Յատկապէս մեր օրերուն, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի տեղապահի ընտրութեան հարցով թրքական իշխանութեանց գործած ապօրինի միջամտութեանց լոյսին տակ, անվիճելի եւ անուրանալի կը դառնայ մոլեռանդութիւնը Թուրքիոյ պետական այլամերժ ֆաշականութեան։
Մանաւանդ կը պարզուի մերկութիւնը թրքական պետութեան այն մեծ կեղծիքին, որ պատեհ թէ անպատեհ ամէն առիթով կ’ուզէ քաղաքակիրթ աշխարհին մօտ տարածել այն թիւր տպաւորութիւնը, թէ Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակներէն իսկ թուրք քաղաքական միտքը, իբր թէ «ամենայն լայնախոհութեամբ ու հանդուրժողականութեամբ», յարգած է եղեր կրօնքն ու կրօնական կառոյցները իր իշխանութեան տակ ապրող ժողովուրդներուն։
Պատմութիւնը, սակայն, որ իրողութեանց եւ ճշմարտութեանց միակ վստահելի արձանագրողն է, ըստ ամենայնի կը յորդի հակառակը փաստող ապացոյցներով։
Որոշապէս հայ ժողովուրդին օրինակը աւելի քան խօսուն է այս իմաստով։ Գաղտնիք չէ, որ օսմանցի թուրքը իր լուծին ենթարկած հայ ժողովուրդին «ինքնուրոյն համայնք»ի կարգավիճակ տուաւ պարզապէս մաքիաւելական այն տրամաբանութեամբ, որ Սուլթանի հպատակները հարկ էր բաժան-բաժան ընել՝ անոնց տիրապետելու համար…
Այդ առումով մեծապէս ուսանելի է պատմութիւնը Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան մշակումին, որդեգրումին եւ, մանաւանդ, անոր օսմանեան կայսերապետական վաւերացումը ձգձգելու թրքական լարախաղացութեան ու ոտնձգութեանց դէմ մեր ժողովուրդին մղած հետեւողական ու յաղթական պայքարին։
1863ի այս օրը՝ Մարտ 30ին (Հին Տոմարով՝ 17 Մարտին), Օսմանեան Կայսրութեան սուլթանական հրովարտակով, պաշտօնապէս պետական վաւերացում ստացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան արդի ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։
Ինչպէս որ այդ «կայսերական հրովարտակին» վերաբերեալ Օրմանեան Արքեպիսկոպոս նշած է իր «Ազգապատում»ին մէջ, սուլթանը ամբողջ 34 ամիս ձգձգեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան օրէնսդիր բարձրագոյն ժողովին կողմէ 1860ի Մայիս 24ին (Հին Տոմարով) որդեգրուած Ազգային Սահմանադրութեան պաշտօնական ճանաչումը օսմանեան պետութեան կողմէ։
Օսմանեան Կայսրութեան գահակալը, ընդհանրապէս իր բռնատիրական իշխանութիւնը պահպանելու մտասեւեռումով, չէր կրնար ընդունիլ, որ սահմանադրական կարգերու հաստատման փորձ կատարուի իր տիրակալութեան սահմաններէն ներս, նոյնիսկ եթէ խօսքը կը վերաբերէր «միլլէթ»ի մը՝ ազգային-կրօնական փոքրամասնութեան մը ներ-համայնքային կեանքի կազմակերպման մէջ ժողովրդավարական տարրական կանոններու կիրարկումին։
Մանաւանդ որ Արեւելեան կողմն Հայաստանի, ուր Ցարական Կայսրութիւնը հաստատած էր իր տիրակալութիւնը՝ իբրեւ «քրիստոնեայ» եւ հայոց «ազատարար» պետութիւն, ռուս միապետական իշխանութիւնը փութացած էր մշակելու եւ պարտադրելու իր լուծը ամրագրող կանոնագրութիւն մը՝ Պոլոժենիան, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կառոյցն ու կազմակերպական կեանքը ամբողջապէս Ցարի հակակշռին տակ առնելով։ Փաստօրէն, Պոլոժենիան՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին ղեկավարելէ աւելի, զայն ցարական հսկողութեան տակ պահելու կոչուած կանոնադրութիւն մըն էր։
