ընթացքին), Էնվեր փաշա ահազանգ հնչեցուց թրքական պետութեան սպառնացող օրհասական վտանգին դէմ.-
Արեւմուտքէն եւ հարաւէն Անգլիան ու Ֆրանսան, իսկ հիւսիսէն ու արեւելքէն Ռուսաստանը պաշարման օղակը սկսած էին ծայր աստիճան սեղմել թրքական պետութեան շուրջ, որուն ուժասպառ անկումը անխուսափելի դարձած էր՝ արագացնելով Օսմանեան Կայսրութեան ամբողջական անդամահատումը։
Իթթիհատի Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով՝ տարի մը առաջ արդէն, 1914ի Փետրուարին, ստեղծուած էր այսպէս կոչուած «Երեքի Գործադիր Կոմիտէ» մը՝ տոքթ. Նազըմի, Շաքիր Պեհաէտտինի եւ Միտհաթ Շիւքրիի մասնակցութեամբ: Հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրին գործադրութիւնը մանրամասնօրէն նախապատրաստելու կոչուած էր այդ մարմինը, որ կառավարող եռապետութեան՝ Թալէաթի, Էնվերի եւ Ճեմալի անմիջական հսկողութեան տակ, լծուած էր Օսմանեան Կայսրութեան ամբողջ հայութեան տեղահանութիւնն ու ջարդը պետականօրէն ծրագրելու եւ կազմակերպելու աշխատանքին։ Կոմիտէն օժտուած էր ամենալայն լիազօրութիւններով։ Մանրամասն մշակած էր հայերու տեղահանութեան եւ ոչնչացման բոլոր գործնական քայլերը՝ յստակացնելով տեղահանման ժամկէտները ըստ շրջաններու, տեղահանման ուղիները եւ վայրերը, ոչնչացման նպատակով անոնց կեդրոնացման վայրերը եւայլն։
Տոքթ. Նազըմ եղաւ 8 Փետրուար 1915ի Իթթիհատի ղեկավարութեան այդ գաղտնի ժողովին գլխաւոր զեկուցաբերը, որ հայ ժողովուրդի դէմ մշակուած ցեղասպանութեան պետական ծրագիրը գործադրութեան յանձնելու «հրամայական»ը շեշտեց հետեւեալ խօսքով.- «Հայ ժողովուրդը պէտք է ոչնչացնել հիմնովին, որպէսզի ոեւէ հայ չմնայ մեր երկրին մէջ եւ մոռցուի այդ անունն իսկ: Հիմա պատերազմ է եւ այսպիսի յարմար առիթ այլեւս չի գար: Մեծ տէրութիւններու միջամտութիւնը եւ համաշխարհային մամուլի աղմկոտ բողոքները աննկատ կ’անցնին, իսկ եթէ նոյնիսկ անոնք իմանան իրականութիւնը, արդէն դրուած կ’ըլլան կատարուած փաստի առջեւ եւ, այդպիսով, հարց չի մնար: Այս անգամ մեր գործողութիւնները պէտք է կրեն հայերու ամբողջական ոչնչացման բնոյթ. անհրաժեշտ է ոչնչացնել բոլորը, մինչեւ վերջին մարդը… Ես կþուզեմ, որ այս հողին վրայ թուրքը եւ միայն թուրքը ապրի ու անբաժանելիօրէն տիրապետէ: Թող կորչին բոլոր ոչ-թուրք տարրերը, ինչ ազգութեան եւ կրօնի ալ պատկանին անոնք»:
Ցեղասպանագործ այս տրամաբանութեամբ էր, որ Իթթիհատի ղեկավարութեան գաղտնի ժողովը որոշեց տխրահռչակ «Երեքի Կոմիտէ»ի տրամադրութեան տակ դնել այսպէս կոչուած «Յատուկ Կազմակերպութիւն»ը, որ պիտի ստանձնէր հայերու ցեղասպանութիւնը իրագործելու պարտականութիւնը: Անոր անմիջական ղեկավար նշանակուեցաւ Պեհաէտտին Շաքիրը: «Յատուկ Կազմակերպութիւնը» կազմուեցաւ բանտերէն յատուկ այդ նպատակով ազատ արձակուած քրէական յանցագործ ոճրագործներէ, չեթէներէ եւ աւազակախումբերէ, որոնք ընդունակ էին ամենադաժան ոճիրներու իրագործման:
Եւ Պեհաէտտին Շաքիրի գլխաւորութեամբ՝ թրքական պետութեան «Յատուկ Կազմակերպութիւն»ը 8 Փետրուար 1915ին կանաչ լոյս ստացաւ անցնելու… գործի։ Առաջին հերթին սկսան հայ պետական պաշտօնեաներու պաշտօնազրկումները, օսմանեան բանակի հայ սպաներուն ձերբակալութիւնները, զինաթափուած հայ զինուորներով «բանուորական վաշտեր»ու կազմութիւնը։
