Մայիս 30ի այս օրը պատմական նշանակութեամբ յագեցած թուական է հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ։
99 տարի առաջ, 30 Մայիս 1918ին, Անդրկովկասի ատենի «մայրաքաղաք» Թիֆլիսի մէջ, Հայոց Ազգային Խորհուրդը ի լուր աշխարհին յայտարարեց՝
«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ազրբեջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ՝ Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն։ Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերը կազմել հայոց ազգային կառավարութիւն՝ Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարական բոլոր ֆունկցիաները՝ հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»։
Այսպիսի՛ն եղաւ Հայաստանի անկախութեան եւ պետական գերիշխանութեան իրաւական հռչակումը, որ խորքին մէջ Հայաստանի անկախութեան յայտարարումէն աւելի՝ կատարուած իրողութեան, հայրենի հողը սեփական ուժով պաշտպանելու եւ ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդի անբռնաբարելի իրաւունքը, արդի ժամանակներու մէջ, իրողապէս նուաճելու փաստին արձանագրութիւնն էր։
Խորքին մէջ մեր ժողովուրդը ՄԱՅԻՍ 28 կ’անուանէ 1918ի Մայիս ամսուան վերջին օրերու մարգարտաշար ամբողջ զարդաշղթան, որ խորհրդանշեց նախ աւարտը հայոց գերեվարեալ ու պետականազուրկ Ազգի եւ Հայրենիքի անկումային ընթացքին ու մահամերձ վիճակին, ապա՝ սկիզբը դրաւ հայութեան՝ իբրեւ քաղաքական էակի «հրաշափառ յարութեան» եւ նոր ժամանակներու կշռոյթով վերականգընման ու ինքնահաստատման յաղթական երթին։
Եւ հայ ժողովուրդի զաւակներէն բոլոր անոնք, որոնք ազգային թերարժէքութեան բարդոյթով, քաղաքական ստրկամիտ համակերպումով կամ գաղափարական խոտորումներով, թուրքեւռուսական մեծապետական կապտումներու, հալածանքներու եւ մահացու հարուածներու սպառնալիքին տակ, ուրացան ու փորձեցին նսեմացնել դարաշրջան բացող իմաստն ու արժէքը ՄԱՅԻՍ 28ին, ժամանակին թաւալումին հետ եւ ի տես պայքարունակ հայութեան անկոտրում կամքին՝ օր առ օր վերարժեւորեցին պատմական նշանակութիւնը 1918ի մայիսեան օրերու պսակին։
Նոյնիսկ խորհրդային լուծի տակ սկսաւ սրբագրումը ՄԱՅԻՍ 28ի ամօթալի այդ ուրացումին։
Առաջին քայլ մը նետուեցաւ 1968ին, երբ խորհրդային իշխանութիւնները ստիպուեցան արտօնել կառուցումը Սարդարապատի յուշահամալիրին։ ՄԱՅԻՍ 28ի իրողական վերարժեւորման այդ առաջին քայլը պաշտօնապէս սահմանափակուեցաւ միայն Մայիս 25ի ոգեկոչումով՝ իբրեւ հպարտառիթ թուականը Սարդարապատի ճակատին վրայ հայոց հերոսամարտի յաղթական աւարտին, առանց սակայն արժանին մատուցելու ՄԱՅԻՍ 28ի դարակազմիկ յաղթանակին անբաժան բաղադրիչներուն.¬ Նախ՝ հայութեան ռազմական յաղթարշաւը ամրապնդող Մայիս 26ի եւ 27ի յաղթանակներուն՝ Բաշ¬Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ։ Ապա՝ նոյնինքն Մայիս 28ին թրքական բանակի վերջնական պարտութեան եւ ընդհանուր նահանջին։ Բայց մանաւանդ՝ հերոսական այդ յաղթանակները իմաստաւորող ու քաղաքականօրէն պսակող Հայաստանի անկախութեան կերտումին։
Եւ 1960ականներու այդ օրերուն, նոր ժամանակներու հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակ փաստօրէն կը պոռթկար այդ անարդար սահմանափակումին դէմ ու կþարտայայտէր ՄԱՅԻՍ 28ի ուրացման դառն էջը ամբողջապէս փակելու մեր ժողովուրդին ազգային հաստատակամութիւնը, երբ Հայաստանի անկախութեան նուաճումը արժեւորելով կը պատգամէր՝ «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»։
1968ին հետեւած երկու տասնամեակները, համաշխարհային տարողութեամբ Պաղ Պատերազմին աստիճանական դադրեցման հետ, հայ իրականութեան մէջ յառաջ բերին ազգային մեր յիշողութիւնը տարբեր կարգի կաշկանդումներէ ձերբազատելու ինքնաճանաչման յարաճուն շարժում մը։ Եթէ սփիւռքեան ափերու վրայ այդ շարժումը դրսեւորուեցաւ, 1970ականներու երկրորդ կէսին, Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ ուժական պայքարին շղթայազերծումով, ապա հայրենի հողի վրայ անիկա պոռթկաց, յատկապէս 1987¬1988ին Արցախի ազատագրութեան անդառնալի պահանջատիրութեամբ, իբրեւ առաջին փուլը ՄԱՅԻՍ 28ով նուիրականացած Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի անկորնչելի հանգանակին վերարժեւորման։
Եւ 1989ի Մայիսին, Հայաստանի վերջին խորհրդային իշխանութեան օրով, նետուեցաւ պաշտօնական երկրորդ քայլը 70ամեայ Ուրացման վերջ տալու յաղթարշաւին, երբ Ազգային Տօն հռչակուեցաւ ՄԱՅԻՍ 28ը։ Սահմանափակումի ծանր շուքը կը յամենար տակաւին։ ՄԱՅԻՍ 28ը հռչակուած էր Ազգային, բայց ոչ Պետական Տօն, թէեւ քաղաքականօրէն մանուկն անգամ ի վիճակի էր տեսնելու անհեթութիւնը «ազգային»ի եւ «պետական»ի այդօրինակ զանազանումին՝ գաղափարախօսական բառախաղին։
Պէտք էր սպասել տարի մը եւս, որպէսզի Մայիս 1990ին ընտրուած Խորհրդային Հայաստանի օրէնսդիր ժողովը՝ Գերագոյն Խորհուրդի վերջին կազմը, որ քաղաքանապէս վերջ տուաւ խորհրդային Կոմկուսի միակուսակցական տիրապետութեան, 23 Օգոստոս 1990ին իր որդեգրած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրով՝ ամբողջական վերարժեւորման առաջին պաշտօնական քայլը նետէր ՄԱՅԻՍ 28ի Ուրացման վերջակէտ դնելու ուղղութեամբ։
Այդ քայլն ալ որբ մնաց սակայն։
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ անգամ շարունակուեցաւ ոդիսականը ՄԱՅԻՍ 28ի ամբողջական ու լիարժէք վերարժեւորումը արգելակող խոչընդոտները յաղթահարելու երթին։
1988ին թափ առած Ժողովրդային Շարժման պայքարով պետական իշխանութեան ղեկին հասած նորայայտ ուժերը բուռն պայքար մղեցին ՄԱՅԻՍ 28ը իբրեւ Հայաստանի Անկախութեան Տօն հռչակելու կոչերուն դէմ եւ 1995ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական՝ Պետական Տօնացոյցը օրէնսդրականօրէն հաստատելով, ՄԱՅԻՍ 28ը յայտարարեցին «Հանրապետութեան», այլ ոչ «Անկախութեան» Օր, այս վերջինի իմաստն ու արժէքը վերապահելով Սեպտեմբեր 21ին, որ ըստ ամենայնի Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէի Օրն էր եւ ոչինչ պիտի կորսնցնէր պատմական իր կարեւոր նշանակութենէն, եթէ արժեւորուէր իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի արեամբ նուաճուած ՄԱՅԻՍ 28ի Աւանդին ազգային¬քաղաքական վերականգնման հպարտառիթ Օրը։
Երթը դեռ չէ աւարտած եւ մեր սերունդներու օրով իսկ, անկասկած, վկաները կը դառնանք ՄԱՅԻՍ 28ի լիարժէք վերարժեւորումին։
Մեր սերունդներու ինքնավստահութեամբ յառաջ շարժելու ամենայն հիմք կու տայ յատկապէս Մայիսի այս օրը՝ 30ին, 99 տարի առաջ Հայոց Ազգային Խորհուրդի կատարած պատմական յայտարարութիւնը, որ խտացուց հայրենի հողին ու սեփական ժողովուրդին պետականօրէն տէր կանգնելու հայ քաղաքական մտքին հասունութիւնն ու մարտունակութիւնը։
Թրքական վտանգը դեռ լիովին յաղթահարուած չէր 30 Մայիս 1918ին։ Թշնամի զօրքերը ոչ միայն գերակշիռ քանակ եւ ուժ ունէին, այլեւ ռազմաքաղաքական «ձեռնտու» պայմաններու մէջ կը գործէին՝ Ռուսաստանի քաղաքացիական ներքին պատերազմին առաջացուցած Անդրկովկասի քաղաքական դաշտին «անտիրութեան» հետեւանքով։ Պաքու հասնելու իր գերագոյն առաջադրանքին իրագործման համար, Թուրքիան կը պահանջէր Անդրկովկասը պետականօրէն անջատել Ռուսաստանէն։ Ազերին արդէն ողջունողն էր թրքական զօրքին յառաջխաղացքը։ Վրացին Գերմանիոյ մէջ կը տեսնէր իր «հովանաւոր»ը։ Իսկ հայ ժողովուրդը լքուած էր իր բախտին եւ թրքական… հայասպան քաղաքականութեան ամբողջացման սպառնալիքը դիմագրաւելու գալարումներուն։
Ահա՛ այդ օրհասական պահը դիմագրաւելու հայկական հաստատակամութեան անկիւնաքարը հանդիսացաւ Հայոց Ազգային Խորհուրդին կողմէ Հայաստանի իրողապէս նուաճուած անկախութիւնը պետականօրէն ամրագրելու 30 Մայիս 1918ի պատմական հռչակումը։
Այդ յայտարարութիւնը իրաւական հիմքը դարձաւ հայոց անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառուցումին։
Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդի բաղադրութեամբ կազմուեցաւ հայոց պետական անդրանիկ օրէնսդիր ժողովը՝ Հայաստանի Խորհուրդը, նոյնպէս եւ Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ Հ.Հ. անդրանիկ կառավարութիւնը։