Ամերիկահայ 7ամեայ Արէն Էմրիկեան, որ Շիքակոյէն է, դարձած է ճատրակի աշխարհի ախոյեան՝ մինչեւ 8 տարեկան երեխաներու տարիքային խումբին մէջ: 7ամեայ Արէնը Սեպտեմբեր 1ը դիմաւորեց որպէս աշխարհի ախոյեան: Էմրիկեան 11 խաղի մասնակցած է եւ կրցած է բոլորէն շատ միաւորներ հաւաքել աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցած է Պրազիլի մէջ: Արէն սկսած է ճատրակ խաղալ իր մայրիկին շնորհիւ, որ նկատած է, թէ երեխան հակում ունի այդ մարզաձեւին հանդէպ: «Ես ամէն օր 1,5 ժամ փորձ կ՛ընէի: Մայրիկս արդէն միշտ կը պարտուի ինծմէ, իսկ հայրիկիս հետ խաղալը աւելի հետաքրքրական է:»,- ըսած է Արէն ամերիկեան թերթին մը:
7ամեայ Արէն Էմրիկեան` ճատրակի աշխարհի ախոյեան
7ամեայ Արէն Էմրիկեան` ճատրակի աշխարհի ախոյեան