Պատահական չէր, որ Իթթիհատի ղեկավարութիւնը հայերու ցեղասպանութեան ծրագրին գործնական կիրարկումը սկսաւ առաջին հարուածը հասցնելով օսմանեան բանակ զօրակոչուած հայ զինուորներուն: Այդ քայլով թրքական պետութիւնը կը ձգտէր հայերը զրկել իրենց զինուորական ներուժէն: Թուրքիոյ ռազմական նախարար Էնվերի կողմէ նոյն օրը արձակուած հրամանով՝ բոլոր հայ զինուորները զինաթափուեցան եւ, բաժնուելով 50էն 100 հոգինոց խումբերու, իբր բանուոր տարուեցան ու սպաննուեցան:
Նպատակը հայութիւնը սկիզբէն իսկ զրկելն էր իր զինուորական ուժէն, որպէսզի ոչ ոք կարենար պաշտպանել հայերը, անոնց տունը, ունեցուածքը եւ բնակավայրերը։
Հայոց բնակավայրներուն մէջ պէտք է մնային միայն ծերունիները, հիւանդները, կանայք, երեխաները եւ դեռահասները:
Այսօր արդէն Թանէր Աքչամի օրինակով թուրք այլախոհ մտաւորականներն ու ընդդիմախօս քաղաքական գործիչները կարեւորութեամբ կ՚ընդգծեն ու կը շեշտեն, որ Օսմանեան Կայսրութեան ստոյգ կործանման եւ անդամահատման վտանգին դէմ յանդիման՝ թուրք ազգայնամոլ պետական մտածողութիւնը ընտրեց «ներքին բիւրեղացում» առաջացնելու ուղին.- Այսինքն՝ թրքացեղ իր հասարակական շաղախը խանգարող հայերէն եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներէն ֆիզիքապէս «ձերբազատուելու» թրքական պետութեան ցեղասպանական քաղաքականութիւնը…
Հայաստանն ու հայութիւնը, այդպէ՛ս, հռչակուեցան թրքական մարմնին մէջ կազմաւորուած «օտար եւ կործանարար քաղցկեղ» մը, որ թուրք ազգային-պետական այլամերժութեան ընկալումով՝ «արժանի էր արմատական վիրահատման»…
Պալքանեան Պատերազմի օրերուն, երբ Իթթիհատի ղեկավարութիւնը կ’որոճար հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու ահաւոր այդ ծրագիրը, նման քայլի դիմելու «նպաստաւոր» պայմաններ չկային։
Ընդհակառակն՝ Հայկական Բարենորոգումներու իրագործման հետամուտ եւրոպական դիւանագիտութիւնը մօտէն կը հետեւէր թրքական իշխանութեանց քայլերուն եւ, հայ ժողովուրդի ազգային-մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջադրանքով, արդէն ձեռնամուխ եղած էր հայկական նահանգներուն Ինքնավարութիւն տալու Եւրոպական Ծրագրին՝ Հոֆի եւ Վեստենենկի կառավարչութեամբ տեղական զոյգ իշխանութիւններ ձեւաւորելու բարենորոգչական ծրագրին գործադրութեան։
Հետեւաբար, 8 Փետրուար 1915ի Իթթիհատական ղեկավարութեան գաղտնի ժողովին, թրքական պետութեան վրայ իրենց մենիշխանութիւնը հաստատած Թալէաթներուն համար «հասունցած» կը թուէր «յարմար պահ»ը, որպէսզի գործադրութեան յանձնէին Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ զիրենք ձերբազատելու միտող Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրը։
Ա՛յդ մեկնակէտով ալ Իթթիհատ տուաւ հրէշային իր որոշումը՝ հայ ժողովուրդին բնաջնջումը իրագործելու առաւելագոյն արագութեամբ եւ ամբողջական բրտութեամբ։
Թրքական պետութիւնը կը հիմնուէր պատեհապաշտ այն հաշուարկին վրայ, որուն համաձայն՝ Եւրոպա օրին պիտի չկարենար միջամտել, որովհետեւ արդէն պատերազմի մէջ էր թուրքերուն դէմ։ Իսկ պատերազմի աւարտին, Թուրքիա յաղթած ըլլար թէ պարտուած, թրքական պետութիւնը փաստօրէն յաջողած պիտի ըլլար հայ ժողովուրդը բնաջնջելու իր ծրագրին գործադրութեան մէջ, նոյնիսկ «մարսած» պիտի ըլլար զտարիւն թուրք մեծամասնութեամբ պետականութիւն առաջացուցած ըլլալու… «փառահեղ պատառ»ը։
Ահա այսպէ՛ս սկսաւ, 8 Փետրուար 1915ին, թրքական պետութեան մշակած հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ծրագրին գործադրութիւնը։
8 Փետրուար 1915ին
8 Փետրուար 1915ին՝ Իթթիհատի գաղտնի ժողովին, Թրքական պետութիւնը սկսաւ գործադրութիւնը հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ծրագրին Ն.