Երբ 1968ին, Մայիսեան հերոսամարտներու յիսնամեակին առիթով, մեծն Պարոյր Սեւակ զանգահարեց հայրենի հայութեան ազգային յիշողութեան՝ սթափեցնելով, որ «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից», ըստ էութեան «Մայիս 28»ի ուրացման վերջ տալու կոչէն աւելի՛ն կատարեց։
Ազգային լինելութեան եւ պետականօրէն ինքնահաստատման մեր երթին լիարժէք տէր կանգնելու պատգամը յաւերժացուց։
Այդ ներշնչումով ալ, հայոց արդի պատմութեան լուսաշող յաղթանակին եւ Մայիս 1918ի վերջին օրերուն ուսանելի պահերը ոգեկոչելով՝ անպայման պէտք է ընդգծել, թէ հայ ժողովուրդի դարակազմիկ նուաճումին խորհուրդն ու արժէքը կը կայանան Ազգի շղթայազերծած ներքին ուժականութեան յաղթարշաւին մէջ։
Միայն Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ռազմաճակատներուն վրայ չէր, որ հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ծառացած էր։ Ողջ հայութիւնը, Արարատեան Դաշտէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Պոլիս, մինչեւ Պաքու եւ Մոսկուա, այլեւ մինչեւ Փարիզ ու Ուաշինկթըն, քաղաքական տարերքի մէջ էր եւ կենաց-մահու պայքար կը մղէր յանուն հայ ժողովուրդի եւ հայրենի հողի վերջին բեկորի պաշտպանութեան ու փրկութեան։
Ոչ ալ Մայիսի 24էն 28 երկարող հայկական ուժերու յաղթանակով եւ թրքական զօրքերու նահանջով վերջ գտաւ համազգային այդ զօրաշարժը։ Փաստօրէն Մայիս 29ին, Արարատեան դաշտի հայութեան համար, նոր կը սկսէր Ազգի եւ Հայրենիքի բուն կռիւը։ Այդ օր զօրավար Սիլիկեան հետեւեալ խօսուն ռազմակոչով կը դիմէր յաղթանակած մեր ժողովուրդին.-
«Հայե՛ր։ Մեր քաջարի զօրքերի հերոսական գործունէութիւնը շարունակւում է, եւ թիւրք զօրքերը նահանջում են։
«Մենք պէտք է յետ առնենք Ալեքսանդրապոլը, որը այնպէս նենգօրէն գրաւեցին թիւրքերը։
«Մեր բոլորիս մտքերը ամբողջովին պէտք է սեւեռած լինեն դէպի Ալեքսանդրապոլը. մենք պէտք է յետ առնենք այն եւ ապա միայն թիւրքերի հետ բանակցութեան մէջ մտնենք հաշտութիւն կնքելու համար։
«Մեզ բոլորիս շատ լաւ պէտք է յայտնի լինի, թէ ո՛ր աստիճանի գրգռուել է անկուշտ եւ միաժամանակ թոյլ թիւրք կառավարութեան ախորժակը։ Նա պահանջում է ամբողջ Ախալցխայի, Ախալքալաքի, Ալեքսանդրապոլի եւ Էջմիածնի գաւառները՝ Էջմիածին վանքի հետ միասին եւ Երեւանի, Նախիջեւանի գաւառների մեծ մեծ մասը։
«Միթէ՞ մենք պէտք է տանենք այդպիսի անարգանք։ Միթէ՞ հեշտ ու հանգիստ սրտով պէտք է տանք թշնամուն մեր հայրենի հողերը, որ կերակրել, կերակրում են եւ պիտի կերակրեն մեզ, եւ մեր սրբատեղին՝ Սուրբ Էջմիածինը։
«Ո՛չ, երբեք, հա՛յ ժողովուրդ, դու չպիտի թոյլ տաս այդպիսի անարգանք։
«Եւ այդ անարգանքը, տեղի չի ունենայ, եթէ մենք հասնենք մինչեւ Ալեքսանդրապոլ։
«Քի՛չ է մնացել մինչեւ Ալեքսանդրապոլ, հարկաւոր է միայն օգնել խրամատներում գտնուող մեր քաջերին, եւ մի երեք-չորս օրից յետոյ մենք կը հասնենք մեր նպատակին։
«Արդ, ուրեմն, մի՛ դանդաղէք, հայե՛ր, շտապով խմբուեցէ՛ք խիտ ու համերաշխ շարքերով, վռնտեցէ՛ք թշնամուն մեր հայրենի արիւնաներկ հողից, եւ թո՛ղ ձեզ հետ լինի մեր յետնորդների օրհնութիւնը։
«Դէպի՛ զէնք բոլորդ։
«Դէպի՛ Ալեքսանդրապոլ»։
Այդպէ՛ս, հայոց հինաւուրց հայրենիքի մեծագոյն մասը հայաթափուած ու բռնագրաւուած կը մնար հայասպանութեան վճիռով մոլեգնած թրքական պետութեան արիւնալի եաթաղանին տակ։ Նոյնիսկ Ալեքսանդրապոլը դեռ չէր ազատագրուած անարգ թշնամիէն։
Հայոց ազգային ազատագրութեան եւ Հայաստանի պետական անկախութեան կռիւը նոր սկսած էր։
Աւելի՛ն. մինչ Արարատեան Դաշտի հայութիւնը նահանջող թրքական զօրքին հալածելու եւ հայրենի հողի ազատագրման պայքարը յառաջ մղելու ոգեւորութեան մէջ էր, անդին Թիֆլիս կեդրոնացած արեւելահայ ազգային-քաղաքական ղեկավարութիւնը ամէն ճիգ կը թափէր, որպէսզի Անդրկովկասին տիրացած թրքական կողմին հետ հաշտութիւն կնքէր։ Թիֆլիսէն դիտուած՝ Արարատեան Դաշտի յաղթանակները կարիքը ունէին քաղաքական եւ իրաւական ամրագրումի, որպէսզի ռազմական ուժերու նոր դասաւորումով՝ ցեղասպան թշնամին չփորձէր ի նպաստ իր ախորժակներուն շրջել հայ-թրքական պատերազմին հայանպաստ արդիւնքը… Իսկ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ Սէյմի լուծարումով ու անկախութեան հռչակումով՝ հայ ժողովուրդը երկրորդ անգամ ըլլալով, ռուս զօրքի Անդրկովկասէն հեռանալէն ետք, դարձեալ առանձին լքուած էր թրքական սպառնալիքին դիմաց։
Ռազմաքաղաքական այդ հաշուարկներուն արգասիքը եղաւ Մայիս 30ի այս օրը, հարիւր տարի առաջ, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդին հրապարակած հետեւեալ կարճ յայտարարութիւնը.
«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ադրբեջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ՝ Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն։ Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերը կազմել հայոց ազգային կառավարութիւն՝ Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարական բոլոր ֆունկցիաները՝ հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»։
Այսպիսի՛ն եղաւ Հայաստանի անկախութեան եւ պետական գերիշխանութեան իրաւական հռչակումը, որ խորքին մէջ անկախութեան յայտարարութենէն աւելի՝ կատարուած փաստին արձանագրութիւնն էր։
Բայց այդ յայտարարութիւնը նաեւ, ըստ ամենայնի, հիմքը դարձաւ հայոց անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան. Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդի բաղադրութեամբ կազմուեցաւ հայոց պետական անդրանիկ օրէնսդիր ժողովը՝ Հայաստանի Խորհուրդը, նոյնպէս եւ Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ Հ.Հ. անդրանիկ կառավարութիւնը։
Մայիսի 30ին իր գագաթնակէտին հասած էր ծանրակշիռ երկընտրանքը, որ ծառացած էր հայ ժողովուրդի քաղաքական կամքին առջեւ.- Շարունակե՞լ Սարդարապատեան յաղթարշաւը, թէ՞ իրատես ըլլալ եւ Բաթումի մէջ զիջումներու երթալ ու, Թուրքիոյ պարտադրած պայմանները ընդունելով, ստիպուած ստորագրէր Բաթումի «հաշտութեան» խայտառակ դաշնագիրը, որպէսզի Ազգի եւ հայրենիքի վերջին բեկորը փրկուէր թրքական պատուհասէն։
Ինչպէս Ս. Վրացեան կը նշէ, Երեւանի «Ազգային Խորհուրդն ալեկոծւում էր… ոմանք առաջարկում էին հաշտուել կացութեան հետ եւ ընդունել Բաթումի դաշնագրի պայմանները, ուրիշները — գլխաւորապէս դաշնակցականները — պահանջում էին չեղեալ համարել զօր. Նազարբէկեանի հեռագիրը հաշտութեան մասին, զօրքերի ընդհանուր հրամանատար նշանակել զօր. Սիլիկեանին եւ շարունակել պայքարը…
«Վճիռ տալը անչափ դժուար էր. վտանգը շատ էր մեծ։ Հայկական զօրքերի ընդհանուր քանակը, այդ օրերին, հասնում էր 30 ոչ-լրիւ գումարտակների, մինչդեռ Թիւրքիան շարժման մէջ էր դրել 5 դիվիզիա (3րդ, 5րդ, 9րդ, 11րդ եւ 36րդ), այսինքն՝ 50 գումարտակ եւ ի վիճակի էր նորանոր ուժեր հասցնելու։ Հայ զինուորների թիւը 12.000ը չէր անցնում. թիւրքերն առաջ էին քաշել 35.000 կռուող։
«Ազգ. Խորհուրդը չկարողացաւ միակամութիւն երեւան բերել եւ զօր. Սիլիկեանին մնաց ենթարկուել զօր. Նազարբէգեանի հրամանին։
«Պատերազմը վերջացաւ»։
Այսուհանդերձ՝ ընթացքի մէջ գտնուող Առաջին Աշխարահմարտի եւ Պաքուի համար շարունակուող պատերազմի պայմաններուն մէջ, հակառակ Բաթումի դաշնագրին, հայկական զօրքերը բնաւ չհամակերպեցան հայրենի հողերու զիջումին եւ նպաստաւոր ամէն առիթ օգտագործեցին, որպէսզի ընդարձակեն նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Այդ պայքարը շարունակուեցաւ մինչեւ 1919ի սկիզբները եւ հայոց յաղթական քայլերուն պսակումը եղաւ այն, որ Մայիս 28ի պետական առաջին տօնակատարութեան, 1919ին, արդէն համաժողովրդային քուէարկութեամբ ընտրուած հայոց խորհրդարանին առջեւ, վարչապետ Ալ. Խատիսեան կատարեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման համար գործելու իր կառավարութեան պատմական յայտարարութիւնը։
Դարձեալ Ս. Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գործի խիտ, այլեւ՝ ընդգրկուն վկայութեամբ.
«Այսպիսով՝ Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեան օրը իսկապէս պէտք է համարուէր Մայիս 30ը։ Հակառակ դրան, համարւում է Մայիս 28ը, այսինքն՝ այն օրը, երբ Ազգային Խորհուրդը վճռեց հաշտութեան պատուիրակութիւն ուղարկել Բաթում։ Անուղղակի կերպով, այս օրն էլ կարող է համարուել անկախութեան սկզբնաւորութիւն, որովհետեւ թիւրքերը հաշտութեան բանակցութիւններ վարելու համար նախապայման էին դրել անկախութեան յայտարարութիւնը։ Ընդունելով թիւրքերի պայմանը՝ Ազգային Խորհուրդը դրանով իսկ հաստատած էր լինում անկախութեան փաստը։
«Այսպէս թէ այնպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագման օրը ընդունուեց Մայիս 28ը։ Այդ օրը դարձաւ նուիրական՝ հայ ժողովրդի համար եւ մտաւ ազգային տօնացոյցի մէջ, իբրեւ սրբազան օրերից մէկը»։
30 Մայիս 1918
30 Մայիս 1918ին կատարուեցաւ Հայաստանի իրողական անկախութեան յայտարարութիւնը Ն.