ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Ա­զատ Օ­րը 75 տա­րե­կան ե­ղաւ: Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի վեր­ջին շրջա­նին, գեր­մա­նա­կան գրաւ­ման ու­ժե­րու հե­ռա­նա­լէն շուրջ հինգ ա­միս­ներ ետք, պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ընդ­հա­տած ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի օր­կա­նը, կա­րօ­տեալ ա­զա­տու­թիւ­նը ող­ջու­նե­լով կրկին լոյս կը տես­նէր Ա­զատ Օր նոր ա­նու­նով: ­Յու­նաս­տա­նի հա­մար հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տած էր, բայց սկսած էր ար­դէն նո­րը, քա­ղա­քա­ցիա­կա­նը, ո­րուն մէջ ան պի­տի տո­ւայ­տէր իր յու­նա­հա­յու­թեամբ մէկ­տեղ հինգ տա­րի եւս: ­Միաս­նա­կան եր­կի­րը ար­դէն ա­ռա­ջի­նէն ա­րիւ­նա­քամ՝ կո­տո­րա­կո­ւե­ցաւ երկ­րոր­դով: Ա­ռա­ջի­նը տե­ղի ու­նե­ցած էր յա­նուն Ա­զա­տու­թեան, երկ­րոր­դը՝ հրահ­րո­ւած էր ­Յու­նաս­տա­նի նոր տի­րա­կալ՝ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ կող­մէ վեր­ջա­կէտ մը դնե­լու հա­մար յոյն հա­մայ­նա­վար­նե­րու ար­դէն ան­յոյս նկրտում­նե­րուն. վեր­ջին­նե­րը դեռ լուր չու­նէին, որ մեծ ըն­կեր Ս­տա­լի­նը ար­դէն ­Յու­նաս­տա­նը նուի­րած էր իր ա­րեւմ­տեան դաշ­նա­կից մրցա­կից­նե­րուն:
Ա­զատ Օ­րի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը իր հրա­տա­րա­կիչ­նե­րու հա­մար­ձա­կու­թեան ու յա­մա­ռու­թեան ար­դիւնք է. հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ՝ մին­չեւ այ­սօր: ­Թեր­թը պա­հո­ւած է հա­կա­ռակ բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց հիմ­նա­կա­նը՝ նիւ­թա­կանն է: Ս­փիւռ­քա­հայ բո­լոր ներ­քին ձառ­նարկ­նե­րուն նման (դպրոց, միու­թիւն­ներ, ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներ ընդ­հան­րա­պէս) մա­մուլն ալ եր­բեք ինք­նա­բաւ չէ ե­ղած. ան­շուշտ կը խօ­սինք յատ­կա­պէս գա­ղա­փա­րա­կան, շա­հա­դի­տա­կան նպա­տակ­նե­րէ զերծ մա­մու­լի մա­սին: Ա­զատ Օ­րը, շնոր­հիւ իր չա­փա­զանց նեղ ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տին դի­մադ­րած է իր­մէ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու բո­լոր փոր­ձե­րուն, հար­կաւ, ինք­զինք պատ­շա­ճեց­նե­լով շրջա­պա­տի յա­րա­փո­փոխ պայ­ման­նե­րուն. բայց մա­նա­ւանդ՝ իր հե­րո­սա­կան ի­րե­րա­յա­ջորդ անձնա­կազ­մե­րու խո­րունկ գի­տակ­ցու­թեան եւ ա­նանձ­նա­կան նո­ւի­րու­մին: Այս­տեղ սո­վո­րու­թիւն է յի­շել թեր­թի ա­ռա­ջին սե­րուն­դի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ա­նուն­նե­րը իբ­րեւ ռահ­վի­րա ու հիմ­նա­դիր. ես այդ փոր­ձու­թեան պի­տի չմատ­նո­ւիմ՝ մէ­կու մը ա­նու­նը մոռ­ցած չըլ­լա­լու մտա­հո­գու­թեամբ:
Ա­տե­նին, կ­՚ե­րե­ւի մին­չեւ շուրջ ե­րեք տաս­նա­մեակ ա­ռաջ, թեր­թը, բո­լոր հայ­կա­կան թեր­թե­րու նման, ու­նէր քա­նի մը դա­սա­կան բա­ժան­մունք­ներ. հայ­կա­կան լու­րե­րը, տե­ղա­կան լու­րե­րը, մի­ջազ­գա­յին լու­րե­րը, մեկ­նա­բա­նա­կան յօ­դո­ւած­ներ եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի նո­րու­թիւն­նե­րը: ­Բար­դու­թիւն­ներ չկա­յին, բա­ցի ան­շուշտ ներ­հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան բա­ժի­նէն, որ յա­ճախ բուռն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կու տար, յատ­կա­պէս լա­րո­ւած քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի ժա­մա­նակ­նե­րուն:
Կա­րե­ւոր է նաեւ նշել, որ այդ շրջա­նին սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լը, Ա­զատ Օ­րը նե­րա­ռեալ, ու­նէր նաեւ ազ­գա­յին կրթա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն, մա­նա­ւանդ ա­նոր հրա­տա­րա­կու­թեան սկիզբ­նե­րը, երբ տնտե­սա­կան նեղ պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով պա­տա­նի­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը գո­հա­նար նա­խակր­թա­րա­նի վկա­յա­կա­նով եւ ան­մի­ջա­պէս ետք կեան­քի աս­պա­րէզ կը նե­տո­ւէր:
­Բազ­մա­թիւ յու­նա­հա­յեր ի­րենց հա­յե­րէ­նը բա­րե­լա­ւած եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յա­գի­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րը հարս­տա­ցու­ցած են Ա­զատ Օ­րի է­ջե­րուն շնոր­հիւ:
­Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին բնա­կա­նա­բար պատ­կե­րը բո­լո­րո­վին փո­խուած է: ­Տե­ղա­կան լե­զուն փո­խա­րի­նած է մայ­րե­նի լե­զուն. ա­ւե­լին՝ բո­լո­րը կը կար­դան ու կը գրեն առ­նո­ւազն մէկ օ­տար լե­զու: ­Հե­տե­ւա­բար հայ­կա­կան թեր­թը կամ ընդ­հան­րա­պէս լրա­տուա­մի­ջո­ցը հե­տաքրք­րա­կան է բա­ցա­ռա­բար իր հայ­կա­կան կեան­քի եւ հայ­կա­կան նեղ շրջա­նա­կի ըն­կե­րա­յին լու­րե­րուն. մա­հազդ­ներ, ձեռ­նարկ­ներ, տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ, ընդ­հան­րա­պէս՝ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ:
­Տե­ղա­կան ու մի­ջազ­գա­յին լու­րե­րը յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կ­՚ըն­կա­լէ նա­խընտ­րա­բար տե­ղա­կան լե­զո­ւով, լրա­տո­ւու­թեան տար­բեր մի­ջոց­նե­րով. հե­ռա­տե­սիլ, հա­մա­ցանց եւ առ­հա­սա­րակ ե­լեկտ­րո­նա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թեան մշտա­պէս նո­րո­գուող լրա­տո­ւա­կան զի­նա­նո­ցի … խա­ղա­լիք­նե­րով:
Առ­հա­սա­րակ կը տի­րա­պե­տէ այն կար­ծի­քը, որ այդ մի­ջոց­նե­րուն պատ­ճա­ռով տու­ժած է հայ­կա­կան լրա­տո­ւա­կան մար­զը: ­Գոր­ծա­ծո­ւած մի­ջո­ցը յան­ցանք չու­նի. պար­զա­պէս՝ հա­յե­րէն լե­զո­ւի պա­կա­սա­ւոր գի­տու­թիւ­նը չի նպաս­տեր սփիւռ­քա­հայ­կա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան զար­գաց­ման: Այդ նոյն պատ­ճա­ռով միա­ժա­մա­նակ պակ­սած է լրա­տուու­թեան ազ­գա­յին-դաս­տիա­րակ­չա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Այս պա­րա­գան կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ ներ­հայ­կա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու տկա­րաց­ման այն ի­մաս­տով, որ աշ­խար­հագ­րա­կան բա­ժա­նու­մը կը նպաս­տէ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան վե­րա­բե­րող յատ­կա­նիշ­նե­րու տար­բե­րակ­ման, քա­նի աշ­խար­հագ­րա­կան տար­բեր միա­ւոր­նե­րուն մէջ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը պար­տադ­րա­բար կը հե­տե­ւին մշա­կու­թա­յին տար­բեր զար­գա­ցում­նե­րու: Այս­պէս, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, հայ­կա­կան աշ­խար­հաց­րիւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը նաեւ հո­գե­պէս կը հե­ռա­նան ի­րար­մէ: ­Բա­րե­բախ­տա­բար՝ ե­րեք տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր գո­յու­թիւն ու­նի աշ­խար­հագ­րա­կան ընդ­հա­նուր հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րը՝ ան­կախ հայ­րե­նի­քը:
­Սա­կայն, նոյն այդ ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը կ­՚ար­տօ­նէ, որ հայ­կա­կան աշ­խար­հաց­րիւ հա­մայնք­նե­րու մի­ջեւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կա­պը ա­րագ եւ հե­տե­ւա­բար ա­ւե­լի ազ­դե­ցիկ ըլ­լայ: Ա­սոր հա­մար ան­շուշտ պայ­ման է ստեղ­ծել հա­մա­պա­տաս­խան նպա­տա­կաս­լաց ցան­ցե­րը:
Ան­շուշտ՝ ա­մէն գիւտ ու­նի նաեւ իր մութ կող­մե­րը, ինչ­պէս պա­տա­հե­ցաւ կո­րի­զա­յին ու­ժի պա­րա­գա­յին. ա­նոր գիւտն ու ա­ռա­ջին կի­րա­ռու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին՝ կո­րի­զա­յին ռում­բի պատ­րաս­տու­թեամբ. ան պատ­ճառ դար­ձաւ եր­կու ճա­փո­նա­կան քա­ղաք­նե­րու սար­սա­փե­լի քան­դու­մին: Ա­ւե­լի քան յստակ է, որ մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու ա­րագ փո­խա­նա­կու­մը ու­նի իր օգ­տա­կար եւ միա­ժա­մա­նակ վնա­սա­բեր կող­մե­րը: ­Տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել մար­դու ծա­ռա­յու­թեան նպաս­տող բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ՝ կրթու­թիւն, ա­ռող­ջա­պա­հու­թիւն, տնտե­սու­թիւն եւ այլն: ­Բայց նաեւ՝ քրէա­կան ու կի­սաք­րէա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար՝ ինչ­պէս են մար­դոց անձ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րու ա­պօ­րէն փո­խան­ցու­մը՝ ա­նոնց ճա­շակ­նե­րու եւ նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րու, ա­նոնց մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րու եւ ախ­տա­ւոր կիր­քե­րու շա­հա­դի­տա­կան նպա­տակ­նե­րով օգ­տա­գոր­ծու­մը: ­Գո­վաս­տա­կան աշ­խար­հը լե­ցուն է այդ­պի­սի շա­հար­կում­նե­րով, ո­րոնք կը սկսին մարդ ան­հա­տի կեան­քի սաղմ­նա­յին հանգ­րո­ւան­նե­րուն իսկ:
Լ­րա­տո­ւա­կան կեան­քին մէջ ա­կա­նա­տես ենք տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան եր­կու տե­սակ­նե­րուն ալ. ի­րա­կա­նու­թիւնն ու ճշմա­րի­տը ա­րա­գօ­րէն սփռե­լու տե­սա­կը մէկ կող­մէն, բայց նաեւ՝ սուտն ու կեղ­ծը (fake) ա­րա­գօ­րէն մար­դոց սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նե­լու եւ ու­ղեղ­նե­րը ճար­պիկ կեր­պով մրճա­հա­րե­լով ա­նոնց, սու­տին եւ կեղ­ծի­քին, ի­րա­կա­նու­թեան հա­մա­պա­տաս­խա­նե­լու խա­բու­սիկ ե­րե­ւոյ­թը ստեղ­ծե­լով: Այս վի­ճա­կին հե­տե­ւանք­նե­րը չա­փա­զանց ժխտա­կան են մարդ­կա­յին հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն հա­մար: ­Հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին՝ այդ մի­ջոց­նե­րով, վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ դա­րու 90-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն միաս­նա­կա­նու­թեան բարձր մա­կար­դա­կի հա­սած հա­մա­հայ­կա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ընդ­հան­րա­պէս, բայց մաս­նա­ւո­րա­բար՝ հայ­րե­նա­հա­յու­թեան պա­ռակ­տու­մը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թե­նա­կան խնդիր­նե­րուն հա­մար վճռա­կան դեր կրնայ խա­ղալ նոր ստեղ­ծո­ւող մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ: Այ­սօր հա­յու­թիւ­նը լրջօ­րէն վտան­գուած է:
­Հարկ է լրա­տո­ւու­թեան վե­րա­դարձ­նել հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու բու­ժի­չը հան­դի­սա­նա­լու իր եր­բեմ­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը: Բժշ­կու­թիւ­նը ան­հա­տի ֆի­զի­քա­կան ու հո­գե­կան ա­ռող­ջու­թեան վե­րահս­կող, սուրբ նկա­տո­ւող աս­պա­րէզն է. ան են­թա­կայ է բա­րո­յա­կան խիստ օ­րէնք­նե­րու, ո­րոնք ամ­փո­փո­ւած են ­Հի­փոկ­րա­տե­սեան Ուխ­տի տա­րա­զու­մին մէջ: Հ­րա­պա­րա­կագ­րու­թիւ­նը հա­սա­րա­կու­թեան մը դա­ւա­նած բա­րո­յա­կան ու մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու մար­զին բժիշկն ու վե­րահս­կիչն է. այն հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, որ այդ ար­ժէք­նե­րը եւս են­թա­կայ են դան­դաղ ու բնա­կան ե­ղա­փո­խու­թեան: ­Հայ­կա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւ­նը պէտք է վերս­տանձ­նէ իր եր­բեմ­նի կրթա­կան ու դաս­տիա­րակ­չա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, վե­րա­դառ­նա­լով Ա­զատ Օ­րի հիմ­նադ­րու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րու ա­կունք­նե­րու զու­լալ ջու­րե­րուն:

Ե­րե­ւան, 20 ­Դեկ­տեմ­բեր 2020