Մինչդեռ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ թէ արեւելեան՝ հայկակա՛ն նահանգներուն մէջ, հայ քաղաքական միտքը 1850ականներուն արդէն բուռն պայքար ծաւալած էր՝ յանուն հայութեան կեանքը ժողովրդավարական մասնակցութեան սկզբունքներով ղեկավարելու իրաւունքին։
Առաջացած էին հակադիր երկու ճակատներ. մէկ կողմը կղերամիտ եւ պահպանողական հոգեւորականներն ու ազգային ջոջերն էին՝ ամիրաներու եւ սեղանաւորներու ներկայացուցիչներով, իսկ միւս ճակատին վրայ խմբուած էին ազատախոհ մտաւորականները, որոնց աջակից էին նաեւ լուսամիտ հոգեւորականները եւ նոր կազմաւորուող քաղքենի խաւի, արհեստաւորներու (էսնաֆ) յառաջադէմ տարրերը։
Աշխարհաբարի որդեգրման եւ համընդհանուր ազգային զարթօնքի ժամանակաշրջանն էր արեւմտահայոց համար։ Եւրոպա ուսանած, Ֆրանսայի մէջ թէ այլուր 1848ի յեղափոխական պոռթկումներուն ականատես ու մասնակից դարձած խումբ մը հայ երիտասարդ մտաւորականներ, վերադառնալով Երկիր՝ յառաջդիմական իրենց գաղափարներով արթնցուցած էին Պոլսոյ թէ գաւառներու հայութիւնը։
Նոյնինքն Օսմանեան Կայսրութիւնը ընդհանրապէս յայտնուած էր Եւրոպայէն տարածուող ժողովրդավարական գաղափարներու ուժեղ հոսանքին տակ, մանաւա՛նդ Պոլսոյ մէջ, ուր մամուլը հսկայաքայլ զարգացում կ’ապրէր եւ կ’ընդարձակէր ժողովրդային լայն բազմութիւններուն հասնելու իր ազդեցութեան շրջագիծը։
Քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ձեռքբերման համար տակաւ սաստկացող համընդհանուր այդ պայքարի մթնոլորտին մէջ, արեւմտահայ զարթօնքի շարժումը կեդրոնացած էր Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեան բարեկարգման եւ ժողովրդավարացման վրայ, որովհետեւ օսմանեան օրէնքով իսկ Հայոց Պատրիարքութեան փոխանցուած էր կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն ոչ միայն հոգեմտաւոր կեանքի, այլեւ քաղաքացիական իրավիճակին առընչուող բոլոր հարցերու կարգաւորման լիազօրութիւնը, անշուշտ սուլթանական կառավարութեան բռնակալ հակակշռին տակ։ Պատրիարքարանի ղեկավարման եւ այդ ճամբով հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքացիական կեանքի կարգաւորման ամբողջ գործունէութիւնը կղերի ու պահպանողական իշխանաւորներու մենաշնորհէն, կամայականութենէն եւ սուլթաններու ստրկամիտ ծառայութենէն դուրս բերելու, այլեւ ժողովուրդի լայն խաւերուն ներգործօն մասնակցութեամբ հակակշռելու Զարթօնքի շարժումը յաղթական մակընթացութեան փուլ թեւակոխեց 1853ին։ Պատրիարքութեան Ազգային Հոգեւոր եւ Գերագոյն Ժողովներու միացեալ նիստը, այդ տարի, տեղի տալով համաժողովրդային թափ ստացած ազատախոհ ճակատի ճնշման առջեւ, որոշեց կեանքի կոչել հայութեան կրթական կեանքի ղեկավարման յատուկ մարմին մը՝ «Ուսումնական Խորհուրդ» անունով, որուն պէտք է փոխանցուէր հայոց ազգային թէ մասնաւոր վարժարաններու եւ կրթական հաստատութեանց մատակարարման եւ հունաւորման ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։
