Եթէ պատմաքաղաքական առումով առարկայական ու հնարաւոր է որոշակի տարեթիւ մը ճշդել հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման կռուի դաշտ նետուելու մարտական մկրտութեան համար, ապա իրաւամբ 4 Դեկտեմբեր 1882ը կրնայ նկատուիլ Հայկական Յեղափոխութեան շուրջ մէկուկէսդարեայ անշէջ խարոյկին սկզբնական կայծերու բոցավառման ու մարտունակ շղթայազերծման թուականը։
Հայ յեղափոխական շարժման եւ յատկապէս Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան կազմակերպական երկունքը սկսաւ Դեկտեմբեր 4ի այս օրը, 1882 թուականին, երբ Կարնոյ մէջ հայ մարտունակ երիտասարդութիւնը ըմբոստացաւ սուլթանի բռնակալութեան դէմ եւ հայոց ազատամարտի կազմակերպուած պոռթկումին առաջին հատու ազդանշանը տուաւ իր մեծ ցոյցով, որմէ ներշնչուած՝ հայ աշուղներն ու մեր ժողովուրդը ռազմագոչ երգի վերածեցին սերունդներ ոգեշնչող պատգամը՝
Ձայնը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն,
Թունդ թունդ ելան հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն:
Կարնոյ հայ երիտասարդութեան աննախընթաց այդ ցոյցը վիժեցաւ, թրքական իշխանութիւնները բրտօրէն հակազդեցին եւ իր սաղմին մէջ իսկ խեղդել փորձեցին շարժումը՝ ցուցարարներու շարքերէն հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ ձերբակալելով, բանտարկելով եւ, ամբողջ տարի մը տեւած բռնութիւններով, կաշառումներով եւ ամէն կարգի ճնշամիջոցներու տակ դատավարութիւններով, աւելի քան յիսուն «յեղափոխականներ» տարբեր աստիճանի բանտարկութեան ու աքսորի դատապարտելով։
Բայց Էրզրումի հայոց լեռներէն հնչած Ձայնը այլեւս հնարաւոր չէր խեղդել, որովհետեւ հայոց ազատագրական պայքարի հրավարս փերին դուրս եկած էր արդէն զինք արգելափակած կախարդական սրուակէն։ Կարնոյ հայ երիտասարդութեան ըմբոստացման այդ շռնդալից ցոյցը պատահականօրէն չէր պոռթկացած։ Ցոյցին ձեռնարկած էր հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական դարաւոր պայքարէն ներշնչուած, հայ ժողովուրդի տառապանքէն ու ազատատենչ ոգիէն միս ու ոսկոր կապած Կարնոյ «Պաշտպան Հայրենեաց» անունով յեղափոխական գաղտնի կազմակերպութիւնը, որ իր մարտական կառոյցով ու երկաթեայ կարգապահութեամբ՝ նախատիպը պիտի դառնար, հազիւ տասնամեակ մը ետք, Քրիստափորի, Զաւարեանի, Ռոստոմի եւ անոնց գաղափարի ընկերներուն ստեղծած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան։
Այդ առումով՝ «Էրզրումի հայոց լեռներէն հնչած ձայնը» ոչ միայն թափ տուաւ 1885ին Արմենական եւ 1887ին Հնչակեան կուսակցութեանց ստեղծումին, այլեւ իր հատու արձագանգը գտաւ ու նոյնացաւ 1890ին հիմնուած Դաշնակցութեան հետ՝ իբրեւ հայոց սերունդները Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պաքարին կապող գաղափարական մեծ Ուխտ։ Նոյնիսկ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան ծնունդը աւետող «Մանիֆեստ»ը, բառացիօրէն, ազգային-քաղաքական ծրագրի վերածեց Կարնոյ հայոց Մեծ Ցոյցէն ներշնչուած երգին գաղափարական ուղղութիւնը.-
Հայ գիւղացին դարուց ի վեր սուր զէնք չէր տեսած,
Դաշտը թողուց, սուր, հրացան բահի տեղ առած:
Քնքոյշ կեանքը ծանր է թւում հայ օրիորդին,
Զէնքը ձեռին յորդորում է Հայոց քաջերին:
Հայ տիկինը ստիպում է ամուսնոյն գնալ,
Պատերազմի դաշտին վրայ վէրք տալ՝ ստանալ:
Հայ ծերուկը ցուպը ձեռին լալով խնդրում է,
Հայրենիքի ազատութիւն տեսնել ու մեռնիլ:
Անմիութիւն տունը քանդող հայոց խեղճ ազգին,
Հրաժարեցաւ, տեղի տուաւ միութեան ձայնին:
Լսեց թուրքը ու սառեցաւ արիւնը վատին,
Չէր երազել Հային տեսնել նա այդ վիճակին:
Ուրախացաւ Մայր Հայաստան, ելաւ կանգնեցաւ,
Հինգ դարերի սուգ, տառապանք մի քիչ մեղմացաւ:
Հոն կանգնեցաւ սուրբ դրօշակ արիւնով ներկուած,
Անոր վրայ Ազատութիւն կամ Մահ էր գրուած։
Այդպէ՛ս. հայակերտ Կարին միջնաբերդ քաղաքը հանդիսացաւ 19րդ դարու հայոց պատմութեան բախտորոշ թռիչքներու եւ վերիվայրումներու բնօրրանը։ Յաջորդաբար 1820ական, 1850ական եւ 1870ական թուականներուն, երբ ռուս-թրքական պատերազմներով Մեծ Հայքի եւ Արեւմտահայաստանի ապագան կը վճռուէր, Էրզրումը կամ Կարինը գլխաւոր կռուախնձորը դարձաւ Արեւելքի այդ ատենի երկու հզօր՝ Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց ծաւալապաշտական մրցապայքարին։
Ռուսական զօրքին հետ ռազմի դաշտ նետուած հայ կամաւորականները, քանի ու քանի՜ անգամ, ազատագրեցին հայկական այս հինաւուրց օճախը թրքական լուծէն, հազիւ գործի վերածեցին Կարինը հայօրէն շէնշող մայրաքաղաք մը դարձնելու իրենց առաջադրանքը, բայց չկրցան երկար վայելել իրենց արեամբ նուաճուած յաղթանակին պտուղը, որովհետեւ ռուսը վերստին թուրքին զիջեցաւ մեր հողը եւ Կարնոյ հայութիւնը դարձեալ ենթարկուեցաւ թրքական ջարդի ու աւերումի…
Կարինը ողբերգական վերիվայրումի այդ հերթական պահերէն մէկը կ’ապրէր 1878ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, երբ Պերլինի Դաշնագրով մեծապետական Եւրոպան խօսքով տէր կանգնեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան հայկական նահանգներու բարենորոգման հայկական պահանջին։ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. նոր բազմած էր սուլթանական գահին եւ կատաղի պայքար յայտարարած էր հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան շարժումին դէմ։ Իսկ Կարնոյ մէջ, լուսամիտ ու ազատախոհ հոգեւորականներու եւ վարժապետներու գլխաւորութեամբ, հայ երիտասարդութիւնը մեծ խանդավառութեամբ փարած էր զինեալ ապստամբութեան գաղափարին։ Մեր ժողովուրդը արդէն սկսած էր երգել եւ սպասել այն օրուան, երբ Կարնոյ մէջ հայոց թագաւորական վերականգնեալ գահին բազմած պիտի տեսնէր… հայ իշխան։
Ահա՛ այդ ժամանակ, 1881ի Մայիսին, Կարնոյ մէջ հիմնուեցաւ Հայկական Գաղտնի Ընկերութիւնը, որ սկզբնապէս «Արարատ Լերան Ընկերութիւն — Պաշտպան Հայրենեաց» անունը կը կրէր, որ հետագային հռչակուեցաւ իր անուան «Պաշտպան Հայրենեաց» մակագրով։ Խաչատուր Կերէկցեանի ղեկավարութեամբ եւ ատենի Կարնոյ հայոց առաջնորդ Օրմանեան Եպիսկոպոսի օրհնութեամբ կեանքի կոչուած գաղտնի այդ կազմակերպութիւնը, ուղղակիօրէն, ընդառաջումն էր Պերլինի Վեհաժողովի աւարտին Խրիմեան Հայրիկի արձակած «Երկաթէ Շերեփ» ունենալու պատգամին։ Խրիմեան, որ այդ օրերուն Վանի հայոց առաջնորդն էր, իր կարգին սատար կանգնեցաւ «Պաշտպան Հայրենեաց»ի ստեղծումին եւ, քսաներորդ դարավերջին բացայայտուած արխիւային նիւթերու համաձայն, Վանի հայ երիտասարդութեան կազմած «Սեւ Խաչ» գաղտնի կազմակերպութիւնը ճիւղաւորումներէն մէկն էր «Պաշտպան Հայրենեաց»ի։
Բառին բուն իմաստով յեղափոխական ընդյատակեայ կազմակերպութիւն էր «Պաշտպան Հայրենեաց»ը։ Կը յատկանշուէր զինուորական կառոյցով ու երկաթեայ կարգապահութեամբ։ Ունէր 7անդամէ բաղկացած «Գերագոյն Խորհուրդ» անունով ղեկավար մարմին մը, որուն անդամները իրաւասութիւն ունէին, անհատաբար, յեղափոխական այս գաղտնի ուխտին միանալու երդում վերցնելու կամաւոր հայ երիտասարդներէ։
Նորագիր իւրաքանչիւր յեղափոխական, իր երդումով, յանձնառութեան տակ կը մտնէր իր շուրջ խմբելու տասը հոգինոց ուխտեալներ, որոնք միասնաբար պիտի կազմէին «Պաշտպան Հայրենեաց»ի բջիջ մը՝ հրամանատար ունենալով զիրենք անդամագրող յեղափոխականը։
Ծրագրով՝ զուտ ազգային-ազատագրական գաղափարներու հետամուտ շարժում էր «Պաշտպան Հայրենեաց»ը, որ կ’առաջադրէր երիտասարդները զինել եւ պատրաստել համաժողովրդական ապստամբութեան՝ օսմանեան-սուլթանական կարգերու տապալումը եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումը նպատակ ունենալով։
Կարնոյ Հայկական Գաղտնի Ընկերութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ. թուրք ոստիկանութիւնը շատ կանուխ տեղեկացաւ նորաստեղծ միութեան մասին եւ, պատրուակ գործածելով 4 Դեկտեմբեր 1882ի մեծ ցոյցը, ընդհանուր հալածանքի ձեռնարկեց հայ յեղափոխականներուն դէմ, շուրջ 300 հայ երիտասարդներ բանտերը նետեց եւ իր սաղմին մէջ խեղդել փորձեց Արեւմտահայաստանի ազգային-ազատագրական շարժման առաջին պոռթկումին սկզբնաքայլերը։
Կարնոյ ազատատենչ հայութեան եւ յատկապէս անոր մարտունակ երիտասարդութեան ապստամբական այդ առաջին շարժումը անարձագանգ չմնաց։ Հակառակ թրքական բանտերուն, յեղափոխական երգը եւ կայծերը սրտէ սիրտ տարածուեցան ու ոտքի հանեցին հայութիւնը՝ ի Հայաստան, ի հարաւային Կովկաս ու մինչեւ Եւրոպա եւ այդպէս, ընկրկումի մէջ անգամ, արծարծեցին գաղափարական խարոյկը հայկական յեղափոխութեան հետագայ մարտական բոցավառումին, որ մինչեւ Հայաստանի անկախութիւն եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնում առաջնորդեց դարաւոր գերութեան տակ հիւծած հայ ժողովուրդին։
Ազատատենչ հայութեան Կարնոյ մեծ ցոյցէն ասդին 135 տարիներ անցած են եւ մինչեւ այսօր՝ ամէն անգամ, որ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին վրայ կը սաստկանայ անարդարութեան ճնշումը, եւ ամէն անգամ որ փորձ կը կատարուի ոտնակոխելու հայկական իրաւունքը՝ հայոց սերունդները աշխարհի չորս ծագերէն ձայն կու տան իրարու.
— «Ձայնը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն»…
Եւ վերստին թունդ-թունդ կ՛ելլեն հայոց սրտերը։