Ար­ցա­խի` ներ­կա­յիս Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բռնագ­րա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րուն մէջ, մաս­նա­ւո­րա­բար ­Վա­րան­դա (­Ֆի­զու­լի) եւ ­Շու­շի քա­ղաք­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած դի­ւա­նա­գի­տա­կան անձ­նա­կազ­մի եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շուրջ 50 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը: Ատր­պէյ­ճա­նի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը մի­տում ու­նէր մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին առ­ջեւ օ­րի­նա­կա­նաց­նե­լու Ար­ցա­խի վրայ ներ­խու­ժու­մը եւ հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րու բռնագրա­ւու­մը։ Այ­ցե­լող­նե­րու շար­քին էր նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան դի­ւա­նա­գէտ մը (ըստ կարգ մը աղ­բիւր­նե­րու՝ նոյ­նինքն յոյն դես­պա­ն Փիփերիկոս), ի­րո­ղու­թիւն մը, որ դժգո­հու­թիւն պատ­ճա­ռեց յու­նա­կան մա­մու­լին մէջ։ Ար­դէն իսկ, յու­նա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ դա­տա­պար­տած են յոյ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­կա­կան հո­ղե­րուն վրայ, զու­գա­հեռ բաղ­դա­տա­կան ը­նե­լով ­Կիպ­րո­սի գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րուն հետ։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան «­Մին­վալ» կայ­քը հա­ղոր­դեց, որ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նախ ծա­նօ­թա­ցան ­Վա­րան­դա­յի մէջ կա­ռու­ցո­ւող մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յա­նին, ա­պա այ­ցե­լե­ցին ­Վա­րան­դա­յի են­թա­կա­յա­նը:
­Վա­րան­դա­յէն ետք դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը մեկ­նե­ցան ­Շու­շի: Ա­նոնք ծա­նօ­թա­ցան քա­ղա­քի տար­բեր պատ­մամ­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րուն:
Ն­շենք, որ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բի ան­դամ եր­կիր­նե­րու՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու, ­Ռու­սիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մեր­ժե­ցին մաս կազ­մել այ­ցե­լու­թեան։ ­Մեր­ժող­նե­րու շար­քին էր նաեւ ­Կիպ­րո­սը։