70ամեակ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան (նկարներ)

70ա­մեակ՝ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան

0
1863

Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի Օ­րո­ւան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կան ուխ­տի եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան յանձ­նա­ռու­թեան վե­րա­նո­րոգ­ման խան­դա­վառ ժա­մեր պար­գե­ւեց

Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան 70ա­մեա­կի տա­րո­ւան նո­ւի­րուած ձեռ­նարկ­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նար­կին տօ­նախմ­բու­թիւ­նը յի­շա­տա­կե­լի թո­ւա­կան մը ար­ձա­նագ­րեց ­­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան կեան­քին մէջ։
­­Փետ­րո­ւար 3ի ­­Շա­բաթ գի­շե­րը ­­Գո­քի­նիոյ «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նը թնդաց՝ խան­դա­վառ խօս­քե­րով, յե­ղա­փո­խա­կան թէ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով եւ սա­հիկ­նե­րու ու տե­սաե­րիզ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեանց ա­ռա­ջա­ցու­ցած խան­դա­վառ մթնո­լոր­տով։
­­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան ժա­մը ու­թէն մին­չեւ ­­Կի­րա­կի ա­ռա­ւօ­տեան վաղ ժա­մե­րը շա­րու­նա­կո­ւած 70ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան հան­դի­սու­թիւն-խրախ­ճան­քը մէկ­տե­ղեց Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի շար­քե­րէն ան­ցած, թէ տա­կա­ւին միու­թեան ան­դամ ե­ղող շուրջ ե­րեք հա­րիւր հա­յոր­դի­ներ՝ պա­տա­նի, ե­րի­տա­սարդ թէ տա­րեց, ո­րոնք հա­ւա­քո­ւե­ցան միաս­նա­բար վե­րա­նո­րո­գե­լու գա­ղա­փա­րա­կան ի­րենց ուխտն ու ե­րի­տա­սար­դա­կան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ ի խնդիր հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րը յաղ­թա­կան իր ա­ւար­տին ա­ռաջ­նոր­դե­լու ­­Հայ ­­Դա­տի Ազ­գա­յին Եր­թին։
Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեան ա­նու­նով տօ­նախմ­բու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րեց եւ հան­դի­սա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նեց ըն­կեր Ար­մէն Ա­ճէ­մեան, որ իր բաց­ման խօս­քին մէջ ը­սաւ.- «Այս ե­րե­կոյ հա­մախմ­բո­ւած ենք այս սրա­հին մէջ, տօ­նե­լու հա­մար Հ. Յ. Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան 70րդ ­տա­րե­դար­ձը։ Այս տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը բո­լո­րիս կը պատ­կա­նի՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ա­մէնքդ մեզ­մէ ա­ռաջ ե­ղած էք այս Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ­ներ, սի­րած էք միու­թեան նպա­տա­կը, ծա­ռա­յած՝ ա­նոր եւ միշտ զօ­րա­վիգ կանգ­նած էք մեր հրա­ւէր­նե­րուն։
«Ազ­գի մը ներ­կան եւ ա­պա­գան, յոյ­սը եւ ու­ժը կու գան ա­նոր ե­րի­տա­սար­դու­թեան ճամ­բով։ ­­Մենք, մեր տա­րի­քի խան­դով, շատ ան­գամ չենք ու­զեր սահ­ման­ներ ճանչ­նալ մեր գոր­ծու­նէու­թեանց եւ կը հա­ւա­տամ, որ դուք եւս ապ­րած էք նման զգա­ցում­ներ եւ այ­սօր, վեր­յի­շե­լով զա­նոնք, կը լե­ցո­ւիք յու­զու­մով եւ հպար­տու­թեամբ»։
­­Մին­չեւ խրախ­ճանք-ճաշ­կե­րոյ­թի բաժ­նին անց­նի­լը, գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ յատ­կա­պէս պատ­րաս­տո­ւած հան­դի­սու­թիւն-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր։ Օ­րուան պատ­գամն ու խոր­հուր­դը ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կեր ­­Քե­րով­բէ Է­քի­զեան եւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­­Լո­ռի ­­Գու­յում­ճեան, ո­րոնց գրա­ւոր խօս­քե­րը յա­րա­կից սիւ­նակ­նե­րով կը յանձ­նենք ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան։
Ող­ջոյ­նի խօս­քով եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան դե­րին ու կա­րե­ւո­րու­թեան նո­ւի­րո­ւած գնա­հա­տան­քի իր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով բա­նա­ւոր ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ­­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեան, որ Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ճամ­բով հայ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան նո­ւի­րա­բեր­ման եւ ազ­գա­յին ներդ­րու­մին ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րեց՝ պատ­մա­կան ընդ­հա­նուր ակ­նար­կի մը լու­սար­ձա­կին տակ առ­նե­լով Օ­րո­ւան խոր­հուր­դը։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը այս ա­ռի­թով կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, որ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դա­մը մեր կեան­քին մէջ թէ՛ հպարտ քա­լե­լու եւ թէ բո­լո­րիս հպար­տու­թիւն ներշն­չե­լու ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան ու ա­ւան­դին ժա­ռան­գորդն է։
­­Տօ­նախմ­բու­թեան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ձեռ­նար­կին յա­ջո­ղու­թեան եւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի ստեղծ­ման մէջ ի­րենց կա­րե­ւոր, այ­լեւ գնա­հա­տե­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցան՝ նո­ւա­գով եւ եր­գե­րով՝ ըն­կե­րու­հի­ներ եւ ըն­կեր­ներ ­­Պար­սա­մեան ­­Թա­մար, ­­Մա­նու­կեան Ե­րուանդ, ­­Փար­թա­մեան ­­Վի­գէն, ­­Լա­զա­րեան Ի­լիաս, ­­Նա­ճա­րեան Անդ­րա­նիկ, ­­Գու­յում­ճեան ­­Մա­րալ, ­­Լա­զա­րեան ­­Գէորգ, ­­Պար­սա­մեան Ա­րազ, ­­Պար­սա­մեան ­­Լո­ռի եւ ­­Մի­նա­սեան Ա­զատ։ ­­Մեկ­նա­բա­նո­ւե­ցան՝ «­­Սա­րե­րի հո­վին մեռ­նեմ», «Ախ­պէրս ու ես», «­­Մանչս», «Ա­նուշ հայ­րե­նիք», «Եար քո բա­րակ բո­յին մեռ­նեմ», «­­Բա­րի Ա­րա­գիլ», «­­Տուն իմ հայ­րե­նի», «­­Բին­կէօլ», «­­Գե­տա­շէն», «­­Սա­րի սի­րուն եար», «­­Զի­նո­ւո­րի եր­գը» եւ «Ա­րիւ­նոտ Դ­րօշ» եր­գե­րը։
Եր­կու ան­գա­մով՝ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ար­խիւ­նե­րէն հին թէ նոր շրջա­նի նկար­նե­րէ եւ տե­սաե­րիզ­նե­րէ յատ­կա­պէս խմբո­ւած ու խմբագ­րո­ւած ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան՝ ան­ցեալն ու ներ­կան ի­րա­րու կա­պե­լու եւ ներ­կա­նե­րը մէկ մեծ ըն­տա­նի­քի ի­րենց ան­դա­մակ­ցու­թեամբ հպար­տա­նա­լու զգա­ցում­նե­րով յու­զե­լով։
­­Ճա­շի, խմիչ­քի եւ քաղց­րե­ղէ­նի սպա­սար­կու­մը ը­րին Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ­նե­րը ի­րենք՝ մե­ղո­ւի ջա­նադ­րու­թեամբ հաս­նե­լով բո­լոր ներ­կա­նե­րուն։
Մթ­նո­լոր­տէն խան­դա­վառ ե­ղան նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ։ ­­Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն։
­­Հա­կա­ռակ սրա­հին նեղ գա­լուն եւ ներ­կա­նե­րու յոր­դող թի­ւին՝ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ի­րա­պէս յա­ջող կեր­պով յա­ռաջ տա­րին, խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը միշտ բարձր պա­հե­ցին եւ ա­մո­ռա­նա­լի տպա­ւո­րու­թիւն­ներ պար­գե­ւե­լով իր ա­ւար­տին հաս­ցու­ցին Հ. Յ. Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան 70րդ ­տա­րե­դար­ձի տօ­նախմ­բու­թիւնն ու խրախ­ճան­քը։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Կ. Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ
ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի խօս­քը

­Գի­տէ՞ք ար­դեօք, թէ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ան­դամ­նե­րը քա­նի տա­րե­կան էին, երբ 1890ին հի­մը դրին այն կու­սակ­ցու­թեան, որ կո­չո­ւե­ցաւ ե՛ւ յա­ջող­ցուց փո­խել բո­վան­դակ ժո­ղո­վուր­դի մը ճա­կա­տա­գի­րը եւ գո­յու­թեան ի­մաս­տը։
Ք­րիս­տա­փոր 30 տա­րե­կան էր, ­Ռոս­տոմ՝ 23, եւ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան՝ 25։
Այ­սինքն՝ եր­կու խօս­քով, ձե՛ր տա­րի­քին էին ա­նոնք, երբ հի­մը դրին հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան հե­րո­սա­պա­տու­մին։
Ի՞նչ կը զա­նա­զէր մեր հիմ­նա­դիր սե­րուն­դը ձեզ­մէ։
Գ­րե­թէ ո­չի՛նչ։
­Պատ­մա­կան նկա­րագ­րում­նե­րէ ան­դին, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան ու գրա­կա­նու­թեան պա­տո­ւան­դան­նե­րուն վրայ ի­րենց ար­ժա­նի տե­ղը գտած պաշ­տա­մուն­քէն ան­դին, այդ ե­րեք ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ի­րենց շուրջ բո­լո­րո­ւած տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը, ձե­զի պէս հայ­րե­նա­սէր, ձե­զի պէս հայ­կա­կա­նու­թեամբ լե­ցուն, ­Հա­յաս­տա­նը եւ հա­յու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ վեր դա­սող սե­րունդ մըն էին։
Ին­չո՞ւ տար­բեր չէք ա­նոնց­մէ։
Ո­րով­հե­տեւ՝ սի­րե­լի ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­ներ, ա­նոնց շա­րու­նա­կու­թիւնն է՛ք։
128 տա­րի­ներ ետք, աշ­խար­հով մէկ՝ մեր դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը իր ե­րեք ե­րի­տա­սարդ հիմ­նա­դիր­նե­րու ո­գին, ու­ժը, յե­ղա­փո­խա­կան ա­ւանդն կը շա­րու­նա­կէ հպարտ կեր­պով կրել ու շե­փո­րել։
70 եր­կար տա­րի­ներ։
­Դուք բո­լորդ, այս սրա­հի յար­գե­լի ներ­կա­ներ, մեր կու­սակ­ցու­թեան պան­ծա­լի Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը ե­ղած էք։ Վս­տահ եմ որ այ­սօր, այս հա­ւա­քին մէ­ջէն, նոյն հպար­տու­թեամբ, նոյն շուն­չով, ին­չու չէ ան­ցեա­լի յու­շե­րու մէջ յե­տա­դարձ ճամ­բոր­դու­թեամբ, բո­լորդ կը մարմ­նա­ւո­րէք դաշ­նակ­ցա­կան անն­կուն կամ­քի, պայ­քա­րու­նակ ո­գիի, յե­ղա­փո­խա­կան ա­ւանդ­նե­րու այն հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւ­նը, որ մեր միու­թեան 70ա­մեայ ու­ղիին վրայ սե­րունդ­ներ հաս­ցուց, որ­պէս­զի այ­սօր նաեւ ձեր զա­ւակ­նե­րը եւ թոռ­նե­րը՝ միա­բե­րան եւ միա­հա­մուռ կեր­պով կան­չեն՝ «ներ­կա՛յ ենք»։
Ա­յո՛, սի­րե­լի­ներ, ներ­կայ են մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, որ­քան ալ յա­ճախ քննա­դատա­կան ո­գիով մեր աչ­քե­րը յա­ռենք ա­նոնց վրայ։
­Ներ­կա՛յ են այ­սօր, ինչ­պէս որ դուք բո­լորդ՝ «ներ­կայ ե՛նք» ը­սիք, երբ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 50ա­մեա­կին սկսաք ձեր բռունցք­նե­րը վեր բարձ­րաց­նել։
«­Ներ­կայ ե՛նք» ը­սիք՝ երբ հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի նո­րա­նոր ծա­ւա­լու­մին մէջ ձեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րե­ցիք։
«­Ներ­կայ ե՛նք» ը­սիք՝ երբ գա­ղու­թին առ­ջեւ ճամ­բա՛յ բա­ցիք, որ­պէս­զի մեր ար­դար պա­հանջ­նե­րը հաս­նին մին­չեւ թրքա­կան դես­պա­նա­տու­նե­րու դռնե­րը։
«­Ներ­կայ ե՛նք» ը­սիք՝ երբ ­Ղա­րա­բա­ղը մեր ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման նո­րա­գոյն սխրա­գոր­ծու­թիւ­նը ե­ղաւ։
«­Ներ­կայ ե՛նք» ը­սիք՝ երբ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը «­Դէ­պի Եր­կիր» հրա­ւի­րեց իր շար­քե­րը։
«­Ներ­կայ ենք» ը­սիք՝ երբ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նը եւ Ար­ցա­խը լայն բա­ցին ի­րենց դռնե­րը՝ ըն­դու­նե­լու հա­մար ա­զատ հո­ղին վրայ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը։ ­Սի­րե­լի­ներ, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր գո­յու­թեան եւ գոր­ծու­նէու­թեան ի­մաս­տը գտաւ ու խարս­խեց դաշ­նակ­ցա­կան հայ ե­րի­տա­սար­դի ու պա­տա­նիի անս­պառ ու­ժա­կա­նու­թեան վրայ։
Այդ­պէս ալ պի­տի շա­րու­նա­կէ ը­նել։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ըն­տա­նի­քին հա­մար, դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մա­սուն­քի մը նման ու­նե­ցաւ ­Մե­կու­սի կամ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէ­նե­րու, մար­մին­նե­րու, ըն­կեր­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու գուր­գու­րան­քը եւ հո­գա­տա­րու­թիւ­նը։
Իր 70ա­մեայ պատ­մու­թեան մէջ, ո՛ր սե­րուն­դին ալ կար­գը ըլ­լար, աշ­խա­հա­քա­ղա­քա­կան ու պատ­մա­կան ո՛ր մո­մէն­տին ալ զու­գա­դի­պէր, դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեր գա­ղու­թէն ներս է՚ր ու կը մնա՛յ այն զօ­րա­ւոր ու կազ­մա­կերպ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ ա­պա­գայ հայ մար­դը, յե­ղա­փո­խա­կան ո­գին, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը, ղե­կա­վա­րը ու գոր­ծի­չը կը կեր­տո­ւին հա­ւա­քա­բար եւ ա­ռանձ­նա­բար։
­Մեր գա­ղու­թի եւ մեր կու­սակ­ցու­թեան հա­մար կեն­սա­տու ա­րիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի դաշ­նակ­ցա­կան եր­դու­մով նուի­րա­գոր­ծո­ւած ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Եր­դում մը, որ ձեզ­մէ շա­տերդ տո­ւիք եւ մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէք պա­տո­ւել՝ ձեր վաղ ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րու ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­կան կազ­մա­ւո­րու­մի ա­մէ­նէն զգա­յուն տա­րի­նե­րուն։
­Սի­րե­լի ե­րի­տա­սարդ­ներ, ե­կէ՛ք այ­սօ­րը եւ ա­պա­գան տես­նենք։
Ե­թէ ե­րէկ, այս սրա­հին մէջ ներ­կայ ե­ղող­նե­րը գոր­ծե­ցին ան­կախ հայ­րե­նի­քի մը՝ եր­բեմն ա­նըմբռ­նե­լի տես­լա­կա­նով, այ­սօր ձեր առ­ջեւ բա­ցո­ւած է այդ ան­կախ հայ­րե­նի­քի եւ ա­զատ շուն­չով ապ­րող հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի անժխ­տե­լի եւ մա­նա­ւանդ՝ ըմբռ­նե­լի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։
Ե­թէ ե­րէկ շա­տերս ան­կախ հայ­րե­նի­քի ե­րա­զան­քը կ­՚եր­գէինք, այ­սօր դուք ձեր սրտի պարտ­քը հա­մա­րե­ցէ՛ք ձեր գո­յու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան ի­մաս­տը տես­նել մեր զոյգ օ­ճախ­նե­րուն մէջ։
Ապ­րե­ցէ՛ք հայ­րե­նի­քով, հե­րո­սա­ցու­ցէ՛ք Ար­ցա­խը, յա­ճախ այ­ցե­լե­ցէ՛ք մեր հո­ղե­րը, ծրա­գիր­ներ մշա­կե­ցէ՛ք ­Հա­յաս­տա­նով ու Ար­ցա­խով՝ այ­ցե­լու­թիւն, բա­նա­կում, ե­րի­տա­սար­դա­կան ժո­ղով, շփում դաշ­նակ­ցա­կան ձեր ըն­կեր­նե­րուն հետ։
Ար­ցա­խի գիւ­ղե­րուն մէջ հայ­կա­կա­նու­թիւն փնտռե­ցէ՛ք, ձե­զի տա­րե­կից հայ զի­նո­ւո­րի ո­գիին բաժ­նե­կից ե­ղէ՛ք, ձեր բո­լոր քա­ղա­քա­կան, ու­ժա­կան, նոյ­նիսկ ըն­կե­րա­յին դրսե­ւո­րում­նե­րուն մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն թարգ­մա­նը ե­ղէ՛ք, դաշ­նակ­ցա­կան գրա­կա­նու­թեան ու պատ­մու­թեան է­ջե­րը սեր­տե­ցէ՛ք, ձեր ան­ցեա­լը սոր­վե­լով ա­պա­գան կեր­տե­ցէ՛ք, օգ­տա­գոր­ծե­ցէ՛ք ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան բո­լոր մի­ջո­ցե­րը եւ հայ­կա­կան տու­նե­րը մտէ՛ք մարմ­նով եւ հո­գուով, յու­նա­հայ գա­ղու­թի ե­րի­տա­սար­դու­թեան ղե­կա­վա­րը դար­ձէ՛ք, ի­րենց՝ ձեր մէջ գրկե­ցէ՛ք, վեր­ջա­պէս՝ դուք ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ճամ­բան բա­ցէ՛ք։
­Կաս­կած չկայ, որ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը ա­ւե­լի լաւ կ­՚ըլ­լան հին սե­րունդ­նե­րէն։
­Սի­րե­լի տղաք, դուք բա­ցա­ռու­թիւն չէք կազ­մեր։
Ա­ւե­լիով ար­ժե­ւո­րե­ցէ՛ք ձեր սրտին խօ­սող՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան մէջ ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը։
­Ձեզ կը վստա­հեց­նենք, որ ձեր ու­ժը անս­պառ է։ ­Մեզ­մէ ա­ւե­լի լաւ էք, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը միշտ ա­ւե­լի լաւ կ­՚ըլ­լայ։
­Կը մնայ շնոր­հա­ւո­րել ձեզ բո­լորդ՝ «­Վարձ­քեր­նիդ կա­տար հա­յոր­դի­ներ, ապ­րի՛ք ու միշտ ապ­րեց­նէ՛ք Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ե­րի­տա­սարդ մնա­լու ո­գին»։

Հ. Յ. Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեան
ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կե­րու­հի ­­Լո­ռի ­­Գու­յում­ճեա­նի խօս­քը

­­Ժո­ղով.- ­­Բա­ռա­րա­նի բա­ցատ­րու­թեամբ՝ «ժո­ղով» բա­ռը հա­սա­րակ գո­յա­կան է, որ կը նշա­նա­կէ մար­դոց հա­ւաք, նաեւ՝ կազ­մա­կեր­պու­թեան մը խորհր­դակ­ցա­կան նիստ։
­­Բառ մը, որ պա­տա­նի տա­րի­քէն մեր կեան­քին մաս կը կազ­մէ: ­­Մեզ­մէ շա­տե­րու մտքին մէջ փո­րագ­րո­ւած է ման­կու­թեան օ­րե­րէն իսկ, երբ յա­ճախ «մա­ման կամ պա­պան ու՞ր է» մեր հար­ցու­մին՝ պա­տաս­խա­նը կ­­՛ըլ­լար.- «­­Ժո­ղո­վի գա­ցած է հո­գիս»։
Այն ա­տեն ժո­ղով բա­ռին ի­մաս­տը չէինք հասկնար: Ն­շա­նա­կու­թիւ­նը սոր­վե­ցանք, երբ մենք ալ ժո­ղո­վա­կան դար­ձանք՝ Հ.Յ.Դ. ­­Պա­տա­նե­կան ­­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լով։
­­Բայց ժո­ղո­վին իս­կա­կան ար­ժէ­քին եւ ու­ժին անդ­րա­դար­ձանք՝ երբ ան­ցանք Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան շար­քե­րը:
Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թիւ­նը կը հա­մախմբէ հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք թէեւ տար­բեր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րով ու տար­բեր բնա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, բո­լո՛­րը պատ­րաստ են ծա­ռա­յե­լու միեւ­նո՛յն նպա­տա­կին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, ­­Հայ ­­Դա­տին, ինչ որ կը նշա­նա­կէ ար­դա­րու­թեան եւ հա­ւա­սա­րու­թեան գա­ղա­փար­նե­րուն:
Ի՞նչ է մե­զի հա­մար Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թիւ­նը:
Այն մի­ջա­վայրն է, ուր հասկ­ցանք ըն­կեր բա­ռին բուն ի­մաս­տը:
­­Միու­թե­նա­կան պարզ սո­վո­րու­թիւն մը կ­­՛ե­րե­ւի ըլ­լալ ի­րա­րու «ըն­կեր» եւ «ըն­կե­րու­հի» կան­չե­լը, բայց այդ­պէս չէ: ­­Դա­սըն­կեր­ներ, գոր­ծըն­կեր­ներ, խա­ղըն­կեր­ներ ու բա­րե­կամ­ներ բո­լորս ու­նինք, մինչ միու­թե­նա­կան ըն­կե­րը մե­զի հա­մար գա­ղա­փա­րի՛ ըն­կեր է, նոյն հա­մո­զում­նե­րը ու­նե­ցող, նոյն նպա­տա­կը հե­տապն­դող , միա­սին կա­մա­ւո՛ր աշ­խա­տանք տա­նող, բա­նա­կում­նե­րուն միա­սին ապ­րող եւ ու­րա­խա­ցող, միա­սին պայ­քա­րողն է…: ԸՆԿԵ՚Ր է:
­­Մեր ժո­ղո­վա­կան մի­ջա­վայ­րը դպրո՚ց է, ուր ու­սու­ցի­չը մե՛նք ենք, նաեւ ա­շա­կերտ­ներն ալ մե՛նք ենք: ­­Մեր պատ­րաս­տած օ­րա­կար­գե­րու ըն­թաց­քին կը փոր­ձենք սոր­վիլ եւ ի­րա­րու սոր­վեց­նել մեր ազ­գի պատ­մու­թիւ­նը, վեր­լու­ծել եւ կար­ծիք կազ­մա­ւո­րել մի­ջազ­գա­յին թէ հայ­կա­կան, ըն­կե­րա­յին ու քա­ղա­քա­կան զա­նա­զան խնդիր­նե­րու մա­սին, ազ­նիւ գա­ղա­փար­նե­րու եւ բա­րո­յա­կա­նի տէր ու տա­րա­ծո­ղը ըլ­լալ, նաեւ գործ­նա­կա­նին անց­նե­լով՝ ծրագ­րել եւ գոր­ծադ­րու­թեան դնել միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը:
­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է 70 տա­րի ա­ռաջ, ­­Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մով ու ջան­քե­րով՝ Երկ­րորդ ­­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­­Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին, երբ թշո­ւա­ռու­թիւն էր, աղ­քա­տու­թիւն կար, ա­նո­րո­շու­թիւն եւ յու­սա­հա­տու­թիւն: Այդ օ­րե­րուն ու­րեմն կը հիմ­նո­ւէր միու­թիւ­նը, որ­պէս­զի յու­սա­հատ գա­ղու­թին տրո­ւէր ե­րի­տա­սար­դա­կան յոյս եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կա­պո­ւին ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու, ամ­րա­նան պայ­քա­րե­լու ո­գիով ու կամ­քով:
Այդ տա­րի­նե­րէն սկսեալ եւ մին­չեւ այ­սօր, չէ դադ­րած ճի­գը, որ­պէս­զի միու­թիւ­նը եւ միու­թեան ճամ­բով ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ըլ­լայ աշ­խոյժ ներ­կա­յու­թիւն գա­ղու­թին մէջ եւ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին գոր­ծէ ժա­մա­նա­կին հետ, տար­բեր-տար­բեր պայ­ման­նե­րու տակ, տար­բեր գոր­ծե­լա­կերպ­նե­րով, բայց մի՚շտ միեւ­նոյն նպա­տակ­նե­րը հե­տապն­դե­լով:
­­Տի­րող մտայ­նու­թեան պատ­ճա­ռով սկզբնա­կան տա­րի­նե­րուն հա­մախմ­բո­ւած են ե­րի­տա­սարդ տղա­ներն ու աղ­ջիկ­նե­րը՝ զատ զատ խում­բե­րով, ո­րոնք ա­ւե­լի վերջ միա­ցած են երկ­սեռ խում­բե­րու: Այդ տա­րի­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հերթ մտադ­րու­թիւն էր, որ օ­տա­րու­թեան մէջ հա­յը հա­յուն հետ ըլ­լայ եւ սե­րունդ­նե­րուն մէջ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը պահ­պա­նուի: Այ­սինքն՝ միու­թեան նպա­տա­կը հիմ­նա­կա­նօ­րէն ե­ղած էր հա­յա­պահ­պա­նու­մը:
Ա­ւե­լի ետք, միու­թեան նպա­տա­կը եւ գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տը ա­ւե­լի յստա­կա­ցած եւ վերջ­նա­կան ձե­ւա­ւո­րում ստա­ցած են, երբ սփիւռ­քի մէջ հա­յու­թիւ­նը ոտ­քի կանգ­նե­լով՝ սկսած է պայ­քա­րիլ իր ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ ­­Հայ ­­Դա­տին հա­մար:
Այս­պէ՛ս, վեր­ջին 40 տա­րի­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մ.ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ու­նե­ցած է քա­ղա­քա­կան-պա­հան­ջա­տի­րա­կան նպա­տակ ու բնոյթ:
Կ­­՛ար­ժէ շեշ­տել, որ Ապ­րիլ 24ի ա­ռա­ջի՛ն բո­ղո­քի ցոյ­ցը կազ­մա­կեր­պո­ղը ե­ղած է Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նը, Ա­թէն­քի մէջ՝ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն, իսկ ­­Սե­լա­նի­կի մէջ՝ դէ­պի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան:
­­Բո­ղո­քի այդ ցոյ­ցե­րուն յա­ջոր­դած են բազ­մա­թիւ քա­րոզ­չա­կան ձեռ­նարկ­ներ, յու­նա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան­նե­րու հետ յա­րա­բե­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ, կլոր սե­ղա­նի զրոյց­ներ, յու­նա­հայ­կա­կան փա­ռա­տօ­ներ, որ­պէս­զի յոյ­նե­րը լու­սա­բա­նո­ւին եւ ծա­նօ­թա­նան ­­Հայ ­­Դա­տին ու հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հանջ­նե­րուն:
­­Շա­րու­նակ ինք­զին­քէն ա­ւե­լի՛ն պա­հան­ջած է մեր միու­թիւ­նը եւ նո՛­րը փնտռած, նո՚­րը ը­նել մտա­ծած: ­­Միշտ փոր­ձած է ո­գե­ւո­րել գա­ղու­թը՝ մշա­կոյ­թա­յին թէ քա­ղա­քա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով եւ հրա­պա­րա­կած կար­գա­խօս­նե­րով:
Իսկ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րէն, վճռա­կա­նու­թեամբ, ծրագ­րու­մով, օ­րը օ­րին յու­նա­կան մա­մու­լին հաս­ցու­ցած իր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով եւ զա­նա­զան այլ ձեռ­նարկ­նե­րով լու­սա­բա­նած է յոյն հան­րա­յին կար­ծի­քը…:
­­Ներ­կա­յիս Յ.Ե.Մ.ը կը գոր­ծէ ե­րեք խում­բե­րով՝ Ա­թէն­քի ­­Ֆիք­սի շրջա­նի «Դ­րօ», ­­Գո­գի­նիոյ «­­Փո­թո­րիկ» եւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­­Սո­ղո­մոն ­­Թեհ­լի­րեան» խում­բե­րով:
­­Մեր գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան ա­ռանց­քը կը կազ­մեն ­­Հայ ­­Դա­տը, ­­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շո­ղու­թիւ­նը եւ հա­տուց­ման պա­հան­ջը ար­ծար­ծե­լու քա­րոզ­չու­թիւ­նը եւ, մա­նա­ւա՛նդ, Ար­ցա­խի հար­ցին ի նպաստ հա­յու­թեան ար­դար լու­ծու­մին հե­տապն­դու­մը, որ կը նշա­նա­կէ ա­նոր ան­կա­խու­թեան ի­րա­ւուն­քի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը կամ ­­Հա­յաս­տա­նին միա­ցու­մը, ինչ որ հա­յու­թեան բուն նպա­տակն է: Այս գծով՝ կ­­՚օգ­տա­գոր­ծո­ւին ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ, յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, նաեւ հա­մա­ցան­ցի տո­ւած կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:
­­Խոս­տո­վա­նինք նոյն­պէս, որ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը եւ ար­հես­տա­գի­տու­թեան ա­րագ նո­ւա­ճում­նե­րը, ինչ­պէս բո­լո­րին ու յատ­կա­պէ՚ս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն վրայ, նաեւ մեր միու­թեան վրայ կ­­՚ու­նե­նան ի­րենց դրա­կան-լա՚ւ եւ ժխտա­կան-գէ՚շ ազ­դե­ցու­թիւ­նը, քա­նի որ մե­րը ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն է, ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ բաղ­կա­ցած:
­­Մէկ կող­մէ՝ հա­ղոր­դակ­ցե­լու դիւ­րա­ցած ան­հա­ւա­տա­լի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կան, որ մեր խօս­քը տա­րա­ծե­լու եւ լսե­լի դարձ­նե­լու ա­ռիթ կու տան մե­զի, մեր մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը կը դիւ­րաց­նեն, աշ­խար­հի խնդիր­նե­րուն կը ծա­նօ­թաց­նեն, նաեւ ու­րիշ գա­ղութ­նե­րու Ե­րի­տա­սար­դա­կան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան հե­տե­ւե­լու կա­րե­լիու­թիւն կու տան:
­­Միւս կող­մէ, սա­կայն, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կեան­քի ձե­ւը կը փո­խեն, ա­նոնց ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը տար­բեր կը դարձ­նեն, քան ազ­գա­յինն է: ­­Հա­յու­թե­նէն հե­ռա­ցու­մը օ­տա­րաց­ման կը տա­նի, ազ­գա­յին կեան­քին մաս­նակ­ցող­նե­րը կը նո­ւա­զին ընդ­հան­րա­պէս եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս ե­րի­տա­սար­դու­թեան մէջ, եւ մեր միու­թեան միա­ցող­նե­րուն թի­ւը դժբախ­տա­բար կը քիչ­նայ:
­­Բայց մենք կանգ չենք առ­ներ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ:
­­Մենք կը շա­րու­նա­կենք մեր ճամ­բան:
­­Ներ­կա­յիս Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան հա­յեաց­քը դէ­պի ան­կախ ­­Հա­յաս­տան, դէ­պի հե­րո­սա­կան Ար­ցախ ուղ­ղո­ւած է:
­­Մենք հո՛ն գտնո­ւե­լու յու­զու­մը եւ հա­ճոյ­քը ապ­րե­ցանք:
Դպ­րո­ցա­կան գիր­քե­րուն մէ­ջէն մեր ճանչ­ցած հայ­րե­նի­քը կեանք ա­ռաւ՝ իր ար­քա­յա­կան ան­վերջ լեռ­նե­րով, գե­ղե­ցիկ բնու­թեամբ եւ հա­րիւ­րա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րով, երբ եր­կու տա­րի ա­ռաջ կազ­մա­կեր­պե­ցինք շրջապ­տոյտ մը դէ­պի ­­Հա­յաս­տան, ու 2015ի ­­Հա­մա­հայ­կա­կան ­­Խա­ղե­րուն մեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րինք:
Ն­կա­րագ­րել դժո­ւար է մեր զգա­ցում­նե­րը, զորս ու­նե­ցանք, երբ աշ­խար­հի քա­նի-քա­նի՜ եր­կիր­նե­րէ Ե­րե­ւան հա­մախմ­բո­ւած ե­րի­տա­սար­ներս, բո­լորս միա­սի՛ն, խո­նար­հե­ցանք ­­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ:
­­Հոն զե­տե­ղած ա­մէն մէ­կուս ծա­ղի­կը ա­ւե­լի խօ­սուն է, քան եր­կար խօս­քե­րը:
Ար­ցախ մեր այ­ցե­լու­թիւ­նը բո­լո­րիս ներշն­չեց հպար­տու­թիւն եւ ուժ, որ­պէս­զի նոր թա­փով շա­րու­նա­կենք մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:
Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մե­զի հա­մար հե­ռա­ւոր կա­ցու­թիւն մըն է, զո­հե­րը՝ լու­րե­րէն տրո­ւած դէպ­քեր են, մինչ ­­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան հա­մար ա­նի­կա ներ­կա­յի ան­գութ ու ա­մէ­նօ­րեայ սպառ­նա­լիք է: ­­Հա­կա­ռակ ա­սոր, ա­զատ հայ­րե­նիք կեր­տած ըլ­լա­լու հպար­տու­թիւ­նը ու­նին ա­նոնք՝ Ար­ցա­խի բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը:
Ար­ցա­խի մէջ յա­տուկ կար­գադ­րու­թեամբ, մեր խում­բը քա­նի մը ժա­մո­ւան հա­մար գտնո­ւե­ցաւ սահ­մա­նա­յին զօ­րա­նոց մը:
­­Մե­զի տա­րե­կից հայ տղաք են Ար­ցա­խի զի­նո­ւոր­նե­րը: ­­Բո­լորս ալ ա­պա­գա­յի ե­րազ­նե­րով եւ ծրա­գիր­նե­րով, սա­կայն ա­նոնք ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ կը դնեն հայ­րե­նի­քի անվ­տան­գու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ ի­րենց սե­փա­կան կեան­քը վտան­գե­լով: Իսկ մենք, սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­ներս, հայ­րե­նի­քէն հա­զա­րա­ւոր քի­լո­մեթր հե­ռու, կը զգանք, թէ որ­քա՜ն պզտիկ է մեր բա­ժի­նը մեր դա­տի ար­դար լուծ­ման պայ­քա­րին մէջ:
­­Զօ­րա­բա­նա­կի կեան­քին պատ­կե­րը դրոշ­մո­ւած մնաց մեր մտքե­րուն եւ մա­նա­ւանդ մեր սրտե­րուն մէջ: ­­Յու­նաս­տան վե­րա­դար­ձին՝ ա­ւե­լի յա­ճախ Ար­ցա­խի լու­րե­րով կը հե­տաքրք­րո­ւինք:
­­Վեր­ջին շրջա­նին Ար­ցախ-Ատր­պեյ­ճան սահ­մա­նին վրայ պա­տա­հած դէպ­քե­րը ա­ւե­լի կը ցնցեն մեզ, քան ան­ցեա­լին: Ա­զե­րի­նե­րու յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի կ­­՛ընդվ­զեց­նէ մեզ:
Դպ­րո­ցի մէջ սոր­ված ենք մեր ան­ցեա­լի հե­րոս­նե­րուն մա­սին: ­­Մեր տե­սած ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւոր­նե­րը ներ­կա՛յ ժա­մա­նա­կի մեր ազ­գի հե­րոս­ներն են:
­­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,
Այ­սօր, Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան 70րդ ­տա­րե­դար­ձին, մենք կը մա­րենք մեր 70 մո­մե­րը այս հա­մո­զու­մով.-
Որ­քան որ ալ աշ­խար­հին մէջ տա­րա­ծո­ւած ենք, ե­թէ սփիւռ­քի մէջ մենք մեր բա­ժի­նը կա­տա­րենք ա­ռա­ւե­լա­գոյն ճի­գով եւ նպա­տա­կին հա­ւա­տա­լով, ե­թէ հայ­րե­նի­քի մեր ըն­կեր­նե­րը այն­տե­ղի խնդիր­նե­րուն հա­մար ի­րենց խօս­քը ու­նե­նան հաս­տա՛տ կամ­քով եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեամբ, ե­թէ մեր զի­նուոր­նե­րը պա­հեն մեր սահ­ման­նե­րը ի­րենց քա­ջու­թեամբ, այն ա­տեն հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը մօ­տիկ­նան, մեր տար­բե­րու­թիւն­նե­րը կը փոք­րա­նան:
Եւ մեր տար­բե­րու­թիւն­նե­րը իս­կա­կա՛ն ու­ժի կը վե­րա­ծո­ւին՝ մեր հո­գի­նե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու միա­ցու­մով:
­­Հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րը նոյ­նիսկ ա­ռիթ կը դառ­նան, որ մեր պայ­քա­րի դաշ­տը տա­րա­ծո­ւի եւ տար­բե­րու­թիւն­ներն ալ պայ­քա­րի տար­բեր դրսե­ւո­րում­նե­րով ա­ւե­լի շատ ար­դիւնք­ներ կու տան:
­­Շատ չեն ա­նոնք, որ «բախ­տը» ու­նին մե­զի պէս սփիւռ­քի մէջ ծնած-մեծ­ցած ըլ­լա­լով՝ եր­կու հայ­րե­նիք ու­նե­նա­լու:
Իսկ ալ ա­ւե­լի քիչ են ա­նոնք, որ բախ­տա­ւոր են եր­կու ըն­տա­նի­քի ան­դամ ըլ­լա­լով…:
­­Կը վե­րա­դառ­նամ սկզբնա­կան հար­ցու­մին.- Ի՞նչ է Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նը մե­զի հա­մար:
Ա­հա ը­սեմ՝ կարճ ու ամ­փոփ.- ժո­ղով­նե­րէն, ցոյ­ցե­րէն, քա­րոզ­չա­կան բո­լոր տե­սա­կի աշ­խա­տանք­նե­րէն, բա­նա­կում­նե­րէն, պտոյտ­նե­րէն ա­ռաջ ու վերջ, Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թիւ­նը մեր երկ­րորդ ըն­տա­նիքն է: ­­Մենք մեր ըն­տա­նի­քէն զատ, կը պատ­կա­նինք նաեւ այս երկ­րոր­դին՝ գա­ղա­փա­րա­կան ըն­տա­նի­քին, ըն­կեր­նե­րո՛ւ ըն­տա­նի­քին:
­­Բա­րի ե­կած էք մեր այս երկ­րորդ ըն­տա­նի­քի՛ 70րդ ­տա­րե­դար­ձի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան:

https://ayf.gr/ayfgreece-70th-anniversary/