Մայիսի առաջին օրերը, 97 տարի առաջ, պատմական բախտորոշ նշանակութեամբ եւ օրհասական վերիվայրումներով յատկանշուող տագնապալի եւ դաժան օրեր եղան Հայաստանէն փրկուած վերջին բեկորին մէջ՝ վճռական անդրադարձ ունենալով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ, մինչեւ մեր օրերը հասնող հոլովոյթին վրայ։
Ողջ աշխարհը այդ օրերուն ցաւատանջ երկունքի մէջ էր։ Առաջին Աշխարհամարտը քանդած էր «հին աշխարհը», իսկ «նոր աշխարհի» ծնունդը տեղի կþունենար սուր ցաւերու եւ աշխարհաքաղաքական գալարումներու պայմաններուն մէջ։ Յաղթական Դաշնակիցները, գաղութատիրական իրենց ախորժակները սրած, պատերազմական աւարը իրենց միջեւ բաժնուելու խօլ մրցապայքարի մէջ էին։ Դաշնակիցներու շարքէն դուրս եկած եւ աշխարհէն մեկուսացած Ռուսաստանը գլխիվայր նետուած էր «պոլշեւիզմ կառուցելու» ոլորապտոյտին մէջ։ Իսկ Աշխարհամարտէն անփառունակ պարտութեամբ դուրս եկած Թուրքիան յուսահատական իր վերջին մաքառումները կ’ընէր՝ փլուզուած Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներուն տակէն թրքական պետութիւնը «փրկելու» մտօք։
Ահա միջազգային այդպիսի՛ պայմաններու մէջ, անկախ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մուսաւաթական պարագլուխները, իրենց ազգակից ու գաղափարակից թուրք ազգայնականներ Մուսաթաֆա Քեմալի եւ Քեազիմ Քարապեքիրի օգնութեամբ եւ խորհուրդներով, 28 Ապրիլ 1920ին որոշեցին ատրպէյճանական դրօշը փոխարինել պոլշեւիկեան Կարմիր Դրօշով եւ, իբրեւ Խորհրդային Ռուսաստանի զինակից, կարմիր համազգեստով կռուի դաշտ նետուեցան Հայաստանի դէմ՝ արեւմուտքէն արշաւող քեմալական զօրքին հետ ձեռք-ձեռքի տուած՝ իրականացնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան կործանման ծրագիրը, Լենին-Քեմալ «հակաեւրոպական զինակցութեան» դաւադիր մեծ սադրանքի ընդհանուր շրջագիծին մէջ…
Եւ այդպէ՛ս, Մայիս 1ի Աշխատաւորական Օրուան տօնախմբութիւնները, 1920ին, Երեւանի մէջ սկսան արտասովոր ծանր մթնոլորտի մէջ։ Խորհրդայնացած Ատրպէյճանի «կարմիր» իշխանութիւնները, Ապրիլ 30ին, վերջնագիր յղած էին վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան՝ պահանջելով, որ հայկական բանակը պարպէ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը կարմիր բանակայիններու մուտքին առջեւ։ Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ կառավարական-պաշտօնական շուքով կատարուող Մայիս Մէկի հանդիսութեանց հետեւող ժողովրդային խուռներամ բազմութիւնը անձկութեամբ կը սպասէր անարգ այդ վերջնագրին վերաբերեալ իր կառավարութեան հատու պատասխանին։ Կասկած չկար, որ հայկական բանակը պէտք չէ լքէր հայրենի հողը, ընդհակառակն՝ պարտաւոր էր ամէն գնով պաշտպանել Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հայութիւնը ատրպէյճանական ներխուժումին դէմ։ Բայց Ատրպէյճանի սպառնալիքը… ազերիական չէր միայն, արդէն Կարմիր Ռուսաստանի անունով կը կատարուէր Հայաստանին ուղղուած վերջնագիրը։
Արտաքին սպառնալիքին վրայ գումարուեցաւ ներքին չարիքը, երբ Երեւան հաւաքուած ու Աշխատանքի եւ Աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային Օրը տօնող հայ աշխատաւորներու, յատկապէս գիւղացիներու բազմահազարանոց բազմութեան մէջ ներկայ էին եւ արտակարգ աշխուժութիւն կը դրսեւորէին Մարքսի ու Լենինի նկարներ պարզած հայ պոլշեւիկներու փոքրաթիւ, բայց խռովարար խումբերը, որոնք Կարմիր Ռուսաստանին ուղղուած զօրակցական կարգախօսքերու շարքին՝ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան տապալումն ու խորհրդային կարգերու հաստատումը պահանջող կոչեր կը վանկարկէին…
Մայիս Մէկի երեւանեան հաւաքը, անտեսելով պոլշեւիկեան կոչերը, մինչեւ իսկ արհամարհելով զանոնք, որդեգրեց համաժողովրդային բանաձեւ մը, որ նախ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէր տեղի չտալ ատրպէյճանական սպառնալիքին առջեւ, ապա՝ կը դիմէր Կարմիր Ռուսաստանին, որ ընթացք չտայ ատրպէյճանական հակահայ գրգռութեանց։
Լենինեան Ռուսաստանին կապուած այդօրինակ յոյսերն ու ակնկալութիւնները անհիմն դուրս եկան։ Քեմալի հետ գաղտնի գործարքի եւ զինակցութեան մէջ մտած պոլշեւիկեան Ռուսաստանը ոչ միայն ընթացք տուաւ ատրպէյճանական գրգռութիւններուն, այլեւ՝ ուղղակիօրէն ինք նախաձեռնարկ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ կարմիր բանակայիններու գրոհին։ Իսկ մինչ այդ ատրպէյճանական հալածանքէն փախուստ տուած եւ Հայաստան ապաստանած հայ պոլշեւիկները Անդրկովկասի համայնավար ղեկավարութենէն հրահանգ ստացան խռովութիւններ առաջացնելու եւ Հայաստանի խորհրդայնացման «պայքար»ը սկսելու…
Թէեւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ մեր ժողովուրդը հաստատակամ կանգնեցաւ իր կառավարութեան կողքին եւ պահանջեց դիմագրաւել թէ՛ կարմիր բանակի Զանգեզուրի ուղղութեամբ ներխուժումը, թէ՛ հայ պոլշեւիկներու ապստամբական գրգռութիւնները, այսուհանդերձ՝ երեւանէն դուրս, յատկապէս Ալեքսանդրապոլի մէջ (Գիւմրի), Մայիս Մէկէն սկսեալ պոլշեւիկեան խռովութիւնները թափ հաւաքեցին։ Ալեքսանդրապոլը յառաջապահը դարձաւ Մայիսեան խռովութեանց յատկապէս այն պատճառով, որ հոն տեղակայուած հայկական բանակի զրահապատ «Վարդան Զօրավար» գնացքին հրամանատարը՝ զօրավար Մուսայէլեան միացաւ խռովարարներուն, ըմբոստացաւ իր իսկ կառավարութեան դէմ եւ հռչակեց ստեղծումը Հայաստանի Ռազմայեղափոխական Կոմիտէի մը, որուն ինքնակոչ նախագահն ու ռազմական «կոմիսար»ը եղաւ անձամբ ինք՝ զինակից ունենալով Աւիս Նուրիջանեանն ու Արտաշէս Մելքոնեանը, իբրեւ ներքին եւ արտաքին գործերու կոմիսարներ…
Ալեքսանդրապոլի ապստամբութիւնը բնականաբար անպատասխան չձգուեցաւ։ Մայիս 3ին Հայաստանի խորհրդարանը գումարեց արտակարգ նիստ, ուր կառավարութեան կողմէ արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեան զեկուցեց Խորհրդային Ատրպէյճանէն ստացուած վերջնագրին, անոր ետին կանգնած Լենին-Քեմալ գաղտնի բանակցութեանց, ինչպէս նաեւ անոր ընկերացող Հայաստանի ներքին խռովութեանց արտաքին հրահրումին մասին։ Ծայր աստիճան բուռն քննարկումներ կատարուեցան. խորհրդարանի անդամ սոցիալիստ-յեղափոխական եւ սոցիալ-դեմոկրատ պատգամաւորները հանդէս եկան Կարմիր Ռուսաստանը պաշտպանողի դիրքերէ՝ պնդելով, որ Կարմիր Բանակը չ’երթար Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորտակելու քայլին։
Նոյն պատգամաւորներուն կողմէ եղան նաեւ արտայայտութիւններ, որոնք Մայիս Մէկի եւ անոր հետեւող օրերու ընթացքին տեղի ունեցած խռովութեանց արդարացում կը փորձէին գտնել, զանոնք նկատելով հայ աշխատաւորներու ընկերային արդար դժգոհութեանց դրսեւորումներ։ Բայց Հայաստանի խորհրդարանը ընդհանրապէս կողմնակից գտնուեցաւ աւելի վճռական քայլերու՝ ի խնդիր թէ՛ ներխուժող զօրքերուն եւ թէ ներքին խռովարարներու ըստ արժանւոյն դիմագրաւումին։
Այդ մթնոլորտին մէջ, ահա՛, Մայիս 4ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունեցաւ ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան դաշնակցական նախարարներուն, Հայաստանի Խորհրդարանի դաշնակցական ֆրակցիայի պատասխանատուներուն եւ Հ.Յ.Դ. մարմիններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Օրակարգի միակ նիւթը դիմագրաւումն էր Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան սպառնացող օրհասական վտանգին։ Վարչապետ Ալ. Խատիսեանի համախոհական (կոալիսիոն) կառավարութիւնը սպառած էր իր հնարաւորութիւնները եւ եկած էր պատմական պահը վճռական դիրքորոշումի եւ համապատասխան քայլերու։ Հ.Յ.Դ. խորհրդակցութիւնը յանգեցաւ միահամուռ այն եզրակացութեան, որ հարկ էր պոլշեւիկեան ներքին խռովութիւնները իրենց սաղմին մէջ խեղդել, միաժամանակ՝ Խորհրդային Ռուսաստանի հետ բարձրագոյն մակարդակով բանակցութեանց մէջ մտնելով հանդերձ, բոլոր ուժերով զօրացնել Հայոց Բանակին դիմադրութիւնը ատրպէյճանական կարմիր համազգեստաւորներու հակահայ արշաւանքին դէմ։
Մանաւանդ որ պատերազմական նախարար Ռուբէն Տէր-Մինասեանի հրահանգով՝ Զանգեզուրը, Յունուարէն սկսեալ, օգնական ուժ կը հասցնէր Արցախին, ուր նախ մուսաւաթական, ապա՝ կարմիր ազերիներու արշաւանքները դադար չունէին։ Գարեգին Նժդեհ արդէն ուղարկուած էր Զանգեզուր, հայկական բանակը լծուած էր արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան ճակատներու ամրապնդման զօրաշարժին եւ Ժամանակն էր, որ իրեն պարտադրուած պատերազմի մէջ յայտնուած Հանրապետութեան կառավարութիւնը դիմէր համապատասխան քայլերու։
Մայիսեան խռովութիւնները ճզմելու Մայիս 4ի պատմական դժուարին որոշումին զուգահեռ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վճռեց իր վրայ վերցնել ամբողջական պատասխանատուութիւնը նորանկախ հայրենիքի պետական ղեկավարումին՝ ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ իշխանութիւնը Բիւրօ-կառավարութեան ձեռքը կեդրոնացնելու որոշումը։
Յաջորդ օրը՝ Մայիս 5ին, վարչապետ Ալ. Խատիսեան Հայաստանի Խորհրդարանին ներկայացուց իր համախոհական կառավարութեան հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ։ Խորհրդարանը անմիջապէս հաստատեց նաեւ կազմութիւնը Բիւրօ-կառավարութեան՝ վարչապետութեամբ բժիշկ Համօ Օհանջանեանի, Պատերազմական եւ Ներքին գործոց նախարարութիւնները վստահելով Ռուբէն Տէր-Մինասեանի։
Անմիջապէս կ՚արժէ հոս ընդհանուր գնահատանքը կատարել հանրապետութեան պետական ղեկը ամբողջապէս իր ձեռքը կեդրոնացնելու Դաշնակցութեան պատմական որոշումին։
Խորհրդահայ պատմագրութիւնը եւ պոլշեւիկեան քարոզչութիւնը, ամբողջ եօթը տասնամեակ, միայն նզովեց պատմական այդ քայլը՝ իբրեւ «հայ աշխատաւորութեան» եւ Ռուսաստանի հետ Հայաստանի «յաւերժական միութեան» դէմ ուղղուած «կործանարար» որոշում մը։ Նաեւ Հայաստանի վերանկախացման մերօրեայ շրջանին, 1988ի նախօրէին, 1990ականներուն թէ հետագային, մինչեւ այսօր, լսելի են հայ քաղաքական մտքի տարբեր թեւերէն հնչող ձայներ, որոնք «ուշացած մարգարէի» դիրքերէն կը քարոզեն այն «իմաստութիւնը», որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ բան կրնար շահիլ — եղե՜ր -, եթէ 1920ի Մայիս 4ին Դաշնակցութիւնը կամովին իշխանութիւնը զիջէր պոլշեւիկներուն…
Այդօրինակ «իմաստութիւն» քարոզողները չեն ուզեր դաս քաղել պատմութենէն։ Չեն անդրադառնար, որ Կարմիր Դրօշ պարզելու պարագային անգամ, Հայաստանն ու հայութիւնը առանձնաբար տալիք չունէին լենինեան Ռուսաստանին, որուն Անդրկովկաս վերադարձի ռազմավարութիւնը կը հիմնուէր առերես խորհրդայնացած Ատրպէյճանի եւ Քեմալական Թուրքիոյ հետ ռազմավարական դաշինքի իրագործման վրայ, որուն գինը դատապարտուած էինք մենք վճարելու ազգովին՝ մեր հողերէն եւ անկախութենէն։
Այդ ժամանակ եւս, Դաշնակցութեան բարձրագոյն մակարդակի Մայիս 4ի այդ խորհրդաժողովին, բացառուած չէր ատրպէյճանական «դիմաշրջումին» հետեւողութեամբ խորհրդային յաղթարշաւին միանալու՝ Կարմիր Դրօշ պարզելով նոյնինքն լենինեան Ռուսաստանի օգնութեամբ ատրպէյճանեան եւ, աւելի մտահոգիչը, համաթրքական վտանգը դիմագրաւելու ընտրանքը։
Բայց երբ բացայայտուած էր Լենին-Քեմալ դաւադրութիւնը եւ Հայաստանի վրայ արշաւող կարմիր բանակայիններու առջեւէն կը քալէին ազերի դիմակափոխ մուսաւաթականները, Ազգի եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան ու փրկութեան հոգը ապրող հայկական որեւէ ուժ, յատկապէս Դաշնակցութիւնը չէր կրնար օրհասական վտանգը սեփական ուժերու լարումով դիմագրաւումէն տարբեր ընտրանք կատարել։
Դարաւոր գերութենէ ետք ստեղծուած անկախ Հայաստանի ու ազգային պետականութեան սեփական ժողովուրդի բազուկով պաշտպանութիւնը իրատես միակ ելքն էր ստեղծուած ճգնաժամէն։
Պատմական այդ անհրաժեշտութեան ծնունդը եղաւ Բիւրօ-կառավարութիւն կազմելու 4 Մայիս 1920ի Դաշնակցութեան որոշումը։
4 Մայիս 1920.
4 Մայիս 1920. Մայիսեան խռովութիւնները ճզմելու եւ Բիւրօ-կառավարութիւն կազմելու Հ.Յ.Դ. պատմական դժուարին որոշումը Ն.