104 տա­րի ա­ռաջ, 5 ­Նո­յեմ­բե­րի այս օ­րը, Ֆ­րան­սա եւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա պաշ­տօ­նա­պէս պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րե­ցին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դէմ, ո­րուն իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­դէն նե­տո­ւած էր Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տին ո­լո­րապ­տոյ­տին մէջ՝ ­Գեր­մա­նիոյ եւ ա­նոր զի­նա­կից ­Կեդ­րո­նի Ու­ժե­րու կող­քին դիրք բռնե­լով։
Ատ­կէ ե­րեք օր ա­ռաջ՝ 2 ­Նո­յեմ­բեր 1914ին, Ֆ­րան­սա­յի եւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ հետ զի­նակ­ցա­բար՝ ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րուն եր­րորդ գլխա­ւոր ոյ­ժը՝ ­Ռու­սաս­տա­նը ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած էր ­Թուր­քիոյ դէմ, ո­րուն իթ­թի­հա­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը 28 ­Հոկ­տեմ­բե­րին պաշ­տօ­նա­պէս պա­տե­րազ­մի փող հնչե­ցու­ցած էր ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան դէմ։
Շղ­թա­յա­կապ ի­րա­րու հե­տե­ւած պա­տե­րազ­մի պաշ­տօ­նա­կան այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, երբ խնդրոյ ա­ռար­կայ պե­տու­թիւն­նե­րը ի­րո­ղա­պէս պա­տե­րազ­մի մէջ էին ար­դէն ի­րա­րու դէմ, բա­րա­ցու­ցա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկման ու ծա­ւալ­ման ըն­թաց­քը բա­ցատ­րե­լու ի­մաս­տով։
Աշ­խար­հա­մար­տը կան­խած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ա­ւե­լի քան ե­րեք տաս­նա­մեակ, ա­նընդ­հատ սրեց հա­կա­սու­թիւն­նե­րը ­Հին Աշ­խար­հին ճա­կա­տա­գի­րը ըստ կամս տնօ­րի­նող մեծ տէ­րու­թեանց մի­ջեւ։ ­Պար­բե­րա­բար բռնկե­ցան տե­ղա­կան բնոյ­թի պա­տե­րազմ­ներ, ո­րոնք վէ­ճե­րը հար­թե­լու փո­խա­րէն՝ ան­լոյծ մնա­ցած հար­ցե­րու գոր­դեան հան­գոյց մը ա­ռա­ջա­ցու­ցին՝ ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան խա­րոյ­կը վա­ռե­լով ­Ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւել­քէն մին­չեւ ­Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէ, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն մին­չեւ ­Պալ­քան­ներ։
­Յատ­կա­պէս ­Պալ­քան­նե­րը վե­րա­ծուե­ցան պայ­թե­լու պատ­րաստ վա­ռօ­դի տա­կա­ռի մը, ո­րով­հե­տեւ 1913ի ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մը ծան­րա­գոյն հա­րուած հաս­ցուց Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րէն եր­կու միա­պե­տու­թեանց՝ Աւստ­րօ­հուն­գար եւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեանց։
­Նոյն ­Պալ­քան­նե­րէն ալ բռնկե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը 28 ­Յու­նիս 1914ին, երբ սերպ ազ­գայ­նա­կան յե­ղա­փո­խա­կան մը ա­հա­բե­կեց Աւստ­րօ­հուն­գար ­Կայս­րու­թեան գա­հա­ժա­ռանգ ­Ֆեր­տի­նանտ իշ­խա­նը։ ­Գա­հա­ժա­ռան­գի ա­հա­բե­կու­մին ան­մի­ջա­պէս հե­տե­ւե­ցան պա­րա­գա­յա­կան ռազ­մա­կան ընդ­հա­րում­ներ, ո­րոնք ախ­տան­շանն էին տաս­նա­մեակ­նե­րով կու­տա­կո­ւած ­Հին Աշ­խար­հի հա­կա­սու­թիւն­նե­րը՝ գաղ­թա­տի­րա­կան մրցա­պայ­քար­նե­րը զի­նու զօ­րու­թեամբ լու­ծե­լու մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու հի­ւան­դա­գին հա­կա­մար­տու­թեան։ ­Հա­կա­դիր ճամ­բար­նե­րու՝ ­Կեդ­րո­նի եւ ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու վե­րա­ծո­ւած Եւ­րո­պա­կան վեց մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ սկսած ի­րո­ղա­կան պա­տե­րազ­մը շու­տով եւ պաշ­տօ­նա­պէս ա­րիւ­նոտ ու աշ­խար­հա­ծա­ւալ իր մսա­ղա­ցին մէջ ա­ռաւ ա­տե­նի 52 պե­տու­թիւն­նե­րէն 35ը, ա­ւե­լի քան 70 մի­լիոն զի­նո­ւոր հա­շո­ւող բա­նակ­ներ ի­րա­րու դէմ կռո­ւի դաշտ նե­տե­լով եւ 15 մի­լիոն զոհ խլե­լով։
­Հայ մար­դուն յատ­կա­պէս կը յու­զէ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ող­բեր­գա­կան ըն­թաց­քը այս­պէս կո­չո­ւած Ա­րե­ւե­լեան ­Ճա­կա­տին վրայ, ուր իթ­թի­հա­տա­կան ե­ռա­պե­տու­թիւ­նը (Էն­վեր, ­Թա­լէաթ եւ ­Ճե­մալ) 2 Օ­գոս­տոս 1914ին ­Գեր­մա­նիոյ հետ ստո­րագ­րեց զի­նակ­ցու­թեան գաղտ­նի հա­մա­ձայ­նա­գիր մը եւ գործ­նա­պէս միա­ցաւ Աշ­խար­հա­մար­տին, ա­ռանց որ պաշ­տօ­նա­պէս պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րէ ­Դաշ­նա­կից­նե­րուն դէմ։
­Թէեւ 104 եր­կար տա­րի­ներ ան­ցած են այդ ժա­մա­նակ­նե­րէն աս­դին, այ­դու­հան­դերձ՝ ինչ­պէս թրքա­կան պե­տու­թեան, նոյն­պէս եւ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն դրսե­ւո­րած այդ ժա­մա­նա­կաշրջա­նի շա­հա­մոլ ու անսկզ­բունք քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծը կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ այ­սօր։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին, յատ­կա­պէս թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ա­ռու­մով, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի պատ­մու­թիւ­նը խո­րա­պէս ու­սա­նե­լի, այ­լեւ այժ­մէա­կան ու դա­ժան դա­սե­րու ամ­բողջ շարք մը ար­ձա­նագ­րած է թէ՛ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, թէ՛ ա­նոր հե­տե­ւած ան­մի­ջա­կան կամ ա­պա­գայ հանգ­րո­ւան­նե­րուն, թրքա­կան պե­տու­թեան որ­դեգ­րած կողմ­նո­րո­շում­նե­րուն ու ան­պա­տիժ գոր­ծած ո­ճիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։
­Պատ­մա­կան այդ դա­սե­րու շար­քին յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին նկատ­մամբ, նաե՛ւ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հին ցու­ցա­բե­րած եր­կու չափ եւ եր­կու կշռի պա­տե­հա­պաշտ վար­քագ­ծին ախ­տա­ճա­նա­չու­մը։
­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ սկսած, հա­յոց հայ­րե­նի­քի ա­ւե­լի քան եր­կու եր­րոր­դին բռնագ­րա­ւու­մով շա­րու­նա­կո­ւած եւ նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մով ու խորհր­դայ­նա­ցու­մով ա­ւար­տած պատ­մա­կան այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը բա­ւա­րար լոյս կը սփռէ նաեւ մեր ներ­կա­յին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հա­յոց հայ­րե­նի­քին դի­մագ­րա­ւած այ­սօ­րո­ւան վտանգ­նե­րուն վրայ։
Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը ոչ միայն կը շա­րու­նա­կէ շրջա­փակ­ման մէջ պա­հել վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, Ար­ցա­խի լիի­րաւ ա­զա­տագ­րու­մը խա­փա­նել փոր­ձե­լով եւ հայ­րե­նի հա­յու­թեան լիար­ժէք զար­գաց­ման թա­փը ար­գե­լա­կել ջա­նա­լով, այ­լեւ՝ ­Հա­յաս­պա­նու­թեան մեր­կա­պա­րա­նոց ու­րա­ցու­մին ծա­ռա­յեց­նե­լով շրջա­նա­յին հզօր ու­ժի իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, կ­’աշ­խա­տի ա­պա­հո­վել մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ծա­ծուկ կամ բա­ցա­յայտ մեղ­սակ­ցու­թիւ­նը ի սպաս հա­կա­հայ իր շա­րու­նա­կո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։
­Պատ­մու­թեան ար­ձա­նագ­րած դա­սե­րուն շար­քին այ­սօր ար­դէն գաղտ­նիք չէ, որ 1913ի ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մին ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թիւն կրած եւ ­Պալ­քան­նե­րէն վերջ­նա­կա­նա­պէս դուրս մղո­ւած Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը 1914ին կը գտնո­ւէր կե­նաց-մա­հու ինք­նա­պահ­պան­ման կռիւ մղող «հի­ւանդ» կայ­սե­րա­պե­տու­թեան մը օր­հա­սա­կան կա­ցու­թեան մէջ։ ­Կը դի­մագ­րա­ւէր ամ­բող­ջա­կան կազ­մա­լուծ­ման ու քայ­քայ­ման ստոյգ վտան­գը։ Առ այդ ա­մէն մի­ջո­ցի կը դի­մէր՝ գո­նէ ներք­նա­պէս ինք­զինք ա­մուր պա­հե­լու հա­մար։
Այդ­պէ՛ս, կայ­սե­րա­պե­տա­կան սնա­փա­ռու­թեամբ եւ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեամբ վա­րա­կո­ւած թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, ծան­րօ­րէն խո­ցո­ւած կա­տա­ղի գա­զա­նի մը նման, իր ներ­քին ամ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու կո­չո­ւած ռազ­մա­վա­րա­կան ե­րաշ­խիք մը նկա­տեց ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րու եւ ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան ֆի­զի­քա­կան բնաջն­ջու­մը։ Այդ­պէս ալ ե­ղաւ։ Ա­րե­ւել­քէն ու ­Հա­րա­ւէն յա­ռա­ջա­ցող ­Դաշ­նա­կից­նե­րու՝ ֆրան­սա­կան, բրի­տա­նա­կան եւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու դէմ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պատ­րո­ւա­կե­լով, իթ­թի­հա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ հա­յե­րու տե­ղա­հա­նու­թեան՝ զայն նկա­տե­լով «յար­մա­րա­գոյն ե­ղա­նակ»ը հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման թրքա­կան՝ հա­մի­տեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն ե­կող պե­տա­կան մեծ ո­ճի­րի ծրա­գի­րը գոր­ծադ­րե­լու հա­մար։
Թր­քա­կան պե­տու­թեան ձեռ­նար­կած ցե­ղաս­պա­նա­կան քայ­լին ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նէր մե­ծա­պե­տա­կան Եւ­րո­պան։ ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­ներն ու 1909ի ­Կի­լի­կեան Ա­ղէ­տը բա­ւա­րար էին՝ քա­ղա­քա­կա­նա­պէս մա­նուկն ան­գամ մղե­լու այն սթափ գնա­հա­տան­քին, որ 1913ի ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մէն ետք ներ­կա­յա­ցող հա­մաշ­խար­հա­յին ցնցու­մի ա­ռա­ջին ա­ռիթն իսկ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը պի­տի ծա­ռա­յեց­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դէն ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջո­ցաւ «ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու» իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան։
Ե­թէ ­Գեր­մա­նիան մեծ զի­նա­կիցն էր ­Թուր­քիոյ եւ պատ­ճառ ու­նէր չխան­գա­րե­լու թրքա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը, ­Դաշ­նա­կից­ներ ­Ռու­սաս­տա­նը, Ֆ­րան­սան եւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիան, ­Նո­յեմ­բեր 1914ի այս օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րե­լով Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դէմ, ո­րե­ւէ պատ­ճառ չու­նէին ան­տար­բե­րու­թեամբ նա­յե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւող ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ա­մէն պատ­ճառ ու­նէին թումբ կանգ­նե­լու թրքա­կան Ո­ճի­րին։
­Բայց պատ­մու­թիւ­նը ե­կաւ ար­ձա­նագ­րե­լու, որ թէ՛ Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, թէ՛ այ­նու­հե­տեւ՝ պա­տե­րազ­մա­կան ա­ւա­րը ի­րենց մի­ջեւ բաժ­նո­ւե­լու ժա­մա­նակ, մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րը միայն խօս­քով զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­գոյն պա­հան­ջա­տի­րու­թեան։
Ա­ւե­լի՛ն. ­Դաշ­նա­կից­նե­րը դա­ւա­դիր մեղ­սա­կից­նե­րը դար­ձան ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ ստեղծ­ման ու հզօ­րաց­ման, նախ՝ ոտ­նա­կո­խե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­ւունք­նե­րը, ա­պա՝ մին­չեւ մեր օ­րե­րը ան­պա­տիժ ձգե­լով ­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցումն ու ­Հա­յաս­տա­նը ա­մէն գնով խեղ­դա­մահ դարձ­նե­լու թրքա­կան քայ­լե­րը։
5 ­Նո­յեմ­բեր 1914ի պատ­մա­կան այս դա­սե­րը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով՝ հայ մար­դը այ­սօր ա­մէն հիմք, պատ­ճառ եւ ի­րա­ւունք ու­նի վե­րա­պա­հու­թեամբ ու ծա­ռա­ցու­մով դի­մա­ւո­րե­լու թրքա­կան պե­տու­թեան եւ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հին կող­մէ ի­րեն հրամ­ցո­ւող ա­րիւ­նա­լի ան­ցեա­լը մոռ­նա­լու եւ բա­րի-դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց նոր էջ բա­նա­լու յոր­դոր­նե­րը, յատ­կա­պէս հա­յեւ­թուրք մեր­ձեց­ման ու հաշ­տեց­ման գով­քը հիւ­սող մե­ծա­պե­տա­կան սին քա­րոզ­նե­րը…
­Մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի քա­րո­զած ա­զատ ու կա­յուն, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ խա­ղաղ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար իսկ, ա­ռաջ­նա­հեր­թա­բար թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան պէտք է կան­չո­ւի իր գոր­ծած ո­ճիր­նե­րուն հա­մար եւ դրո­ւի ան­խու­սա­փե­լի քա­ղա­քա­կան հա­տու­ցու­մը կա­տա­րե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ։
Ի վեր­ջոյ յատ­կա­պէս մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը չի կրնար ան­տե­սել, որ այս օ­րե­րուն սու­րիա­կան տագ­նա­պին մէջ իր գոր­ծած ոտնձ­գու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ ամ­բողջ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի տա­րած­քին իր հրահ­րած ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րով՝ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը փաս­տօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւիլ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ներ­քին մրցա­պայ­քար­նե­րէն, որ­պէս­զի յա­գուրդ տայ օս­մա­նեան դա­րաշր­ջա­նի մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժի իր դիր­քե­րը հնա­րա­ւո­րինս վե­րա­կանգ­նե­լու… ա­խոր­ժակ­նե­րուն։
104 տա­րի ա­ռաջ, ­Նո­յեմ­բեր 5ին թրքա­կան պե­տու­թեան դէմ պաշ­տօ­նա­պէս պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րե­լով, հին աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րը միայն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան «ա­ւար»ը ի­րենց մի­ջեւ բաժ­նե­լու պա­տե­հա­պաշ­տու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան։ ­Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ ա­ռա­ջին հեր­թին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւած մեծ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ ­Հա­յաս­տա­նի եր­կու եր­րոր­դին բռնագ­րա­ւու­մով ու յա­րու­թիւն ա­ռած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մով։ ­Նաեւ՝ յոյն, քիւրտ, ա­սո­րի եւ ա­րաբ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րենց ա­րիւ­նէն ու հո­ղե­րէն ծան­րա­գոյն գին վճա­րե­ցին մե­ծա­պե­տա­կան այդ հա­շո­ւե­յար­դա­րին։
Ամ­բողջ դար մը լռու­թեան եւ ու­րաց­ման վա­րա­գոյր քա­շո­ւե­ցաւ այդ բո­լո­րին վրայ։
­Բայց ո­չինչ մոռ­ցո­ւե­ցաւ։
Ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը շա­րու­նա­կեց մնալ պայ­թե­լու միշտ պատ­րաստ վա­ռօ­դի տա­կա­ռի վի­ճա­կին մէջ…
Այ­սօ­րո­ւան պայ­թում­նե­րը թէեւ մաս­նա­կի կը թո­ւին ըլ­լալ, այ­դու­հան­դերձ՝ ի վեր­ջոյ կրնան յան­գիլ ամ­բող­ջա­կան պայ­թու­մի, ե­թէ 21րդ ­դա­րուն ալ քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի չըլ­լայ, ար­դար Օ­րէն­քի եւ Ի­րա­ւուն­քի մի­ջո­ցաւ, սանձ դնե­լու մե­ծա­պե­տա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան՝ յատ­կա­պէ՛ս թրքա­կան պե­տու­թեան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան, ո­րուն ձեռ­քե­րը ոչ միայն կը շա­րու­նա­կեն ա­րիւ­նոտ մնալ, այ­լեւ՝ նո­րո­վի ա­րեան մէջ խեղ­դել փոք­րե­րուն եւ տկար­նե­րուն ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րը…