Երբ 1968ին, ­Մա­յի­սեան ­Հե­րո­սա­մարտ­նե­րու յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով, մեծն ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ հնչե­ցուց զան­գե­րը հա­յոց ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան՝ սթա­փեց­նե­լով, որ «­Սե­րունդ­ներ դուք ձեզ ճա­նա­չէք ­Սար­դա­րա­պա­տից», ըստ էու­թեան հայ­րե­նի հո­ղի վրայ «­Մա­յիս 28»ի ու­րաց­ման վերջ տա­լու պատ­մա­կան կո­չէն ա­ւե­լի՛ն կա­տա­րեց։
Ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման մեր եր­թին լիար­ժէք տէր կանգ­նե­լու պատ­գա­մը կտա­կեց հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։
Այդ ներշն­չու­մով ալ, հա­յոց ար­դի պատ­մու­թեան ­Մա­յիս 1918ի վեր­ջին օ­րե­րուն ու­սա­նե­լի պա­հե­րը ո­գե­կո­չե­լով՝ ան­պայ­ման պէտք է ընդգ­ծել, որ դա­րա­կազ­միկ այս դար­ձա­կէ­տին ար­ժէ­քը կը կա­յա­նայ հայ ազ­գա­յին ու­ժա­կա­նու­թեան շղթա­յա­զեր­ծու­մին ու սե­փա­կան պատ­մու­թիւ­նը կեր­տե­լու յաղ­թար­շա­ւին նո­ւի­րա­գործ­ման մէջ։
­Միայն ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ չէր, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը մէկ մար­դու պէս ծա­ռա­ցած էր։ Ողջ հա­յու­թիւ­նը, Ա­րա­րա­տեան դաշ­տէն մին­չեւ ­Թիֆ­լիս եւ ­Պո­լիս, մին­չեւ ­Մոս­կո­ւա եւ ­Փա­րիզ, քա­ղա­քա­կան տա­րեր­քի մէջ էր եւ կը պայ­քա­րէր յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ հայ­րե­նի հո­ղի վեր­ջին բե­կո­րի պաշտ­պա­նու­թեան ու փրկու­թեան։
Ոչ ալ ­Մա­յի­սի 24էն 28 եր­կա­րող հայ­կա­կան ու­ժե­րու յաղ­թա­նա­կով ու թրքա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջով վերջ գտաւ հա­մազ­գա­յին այդ զօ­րա­շար­ժը։ ­Փաս­տօ­րէն ­Մա­յիս 29ին, Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թեան հա­մար, նոր կը սկսէր Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի բուն կռի­ւը՝ զօ­րա­վար ­Սի­լի­կեա­նի պատ­մա­կերտ խօ­սուն ռազ­մա­կո­չով.-
«…­Մի՛ դան­դա­ղէք, հա­յե՛ր, շտա­պով խմբո­ւե­ցէ՛ք խիտ ու հա­մե­րաշխ շար­քե­րով, վռնտե­ցէ՛ք թշնա­մուն մեր հայ­րե­նի ա­րիւ­նա­ներկ հո­ղից, եւ թո՛ղ ձեզ հետ լի­նի մեր յետ­նորդ­նե­րի օրհ­նու­թիւ­նը։
«­Դէ­պի՛ զէնք բո­լորդ։
«­Դէ­պի Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ»։
Ա­յոԲ, հա­յոց հի­նա­ւուրց հայ­րե­նի­քի մե­ծա­գոյն մա­սը տա­կա­ւին հա­յա­թա­փո­ւած ու բռնագ­րա­ւո­ւած կը մնար ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջո­ցաւ «հայ­կա­կան սեպ»էն ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու մո­լուց­քով կա­տա­ղաց թրքա­կան պե­տու­թեան ա­րիւ­նա­լի եա­թա­ղա­նին տակ։ ­Նոյ­նիսկ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը դեռ չէր ա­զա­տագ­րո­ւած ա­նարգ թշնա­միէն։
­Հա­յոց ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ան­կա­խու­թեան կռի­ւը նոր սկսած էր։
Ա­ւե­լի՛ն. մինչ Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թիւ­նը նա­հան­ջող թրքա­կան զօր­քին հա­լա­ծե­լու եւ հայ­րե­նի հո­ղի ա­զա­տագր­ման պայ­քա­րը յա­ռաջ մղե­լու ո­գե­ւո­րու­թեան մէջ էր, ան­դին ­Թիֆ­լիս կեդ­րո­նա­ցած ա­րե­ւե­լա­հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­մէն ճիգ կը թա­փէր, որ­պէս­զի Անդր­կով­կա­սին տի­րա­ցած թրքա­կան կող­մին հետ հաշ­տու­թիւն կնքէր։ ­Թիֆ­լի­սէն դի­տո­ւած՝ Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի յաղ­թա­նակ­նե­րը կա­րի­քը ու­նէին քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ամ­րագ­րու­մի, որ­պէս­զի ռազ­մա­կան ու­ժե­րու նոր դա­սա­ւո­րու­մով՝ ցե­ղաս­պան թշնա­մին չփոր­ձէր ի նպաստ իր ա­խոր­ժակ­նե­րուն շրջել հայ-թրքա­կան պա­տե­րազ­մը… Իսկ Վ­րաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ՍԷՅ­Մի լու­ծա­րու­մով ու ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, ռուս զօր­քի Անդր­կով­կա­սէն հե­ռա­նա­լէն ետք, դար­ձեալ ա­ռան­ձին լքո­ւած էր թրքա­կան սպառ­նա­լի­քին դի­մաց։
­Ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան այդ խմո­րում­նե­րու խո­րա­պատ­կե­րին կ’ար­ժե­ւո­րո­ւի ­Մա­յիս 30ի այս օ­րը, 101 տա­րի ա­ռաջ, ­Թիֆ­լի­սի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին հրա­պա­րա­կած հե­տե­ւեալ կարճ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը.-
«Անդր­կով­կա­սի քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջու­թեան լու­ծու­մով եւ Վ­րաս­տա­նի ու Ազր­բե­ջա­նի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մով ստեղ­ծո­ւած նոր դրու­թեան հան­դէպ՝ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը ի­րեն յայ­տա­րա­րում է հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րի գե­րա­գոյն եւ միակ իշ­խա­նու­թիւն։ Ո­րոշ ծան­րակ­շիռ պատ­ճառ­նե­րով թող­նե­լով մօ­տիկ օ­րե­րը կազ­մել հա­յոց ազ­գա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւն՝ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս ստանձ­նում է կա­ռա­վա­րա­կան բո­լոր ֆունկ­ցիա­նե­րը՝ հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րի քա­ղա­քա­կան եւ վար­չա­կան ղե­կը վա­րե­լու հա­մար»։
Այս­պի­սի՛ն ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ պե­տա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան ի­րա­ւա­կան հռչա­կու­մը, որ խոր­քին մէջ ան­կա­խու­թեան յայ­տա­րա­րու­թե­նէ ա­ւե­լի՝ կա­տա­րո­ւած փաս­տին ար­ձա­նագ­րու­թիւնն էր։
­Բայց այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը նաեւ, ըստ ա­մե­նայ­նի, հիմ­քը դար­ձաւ հա­յոց ան­կա­խու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան. ­Թիֆ­լի­սի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի բա­ղադ­րու­թեամբ կազ­մո­ւե­ցաւ հա­յոց պե­տա­կան անդ­րա­նիկ օ­րէնս­դիր ժո­ղո­վը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դը, նոյն­պէս եւ ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի վար­չա­պե­տու­թեամբ Հ.Հ. անդ­րա­նիկ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։
­Մա­յի­սի 30ին իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սած էր ա­հա­ւոր եր­կընտ­րան­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան կամ­քին՝ շա­րու­նա­կե՞լ ­Սար­դա­րա­պա­տեան յաղ­թար­շա­ւը, թէ՞ ի­րա­տես ըլ­լալ, ­Պա­թու­մի մէջ զի­ջում­նե­րու եր­թալ եւ, թրքան­պաստ պայ­ման­նե­րը ըն­դու­նե­լով, ստո­րագ­րել «հաշ­տու­թեան» խայ­տա­ռակ դաշ­նա­գի­րը, որ­պէս­զի Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի վեր­ջին բե­կո­րը փրկո­ւէր թրքա­կան պա­տու­հա­սէն։
Ինչ­պէս Ս. Վ­րա­ցեան կը նշէ, Ե­րե­ւա­նի «Ազ­գա­յին ­Խոր­հուրդն ա­լե­կոծ­ւում էր… ո­մանք ա­ռա­ջար­կում էին հաշ­տո­ւել կա­ցու­թեան եւ ըն­դու­նել ­Բա­թու­մի դաշ­նագ­րի պայ­ման­նե­րը, ու­րիշ­նե­րը — գլխա­ւո­րա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րը — պա­հան­ջում էին չե­ղեալ հա­մա­րել զօր. ­Նա­զար­բէ­կեա­նի հե­ռա­գի­րը հաշ­տու­թեան մա­սին, զօր­քե­րի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար նշա­նա­կել զօր. ­Սի­լի­կեա­նին եւ շա­րու­նա­կել պայ­քա­րը…
«Վ­ճիռ տա­լը ան­չափ դժո­ւար էր. վտան­գը շատ էր մեծ։ ­Հայ­կա­կան զօր­քե­րի ընդ­հա­նուր քա­նա­կը, այդ օ­րե­րին, հաս­նում էր 30 ոչ-լրիւ գու­մար­տակ­նե­րի, մինչ­դեռ ­Թիւր­քիան շարժ­ման մէջ էր դրել 5 դի­վի­զիա (3րդ, 5րդ, 9րդ, 11րդ­ եւ 36րդ), այ­սինքն՝ 50 գու­մար­տակ եւ ի վի­ճա­կի էր նո­րա­նոր ու­ժեր հասց­նե­լու։ ­Հայ զի­նո­ւոր­նե­րի թի­ւը 12.000ը չէր անց­նում. թիւր­քերն ա­ռաջ էին քա­շել 35.000 կռո­ւող։
«Ազգ. ­Խոր­հուր­դը չկա­րո­ղա­ցաւ միա­կա­մու­թիւն ե­րե­ւան բե­րել եւ զօր. ­Սի­լի­կեա­նին մնաց են­թար­կո­ւել զօր. ­Նա­զար­բէ­գեա­նի հրա­մա­նին։
«­Պա­տե­րազ­մը վեր­ջա­ցաւ»։
Այ­սու­հան­դերձ՝ ըն­թաց­քի մէջ գտնո­ւող Ա­ռա­ջին Աշ­խա­րահ­մար­տի եւ ­Պա­քո­ւի հա­մար շա­րու­նա­կո­ւող պա­տե­րազ­մի պայ­ման­նե­րուն մէջ, հա­կա­ռակ ­Պա­թու­մի դաշ­նագ­րին, հայ­կա­կան զօր­քե­րը բնաւ չհա­մա­կեր­պե­ցան հայ­րե­նի հո­ղե­րու զի­ջու­մին եւ նպաս­տա­ւոր ա­մէն ա­ռիթ օգ­տա­գոր­ծե­ցին, որ­պէս­զի ըն­դար­ձա­կեն նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։
Այդ պայ­քա­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ 1919ի սկիզբ­նե­րը եւ հա­յոց յաղ­թա­կան քայ­լե­րուն պսա­կու­մը ե­ղաւ այն, որ ­Մա­յիս 28ի պե­տա­կան ա­ռա­ջին տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, 1919ին, ար­դէն հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին քո­ւէար­կու­թեամբ ընտ­րո­ւած հա­յոց խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ, վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեան կա­տա­րեց Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ստեղծ­ման հա­մար գոր­ծե­լու իր կա­ռա­վա­րու­թեան պատ­մա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։
­Մա­յիս 28ին, 101 տա­րի ա­ռաջ, Ա­րա­րա­տեան դաշ­տին մէջ, հայ ժո­ղո­վուր­դը ռազ­մա­կան ու­ժով պար­տու­թեան մատ­նեց թրքա­կան աս­պա­տակ զօր­քե­րը եւ ի­րո­ղա­պէս նո­ւա­ճեց ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու իր ի­րա­ւուն­քը։
­Մա­յիս 24ին ­Սար­դա­րա­պա­տի, իսկ յա­ջորդ օ­րե­րուն նաեւ ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ճա­կատ­նե­րուն վրայ թրքա­կան բա­նա­կի ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նը կա­սեց­նե­լով, թշնա­մին նա­հան­ջի մղե­լով եւ դէ­պի յա­ռաջ շար­ժե­լով՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ հայ­կա­կան ու­ժե­րը — զօ­րա­յին­ներ թէ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ — փաս­տօ­րէն շրջե­ցին հա­յոց պատ­մու­թեան վեց դա­րե­րու թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ըն­թաց­քը եւ բա­ցին, հայ­րե­նի հո­ղին վրայ, ազ­գա­յին ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեամբ ա­զա­տօ­րէն ապ­րե­լու եւ զար­գա­նա­լու պայ­ծառ հո­րի­զո­նը։
Ե­րեք ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ ալ, ­Մա­յիս 28ին, պար­տու­թեան մատ­նո­ւած թրքա­կան զօր­քե­րը ա­րա­գօ­րէն կը նա­հան­ջէին, իսկ հայ­կա­կան ու­ժե­րը կրնկա­կոխ կը հա­լա­ծէին թշնա­մին։ Ա­րա­րա­տեան դաշ­տին մէջ ծո­ւա­րած հա­յու­թիւ­նը՝ ող­բի ու որ­բի հայ­րե­նի­քի վե­րա­ծո­ւած պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի այդ փոքր հո­ղակ­տո­րը, այ­լեւ՝ բա­բա­խուն սիր­տը կը տօ­նէր դա­րա­ւոր ե­րա­զին ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ի վեր­ջոյ յա­ջո­ղած էր սե­փա­կան ու­ժով պաշտ­պա­նել իր հողն ու ա­զատ եւ ան­կախ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը։ Ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տը լա­ւա­գոյնս կը խտաց­նէր եւ կը թարգ­մա­նէր հայ­կա­կան զօր­քե­րու սպա­յա­կոյ­տին կող­մէ ­Մա­յիս 28ին հրա­պա­րա­կո­ւած հե­տե­ւեալ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը.
«­Թիւր­քե­րը, ե­րեք օ­րո­ւայ կռիւ­նե­րից յե­տոյ, ջար­դո­ւած են եւ նա­հան­ջում են հապ­ճե­պով։Ն­րանց զօ­րա­մա­սե­րը բաժ­նո­ւած են ե­րեք խմբե­րի։ Ա­ռա­ջի­նը՝ Ա­լա­գեոզ կա­յա­րա­նից նա­հան­ջում է դէ­պի Ա­նի կա­յա­րա­նը, երկ­րոր­դը՝ ­Ղըմզ­լու եւ եր­րոր­դը՝ Աղ­ջա-­Կա­լա։ ­Մեր զօ­րա­մա­սե­րը քայլ առ քայլ հե­տապնդում են նրանց։ Ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի է»։
Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թիւ­նը եւ Ե­րե­ւան կեդ­րո­նա­ցած հայ­կա­կան ու­ժե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­ռան­ձին մնա­ցած էին, սա­կայն, ինչ­պէս օր­հա­սա­կան դի­մադ­րու­թեան սկզբնա­կան օ­րե­րուն, նոյն­պէս եւ ­Մա­յիս 28ին։ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կեան­քին ընդ­հա­նուր ղե­կը տա­կա­ւին կեդ­րո­նա­ցած կը մնար ­Թիֆ­լի­սի մէջ, ուր ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը կը դի­մագ­րա­ւէր բո­լո­րո­վին տար­բեր, այ­լեւ ծան­րակ­շիռ կա­ցու­թիւն։ ­Թէեւ ­Պա­քուի ուղ­ղու­թեամբ թուր­քեւ­գեր­ման միա­ցեալ գրո­հը ձա­խո­ղած էր եւ նոյ­նինքն ­Պա­քո­ւի մէջ, ­Ռոս­տո­մի եւ Ս. ­Շա­հու­մեա­նի գոր­ծակ­ցու­թեամբ, թուր­քեւ­գեր­ման յա­ռաջ­խա­ղաց­քը ար­գե­լա­կող ճա­կատ կազ­մո­ւած էր, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Թիֆ­լիս կեդ­րո­նա­ցած վրա­ցի, ա­զե­րի եւ հայ ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը, Անդրկով­կա­սեան ՍԷՅ­Մի կա­ռա­վա­րու­մը ստանձ­նած ըլ­լա­լով, ­Մա­յի­սի վեր­ջին տաս­նօ­րեա­կին բախ­տո­րոշ ընտ­րանք­նե­րու առ­ջեւ կանգ­նած էին։
Ան­կա­խա­բար ­Ռու­սաս­տա­նի պոլ­շե­ւի­կեան իշ­խա­նու­թեանց հետ ի­րենց ու­նե­ցած տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րէն, Անդր­կով­կա­սեան ՍԷՅ­Մի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած ե­րեք ազ­գերն ալ սուր հա­կադ­րու­թեանց մէջ էին ի­րա­րու հան­դէպ։
Ա­զե­րի-թա­թար թրքու­թիւ­նը ա­մէ­նուր պար­զած էր ապս­տամ­բու­թեան եւ թրքա­կան ար­շա­ւող զօր­քին հետ միա­նա­լու դրօշ՝ ոչ միայն Իթ­թի­հատ-­Մու­սա­ւա­թի մշա­կած «ան­կախ Ատրպէյ­ճան»ը ի­րա­կա­նաց­նե­լու, այ­լեւ՝ հա­յա­պատ­կան հո­ղե­րը հա­մաթր­քա­կան խմո­րո­ւող պե­տու­թեան կցե­լու նպա­տա­կով։
Վ­րա­ցիք ա­մէն գնով կ’ու­զէին կան­խել պոլ­շե­ւի­կեան դրօ­շով ու կար­միր հա­մազ­գես­տով Անդր­կով­կաս վե­րա­դար­ձող ռու­սա­կան տի­րա­կա­լու­թիւ­նը։ Ար­դէն գաղտ­նի բա­նակ­ցու­թեանց մէջ էին տա­կա­ւին տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս գոր­ծող գեր­ման հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հետ։
­Նաեւ՝ ­Ջա­ւախ­քի եւ ­Լո­ռիի հայ­կա­կան շրջան­նե­րը վրա­ցա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան են­թար­կե­լու ա­խոր­ժակ­ներ կը սնու­ցա­նէին, հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար թրքա­կան զօր­քի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հետ գաղտ­նի գոր­ծար­քի մէջ մտնե­լով։
Ա­զե­րի-թա­թար­նե­րու եւ վրա­ցի­նե­րու հա­կա­ռու­սա­կան այ­սօ­րի­նակ հա­շիւ­նե­րուն եւ ա­խոր­ժակ­նե­րուն դէմ յան­դի­ման՝ ՍԷՅ­Մի ղե­կա­վա­րու­թեան հայ­կա­կան թե­ւը, որ ինչ­պէս ­Թիֆ­լի­սի ու Ե­րե­ւա­նի Ազ­գա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րուն, նաեւ այս պա­րա­գա­յին մե­ծա­մաս­նու­թեամբ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րէ կը բաղ­կա­նար եւ կը հե­տե­ւէր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ու­ղե­գի­ծին, ծան­րակ­շիռ ընտ­րանք կա­տա­րե­լու նեղ դրու­թեան մէջ յայտ­նո­ւած էր։
­Պա­թում նստած թրքա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ա­նընդ­հատ կը ճնշէր ՍԷՅ­Մի վրայ, որ­պէս­զի ան­կա­խու­թիւն հռչա­կէ ­Ռու­սաս­տա­նէն։
­Հե­տե­ւա­բար, մինչ Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թիւ­նը կե­նաց-մա­հու իր կռի­ւէն յաղ­թա­կան դուրս կու գար, ան­դին ­Պա­թու­մի մէջ ծանր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կ­þըն­թա­նա­յին դէ­պի ­Պա­քու ուղ­ղո­ւող թրքա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան եւ ՍԷՅ­Մի կա­ռա­վա­րու­թեան ե­ռազ­գեան խառն պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մի­ջեւ։ ­Մա­յիս 26ին ընդ­մի­ջո­ւե­ցան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ ՍԷՅ­Մի կա­ռա­վա­րու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս՝ իր ձեռ­քին ու­նե­նա­լով թրքա­կան կող­մի վերջ­նա­գի­րը, որ մէկ կող­մէ կը պա­հան­ջէր, քա­նի մը օ­րո­ւան պայ­մա­նա­ժա­մով, ՍԷՅ­Մի ան­կա­խա­ցու­մը ­Ռու­սաս­տա­նէն, իսկ միւս կող­մէ՝ ­Ջա­ւախ­քի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի վրա­յով թրքա­կան զօր­քե­րու ա­զատ տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը դէ­պի ­Պա­քու։
ՍԷՅ­Մը նոյն օրն իսկ ժո­ղով գու­մա­րեց, որ­պէս­զի ո­րո­շէ թրքա­կան վերջ­նագ­րին իր տա­լիք պա­տաս­խա­նը։ ­Բայց վրա­ցիք ար­դէն գաղտ­նի հա­մա­խո­հու­թեան մը ե­կած էին թրքա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ ­Խա­լիլ փա­շա­յի հետ։ Առ այդ, վրա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը ժո­ղո­վէն պա­հան­ջե­ցին լու­ծա­րու­մը ՍԷՅ­Մին։ Ա­զե­րի-թա­թար­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս հա­մա­ձայն էին եւ միայն հայ­կա­կան կողմն էր, որ պնդեց լու­ծար­ման քայ­լին վտան­գա­ւո­րու­թեան վրայ՝ ընդ­դի­մա­նա­լով նման ո­րո­շու­մի մը կա­յաց­ման։
Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ վրա­ցիք հրա­պա­րա­կե­ցին ի­րենց սե­փա­կան ընտ­րան­քը կա­տա­րե­լու ո­րո­շու­մը եւ հռչա­կե­ցին Վ­րաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը։
­Յա­ջորդ օր՝ ­Մա­յիս 27ին ա­զե­րի-թա­թար­նե­րը դի­մե­ցին միեւ­նոյն քայ­լին եւ հռչա­կե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը։
­Հայ­կա­կան կող­մը գտնո­ւե­ցաւ կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան առ­ջեւ։ ­Մա­յիս 27ի ամ­բողջ գի­շե­րը եւ մին­չեւ մա­յիս 28ի լոյս ա­ռա­ւօ­տը, բուռն քննար­կում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան բո­լոր շրջա­գիծ­նե­րով՝ թէ՛ ՍԷՅ­Մի մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած գոր­ծիչ­նե­րու, թէ՛ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի, թէ՛ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան թիֆ­լի­սեան կա­ռոյց­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Այդ քննար­կում­նե­րու ար­դիւն­քով՝ ո­րո­շո­ւե­ցաւ մեկ­նա­կէտ ըն­դու­նիլ ՍԷՅ­Մի լու­ծար­ման փաս­տը եւ Անդր­կով­կա­սի ան­կա­խա­ցու­մը ­Ռու­սաս­տա­նէն, ինչ որ ան­խու­սա­փե­լի կը դարձ­նէր ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մը եւ, այդ հի­ման վրայ, հայ­կա­կան յա­տուկ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը ղրկել ­Պա­թում, որ­պէս­զի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րէ ­Խա­լիլ փա­շա­յի ղե­կա­վա­րած թրքա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ։
­Մինչ այդ թրքա­կան նա­հան­ջող զօր­քե­րուն դէմ թափ ա­ռած էր հայ­կա­կան զօր­քե­րու ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նը, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան գրաւ­ման տակ էր տա­կա­ւին Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը չէր հա­մա­կեր­պած ­Կար­սի կո­րուս­տին…
­Հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը ­Պա­թում ու­ղար­կե­լու այդ ո­րո­շու­մը այ­նու­հե­տեւ նկա­տո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ի­րո­ղա­կան հռչա­կու­մը եւ ­Մա­յիս 28ը, այդ նկա­տա­ռու­մով, դար­ձաւ Ան­կա­խու­թեան Օ­րը։ ­Մինչ­դեռ պատ­մա­կան ճշգրտու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ի­րա­ւա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Մա­յիս 30ին՝ ­Թիֆ­լի­սի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի ծա­նօթ յայ­տա­րա­րու­թեամբ, որ Ան­կա­խու­թեան մա­սին խօսք չու­նէր, այլ բա­ռա­ցիօ­րէն կը բա­ւա­րա­րո­ւէր հայ­կա­կան շրջան­նե­րու ինք­նիշ­խա­նու­թեան հռչա­կու­մով։
Ս. Վ­րա­ցեա­նի «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» գոր­ծին խիտ, այ­լեւ ընդգր­կուն վկա­յու­թեամբ՝
«Այս­պի­սով, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան օ­րը իս­կա­պէս պէտք է հա­մա­րո­ւէր ­Մա­յիս 30ը։ ­Հա­կա­ռակ դրան, հա­մար­ւում է ­Մա­յիս 28ը, այ­սինքն՝ այն օ­րը, երբ Ազգ. ­Խոր­հուր­դը վճռեց հաշ­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն ու­ղար­կել ­Պա­թում։ Ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով, այս օրն էլ կա­րող է հա­մա­րո­ւել ան­կա­խու­թեան սկզբնա­ւո­րու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ թիւր­քե­րը հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու հա­մար նա­խա­պայ­ման էին դրել ան­կա­խու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ Ըն­դու­նե­լով թիւր­քե­րի պայ­մա­նը՝ Ազգ. ­Խոր­հուր­դը դրա­նով իսկ հաս­տա­տած էր լի­նում ան­կա­խու­թեան փաս­տը։
«Այս­պէս թէ այն­պէս, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ծագ­ման օ­րը ըն­դու­նո­ւեց ­Մա­յիս 28ը։ Այդ օ­րը դար­ձաւ նո­ւի­րա­կան՝ հայ ժո­ղովր­դի հա­մար եւ մտաւ ազ­գա­յին տօ­նա­ցոյ­ցի մէջ, իբ­րեւ սրբա­զան օ­րե­րից մէ­կը»։