Նոյեմբեր 12ին Թորոնթոյի մէջ կայացած «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթին, աւելի քան 400 գանատահայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ հանգանակեցին 530 հազար ամ. տոլար։ Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ աճուրդ, ուր Ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի շապիկը վաճառուեցաւ 20 հազար ամ. տոլարի։ Հանդիսութիւնը նուիրուած էր Գանատայի 150ամեակին եւ Թորոնթոյի «Հայաստան» Հիմնադրամի 25ամեակին. ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան, որ յատկապէս շեշտեց Հիմնադրամի դերը՝ անկախ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ծիրէն ներս։
Թորոնթոյի «Հայաստան» Հիմնադրամի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Թորոնթոյի կողմէ իրականացուած վերջին 12 ծրագիրները՝ նշելով, որ 25 տարիներու ընթացքին ընդհանուր 72 ծրագիր կեանքի կոչուած է Թորոնթոյի հայերու հանգանակութիւններով։ Վերջին նախաձեռնութիւներն են՝ Ուխտասար գիւղի դպրոցին կառուցումը, շտապ օգնութեան մեքենայի նուիրաբերումը, Դադիվանք համայնքին ջրամատակարարման ապահովումը, բնակարաններու կառուցում՝ Ուխտաձորի, Կուսապատի եւ Լուսաձորի մէջ, արտաքնոցներու կառուցում Շուշիի, Ամարասի եւ Դադիվանքի վանական համալիրներուն կից, բացօթեայ մարզահրապարակի կառուցում՝ Նալբանդեան համայնքի դպրոցին համար, որ վերանորոգուած եւ մասնակիօրէն վերակառուցուած է Թորոնթոյէն հայ բարերարներ Պերճուհի եւ Արմէն Նալպանտեաններու հովանաւորութեամբ 2016 թուականին։
530 հազար տոլար «Հայաստան» Հիմնադրամին
Թորոնթոյի հայերը 530 հազար տոլար հանգանակեցին «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին