Անցած են 39 տարիներ Լիզպոնի հերոսապատումէն ու տակաւին հինգ քաջարի տղոց սխրագործութիւնն ու զոհաբերութիւնը կը շարունակեն ներշնչել հայ սերունդները, հայութեան ազատագրական պայքարի շղթայազերծման ճամբուն վրայ։
Լիզպոնի ոգին համակեց Արցախին համար մարտնչած քաջարի զինուորները, 5 տղոց զոհաբերութիւնը մէկ օղակն է արծուաբոյն Արցախի ազատագրութեան բագինին ինկած մեր անթիւ հերոսներու պատումին։
Արցախեան առաջին պատերազմէն մինչեւ 44-օրեայ մարտերը՝ Արայի, Սարգիսի Վաչէի, Սիմոնի եւ Սեդրակի հերոսութեան կայծը բոցավառեց հայ զինուորի հոգին, հայրենիքին ի խնդիր զոհուելու լուսաւոր ճանապարհին վրայ։
Կը խոնարհինք Լիզպոնի 5 տղոց անմար յիշատակին, թող անոնց զոհաբերութիւնը շարունակէ ներշնչել Հայ դատին համար նուիրեալ գաղափարական երիտասարդութեան ապագան։