ՆՈՐԱ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ-ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը կը տօնէ իր հիմնադրութեան եւ գործունէութեան 70րդ տարեդարձը:
Սիրով ընդունեցի, երբ տղաքը դիմեցին ինծի, որ այս առիթով նշմար մը գրեմ:
— «Ձեր սերունդի օրերէն ամէնէն լաւ յիշատակդ պատմէ, որ քիչ մըն ալ զգացական բնոյթ ունենայ…»,- ըսին:
Գրելէս առաջ, խորհրդածելով՝ պարզուեցաւ, որ Երիտասարդական Միութեան մէջ մեր ապրումները անցեալի յիշատակներու հաւաքածոյ չեն, որպէսզի կարենամ անոնցմէ լաւագոյնը ընտրել ու այդ մասին գրել:
Վստահ եմ, որ իմ տարեկիցներս եւ մեզմէ առաջ ու վերջ նոյն ճամբէն քալողները, նաեւ ներկայի ընկեր-ընկերուհիները լաւ պիտի հասկնան, թէ ի՛նչ կ՚ըսեմ:
Երիտասարդականի անդամակցութիւնը ապրելաձեւ էր, երիտասարդի մեր ինքնութիւնն իսկ կազմաւորող ազդակ ու միջավայր: Գաղափարական դպրոց, արդարութեան եւ իրաւունքի պայքար, գործելու եռանդ ու ներշնչում էր, որոնց թողած հետքն ու ազդեցութիւնը մեզի հետ են տակաւին եւ կ՚ենթադրեմ, թէ պիտի ըլլան այնքան ատեն, որ կանք:
Եթէ փորձեմ դէպք մը առանձնացնել, ատիկա պիտի ըլլայ Ապրիլ 24ի օրուան Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի պահանջատիրական առաջին ցոյցը, զոր ան կատարեց Աթէնքի թրքական դեսպանատան առջեւ: Ա՛յդ նախաձեռնութիւնն էր, որ բիւրեղացուց միութեան քաղաքական դիմագիծը եւ գծեց գործունէութեան ուղին:
Եղեռնի ոգեկոչական ձեռնարկներէն անդին պիտի անցնէր յունահայութիւնը եւ, առաջին անգամ ըլլալով, անոր երիտասարդ ներկայացուցիչները բողոքի եւ պահանջատիրութեան ձայն պիտի բարձրացնէին Թուրքիոյ եւ ամբողջ աշխարհին առջեւ:
Պզտիկ բան չէր…
Իբրեւ առաջին փորձ՝ ցոյցը ժողովրդային չէր. որոշուած էր, որ ըլլայ միա՚յն Երիտասարդականի անդամներու մասնակցութեամբ: Ուրեմն՝ երիտասարդներու ցոյց մըն էր, ամէն իմաստով:
Տարին ճիշդ չեմ յիշեր, 80ական թուականներուն սկիզբը պէտք է ըլլար. ես ու ընկերներս մասնակից էինք կամ իբրեւ պատանեկանի երէցներու խումբի անդամ, կամ՝ հազիւ Երիտասարդականի շարքերը նոր անցած. այսինքն՝ ցուցարարներու ամէնէն փոքրերը:
Կրնաք երեւակայել մեր հոգեկան խռովքը:
Ռիյիլիս հրապարակը խմբուած՝ աննախադէպ խանդավառութեամբ եւ բողոքելու կիրքով, մօտ 100 երիտասարդներ քալեցինք դէպի վար՝ դէպի թրքական դեսպանատուն: Դիմացի մայթին վրայ ոստիկաններէն խափանուած՝ յեղափոխական երգեր կ՛երգէինք եւ մէկ լոզունգ կը վանկարկէինք.- «Թուրքերը դո՚ւրս Հայաստանէն»:
«Έξω οι Τούρκοι από την Αρμενία» լոզունգը ամէն անգամ որ կը պոռայինք, մեր նայուածքները կ՚ուղղէինք դեսպանատան շէնքի պատուհաններուն եւ հազիւ վարագոյրի շարժում տեսնէինք՝ աւելի բուռն ու բարկացած մեր բռունցքը վեր կը բարձրացնէինք:
Պատահական չէ, ուրեմն, որ նոյնպէս հիմա, ցոյցերու ընթացքին նո՚յն այդ «հին» լոզունգը կը հնչէ ամէնէ՚ն բարձրը եւ ուժականը. ինքնաբուխ ըլլալու արժէքը ունի անիկա:
Յաջորդող ժամերուն յունական լրատուութիւնները լայնօրէն կ՛անդրադառնային մեր ցոյցին եւ Հայ Դատին: Փորձը յաջողած էր եւ միութեան, այլ նաեւ ամբողջ գաղութին առջեւ կը բացուէր գործունէութեան նոր ու լայն դաշտ մը:
— Ասկէ զատ սակայն, ինչպէ՞ս դուրս ձգել այս գրութենէն՝
Ընկերային այն մտերիմ կապը, որ կը հանգուցէր իրարմէ այնքան տարբեր տղաք ու աղջիկներ, զանոնք բոլորելով մէկ նպատակի շուրջ: Մեզ կը դարձնէր մէկ մարմին ու հոգի եւ, մանաւա՛նդ, մէ՛կ բռունցք: Կապ մը որ կը մշակուէր ժողովներէն ետք, ընկերային հաւաքոյթներուն, միջ-խմբային եւ խմբային անհամբեր սպասուած պտոյտներուն, ուր եռանդն ու «զեւզեկութիւնը» անպակաս էին եւ որոնց ընթացքին Յունաստանի գիւղերն ու գիւղաքաղաքները բառին բուն իմաստով կեանք կ՛առնէին մեր ներկայութենէն: Այդ կապն էր, որ կը դրսեւորուէր գործին ու պարտականութիւններուն ընդմէջէն:
— Ինչպէ՞ս չանդրադառնալ՝
Երիտասարդականի տարեկան Հայկական Փառատօններուն, որոնք ամիսներու նախապատրաստական-կազմակերպչական աշխատանքով միայն կ՛իրականանային: Այն ժամանակներուն, երբ բջիջային հեռախօսներու եւ համացանցի դիւրութիւնը չկար, ամէն ինչ սկիզբէն ծրագրուած պէտք էր ըլլար եւ յաճախակի ժողովներով ու հանդիպումներով՝ խնդիրները լուծելով: Գաղութային մեծ տօնի վերածուած էին անոնք, ժողովուրդին քաջալերանքը կը վայելէին, կ՛ոգեւորէին բոլորը՝ յոյն թէ հայ հարիւրաւոր ներկաները, իրենց խանդավառ մթնոլորտով, արտասանուած պայքարունակ խօսքերով, ինչպէս նաեւ յոյն եւ հայ արուեստագետներու յեղափոխական երգերով: Մեր փառատօններուն անվճար ու սիրայօժար երգած են հռչակաւորներ, ինչպէս՝ Ալեքսիուն, Բրոթոփսալթին, Քալոյեանիսը, Միցիասը, Արվանիթաքին, Ռուբէն Հախվերտեանը, Գօգօ Հայիթեանը եւ ուրիշներ: Այսօրուան տուեալներով անհաւատալի, բայց իրաւ էր: Զանոնք համոզելու մեր կամքն ու յամառութիւնը դեր մը ունեցած պէտք է ըլլային…:
— Ինչպէ՞ս զանց ընել՝
