­Վար­չա­պետ Ք. ­Մի­ցո­թա­քիս, Ե­րեք­շաբ­թի օր ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ուղ­ղո­ւած իր ու­ղեր­ձին մէջ յայտ­նեց, որ ­Յու­նաս­տան կա­րո­ղա­ցաւ դի­մագ­րա­ւել Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի վտան­գը նո­ւա­զա­գոյն վնաս­նե­րով եւ այ­լեւս ժա­մա­նա­կը հա­սած է դուրս գա­լու մե­կու­սաց­ման վի­ճա­կէն։
Այս­պէս, 4 ­Մա­յի­սէն սկսեալ, եր­կի­րը աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի սկսի վե­րա­դառ­նալ բնա­կա­նոն կեան­քի պայ­ման­նե­րուն, միշտ պա­հե­լով ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կանո­ննե­րը եւ մար­դոց մի­ջեւ անհ­րա­ժեշտ հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ս­տի­պո­ղա­կան պի­տի ըլ­լայ յա­տուկ դի­մակ­նե­րու եւ ձեռ­նոց­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը՝ յատ­կա­պէս ա­ռեւտ­րա­կան խա­նութ­նե­րուն եւ հան­րա­յին փո­խադ­րա­կան մի­ջոց­նե­րուն մէջ։ Բ­նա­կա­նա­բար, նախ­նա­կան այս շրջա­նին պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի հե­ռա­վար աշ­խա­տան­քի դրու­թիւ­նը ո­րոշ մար­զե­րու հա­մար։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, 4 ­Մա­յի­սին պի­տի վե­րա­բա­ցո­ւին շարք մը ա­ռեւտ­րա­կան խա­նութ­ներ։ ­Յա­ջոր­դա­կան շա­բաթ­նե­րուն, ար­գի­լում­նե­րու աս­տի­ճա­նա­կան մեղ­մա­ցու­մը պի­տի կի­րար­կո­ւի ա­ռեւտ­րա­կան այլ մար­զե­րու վրայ եւս, իսկ ա­ռեւտ­րա­կան մեծ կեդ­րոն­նե­րը (mall) պի­տի վե­րա­բա­ցո­ւին ­Յու­նի­սի սկիզ­բը։ Կր­թու­թեան ո­լոր­տին մա­սին, վար­չա­պե­տը յայտ­նեց, թէ 11 ­Մա­յի­սին պի­տի վերսկ­սի երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու Գ. կար­գը, իսկ 18 ­Մա­յի­սէն սկսեալ, միջ­նա­կարգ եւ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու բո­լոր կար­գե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց դա­սա­րան­նե­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան։ ­Նա­խակր­թա­րա­ննե­րը եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն փակ մնալ մին­չեւ ­Յու­նի­սի սկիզ­բը։
4 ­Մա­յի­սին, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը պի­տի վե­րա­բա­ցո­ւին, սա­կայն միայն ան­հա­տա­կան ա­ղօթ­քի հա­մար, ա­մէն ան­գամ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փա­կե­լով ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը 10 ան­ձե­րով։ 17 ­Մա­յի­սէն սկսեալ, պի­տի կա­տա­րո­ւին նաեւ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, միշտ պա­հե­լով անհ­րա­ժեշտ հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը եւ զգու­շա­ւո­րու­թեան կա­նոն­նե­րը։