Յատկանշականը այն էր, որ նորաստեղծ «Ուսումնական Խորհուրդ»ին անդամ նշանակուեցան Եւրոպայէն ուսումնաւարտ խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներ։ Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Ն. Պալեան, Ս. Վիչէնեան (Սերվիչէն), Կարապետ Իւթիւճեան, Մկրտիչ Աղաթոն եւ Գրիգոր Աղաթոն անունով այդ երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ եւ նուիրումով լծուեցան հայեցի ուսումնական ծրագիրներու բարեկարգման եւ ընդհանրապէս հայոց կրթական կառոյցներու ղեկավարումը ժողովրդավարական հիմերու վրայ դնելու աշխոյժ աշխատանքին։
Տարիներու վրայ երկարեցաւ անոնց պայքարը, բայց այդ ժամանակամիջոցին մշակուեցաւ եւ բուռն հակազդեցութիւններու մթնոլորտին մէջ բիւրեղացաւ սահմանադրական ու կանոնադրական սկզբունքներու ամբողջ շարք մը, որ Հայոց Պատրիարքի ընտրութենէն եւ հրաժարեցումէն մինչեւ ազգային իշխանութեանց տարբեր օղակներու կազմաւորման, իրաւասութեանց յստակեցման ու զատորոշման հարցերը օրէնսդրական կարգաւորումի ենթարկեց։ Սահմանադրական սկզբունքներու, օրէնքներու եւ կանոններու այդ ամբողջութեան առանցքն ու առաջատար գաղափարը եղաւ հայ ժողովուրդին լիարժէք մասնակցութեան ապահովումը եւ ժողովրդային հակակշռի գերակայութեան հաստատումը Ազգի Գործերու յանձանձման ու ղեկավարման մէջ։
Ահա այդ բարեկարգումներու ամբողջութիւնն էր, որ ստացաւ Ազգային Սահմանադրութիւն անուանումը եւ, յետ երկարատեւ բախումներու եւ ազատախոհական տրամադրութիւններու յաղթական տարածումին, 1860ի Մայիս 24ին ի վերջոյ որդեգրուեցաւ Հայոց Պատրիարքութեան Ազգային Ժողովին կողմէ։
Եւ Ազգային Սահմանադրութեան այդօրինակ որդեգրումին ընդդիմացող պահպանողական շրջանակներն էին, որ ամէն միջոցի դիմեցին, որպէսզի խափանեն անոր վաւերացումը սուլթանական կառավարութեան կողմէ։ Ներքին կարգով հաստատուած Ազգային Սահմանադրութեան կիրարկումը Հայոց Պատրիարքին կողմէ առկախուեցաւ հաստատումէն տարի մը ետք, 1861ի Օգոստոս 26ին։ Բայց Սահմանադրութեան կողմնակիցները տեղի չտուին եւ սաստկացուցին սուլթանական վաւերացումը արագացնելու պայքարը։ 1862ին նոյնիսկ ժողովրդային ցոյցեր կազմակերպուեցան Պոլսոյ հայութեան կողմէ՝ հաստատուած Ազգային Սահմանադրութեան պետական-սուլթանական վաւերացումը պահանջելով։ Ահա՛ ժողովրդային այդ ուժեղ ճնշումը, նոյնպէս եւ եւրոպական արժէքներուն հետ քայլ պահելու Օսմանեան Կայսրութեան բարեկարգումի ընդհանուր հրամայականը ստիպեցին Սուլթանին, որ 30 Մարտ 1863ին պաշտօնապէս վաւերացնէ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։ Անշուշտ սուլթանական վաւերացման արժանացած Կանոնագրութիւնը իր կարեւոր առաջադրանքներէն զրկեց եւ կրտեց 1860ին հաստատուած Սահմանադրութիւնը։ Անոր 150 յօդուածները զեղչելով հասցուց 99ի՝ դուրս ձգելով Պատրիարքութեան հիմնական որոշումներուն կայացման մէջ ժողովրդային ու աշխարհական մասնակցութեան իրաւունքն ու գերակշռութիւնը ամրագրող կարեւոր կէտերը։ Այսուհանդերձ՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը հիմք ծառայեց արեւմտահայոց ազգային կեանքի կազմակերպական վերակառուցումին՝ սահմանադրական եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրարկման ուղղութեամբ։ Ազգային Սահմանադրութիւնը գործեց մինչեւ 1896, երբ Համիտ առկախեց անոր կիրարկումը։
Իսկ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք անիկա վերստին կեանքի կոչուեցաւ, բայց 1915ի ցեղասպանական մեծ ոճիրով եւ քեմալական կարգերու հաստատումով՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը իր կարգին ենթարկուեցաւ պետական նոր կաշկանդումներու, մինչեւ որ 1923ի Լօզանի Դաշնագրով նուիրագործուեցաւ միջազգային երաշխաւորութեան ամրագրումով։
Մէկուկէս դար անցած է այդ ժամանակաշրջանէն ասդին։ 19րդ դարու երկրորդ կէսը հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան ամէնէն բուռն դարձակէտը կազմեց։ Հայկական յեղափոխութեան բռնկումն ու բոցավառումը ուղղակիօրէն արագացուցին հայ կեանքի ղեկավարումը ժողովրդավարական հիմքի վրայ հաստատելու եւ ամրապնդելու Ազգային Զարթօնքի շարժումը։ Այսօր չկայ Օսմանեան Կայսրութիւնը։ 1915էն 1923 հայ ժողովուրդը իր հայրենի բնօրրանէն արմատախիլ եղաւ ու աշխարհացրիւ դարձաւ։ Արեւելեան կողմն հայաշխարհի, մեր ժողովուրդը հերոսական իր արեան գնով անկախ հայրենիք կերտեց եւ ազգային պետականութիւն հիմնեց։ Քսաներորդ դարու ողջ ընթացքին հայ ժողովուրդը արդի դարաշրջան մուտք գործեց տարահուն երկու ուղղութիւններով։ Բայց պատմակշիռ այդ զարգացումներու բովին մէջ իր կեանքը շարունակեց Ազգային Սահմանադրութիւնը, պատշաճեցաւ հայութեան սփիւռքեան կեանքի պայմաններուն եւ մասնակի փոփոխութիւններով շարունակեց հիմքը կազմել սփիւռքահայ հայօճախներու ազգային կեանքի ժողովրդավարական ղեկավարումին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցներն ու թեմերը համապատասխան հունի մէջ պահելով եւ առաջնորդելով։
Ազգային Սահմանադրութիւնը հիմնովին վերանայելու եւ հայ ժողովուրդի մերօրեայ իրականութեան լիարժէք համապատասխանեցնելու պահանջը շատոնց հասունցած է։ Յատկապէս Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով՝ նաեւ այժմէական ու հրատապ կարեւորութիւն ստացած է այդ պահանջը։ Եկած է ժամանակը որպէսզի 21րդ դարու ժողովրդավարացման ընդհանուր հունին մէջ վերամշակուի, ամբողջացուի ու վերահաստատուի հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը՝ համահունչ մեր ժամանակներու հայ կեանքի առանձնայատկութեանց եւ առաջնահերթութեանց։
30 Մարտ 1863. Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւն
30 Մարտ 1863. Երեք տարուան ձգձգումներէ ետք, ի վերջոյ Սուլթանը վաւերացուց Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը Ն.