Համագաղութային եւ տեղական բանակումները, տարուան այն 10 հրաշք օրերը, երբ բանակավայրը կը դառնար մեզի համար փոքրիկ Հայաստան մը, միտքերու փոխանակման եւ գիտելիքներու փոխանցման գիտաշխատանոց մը, մարմնի ու հոգիի մարզարան մը, համագործակցութեան դպրոց մը, նոր գաղափարներու ծննդատուն մը, գիշերային-ընկերային հաճոյքի վայր մը, երգի ու պարի կեդրոն եւ երիտասարդական սիրահարութիւններու առիթ մը: Շատ չեն անոնք, որ այսպիսի փորձառութեան մը հարստութիւնն ունենան իրենց սրտերուն մէջ: Աշխարհի չորս կողմերէն համատեղուած, այդ բանակումներուն մասնակցած հարիւրաւոր անդամները մինչեւ այսօր իսկ անտեսանելի կապով մը իրարու կապուած, իրարու հարազատ կը զգան, նոյնիսկ եթէ ուրիշ անգամ իրարու հանդիպելու առիթ չեն ունեցած երբեք:
— Ինչպէ՞ս չյիշել՝
Ապրիլ 24ին նախորդող գիշերուան ակումբներու եռուզեռը, ուր սրահին մէկ կողմը ցոյցի պաստառները-բանոները կը ներկուէին, միւս կողմը՝ Հայ Դատի պահանջները ներկայացնող տպուած աֆիշները կ՚ոլորուէին, դուրսը՝ բակին մէջ խէժը կը պատրաստուէր ու կը բաժնուէր դոյլերու, պատերուն աֆիշներ փակցնելու համար շրջիկ տասնեակ խումբեր կը կազմուէին, ակումբին մէջ սպասող եւ անհրաժեշտ պարագային օգնութեան հասնող հերթապահներ կը նշանակուէին, որպէսզի մինչեւ առաւօտեան ժամերը ամբողջ Աթէնքի ու Բիրէայի ճամբաներն ու հրապարակները ողողուէին մեր աֆիշներով: Ապա՝ խումբերու ակումբ վերադարձին, կարծես մրցումի ելած, իրարու կը պատմէինք պատահած դէպքերը, թէ ինչպէ՛ս մէկը փախուստ տուաւ ոստիկաններէն, ուրիշը՝ ինչպէ՛ս պատասխանեց հետաքրքիրներու հարցումներուն եւ հարցադրումներուն, երրորդը՝ ինչպէ՛ս վէճի բռնուեցաւ յոյնի մը հետ, որ հարցուցած կ՚ըլլար, թէ «հա՞յ, ի՞նչ է հայը»…:
— Ինչպէ՞ս մոռնալ՝
Լիզպոնի հինգին նահատակութեան լուրին խորունկ ազդեցութիւնը, երբ քիչ մը շուարած, սրտերնիս խռով, բայց նաեւ հպարտ՝ ժողովները իրարու կը յաջորդէին ոգեկոչելու համար անոնց հերոսութիւնը եւ ձեւեր գտնելու, որ հանրային կարծիքը լուսաբանուի, թէ մեր ազատամարտիկները ահաբեկիչ-տեռորիստներ չեն, այլ հայրենիքի համար իրենց անձը զոհող քաջեր:
— Ինչպէ՞ս չարձանագրել՝
Թրքական դեսպանատան ճիշդ դիմացը մեր կազմակերպած պահանջատիրական, այլեւ աննախընթաց երգահանդէսը, որ վերջին 35 տարուան Ապրիլեան ձեռնարկներուն մէջ մնաց եզակին՝ իր տարբեր բնոյթով եւ յանդգնութեամբ:
— Կարելի՞ է չգրել՝
Քրիստափորի շիրիմին մեր կատարած ուխտագնացութիւնը, երբ մեծ յեղափոխականին առջեւ, համայնավար վարչակարգի պարտադրած լռութենէն վերջ, թերեւս առաջին անգամն ըլլալով բարձրաձայն լսուեցաւ «Մշակ Բանուոր»ը…: Կարծես գործուղղուած ըլլայինք՝ Պուլկարիոյ հայագաղութին հետ հանդիպելու, եռագոյնը ազատօրէն պարզելու հոն եւ տարիներով թաքուն պահուած ազգային զգացումներ արթնցնելու:
— Ինչպէ՞ս չյուզուիլ՝
