Ինչ­պէս տար­բեր ազ­գե­րու մօտ, այն­պէս եւ հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին, ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժում­նե­րու պատ­մու­թեան հե­րո­սա­կան փա­ռա­հեղ ոս­կե­մա­տեա­նը ու­նի նաեւ դառն ու տխուր՝ սեւ ու մուր է­ջեր, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին նոյ­նինքն ա­զա­տու­թեան մար­տիկ­նե­րու շար­քին յայտ­նո­ւած կեղծ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն՝ մատ­նիչ­նե­րու եւ դա­ւա­ճան­նե­րու ազ­գա­կոր­ծան ա­նարգ գոր­ծու­նէու­թեան։
Հ.Յ.Դ. քա­լեր­գը «ներ­քին ցե­ցեր», իսկ ­Ռոս­տոմ «վնա­սա­կար տար­րեր» կո­չած են ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի ճակ­տին ա­մօ­թի խա­րան հան­դի­սա­ցող այ­դօ­րի­նակ մատ­նիչ­ներն ու դա­ւա­ճան­նե­րը։
­Վա­նի մէջ 5 ­Փետ­րո­ւար 1908ին դա­ւա­ճան ­Դա­ւո­յի կա­տա­րած մատ­նու­թիւ­նը ծան­րա­գոյն­նե­րէն մէկն է այդ սեւ է­ջե­րուն։ ­Դա­ւո­յի մատ­նու­թեան հե­տե­ւան­քով թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը գրա­ւե­ցին ­Վա­նի հա­յու­թեան հա­մար ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ամ­բա­րած ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռո­ւի զի­նա­պա­հեստ­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը։ Այդ զէն­քե­րու եւ զի­նամ­թեր­քի ձեռք­բեր­ման, պա­հես­տա­ւոր­ման եւ դէ­պի ­Սա­սուն տե­ղա­փո­խու­թեան հա­մար ծով զո­հա­բե­րու­թիւն կա­տա­րած էին հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը։
­Դեռ 1890ին գրո­ւած իր «Ա­րիւ­նոտ Թթխ­մոր» պատ­մո­ւած­քով՝ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան ա­հա­զան­գը հնչե­ցու­ցած էր յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը ներք­նա­պէս կրծող եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին աչ­քին յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը վար­կա­բե­կող մատ­նիչ­նե­րու եւ դա­ւա­ճան­նե­րու վտան­գին դէմ։
Իսկ ուղ­ղա­կի ­Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նու­թեան սեւ դրո­ւա­գին ­Մալ­խաս ամ­բողջ բա­ժին մը յատ­կա­ցու­ցած է իր «­Զար­թօնք» ա­նու­նով յու­շագ­րա­կան վէ­պի է­ջե­րուն՝ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լով ե՛ւ ­Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նու­թեան ա­մօ­թա­լի խոր­հուր­դը, ե՛ւ 16ա­մեայ պա­տա­նի ­Տա­ճատ ­Թեր­լե­մէ­զեա­նի ձե­ռամբ դա­ւա­ճա­նի ա­հա­բե­կու­մին ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան, այ­լեւ գա­ղա­փա­րա­կան-բա­րո­յա­կան մշտա­նո­րոգ պատ­գա­մը։
Դ­հեր­ցի ­Դա­ւոն (­Դա­ւիթ) ­Վա­նի դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նեայ ան­դամ­նե­րէն էր. ­Կոմ­սի (բժիշկ ­Վա­հան ­Փա­փա­զեան) եւ Ա­րա­մի ղե­կա­վա­րու­թեան օ­րօք՝ պա­տաս­խա­նա­տու պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րած յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ էր։ ­Բայց ե­կաւ պահ, երբ ա­րա­տա­ւոր նկա­րագ­րի տէր այս գոր­ծի­չը սայ­թա­քե­ցաւ թէ՛ գա­ղա­փա­րա­կան, թէ՛ բա­րո­յա­կան ի­մաս­տով։
«Իմ ­Յու­շե­րը» ա­նու­նով իր գոր­ծին Ա. հա­տո­րի եզ­րա­փա­կիչ բաժ­նով, ­Կոմս լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձած է ընդ­հան­րա­պէս 1907ի վեր­ջե­րուն եւ 1908ի սկզբնա­ւո­րու­թեան ­Վա­նի եւ շրջա­կայ­քի մէջ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման դի­մագ­րա­ւած թրքա­կան ճնշում­նե­րուն եւ հա­րո­ւած­նե­րուն, ո­րոնց գա­գաթ­նա­կէ­տը հան­դի­սա­ցաւ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այն­քան դժուա­րու­թեամբ ու ա­րեան գնով կու­տա­կո­ւած զէն­քե­րու եւ զի­նամ­թեր­քի պա­հեստ­նե­րը ­Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մատ­նե­լու ­Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նու­թիւ­նը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նա­կան քայ­լին՝ ­Կոմս կը վկա­յէ.-
­Դա­ւօ սայ­թա­քե­ցաւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռու­մով, երբ ­Վա­նի յե­ղա­փո­խա­կան իւ­րա­յա­տուկ մթնո­լոր­տին մէջ ի­րեն վստա­հո­ւած մար­տա­կան «գոր­ծա­կա­տար»ի հան­գա­ման­քը չա­րա­շա­հեց՝ ընդ­հան­րա­պէս ոչ-մար­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հան­դէպ, յատ­կա­պէս «ե­կո­ւոր» ա­րե­ւե­լա­հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն նկատ­մամբ «դրսե­ցիի» եւ «պա­րոն»ի թու­նա­ւոր տրա­մադ­րու­թիւն­ներ սրսկե­լով իր շրջա­պա­տէն ներս։
1905ին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ «­Կով­կա­սեան նա­խա­գիծ»ի որ­դեգ­րու­մը, որ ­Սուլ­թա­նի բռնա­տի­րու­թեան դէմ պայ­քա­րին զու­գա­հեռ կ­’ա­ռա­ջադ­րէր պայ­քար ծա­ւա­լել նաեւ ­Ցա­րի բռնա­պե­տու­թեան հա­կա­հայ վար­քագ­ծին եւ ըն­կե­րա­յին կե­ղե­քում­նե­րուն դէմ, ա­ռա­ջա­ցու­ցած էր բուռն դժգո­հու­թիւն եւ մին­չեւ իսկ ներ­քին պա­ռակ­տու­մի գա­ցող հա­կադ­րու­թիւն՝ խմբա­պետ ­Միհ­րա­նի օ­րի­նա­կով ա­րեւմ­տա­հայ մար­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու մօտ։
­Դա­ւօ ան­շուշտ հա­տե­մա­տու­թեան եզր չու­նէր խմբա­պետ ­Միհ­րա­նի մար­տա­կան վաս­տա­կին ու հռչա­կին հետ, բայց իր չա­փով հե­տե­ւորդ մը դար­ձաւ ­Միհ­րա­նա­կա­նու­թեան… Եւ ինչ­պէս որ ­Միհ­րան ինք յան­գե­ցաւ ցա­րա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեանց ձեռ­քը հա­կա­յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիք դառ­նա­լու ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նին, նոյն­պէս եւ ­Դա­ւօ ին­կաւ ­Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան դա­ւա­ճա­նօ­րէն ծա­ռա­յե­լու տիղ­մին մէջ…
­Դա­ւօ նաեւ բա­րո­յա­կան ա­ռու­մով սայ­թա­քե­ցաւ, երբ ըն­տա­նի­քի հայր ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ դաշ­նակ­ցա­կան պա­տա­նի ըն­կե­րոջ մը ե­րի­տա­սարդ քոյ­րը պղծեց ու յղի ձգեց… ­Տե­ղը չէ ման­րա­մասն անդ­րա­դառ­նա­լու այդ ող­բեր­գու­թեան ծալ­քե­րուն, բայց թէ՛ ­Կոմս, թէ՛ Ա­րամ ի­րենց յու­շե­րուն մէջ կը վկա­յեն, որ իր գոր­ծած պղծու­թեան բա­ցա­յայ­տու­մէն ա­ռաջ իսկ, ­Դա­ւօ ո­րո­շած էր վի­ժու­մի են­թար­կել աղ­ջի­կը, բայց վի­ժու­մի ծախ­սը հո­գա­լու հա­մար Ա­րա­մէն յի­սուն ոս­կիի օ­ժան­դա­կու­թիւն ու­զած էր՝ իբր թէ բան­տը գտնուող իր հօր ա­զատ ար­ձա­կու­մը կա­շառ­քով յա­ջողց­նե­լու հա­մար։ Ա­րամ եւ ­Վա­նի դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար մար­մի­նը դէմ կե­ցած էին կա­շառք տա­լու գա­ղա­փա­րին։ Իսկ երբ կա­տա­րո­ւած պղծու­մը բա­ցա­յայ­տո­ւած էր եւ ­Կոմս իր մօտ կան­չած ու ազ­դա­րա­րած էր ­Դա­ւո­յին, ար­դէն սայ­թա­քու­մի լե­ցո­ւած բա­ժա­կը յոր­դած էր եւ ­Դա­ւօ դի­մած էր ­Վա­նի ոս­տի­կա­նա­պե­տին՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան զի­նա­պա­հեստ­նե­րուն տե­ղը ցոյց տա­լու դա­ւա­ճա­նու­թեամբ, փո­խա­րէ­նը կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ իր ըն­տա­նի­քին հետ ա­պաս­տան գտնե­լու խնդրան­քով։
­Գայ­թակ­ղու­թեան ծալ­քե­րը, դա­ւա­ճա­նու­թեան ծան­րակ­շիռ նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ հա­յոց զի­նա­պա­հեստ­նե­րու առգ­րաւ­ման հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րը լիար­ժէք ըն­կա­լե­լու հա­մար, կ­’ար­ժէ ընդ­հա­նուր պատ­կե­րա­ցում մը փո­խան­ցել այդ ժա­մա­նակ ­Վա­նի մէջ տի­րող մթնո­լոր­տին մա­սին։
­Վա­նի ամ­բողջ շրջա­նը, թէ՛ քա­ղա­քը եւ թէ Այ­գես­տա­նը, 1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, կ­’ապ­րէր գա­ղա­փա­րա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան ե­ռուն ժա­մա­նակ­ներ։
­Յատ­կա­պէս Ա­րա­մի ­Կար­սէն ­Վան գա­լով՝ Ար­մե­նա­կան­նե­րու հետ յե­ղա­փո­խա­կան իր զար­թօն­քը ապ­րած եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ յե­ղա­փո­խա­կան կուռ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ օժ­տո­ւած ­Վա­նը վե­րա­ծուած էր ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի աշ­խոյժ միջ­նա­բեր­դի։ Ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան նպա­տա­կով զէն­քի ա­պա­հո­վու­մը եւ ­Վա­նի մէջ կու­տա­կո­ւած պա­հեստ­նե­րէն դէ­պի Երկ­րի խո­րե­րը զէն­քի փո­խադ­րու­թիւ­նը սուրբ գործ դար­ձած էին ոչ միայն յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն, այ­լեւ՝ նոյ­նինքն ­Վա­նի ողջ հա­յու­թեան հա­մար։ Ս­տեղ­ծո­ւած էր, բնա­կա­նա­բար, յե­ղա­փո­խա­կան անձ­նո­ւի­րու­մի եւ ազ­գա­յին պա­տո­ւախնդ­րու­թեան խորհր­դա­լի մթնո­լորտ, ուր ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր վրայ վեր­ցու­ցած էր թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը՝ հա­յե­րու ա­մէն կար­գի հար­ցե­րուն իւ­րո­վի լու­ծում տա­լով։ ­Կազ­մո­ւած էր դա­տա­կան իւ­րա­յա­տուկ կա­ռոյց մը, որ մին­չեւ հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րը ճիւ­ղա­ւո­րո­ւած էր եւ յարգ ու վարկ վա­յե­լող հա­յե­րէ բաղ­կա­ցած էր։
Այդ կա­ռոյցն էր, որ ըն­տա­նե­կան, տնտե­սա­կան եւ ընդ­հան­րա­պէս կեն­ցա­ղա­յին ա­մէն տե­սակ դժո­ւա­րու­թեանց ար­դա­րա­ցի լու­ծում տա­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ստանձ­նած էր։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Կ.­Կո­մի­տէն մին­չեւ իսկ «Հ­րա­ման» կո­չո­ւած պաշ­տօ­նա­կան ­Յայ­տա­րա­րա­գիր մը ցրո­ւած էր ա­մէ­նու­րեք՝ ար­գի­լե­լով եւ պա­տիժ սահ­մա­նե­լով բա­րո­յա­կան ա­մէն կար­գի սայ­թա­քում­նե­րու, վաշ­խա­ռու­թեան, դրա­մա­շոր­թու­թեան եւ այլ ըն­կե­րա­յին ա­րատ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ։
Ա­հա՛ նման պայ­ման­նե­րու եւ մթնո­լոր­տի մէջ պա­տա­հե­լով՝ ­Դա­ւօ կա՛մ պէտք է ա­մուս­նա­նար յղի մնա­ցած աղջ­կան հետ, կա՛մ պէտք է կրէր «Հ­րա­ման»ով սահ­մա­նո­ւած մա­հա­պա­տի­ժը։
­Դա­ւօ նա­խընտ­րեց դի­մել մատ­նու­թեան եւ դա­ւա­ճա­նու­թեան՝ ­Փետ­րո­ւար 5ին, 1908 թո­ւա­կա­նին։ ­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը «աչ­քի լոյս»ի պէս պահ­պա­նեց ­Դա­ւո­յին, ո­րով­հե­տեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան զի­նա­պա­հեստ­նե­րուն մա­սին ան բա­ւա­կա­նա­չափ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նէր։ ­Դա­ւո­յի մատ­նու­թեամբ՝ հինգ-վեց կա­րե­ւոր զի­նա­պա­հեստ­ներ բռնագ­րա­ւո­ւե­ցան թուրք ոս­տի­կան­նե­րու կող­մէ, ո­րոնց խու­զար­կու­թեան ու բա­ցա­յայտ­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ան­ձամբ կ­’ա­ռաջ­նոր­դէր ինք՝ դա­ւա­ճա­նը։
­Ժո­ղո­վուր­դի աչ­քին ­Դա­ւօ դար­ձաւ մա­հա­պա­տի­ճի ար­ժա­նի «ցեց» մը։ ­Դա­ւո­յի կա­տա­րած մատ­նու­թիւնն ու զի­նա­պա­հեստ­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման դա­ւա­ճա­նու­թիւ­նը բա­րո­յա­կան սայ­թա­քու­մէ մը ան­դին անց­նող՝ ուղ­ղա­կի ազ­գա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան մեր ու­ժը հա­րո­ւա­ծող ան­նե­րե­լի քայլ նկա­տո­ւե­ցան։ ­Թէեւ նոյ­նինքն ժո­ղո­վուր­դի ձեռ­քով զէն­քի պա­հեստ­նե­րը այ­լուր տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան եւ ­Դա­ւո­յի մատ­նու­թիւն­նե­րը այ­լեւս ան­զօր էին նոր պա­հես­տա­նոց­նե­րը յայտ­նա­գոր­ծե­լու, այ­դու­հան­դերձ՝ ար­դէն ա­մէն սահ­ման կտրած-ան­ցած ­Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նու­թեան ա­րա­տը մա­հա­պա­տի­ժով մաք­րե­լու ո­րո­շու­մը տրո­ւած էր ­Վան-­Վաս­պու­րա­կա­նի Հ.Յ.Դ. Կ. ­Կո­մի­տէին կող­մէ։
­Դա­ւո­յի ա­հա­բե­կու­մը յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ 16ա­մեայ ­Տա­ճատ ­Թեր­լե­մե­զեա­նի, որ ա­միս մը ետք՝ ­Մարտ 10ին, յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թեամբ մը, ի կա­տար ա­ծեց ի­րեն վստա­հո­ւած ազ­գա­յին պարտ­քը։
­Կեդ­րո­նա­նա­լով 5 ­Փետ­րո­ւար 1908ին կա­տա­րուած ­Դա­ւո­յի մատ­նու­թեան ու դա­ւա­ճա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ այդ պատ­ճա­ռով հա­յոց զի­նա­պա­հես­տի կո­րուս­տին վրայ, ա­ռա­ջին հեր­թին պէտք է յու­շել մեր սե­րունդ­նե­րուն, որ ազ­գա­յին դա­ւա­ճա­նու­թեան ա­մօ­թա­լի ա­րա­տէն մաք­րո­ւե­լու մէկ ու միակ ու­ղի գո­յու­թիւն ու­նի, որ մատ­նի­չին ու դա­ւա­ճա­նին ա­հա­բեկ­ման ար­դար պա­տիժն է։
­Նաեւ մտա­հան պէտք չէ ը­նել, ­Դա­ւո­յի սայ­թա­քու­մին ա­մօ­թա­լի օ­րի­նա­կը միշտ աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով, թէ դիւ­րին է դաշ­նակ­ցա­կա­նի եր­դում տալն ու դաշ­նակ­ցա­կան ըն­դու­նո­ւի­լը, բայց դժո­ւար է մին­չեւ մահ այդ եր­դու­մին ար­ժա­նի մնալն ու դաշ­նակ­ցա­կա­նօ­րէն ապ­րիլն ու գոր­ծե­լը։