Երբ տա­րո­ւան ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րուն խան­դա­վա­ռու­թեամբ ճամ­բայ կ­՚ել­լէինք պատ­շաճ կեր­պով ծրագ­րե­լու հա­մար «Ա­զատ Օր»ի 75-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած յո­բե­լի­նա­կան բազ­մա­տե­սակ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, չէինք կրնար ե­րե­ւա­կա­յել, որ նախ ամ­բողջ երկ­րա­գուն­դը, ա­պա հա­յաշ­խար­հը այն­պի­սի ցնցում­ներ պի­տի ապ­րէին, ո­րոնք ի­րենց խոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը պի­տի թո­ղէին մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ար­ժէք­նե­րուն ու ար­մա­տա­ւո­րո­ւած կեն­սա­կեր­պին վրայ։
«­Քո­րո­նա» ժահ­րի ա­հա­ւոր ո­ղո­ղու­մը էա­պէս փո­խեց մարդ­կա­յին կեան­քը եւ ըն­կե­րա­յին ըմբռնում­նե­րը, ամ­բող­ջա­կան մե­կու­սաց­ման մէջ դնե­լով հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնց կող­քին, մեր գա­ղու­թի կազ­մա­կերպ կեան­քը, այն որ տաս­նեակ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մշա­կո­ւած, կազ­մա­ւո­րո­ւած եւ իր հու­նին մէջ զար­գա­ցած էր, յան­կարծ կանգ ա­ռաւ։ ­Լա­ւա­պէս լա­րո­ւած մե­քե­նա­յի մը ա­ռօ­րեայ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը սան­ձա­հա­րո­ւե­ցաւ, մարդ­կա­յին շփում­նե­րու ձե­ւա­չա­փը սահ­մա­նա­փա­կե­լով ե­լեկտ­րո­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րուն միայն, ի­րար­մէ զրկե­լով ֆի­զի­քա­կան եւ զգա­ցա­կան շփու­մի ներ­գոր­ծու­թիւ­նը։
­Մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան հա­մար այս ան­սո­վոր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած թուրք-ա­զե­րիա­կան պա­տե­րազմն ու ա­մօ­թա­լի պար­տո­ւո­ղա­կան հրա­դա­դա­րը, կազ­մա­քան­դեց ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան, ի­տեալ­նե­րու այն ամ­բողջ կա­ռու­ցո­ւած­քը, ո­րոնց­մով հայ մար­դը կազ­մա­ւո­րո­ւած էր վեր­ջին 30 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, 1988-էն ետք՝ Ար­ցա­խի հե­րո­սա­պա­տու­մին ընդ­մէ­ջէն ապ­րե­լով ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի վե­րա­ծաղ­կու­մի, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ ­Հայ դա­տի աս­տի­ճա­նա­կան ի­րա­գործ­ման ա­ճող ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը։
Եր­կու այս ցնցում­նե­րուն մէջ, հայ մա­մու­լը շա­րու­նա­կեց ըլ­լալ կան­գուն, ա­ռանց շե­ղե­լու իր ա­ռա­քե­լու­թեան ու ա­ռօ­րեայ գոր­ծու­նէու­թեան հու­նէն, մնա­լով հայ­կա­կան աշ­խար­հի ու մի­ջազ­գա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու հա­յե­լին։ Ա­մէն օր, ա­ռանց ընդ­հա­տու­մի, ա­ռանց խո­չըն­դոտ­նե­րու լուրջ ազ­դե­ցու­թեան, շա­րու­նա­կեց ներ­կայ ըլ­լալ մեր կեան­քէն ներս՝ հա­ւա­քա­կան եւ ան­հա­տա­կան։
Բ­նա­կա­նա­բար, «Ա­զատ Օր» եւս չէր կրնար բա­ցա­ռու­թիւն կազ­մել այն ներ­կա­յու­թե­նէն, որ վի­ճա­կո­ւած է ի­րեն՝ շնոր­հիւ 75 եր­կար տա­րի­նե­րու ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեան կեն­սա­փոր­ձին։
­Թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը չկա­ղաց, թէ­կուզ ո­րոշ ժա­մա­նա­կո­ւան հա­մար պատ­շա­ճե­ցաւ ե­լեկտ­րո­նա­յին ներ­կա­յու­թեան միայն, զի­ջե­լով տպա­գի­րը, այն ալ ար­տա­քին՝ ի­մա պե­տա­կան սեղ­մում­նե­րու ստի­պո­ղա­կան գոր­ծադ­րու­թեան նե­ղա­ցու­ցիչ կա­նոն­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ ­Թե­րեւս, ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ «Ա­զատ Օր»ի 75 տա­րի­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան եր­կար թե­լը մա­սամբ խան­գա­րո­ւե­ցաւ, թեր­թը բո­լո­րին հա­սա­նե­լի չդար­ձաւ, մեր ըն­թեր­ցող­նե­րէն մաս մը զրկո­ւե­ցաւ թուղ­թի ու հայ­կա­կան տա­ռե­րու ա­մէ­նօ­րեայ փայ­փա­յու­մէն, «Ա­զատ Օ­րը հա­սաւ» ջեր­մաց­նող զգա­ցու­մէն, որ գրե­թէ ու­թը տաս­նա­մեակ­ներ կը շա­րու­նա­կէ նե­րար­կել յու­նա­հա­յու օ­ճա­խը։
­Սա­կայն, դա­սա­կան մա­մու­լը ինք­զինք վե­րար­տադ­րե­լու ներ­քին զօ­րու­թիւն մը ու­նի, որ ար­դի ար­հես­տա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րու ճամ­բով կրցած է այ­սօր եւս իր թար­մու­թիւ­նը պա­հել, հա­կա­ռակ այն բազ­մա­պի­սի նո­րա­ձե­ւու­թիւն­նե­րու հմայ­քին, որ պա­րու­րած են ար­դի մար­դը՝ պաս­տառ­նե­րուն մէջ փնտռե­լով վայր­կեա­նի լու­րը, ե­ղե­լու­թիւ­նը, պա­տա­հած ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը, որ ար­դէն քիչ յե­տոյ կը դառ­նայ ժա­մա­նա­կավ­րէպ։
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, «Ա­զատ Օր» եւս դի­մեց նոր ար­հես­տա­գի­տու­թեան, թեր­թի ձե­ւա­ւո­րու­մը պատ­շա­ճեց­նե­լով ե­լեկտ­րո­նա­յին ա­ւե­լի հմա­յիչ պատ­կե­րի մը ար­տադ­րու­մին, ո­րուն շնոր­հիւ այս դժո­ւար ու տագ­նա­պա­լի տա­րո­ւան ըն­թաց­քին կա­րո­ղա­ցաւ ա­մուր պա­հել իր ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեան ոս­կի թե­լը, որ 25 ­Փետ­րո­ւար 1945-էն ի վեր կանգ չէ ա­ռած, յե­նո­ւե­լով իր հա­ւա­տա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րու ան­խոնջ, յա­ճախ ինք­զինք մա­շեց­նող նո­ւի­րու­մին։
­Տար­բեր կեր­պով կ­՚ակն­կա­լէինք նշել մեր թեր­թին 75-ա­մեայ տա­րե­դար­ձը։ ­Բազ­մա­պի­սի ծրա­գիր­ներ դրո­ւե­ցան սե­ղա­նի վրայ, խան­դա­վառ զգա­ցում­նե­րու մէ­ջէն մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն ու բա­րե­կամ­նե­րուն հետ կեն­դա­նի շփում ստեղ­ծե­լու ձե­ւեր ու ձեռ­նարկ­ներ քննո­ւե­ցան, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մե­զի տար­բեր պատ­կե­րի մը առ­ջեւ բե­րաւ։
Այ­սօր, տա­րո­ւան վեր­ջին թի­ւը, այն որ ա­ւան­դա­կան կեր­պով տօ­նա­կան պա­հե­րու եւ ա­մա­նո­րի յու­զա­կան մթնո­լոր­տին կը պատ­շա­ճի, հա­մես­տա­բար կը նո­ւի­րենք 75 տա­րի­նե­րու մեր եր­թին։ Կ­՚ը­սենք հա­մես­տա­բար, ո­րով­հե­տեւ ին­քը թեր­թը չէ, որ ինք­նա­գո­վու­մի կամ պար­ծան­քի շպա­րու­թիւն պի­տի ը­նէ, այլ «Ա­զատ Օր»ին հետ ճամ­բայ կտրած, ա­նոր հո­գե­րով ապ­րած, ա­նոր հմայ­քին ու կեն­սա­գոր­ծող դե­րին հա­ւա­տա­ցած աշ­խա­տա­կից­նե­րու խօսքն է, որ տեղ կը գտնէ ներ­կայ թի­ւի է­ջե­րուն մէջ։
Ինչ որ այս թի­ւով մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը հրամ­ցո­ւի, յո­բե­լի­նա­կան «յա­ւուր պատ­շա­ճի» խօս­քեր չեն։ Ա­նոնք հայ մա­մու­լի տագ­նա­պին ու­րուագ­ծու­մը, մատ­նան­շու­մը ը­նե­լու դժո­ւար փոր­ձին մատ­նո­ւած են, ո­րով­հե­տեւ հայ մա­մու­լը մա­շեց­նող նոր ժա­մա­նակ­նե­րու տագ­նա­պը մեր առ­ջեւն է, «Ա­զատ Օր»ն­ ալ ան­մասն չէ մնա­ցած հայ դա­սա­կան մա­մու­լի եր­բեմ­նի հմայ­քի գու­նա­թա­փու­մէն։
­Սա­կայն, այն որ յա­ջորդ է­ջե­րուն մէջ գրո­ւած է, յու­սալ­քու­թեան նշոյլ իսկ փո­խան­ցե­լու մտադ­րու­թիւ­նը չու­նի, այլ մտա­ծե­լու, սթա­փե­լու, նոր ձե­ւե­րուն եւ ըմբռ­նում­նե­րուն պատ­շա­ճե­լու ջանք մըն է՝ սրտցաւ մտա­ծում­նե­րու, թեր­թը ա­պա­գա­յի իր հու­նին մէջ զօ­րաց­նե­լու ճիգ, ա­ռա­ջարկ, թե­լադ­րանք ու մտայ­ղա­ցում։
***
­Թեր­թի մը շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը կ­՚ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի իր ըն­թեր­ցող­նե­րով ու աշ­խա­տա­կից­նե­րով։ 75 եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին «Ա­զատ Օր»ի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը յու­նա­հայ գա­ղու­թի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ գի­սա­ւո­րի մը ե­րե­ւոյ­թը չու­նե­ցաւ, այլ հաս­տա­տօ­րէն գո­յա­տե­ւեց, ո­րով­հե­տեւ ա­նընդ­հատ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­ցաւ բա­նիւ եւ գոր­ծով, ան­շե­ղօ­րէն կեն­սա­տու շուն­չը ստա­նա­լով Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ պատ­մա­կան ա­կունք­նե­րէն։
­Թեր­թի կտրած տաս­նա­մեակ­նե­րու սա­հան­քին մէջ, ա­նոր ըն­թեր­ցողն ու գրո­ղը, աշ­խա­տա­կի­ցը կամ թղթա­կի­ցը, գրա­շարն ու խմբա­գի­րը ա­ւիւն եւ ա­ւիշ սրսկե­ցին ու թար­մու­թիւն պար­գե­ւե­ցին։
­Հայ մա­մու­լը իւ­րա­յա­տուկ է իր ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ Այս գի­տակ­ցու­թեամբ, «Ա­զատ Օր»ի հիմ­նա­դիր­նե­րուն եւ տաս­նեակ տա­րի­նե­րու ան­խոնջ ու ա­նաղ­մուկ ծա­ռա­նե­րուն, բայց մա­նա­ւանդ մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը պար­տինք թեր­թի յա­րա­տեւ­ման նե­րու­ժը։
Այն նե­րու­ժը, որ կ­՚ամ­րապն­դէ մեր կամ­քը՝ շա­րու­նա­կե­լու դժո­ւար ու­ղին։
­Նոր տա­րո­ւան յու­սա­լից գա­լի­քի ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը թող հու­նա­ւո­րէ «Ա­զատ Օր»ի գա­լիք տա­րի­նե­րը։
Շ­նոր­հա­ւոր՝ բո­լո­րիս։
­Բա­րի ըն­թեր­ցում։