Անգլիական զինուորական «Աղամեմնոն» նաւը, որուն վրայ ստորագրուեցաւ Մուտրոսի պայմանագիրը

­Հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ, ­Հոկ­տեմ­բեր 30ի այս օ­րը, յու­նա­կան ­Լիմ­նոս կղզիի ­Մուտ­րոս նա­ւա­մա­տոյ­ցին բա­ցե­րը խարս­խած բրի­տա­նա­կան աշ­խար­հահռ­չակ Ա­կա­մեմ­նոն ռազ­մա­նա­ւին վրայ, Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի մեծ պար­տեալ­նե­րէն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ու յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րուն մի­ջեւ կնքո­ւե­ցաւ զի­նա­դա­դա­րի պայ­մա­նա­գիր մը։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տին պաշ­տօ­նա­պէս վեր­ջա­կէտ դնող այդ պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեամբ՝ նաեւ վա­րա­գոյ­րը ի­ջաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ծան­րա­գոյն Ար­հա­ւիր­քին՝ հայ ազ­գի բնաջնջ­ման ծրագ­րով թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի կոր­ծան­ման ող­բեր­գու­թեան վրայ։
­Խոր­քին մէջ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան պար­տու­թիւնն ու անձ­նա­տո­ւու­թիւ­նը հաս­տա­տագ­րող մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղթ էր ստո­րագրո­ւած հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ պատ­մու­թեան ան­ցաւ, իր ստո­րագր­ման վայ­րին ա­նու­նով, իբ­րեւ ­Մուտ­րո­սի ­Զի­նա­դա­դա­րի ­Պայ­մա­նա­գիր։
­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­ցին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան նո­րա­կազմ կա­ռա­վա­րու­թեան ծո­վու­ժի նա­խա­րար ­Ռաուֆ ­Պէյ եւ ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րուն կող­մէ ­Ծո­վա­կալ ­Գալ­թորփ (Somerset Arthur Gough-Calthorpe)։
Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան փլու­զու­մը ար­դէն փաստ էր։ Ա­րե­ւե­լեան ռազ­մա­ճա­կա­տին վրայ, կայս­րու­թեան հա­րա­ւա­յին սահ­ման­նե­րու ամ­բողջ եր­կայն­քին, ­Սեպ­տեմ­բեր 1918ի ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րէն, ա­րագ թափ ստա­ցած էր թուր­քեւ­գեր­ման զօր­քե­րուն ան­փա­ռու­նակ նա­հան­ջը՝ ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու ռազ­մա­կան ի­րե­րա­յա­ջորդ յաղ­թա­նակ­նե­րու ճնշու­մին տակ։
­Յատ­կա­պէս ­Սեպ­տեմ­բեր 19ին Ա­րա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տին ի­րենց կրած պար­տու­թեամբ, թուր­քեւ­գեր­ման զօր­քե­րուն դի­մադ­րա­կան ու­ժը ամ­բող­ջա­պէս ջախ­ջա­խո­ւե­ցաւ։
Ա­րա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տին պատ­մու­թիւ­նը ծա­նօթ է։
­Թուր­քեւ­գեր­ման զի­նա­կից ու­ժե­րը, Ե­գիպ­տո­սէն, ­Սու­րիա­յէն եւ ­Յոր­դա­նա­նէն նա­հան­ջե­լով, ­Պա­ղես­տի­նի մէջ կեդ­րո­նա­ցած էին. յատ­կա­պէս Ա­րա­րա­յի բար­ձուն­քին հաս­տա­տո­ւած գեր­մա­նա­կան 701 եւ 702 գու­մար­տակ­ներն ու հրե­տա­նին՝ զօ­րա­վար Օթ­թօ ­Լի­ման ­Ֆոն ­Սան­տեր­սի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, վա­յե­լե­լով թրքա­կան 8րդ, 7րդ (­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ) եւ 4րդ ­զօ­րա­բա­նակ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, կա­տա­ղի դի­մադ­րու­թիւն ցոյց կու տա­յին ­Դաշ­նա­կից ու­ժե­րու յա­ռաջ­խա­ղաց­քին։
Ֆ­րան­սա­ցի զօ­րա­վար Է. Ա­լեն­պէ, որ հրա­մա­նա­տարն էր ­Պա­ղես­տի­նի ամ­բողջ ճա­կա­տով յա­ռա­ջա­ցող ­Դաշ­նա­կից զօր­քե­րուն, Ա­րա­րա­յի բար­ձուն­քը նո­ւա­ճե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը վստա­հած էր ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նին, որ քսան ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ բուռն մար­տե­րէ ետք ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թեան մատ­նեց գեր­մա­նեւ­թուրք զօր­քը եւ տի­րա­ցաւ Ա­րա­րա­յի ա­նա­ռիկ բար­ձուն­քին։
Այդ­պէ՛ս, Ա­րա­րա­յի յաղ­թա­նա­կը վճռո­րոշ ե­ղաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի վախ­ճա­նը ա­րա­գաց­նե­լու մէջ։ ­Գեր­մա­նեւ­թուրք զօր­քե­րը ա­րա­գըն­թաց նա­հան­ջի դի­մե­ցին եւ, քա­նի մը շա­բաթ ետք, ար­դէն ստի­պո­ւե­ցան կնքե­լու պար­տու­թեան՝ զի­նա­դա­դա­րի պայ­մա­նա­գի­րը։
­Մուտ­րո­սի զի­նա­դա­դա­րի պայ­մա­նա­գի­րը ուղ­ղա­կի անձ­նա­տո­ւու­թիւն պար­տադ­րեց թրքա­կան կող­մին։ ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ի­րենց քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կան հա­կակշ­ռին տակ ա­ռին Իթ­թի­հա­տի իշ­խա­նու­թեան փլա­տակ­նե­րուն վրայ կազ­մո­ւած օս­մա­նեան նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։ Թր­քա­կան պե­տու­թեան պար­տադ­րե­ցին զի­նո­ւո­րա­կան դա­տաս­տա­նի են­թար­կել Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճիր­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տու իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րը։ ­Նաեւ՝ պարտք դրին թրքա­կան նո­րա­կազմ կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ, որ զի­նա­դա­դա­րի պայ­ման­նե­րը պար­տադ­րէ թրքա­կան բա­նա­կէն վե­րապ­րած այն զօր­քե­րուն, ո­րոնք ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ կը մեր­ժէին ի­րենց զէն­քե­րը վար դնել ու կը սպառ­նա­յին պա­տե­րազ­մը շա­րու­նա­կել…
­Մուտ­րո­սի ­Պայ­մա­նա­գի­րը յու­սադ­րիչ պայ­ման­ներ ու­նէր յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար՝ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին ար­դար լու­ծում մը գտնե­լու ­Դաշ­նա­կից պե­տու­թեանց յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը ամ­րագ­րե­լու ա­ռու­մով։
Ինչ­պէս որ 1996ին Ե­րե­ւան լոյս տե­սած «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցըե հան­րա­գի­տա­րա­նին մէջ Ռ. ­Սա­հա­կեան դի­տել կու տայ, ­Մուտ­րո­սի պայ­մա­նա­գի­րը ու­նէր ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ շա­հե­րուն ուղ­ղա­կիօ­րէն առն­չո­ւող յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնք կը պար­տա­ւո­րեց­նէին թրքա­կան պե­տու­թեան՝
— Թր­քա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ ռազ­մա­գե­րի բռնո­ւած կամ ընդ­հան­րա­պէս ձեր­բա­կա­լո­ւած հա­յե­րը հա­ւա­քել Կ. ­Պո­լիս՝ զա­նոնք ա­ռանց խո­չըն­դոտ­նե­րու դաշ­նա­կից­նե­րուն յանձ­նե­լու հա­մար (յօդո­ւած 4):
— Թր­քա­կան զօր­քե­րը դուրս բե­րել Անդր­կով­կա­սէն, ինչ­պէս եւ տե­ղա­կան ու­ժե­րէ կազ­մո­ւած մնա­ցեալ զօր­քե­րը հե­ռաց­նել, «ե­թէ ­Դաշ­նա­կից­նե­րը պա­հան­ջեն ա­տի­կա՝ տեղ­ւոյն վրայ ի­րա­վի­ճա­կը ու­սում­նա­սի­րե­լէ յե­տո­յե (յօ­դո­ւած 11):
— Թր­քա­կան զօր­քե­րը դուրս բե­րել ­Կի­լի­կիա­յէն (յօ­դո­ւած 16)։
Իսկ ­Պայ­մա­նագ­րի 24րդ ­յօ­դո­ւա­ծը կը նա­խա­տե­սէր, որ «­Հայ­կա­կան ­Նա­հանգ­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն մէջ ան­կար­գու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին, ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ի­րենց ի­րա­ւունք կը վե­րա­պա­հեն գրա­ւե­լու ա­նոնց մէկ մա­սըե:
­Թե­րեւս ի­րա­ւա­ցի են այն պատ­մա­բան­նե­րը, ո­րոնք կը պնդեն, թէ ­Մուտ­րո­սի ­Զի­նա­դա­դա­րին պայ­ման­նե­րը ­Դաշ­նա­կից­նե­րու ա­նու­նով ­Թուր­քիոյ պար­տադ­րած անգ­լիա­ցի ­Ծո­վա­կալ ­Գալ­թոր­փը չու­նէր ­Դաշ­նա­կից միւս պե­տու­թեանց լրիւ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ ­Նոյն­պէս ի­րա­ւա­ցի են այն պատ­մա­բան­նե­րը, ո­րոնք ա­ռանց հա­կա­ճա­ռե­լու ա­ռա­ջին­նե­րուն՝ դի­տել կու տան, թէ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ինչ­պէս աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան միւս գօ­տի­նե­րու պա­րա­գա­յին, նաեւ ­Մուտ­րո­սով նա­խա­տե­սուած շրջան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ, ի­րենց սկզբնա­կան խոս­տում­ներն ու յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը շու­տով մոռ­ցան, երբ մե­ծա­պե­տա­կան խօլ մրցա­պայ­քա­րը թափ ա­ռաւ գաղ­թա­տի­րա­կան նկրտում­նե­րով։
Ա­մէն պա­րա­գա­յի փաս­տը այն է, որ ­Մուտ­րո­սի զի­նա­դա­դա­րի պայ­մա­նագ­րին տրա­մադ­րու­թիւն­ներն ու յօդո­ւած­նե­րը մի­ջազ­գա­յին-բա­նակ­ցա­յին քննարկ­ման ա­ռար­կայ դար­ձան ե­րեք ա­միս ետք, 1919ի ­Յու­նո­ւար 18ին, ­Փա­րի­զի մէջ բա­ցո­ւած ­Հաշ­տու­թեան ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, որ քա­նի մը ա­միս տե­ւեց։
Իր ա­ռա­ջին նիս­տե­րուն, ­Փա­րի­զի ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը ա­ւե­լիով ամ­րագ­րեց ­Մուտ­րո­սի ­Պայ­մա­նագ­րին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը եւ թրքա­կան պե­տու­թեան վրայ դրո­ւած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ ­Յու­նո­ւար 1919ի վեր­ջե­րուն, ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու գե­րա­գոյն խոր­հուր­դը ո­րո­շում կա­յա­ցուց՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թե­նէն ­Հա­յաս­տա­նի, ­Սու­րիոյ, ­Պա­ղես­տի­նի, Ա­րա­բա­կան ­Թե­րակղ­զիի եւ ­Մի­ջա­գետ­քի ան­ջատ­ման մա­սին: ­Սա­կայն ա­ւե­լի ուշ ­Դաշ­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րը ոչ մէկ լուրջ քայ­լի ձեռ­նար­կե­ցին՝ ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար ­Մուտ­րո­սի զի­նա­դա­դա­րին այն պայ­ման­նե­րը, ո­րոնք միւս ար­դար դա­տե­րու շար­քին նպաս­տա­ւոր էին նաեւ ու մա­նա­ւանդ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ար­դա­րա­ցի լուծ­ման հա­մար
­Մուտ­րո­սի զի­նա­դա­դա­րի պայ­մա­նա­գի­րը մե­ռեալ տառ մնաց, յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, ոչ միայն ­Դաշ­նա­կից­նե­րու խոստմ­նադ­րուժ վար­քագ­ծին հե­տե­ւան­քով, այ­լեւ այն պատ­ճա­ռով, որ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ եւ ա­նոր շուրջ խմբո­ւած թրքա­կան բա­նա­կի ե­րի­տա­սարդ սպա­նե­րը ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն մեր­ժե­ցին ճանչ­նալ ­Թուր­քիոյ պար­տու­թիւ­նը հաս­տա­տագ­րող պայ­մա­նա­գի­րը։
Թր­քա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան նո­րե­լուկ այդ շար­ժու­մը կրցաւ զի­նակ­ցու­թեան լե­զու գտնել ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան տա­պա­լու­մով ­Ռու­սաս­տա­նի մէջ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան տի­րա­ցած ­Լե­նի­նի պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն հետ։ ­Տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով Ա­րեւ­մուտ­քի ­Դաշ­նա­կից­նե­րէն դժգոհ ­Լե­նինն ու ­Քե­մա­լը, ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած, փուլ ե­կած զոյգ բռնա­տի­րու­թեանց՝ Օս­մա­նեան եւ ­Ցա­րա­կան կայս­րու­թեանց փլա­տակ­նե­րուն վրայ կեան­քի կո­չե­ցին մե­ծա­պե­տա­կան ի­րենց նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը։
­Քե­մա­լա­կան շար­ժու­մի այդ յաղ­թար­շա­ւին դէմ յան­դի­ման՝ իբր թէ խորհրդա­յին «վտան­գեին ա­ռաջ­քը առ­նե­լու կար­գա­խօ­սով, ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ի­րա­րու հետ մրցակ­ցու­թեան մէջ մտան ­Քե­մա­լը սի­րա­շա­հե­լու հա­մար։
Այդ­պէ՛ս, ­Դաշ­նա­կից­նե­րը կռնակ դար­ձու­ցին ե­րէ­կի ի­րենց կրտսեր զի­նա­կից­նե­րուն եւ պատ­մու­թեան փո­շե­ծածկ դա­րակ­նե­րը նե­տե­ցին ­Մուտ­րո­սի պայ­մա­նա­գիրն ալ, ան­կէ ետք կնքո­ւած ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գիրն ալ…
Ա­մէն պա­րա­գա­յի՝ ­Մուտ­րո­սի պայ­մա­նա­գի­րը վեր­ջա­կէտ դրաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան վախ­ճա­նի շրջա­նին թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րած Իթ­թի­հա­տի տի­րա­կա­լու­թեան։
Ինչ­պէս որ ­Մե­լի­նէ Ա­նու­մեան կը նշէ իր «­Մուդ­րո­սի զի­նա­դա­դա­րի կնքու­մից յե­տոյ քա­ղա­քա­կան մթնո­լոր­տը ­Թուր­քիա­յում. ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցի ար­ծար­ծու­մը օս­մա­նեան մա­մու­լում եւ խորհր­դա­րա­նու­մե խո­րագ­րով ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ, «Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մում Օս­ման­յան ­Կայս­րութ­յան պար­տու­թիւ­նից յե­տո,յ­ երկ­րում տի­րում էր ծանր ի­րա­վի­ճակ: Երբ 1918 թ. ­Սեպ­տեմ­բե­րի 15ին դաշ­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րի զօր­քե­րը, ­Մա­կե­դո­նիա­յում ճեղ­քե­լով ռազ­մա­ճա­կա­տի գի­ծը, սկսել էին ուղ­ղա­կիօ­րէն սպառ­նալ Ս­տամ­բու­լին, իթ­թի­հա­դա­կան ղե­կա­վար­նե­րը հաշ­տու­թիւն էին խնդրել, սա­կայն դաշ­նա­կից­նե­րը չէին ցան­կա­ցել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րի մէջ մտնել նրանց հետ:
1918 թ. ­Հոկ­տեմ­բե­րի 7ին ­Թա­լէաթ փա­շա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­ժա­րա­կան էր տո­ւել, իսկ ­Նո­յեմ­բե­րի 1ի լոյս 2ի գի­շե­րը ե­րիտ­թուր­քա­կան եօ­թը պա­րագ­լուխ­ներ, ի դէմս վար­չա­պետ ­Թա­լէա­թի, նա­խա­րար­ներ Էն­վե­րի, ­Ջե­մա­լի, դոկ­տոր ­Նա­զը­մի, ­Յա­տուկ ­Կազ­մա­կեր­պութ­յան (TeşkilՉt-ı Mahsusa) ղե­կա­վար­նե­րից մէ­կի` ­Բե­հաէդ­դին ­Շա­քի­րի, ինչ­պես նաեւ՝ ոս­տի­կա­նա­պետ­ներ ­Բեդ­րիի եւ Ազ­միի, գեր­մա­նա­կան յա­ծա­նա­ւով ճո­ղոպ­րել էին Օ­դե­սա, այն­տե­ղից էլ` ­Գեր­մա­նիաե։
­Թէեւ ­Դաշ­նա­կից­նե­րէն փա­խուս­տը հնա­րա­ւոր ե­ղաւ ցե­ղաս­պան­նե­րուն հա­մար, բայց ա­նոնք չկրցան փա­խուստ տալ նա­հա­տա­կո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դին ար­դա­րա­գոյն դա­տաս­տա­նէն։