Յիշելով 1991ի դէպի Հայաստան մեր շրջապտոյտը, որուն մասին անկարելի է խօսիլ քանի մը տողերով: Առանձին ու յատուկ յուշատետրի արժանի է անիկա: Կեանքի երազ կ՚իրականանար բոլորիս համար՝ Արարատի զոյգ գագաթներուն դիմացը կանգնիլ: Անմոռանալի 15 օրերը, որ երազի պէս անցան՝ արկածախնդրութիւններով, յուզումով եւ նոր փորձառութիւններով լեցուն:
— Եւ ապա՝
Ղարաբաղեան Շարժումին պայթիւնը եւ անհաւատալին՝ Հայաստանի վերանկախացման հռչակումը, որոնք ամէն հայու սրտին զարկերակը աշխուժացուցին եւ երիտասարդական միութեան գործունէութիւնը դրին նոր մարտահրաւէրներու առջեւ:
— Ինչե՜ր կարելի է պատմել դեռ՝ Մ.Ա.Կ.ի գրասենեակներուն առջեւ հացադուլ, Աէրոֆլոթի գրասենեակի «գրաւում», ինքնապաշտպանութեան (Քունկ-ֆու) դասափորձեր ակումբին մէջ, թռուցիկներու բաշխում, դաստիարակչական արշաւներ, արտասահմանէն հրաւիրուած հայ երգիչներով պար-հաւաքոյթներ, մեր ամսական «Բռունցք» պարբերաթերթին հրատարակութիւնը…
Ժամանակի հեռաւորութենէն հիմա, որ կը մտածեմ, հարց կու տամ ինքզինքիս, թէ ինչպէ՞ս կը հասնէինք այդ բոլորին: Ժամանակը աւելի դանդա՞ղ կը քալէր արդեօք: Նաեւ թէ՝ այսօրուան հայեացքով այդ բոլորը քիչ մը չափազանցուա՞ծ կ՛երեւին…
Յաճախ կը լսեմ, դեռեւս ճիշդ նշում է, թէ իմ սերունդս բախտաւոր եղած է, որ գործած է այն օրերուն, երբ Յունաստանի երիտասարդութիւնը ինք քաղաքականացման ընդհանուր մթնոլորտի մէջն էր եւ որ մենք ապրեցանք ազգային իմաստով անկիւնադարձային դէպքերու հոլովոյթի մէջ…:
70 տարեկան Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մ.ը գործած է տարբեր ժամանակներու մէջ, տարբեր արժեչափերով, տարբեր-տարբեր պայմաններու տակ:
Ընդունինք սական, որ բոլոր ժամանակներուն ու տարբեր պայմաններու տակ անփոփոխ կը մնայ ի՛նքը՝ երիտասարդը, երիտասարդական ապստամբ ոգիով, իր «անխոհեմութեամբ», նո՛րը փորձելու անվախութեամբ, ամէն ինչ հարցականի տակ առնելու ձգտումով:
Երիտասարդականը հայ երիտասարդին յենարա՛նն է:
Շատ բան ունի ըսելիք եւ մանաւանդ՝ ընելիք:
Այս առումով այսօրուան սերունդն ալ բախտաւոր է: Բախտաւորութիւնը ունի անկախ Հայաստանի զարգացման ու վերելքին համար իր խօսքը լսեցնելու, այդ ճամբուն վրայ գործին մասնակից ըլլալու եւ բազում խնդիրներ դիմագրաւելու:
Այնքան ատեն, որ հերոսական Արցախը չէ միացած հայրենիքին, այնքան ատեն, որ արդարութիւն չէ եղած հայ ժողովուրդին, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը ընելիք ունի եւ ըսելիք:
Պիտի վստահինք ներկայ սերունդին: Ան արժանաւորապէս բարձր կը պահէ 70 տարի վեր ցցուած բռունցքը:
Իսկ մենք պիտի պահենք իր թիկունքը:
Այդ բռունցքը մեր ներկան է ու ապագան: