­Կի­րա­կի, ­Մարտ 12ին, Հ.Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան նո­րա­գիր­նե­րու երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թեան ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի մա­հո­ւան 40ա­մեա­կը, ­Պուրճ ­Հա­մու­տի Ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ գտնո­ւող եւ վեր­ջի­նիս ա­ճիւն­նե­րը պա­րու­նա­կող Հ.Յ.Դ. ­Պան­թէո­նին առ­ջեւ: Հ.Յ.Դ. «­Զա­ւա­րեան» ու­սա­նո­ղա­կան միու­թե­նէն եւ Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թե­նէն 52 նո­րա­գիր­ներ ան­ցան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը՝ եր­դո­ւե­լով շա­րու­նա­կել պայ­քա­րը հա­յու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար: Օ­րո­ւան կնքա­հայ­րը՝ պատ­մա­բան Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեան, իր ու­րա­խու­թիւ­նը եւ յուզ­մուն­քը յայտ­նեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րու նոր փա­ղան­գի մը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րուն ան­դա­մակ­ցու­թեան հա­մար: Ան ը­սաւ, որ ե­թէ Հ.Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն 127 տա­րի ետք ե­րի­տա­սարդ կը մնայ ու կը գո­յա­տե­ւէ, ա­պա այս ե­րե­ւոյ­թը կը պար­տինք այն ի­րո­ղու­թեան, որ ե­րի­տա­սար­դու­թեան յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­ներ ան­դա­մակ­ցած են կու­սակ­ցու­թեան եւ վե­րա­նո­րո­գած ա­նոր պայ­քա­րը: Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեան ընդգ­ծեց, որ այդ պայ­քա­րը տա­կա­ւին չէ ա­ւար­տած, եւ հա­յու­թեան իղ­ձե­րը կը մնան ան­կա­տար: Ան շեշ­տեց, որ, դժբախ­տա­բար, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը վերջ չտո­ւին հա­յու­թեան ցա­ւե­րուն. հա­յու­թիւ­նը, որ պէտք էր հա­մախմ­բո­ւէր իր հայ­րե­նի­քին մէջ, տա­կա­ւին կը մնայ տարտղ­նո­ւած, իսկ ար­տա­գաղ­թի պատ­ճա­ռով ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի, եր­կի­րը կը պար­պո­ւի իր բնակ­չու­թե­նէն: Այս բո­լո­րը հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան կը վե­րա­ծեն ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հաս­տա­տու­մը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:
­Պե­տա­կան եւ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ, հրա­պա­րա­կա­խօս, գրող եւ մտա­ւո­րա­կան ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի մա­հո­ւան 40ա­մեա­կին ա­ռի­թով, դաշ­նակ­ցա­կան նո­րա­գիր­նե­րու այս սե­րուն­դը կո­չո­ւե­ցաւ «­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի սե­րունդ»: