Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար՝ 2017ի ա­ռա­ջին ի­նը ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին, դի­մում կա­տա­րած է 6866 անձ: 2016ի ողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ` 7229 անձ: Ըստ Armenpress.amի՝ Հ.Հ. ոս­տի­կա­նու­թեան անձ­նագ­րա­յին եւ վի­զա­նե­րու վար­չու­թեան պետ, ոս­տի­կա­նու­թեան գնդա­պետ Մ­նա­ցա­կան ­Բի­չախ­չեան ը­սած է, որ 2017 ­Յու­նո­ւար-­Սեպ­տեմ­բե­րին մեր­ժո­ւած է 356 ան­ձի դի­մում, 2016ին` 840 դի­մում: «Եր­կիր­նե­րու եւ ազ­գու­թիւն­նե­րու մա­սով ա­ռան­ձին վի­ճա­կագ­րու­թիւն չի վա­րո­ւիր»,- ը­սած է ան:
­Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ պաշ­տօ­նա­կան վի­ճա­կագ­րու­թիւն չի վա­րո­ւիր, սա­կայն «­Վե­րա­դարձ ­Հա­յաս­տան» հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն ­Վար­դան ­Մա­րաշ­լեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ երկ-քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար ա­ւե­լի յա­ճախ կը դի­մեն ­Սու­րիոյ, ­Լի­բա­նա­նի, Վ­րաս­տա­նի հա­յե­րը:
«Երկ-քա­ղա­քա­ցիու­թեան հիմ­նար­կը ժա­մա­նա­կին ստեղ­ծո­ւած է ա­նոր հա­մար, որ սփիւռ­քը կա­պեն ­Հա­յաս­տա­նի հետ: Ո՛չ ուղ­ղա­կի ձե­ւով՝ ա­տի­կա նաեւ կը վե­րա­բե­րի հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան զար­գաց­ման, ո­րով­հե­տեւ մար­դիկ, ե­թէ ձեռք կը բե­րեն երկ-քա­ղա­քա­ցիու­թիւն, ի­րենք կը սկսին եր­թալ-գալ ­Հա­յաս­տան եւ, եր­թալ-գա­լով ­Հա­յաս­տան, կա­պո­ւա­ծու­թեան աս­տի­ճա­նը շատ լուրջ կ­՝ըլ­լայ եւ մար­դիկ կը սկսին մտա­ծել տե­ղա­փո­խո­ւե­լու մա­սին»,- ը­սած է ան: «­Վե­րա­դարձ ­Հա­յաս­տան» հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէ­նը նշած է, որ շատ պե­տու­թիւն­նե­րու մէջ կ­՝ար­գի­լեն մար­դոց այլ երկ­րի քա­ղա­քա­ցի ըլ­լալ: «Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­նոնք կը դի­տար­կո­ւին իբ­րեւ Հ.Հ .քա­ղա­քա­ցի»,- ա­ւել­ցու­ցած է ան: