30 ­Մարտ 1863

30 ­Մարտ 1863. ­Սուլ­թա­նա­կան հրո­վար­տա­կով ի վեր­ջոյ վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը Ն.

0
1311

1863ի այս օ­րը՝ ­Մարտ 30ին (­Նոր ­Տո­մա­րով), Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան սուլ­թա­նա­կան հրո­վար­տա­կով, պաշ­տօ­նա­պէս պե­տա­կան վա­ւե­րա­ցում ստա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ար­դի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն նո­ւա­ճում­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։

Ինչ­պէս որ այդ «կայ­սե­րա­կան հրո­վար­տա­կին» վե­րա­բե­րեալ Օր­մա­նեան Ար­քե­պիս­կո­պոս նշած է իր «Ազ­գա­պա­տում»ին մէջ, սուլ­թա­նը ամ­բողջ 34 ա­միս ձգձգեց ­Թուր­քիոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան օ­րէնս­դիր բարձ­րա­գոյն ժո­ղո­վին կող­մէ 1860ի ­Մա­յիս 24ին (­Հին ­Տո­մա­րով) որ­դեգ­րո­ւած Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չու­մը թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ։

Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան գա­հա­կա­լը, ընդ­հան­րա­պէս իր բռնա­տի­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու մտա­սե­ւե­ռու­մով, օ­րին չէր կրնար ըն­դու­նիլ, որ սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գե­րու հաս­տատ­ման փորձ կա­տա­րո­ւի իր տի­րա­կա­լու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս, նոյ­նիսկ ե­թէ խօս­քը կը վե­րա­բե­րէր «միլ­լէթ»ի մը՝ ազ­գա­յին-կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թեան մը ներ-հա­մայն­քա­յին կեան­քի կազ­մա­կերպ­ման մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան տար­րա­կան կա­նոն­նե­րու կի­րար­կու­մին։

Իսկ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը սոսկ ներ¬հա­մայն­քա­յին կեան­քի կազ­մա­կերպ­ման հե­տա­մուտ կա­նո­նադ­րու­թիւն մը չէր, նոյ­նիսկ ե­թէ պաշ­տօ­նա­կան ա­նո­ւա­նու­մը այդ­պի­սին էր՝ կա­նո­նագ­րու­թիւն էր (­Նի­զամ­նա­մէ) օս­մա­նե­րէ­նով։

­Փաս­տօ­րէն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մայ­րա­քա­ղաք ­Պոլ­սոյ թէ ա­րե­ւե­լեան՝ հայ­կա­կա՛ն նա­հանգ­նե­րուն մէջ, 1850ա­կան­նե­րուն ար­դէն, բուռն պայ­քար ծա­ւա­լած էր հա­յու­թեան կեան­քը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան մաս­նակ­ցու­թեան սկզբունք­նե­րով ղե­կա­վա­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նին շուրջ։

Ա­ռա­ջա­ցած էին հա­կա­դիր եր­կու ճա­կատ­ներ. մէկ կող­մը կղե­րա­միտ եւ պահ­պա­նո­ղա­կան հո­գե­ւո­րա­կան­ներն ու ազ­գա­յին ջո­ջերն էին՝ ա­մի­րա­նե­րու եւ սե­ղա­նա­ւոր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով, իսկ միւս ճա­կա­տին վրայ խմբո­ւած էին ա­զա­տա­խոհ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, ո­րոնց ա­ջա­կից էին նաեւ լու­սա­միտ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը եւ նոր կազ­մա­ւո­րո­ւող քաղ­քե­նի խա­ւի, ար­հես­տա­ւոր­նե­րու (էս­նաֆ) յա­ռա­ջա­դէմ տար­րե­րը։

Աշ­խար­հա­բա­րի որ­դեգր­ման եւ հա­մընդ­հա­նուր ազ­գա­յին զար­թօն­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջան էր ա­րեւմ­տա­հա­յոց հա­մար։ Եւ­րո­պա ու­սա­նած, Ֆ­րան­սա­յի մէջ թէ այ­լուր 1848ի յե­ղա­փո­խա­կան պոռթ­կում­նե­րուն ա­կա­նա­տես ու մաս­նա­կից դար­ձած խումբ մը հայ ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան­ներ, վե­րա­դառ­նա­լով Եր­կիր՝ յա­ռաջ­դի­մա­կան ի­րենց գա­ղա­փար­նե­րով արթն­ցու­ցած էին ­Պոլ­սոյ թէ գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

­Նոյ­նինքն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս յայտ­նո­ւած էր Եւ­րո­պա­յէն տա­րա­ծո­ւող ժո­ղովրդա­վա­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րու ու­ժեղ հո­սան­քին տակ, մա­նա­ւա՛նդ ­Պոլ­սոյ մէջ, ուր մա­մու­լը հսկա­յա­քայլ զար­գա­ցում կ­þապ­րէր եւ կ­þըն­դար­ձա­կէր ժո­ղովր­դա­յին լայն բազ­մու­թիւն­նե­րուն հաս­նե­լու իր ազ­դե­ցու­թեան շրջա­գի­ծը։

­Քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­զա­տու­թիւն­նե­րու ձեռք­բեր­ման հա­մար տա­կաւ սաստ­կա­ցող հա­մընդ­հա­նուր այդ պայ­քա­րի մթնո­լոր­տին մէջ, ա­րեւմ­տա­հայ զար­թօն­քի շար­ժու­մը կեդ­րո­նա­ցած էր ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան բա­րե­կարգ­ման եւ ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման վրայ, ո­րով­հե­տեւ օս­մա­նեան օ­րէն­քով իսկ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան փո­խան­ցո­ւած էր կայս­րու­թեան հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ոչ միայն հո­գեմ­տա­ւոր կեան­քի, այ­լեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­վի­ճա­կին առն­չո­ւող բո­լոր հար­ցե­րու կար­գա­ւոր­ման լիա­զօ­րու­թիւ­նը, ան­շուշտ սուլ­թա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան բռնա­կալ հա­կակշ­ռին տակ։

­Պատ­րիար­քա­րա­նի ղե­կա­վար­ման եւ այդ ճամ­բով հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին¬քա­ղա­քա­ցիա­կան կեան­քի կար­գա­ւոր­ման ամ­բողջ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կղե­րի ու պահ­պա­նո­ղա­կան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու մե­նաշ­նոր­հէն, կա­մա­յա­կա­նու­թե­նէն եւ սուլ­թան­նե­րու ստրկա­միտ ծա­ռա­յու­թե­նէն դուրս բե­րե­լու, այ­լեւ ժո­ղո­վուր­դի լայն խա­ւե­րու ներ­գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­կակշ­ռե­լու ­Զար­թօն­քի ­Շար­ժու­մը յաղ­թա­կան մա­կըն­թա­ցու­թեան փուլ թե­ւա­կո­խեց 1853ին։ ­Պատ­րիար­քու­թեան Ազ­գա­յին ­Հո­գե­ւոր եւ ­Գե­րա­գոյն ­Ժո­ղով­նե­րու միա­ցեալ նիս­տը, այդ տա­րի, տե­ղի տա­լով հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին թափ ստա­ցած ա­զա­տա­խոհ ճա­կա­տի ճնշման առ­ջեւ, ո­րո­շեց կեան­քի կո­չել հա­յու­թեան կրթա­կան կեան­քի ղե­կա­վար­ման յա­տուկ մար­մին մը՝ «Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուրդ» ա­նու­նով, ո­րուն պէտք է փո­խան­ցո­ւէր հա­յոց ազ­գա­յին թէ մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան­նե­րու եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեանց մա­տա­կա­րար­ման եւ հու­նա­ւոր­ման ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

­Յատ­կան­շա­կա­նը այն էր, որ նո­րաս­տեղծ «Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուրդ»ին ան­դամ նշա­նա­կո­ւե­ցան Եւ­րո­պա­յէն ու­սում­նա­ւարտ խումբ մը ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան­ներ։

­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեան, Գ­րի­գոր Օ­տեան, Ն. ­Պա­լեան, Ս. ­Վի­չէ­նեան (­Սեր­վի­չէն), ­Կա­րա­պետ Իւ­թիւ­ճեան, Մկր­տիչ Ա­ղա­թոն եւ Գ­րի­գոր Ա­ղա­թոն ա­նու­նով այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ նո­ւի­րու­մով լծո­ւե­ցան հա­յե­ցի ուս­մում­նա­կան ծրա­գիր­նե­րու բա­րե­կարգ­ման եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յոց կրթա­կան կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վա­րու­մը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հի­մե­րու վրայ դնե­լու աշ­խոյժ  աշ­խա­տան­քին։ Բ­նա­կա­նա­բար ա­նոնք բա­խե­ցան իշ­խող մտայ­նու­թեանց յա­րու­ցած բազ­մա­տե­սակ խո­չըն­դոտ­նե­րուն, բայց ոչ միայն տե­ղի չտո­ւին, այ­լեւ բա­րե­կարգ­չա­կան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման ի­րենց պայ­քա­րին ծի­րը ընդ­լայ­նե­ցին՝ ամ­բողջ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նօ­րէն կա­նո­նա­կար­գե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ եր­թա­լով։

­Տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րե­ցաւ ա­նոնց պայ­քա­րը, բայց այդ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին մշա­կո­ւե­ցաւ եւ բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ բիւ­րե­ղա­ցաւ սահ­մա­նադ­րա­կան ու կա­նո­նադ­րա­կան սկզբունք­նե­րու ամ­բողջ շարք մը, որ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քի ընտ­րու­թե­նէն եւ հրա­ժա­րե­ցու­մէն մին­չեւ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց տար­բեր օ­ղակ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման, ի­րա­ւա­սու­թեանց յստա­կաց­ման, ի­րա­ւա­կան զա­տո­րոշ­ման ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­կակշռ­ման հար­ցե­րը օ­րէնսդ­րա­կան կար­գա­ւո­րու­մի են­թար­կեց։ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան սկզբունք­նե­րու, օ­րէնք­նե­րու եւ կա­նոն­նե­րու այդ ամ­բող­ջու­թեան ա­ռանցքն ու ա­ռա­ջա­տար գա­ղա­փա­րը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թեան ա­պա­հո­վու­մը եւ ժո­ղո­վուր­դի իշ­խա­նու­թեան հաս­տա­տու­մը Ազ­գի ­Գոր­ծե­րու յան­ձանձ­ման ու ղե­կա­վար­ման մէջ։

Ա­հա այդ բա­րե­կար­գում­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւնն էր, որ ստա­ցաւ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւն ա­նո­ւա­նու­մը եւ, յետ եր­կա­րա­տեւ բա­խում­նե­րու եւ ա­զա­տա­խո­հա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­կան տա­րա­ծու­մին, 1860ի ­Մա­յիս 24ին ի վեր­ջոյ որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին կող­մէ։

Իսկ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մին ընդ­դի­մա­ցող պահ­պա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րը ա­մէն մի­ջո­ցի դի­մե­ցին, որ­պէս­զի խա­փա­նեն ա­նոր վա­ւե­րա­ցու­մը սուլ­թա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։ ­Ներ­քին-ազ­գա­յին կար­գով հաս­տա­տո­ւած Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան կի­րար­կու­մը ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քին կող­մէ առ­կա­խո­ւե­ցաւ՝ ա­նոր հաս­տա­տու­մէն տա­րի մը ետք, 1861ի Օ­գոս­տոս 26ին։

­Բայց ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան կողմ­նա­կից­նե­րը տե­ղի չտո­ւին եւ սաստ­կա­ցու­ցին սուլ­թա­նա­կան վա­ւե­րա­ցու­մը ա­րա­գաց­նե­լու պայ­քա­րը։

1862ին նոյ­նիսկ ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան ­Պոլ­սոյ հա­յու­թեան կող­մէ՝ հաս­տա­տո­ւած Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան պե­տա­կան վա­ւե­րա­ցու­մը պա­հան­ջե­լով։

­Ժո­ղովր­դա­յին այդ ու­ժեղ ճնշու­մը, նոյն­պէս եւ եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րուն հետ քայլ պա­հե­լու Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան բա­րե­կար­գու­մի ընդ­հա­նուր հրա­մա­յա­կա­նը ստի­պե­ցին ­Սուլ­թա­նին, որ 30 ­Մարտ 1863ին պաշ­տօ­նա­պէս վա­ւե­րաց­նէ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։

Ան­շուշտ սուլ­թա­նա­կան վա­ւե­րա­ցու­մը կա­րե­ւոր չա­փով կրտեց եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան իր կա­րե­ւոր յօ­դուած­նե­րէն զրկեց 1860ին հաս­տա­տո­ւած ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։ Ա­նոր 150 յօ­դո­ւած­նե­րը զեղ­չե­լով հաս­ցուց 99ի՝ դուրս ձգե­լով ­Պատ­րիար­քու­թեան հիմ­նա­կան ո­րո­շում­նե­րուն կա­յաց­ման մէջ ժո­ղովր­դա­յին ու աշ­խար­հա­կան մաս­նակ­ցու­թեան ի­րա­ւունքն ու գե­րակշ­ռու­թիւ­նը ամ­րագ­րող կա­րե­ւոր կէ­տե­րը։ Այ­սու­հան­դերձ՝ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը հիմք ծա­ռա­յեց ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին կեան­քի կազ­մա­կեր­պա­կան վե­րա­կա­ռու­ցու­մին՝ սահ­մա­նադ­րա­կան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րու կի­րարկ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը գոր­ծեց մին­չեւ 1896, երբ ­Հա­միտ առ­կա­խեց ա­նոր կի­րար­կու­մը։ 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք ա­նի­կա վերս­տին կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ, բայց 1915ի ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րէն ու քե­մա­լա­կան «հան­րա­պե­տու­թեան» հաս­տա­տու­մէն ետք, հիմ­նո­վին նոր ու կա­մա­յա­կան բռնու­թեանց են­թա­կայ դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ հա­յու­թեան ազ­գա­յին կեան­քի ղե­կա­վա­րու­մը։

­Մէ­կու­կէս դար ան­ցած է Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան օս­մա­նեան վա­ւե­րաց­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն աս­դին։ 19րդ ­դա­րու երկ­րորդ կէ­սը հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն բուռն դար­ձա­կէ­տը կազ­մեց։ ­Հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան բռնկումն ու բո­ցա­վա­ռու­մը ուղ­ղա­կիօ­րէն ա­րա­գա­ցու­ցին հայ կեան­քի ղե­կա­վա­րու­մը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հիմ­քի վրայ հաս­տա­տե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի եւ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ գոր­ծե­լու հա­յոց ի­րա­ւա­տի­րա­կան շար­ժու­մը։

Այ­սօր չկայ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը։ 1915էն 1923 հայ ժո­ղո­վուր­դը իր հայ­րե­նի բնօր­րա­նէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղաւ ու աշ­խար­հաց­րիւ դար­ձաւ։ Ա­րե­ւե­լեան կողմն հա­յաշ­խար­հի, մեր ժո­ղո­վուր­դը հե­րո­սա­կան իր ա­րեան գնով ան­կախ հայ­րե­նիք կեր­տեց եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւն հիմ­նեց։ Ք­սա­նե­րորդ դա­րու ողջ ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­դի դա­րաշր­ջան մուտք գոր­ծեց տա­րա­հուն եր­կու՝ ազ­գա­յին եւ խորհր­դա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։

­Բայց պատ­մակ­շիռ այդ զար­գա­ցում­նե­րու բո­վին մէջ իր կեան­քը շա­րու­նա­կեց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, պատ­շա­ճե­ցաւ հա­յու­թեան սփիւռ­քեան կեան­քի պայ­ման­նե­րուն եւ հա­մա­պա­տաս­խան բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րով շա­րու­նա­կեց հիմ­քը կազ­մել սփիւռ­քա­հայ հա­յօ­ճախ­նե­րու ազ­գա­յին կեան­քի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ղե­կա­վա­րու­մին, յատ­կա­պէս ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կա­ռոյց­ներն ու թե­մե­րը հա­մա­պա­տաս­խան հու­նի մէջ պա­հե­լով եւ ա­ռաջ­նոր­դե­լով։

­Ներ­կա­յիս Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը նո­րո­վի՛ վե­րա­նա­յե­լու եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­րօ­րեայ ի­րա­կա­նու­թեան լիար­ժէք հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նե­լու պա­հան­ջը շա­տոնց հա­սուն­ցած է։ ­Յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մով՝ նաեւ հրա­տապ կա­րե­ւո­րու­թիւն ստա­ցած է այդ պա­հան­ջը։

­Ժա­մա­նակն է, որ նոյ­նինքն Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թե­նէն սկսե­լով եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Նո­ւի­րա­պե­տա­կան Ա­թոռ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, 21րդ ­դա­րու ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման ընդ­հա­նուր հու­նին մէջ, հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան կամ­քի իշ­խա­նու­թեամբ, վե­րա­նո­րո­գո­ւի ու հաս­տա­տո­ւի հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը՝ հա­մա­հունչ մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ կեան­քի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեանց եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեանց։

­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման բա­րիքն է, որ խորհր­դա­յին դա­րաշր­ջա­նի բռնա­դա­տու­մի խա­ւա­րէն ձեր­բա­զա­տո­ւե­լով՝ նաե՛ւ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ սկսան ա­ւե­լի ա­զատ եւ բարձ­րա­ձայն հնչել Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան ո­գիով եւ տա­ռով ազ­գա­յին¬կրօ­նա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան մեր կեանքն ու կա­ռոյց­նե­րը ար­դիա­կան ո­գիով վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հիմ­քով վե­րա­թար­մաց­նե­լու պա­հանջ­նե­րը։