50 տարի առաջ, 1967ի Նոյեմբեր 29ին, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին հանդիսաւոր արարողութեամբ բացուեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշահամալիրը: Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը կը համարուի գլխաւորը ու ամենատպաւորիչը՝ բազմաթիւ այլ համանման յուշարձաններու շարքին: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը հայ ազգին միաւորող եզակի յուշարձան է:
Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պաշտօնական էջէն կը տեղեկանանք, որ առաջին անգամ Խորհրդային Հայաստանի մէջ պարտադրուած երկարատեւ լռութենէ ետք՝ պետական մակարդակով ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը ոգեկոչուեցաւ 1965ին` Մեծ Եղեռնի 50րդ տարելիցին:
Ոգեկոչման ձեռնարկներու եւ յուշահամալիրի կառուցման գլխաւոր նախաձեռնողներէն էր Հ.Կ.Կ. Կենտկոմի առաջին քարտուղար Եաքով Զարոբեան (1908-1980): Դառնալով Հ.Կ.Կ. Կենտկոմի առաջին քարտուղար (1960թ.)` հայրենասէր պետական գործիչը ոչ միայն տնտեսական բարձր ցուցանիշներ կ՛ապահովէ, այլեւ կուսակցական գաղափարաքաղաքական շղթաները զանց առնելով՝ կը սկսի իր ժամանակին համար անհնարին թուացող համազգային ծրագիրներու իրագործումը.- Սփիւռքի հետ կապերու ամրագրում, Մեծ Եղեռնի 50րդ տարելիցի ձեռնարկներու կազմակերպում, Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշահամալիրի կառուցում եւ այն:
Դեռ 1964ին ան հանդիպումներ եւ քննարկումներ ունեցած է Խ.Ս.Հ.Մ. բարձրաստիճան պաշտօնատարներու` հայատեաց Մ. Սուսլովի, Ա. Գրոմիկոյի, Ն. Պոտգորնիի, նաեւ Ն. Խրուշչովի, Լ. Բրեժնեւի հետ` փորձելով անոնցմէ անձամբ ստանալ իր ծրագիրներու իրագործման թոյլտուութիւնը:
1964ի Դեկտեմբեր 13ին Եա. Զարոբեան Խ.Մ.Կ.Կ. Կենտկոմին ուղարկած «1915 թուականին հայերու զանգուածային բնաջնջման 50ամեակի հետ կապուած ձեռնարկներու մասին» նամակին մէջ կը նշէ, որ հայերու զանգուածային կոտորածը, տեղահանութիւնը «Թուրքիոյ կառավարող յանձնախումբին կողմէ լայնածաւալ ցեղասպանութեան մարդատեաց քաղաքականութեան իրականացումն էին»: Գիտակցելով Խ.Ս.Հ.Մ. բարի-դրացիական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ` Եա. Զարոբեան կը ձեւափոխէ յուշամալիրի անուանումը, զայն ներկայացնելով Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին մէջ զոհուած հայ նահատակներուն նուիրուած կոթող (այդ կերպով դիւրացնելով Մոսկուայի` յուշահամալիրի կառուցման համար տրուող թոյլտուութիւնը): Մինչդեռ 1965ի Մարտ 16ի Հ.Խ.Ս.Հ. նախարարներու խորհուրդի կարգադրութեան մէջ յուշարձանը կը կոչուի «1915 թուականի Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող կոթող»:
1966ի Փետրուար 5ին Զարոբեան արձակուեցաւ Հ.Կ.Կ. Կենտկոմի առաջին քարտուղարի պաշտօնէն` այլ աշխատանքի անցնելու կապակցութեամբ: Եա. Զարոբեանի կողմէ իրականացուած համահայկական ձեռնարկները մեծապէս խթանած են այլոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործառոյթին ծաւալման:
Հիմք ընդունելով 1965ի Մարտ 16ի Հ.Խ.Ս.Հ. նախարարներու խորհուրդի կարգադրութիւնը` թերթերու մէջ հրապարակուեցան Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող կոթողի կառուցման հանրապետական մրցոյթի ծրագիրն ու պայմանները: Յուշարձանը պէտք է ոգեկոչէր Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ միեւնոյն ժամանակ խորհրդանշէր հայ ժողովուրդին վերածնունդը, անոր ներկան եւ պայծառ ապագան. սա մրցոյթի գլխաւոր պահանջն էր:
Մրցոյթին ներկայացուած է 78 նախագիծ: 12 հոգիէ բաղկացած հեղինակաւոր յանձնաժողովը (նախագահ` Գ. Աղաբաբեան) ընտրած է «Հ.Խ.Ս.Հ. դրօշ» ծածկապատկերով նախագիծը (ճարտարապետներ` Ա. Թարխանեան, Ս. Քալաշեան): Յուշարձանի շինարարութեան համար յատկացուած է 776.800 ռուբլի, իսկ կապալառու կազմակեպութիւն ընտրուած է «Երքիմշին թրեսթ»ը (կառավարիչ` Պետրոս Թումանեան, շինարարութեան վարչութեան պետ՝ Արշաւիր Մինասեան, տեղամասի պետ՝ Արտիւշա Օրդուխանեան):
Ճարտարապետներուն կողմէ ընտրուած է յուշարձանի կառուցման եռատարր յօրինուածքի սկզբունքը, որուն համաձայն` դէպի յաւերժութեան կրակը խոնարհուած 12 պազալթէ սրբատաշ մոյթերը, կազմելով կոնաձեւ բաց ծաւալով կառոյց, կը խորհրդանշեն Մեծ Եղեռնի զոհերու դամբարանը: Դէպի երկինք խոյացող յուշասիւնը` հայ ժողովուրդի վերածնունդի խորհրդանիշն է: Կառոյցն կ՛ամբողջացնէ յուշապատը, որու հակառակ կողմը 1996 թուականէն ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ բողոքի ձայն բարձրացուցած հասարակական-քաղաքական գործիչներու եւ մտաւորականներու շիրիմներէն բերուած հողով սափորները: Յուշապատի վրայ 2002ին փորագրուած են Օսմանեան Կայսրութեան հայաբնակ մեծ բնակավայրներու անունները:
Ըստ աղբիւրին՝ շատ հայորդիներ, ցանկանալով անմասն չմնալ, հանրապետութեան տարբեր գիւղերէն ու քաղաքներէն հանրակառքներով Շաբաթ, Կիրակի օրերուն կու գային շինարարութեան հրապարակ եւ իրենց անհատոյց օգնութիւնը կ՛առաջարկէին շինարարներուն:
Ի սկզբանէ, յուշարձանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը ծրագրուած էր 1967ի Ապրիլ 24ին, սակայն տեղափոխուեցաւ Հայաստանի խորհրդայնացման համար պաշտօնապէս ճշդուած օրը` Նոյեմբեր 29ին: Բացումը, որուն ներկայ էին հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, մտաւորականներ, հեռարձակուած է հանրապետական ձայնասփիւռով եւ հեռատեսիլով:
1968ին յուշարձանը ներկայացուեցաւ երիտասարդ ճարտարապետներու համամիութենական ամենամեայ ստուգատեսին եւ արժանացաւ առաջին կարգի վկայականի:
yerakouyn.com