Հաճընցի ֆետայիներ. Կեդրոնը՝ Արամ Կայծակ (Թերզեան) Հաճընի հերոսամարտի ղեկավարներէն

­Նո­յեմ­բեր 3ի այս օ­րը, 97 տա­րի ա­ռաջ, հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան սեւ է­ջե­րու տո­մա­րին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ար­հա­ւիր­քի դա­ժան էջ մը եւս ։
3 ­Նո­յեմ­բեր 1920ին, զի­նո­ւո­րա­պէս եւ ռազ­մամ­թեր­քով գե­րա­զանց ու­ժի տէր քե­մա­լա­կան զօր­քը վերջ­նա­կա­նա­պէս տի­րա­ցաւ հե­րո­սա­կան ­Հա­ճը­նին՝ հրոյ ճա­րակ դարձ­նե­լով ու քա­րու­քանդ ա­ւե­րե­լով հա­յա­կերտ գե­ղե­ցիկ քա­ղա­քը։
Եւ 3 ­Նո­յեմ­բեր 1920ը, հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցած իր դառն ու դա­ժան դա­սե­րով, խո­րա­պէս դրոշ­մուե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան հա­զա­րա­մեակ­նե­րու խո­րա­պատ­կե­րին մէջ։
­Քե­մա­լա­կան զօր­քը ամ­բողջ ութ ա­միս­ներ շա­րու­նակ գրոհ­նե­րու ձեռ­նար­կեց եւ միշտ ալ ընկր­կե­ցաւ հե­րո­սա­կան ­Հա­ճը­նի ա­նընկ­ճե­լի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ու ան­կոտ­րե­լի դի­մադ­րա­կա­նու­թեան առ­ջեւ։
­Տար­բեր ալ չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ­Հաճ­նոյ հա­յու­թիւ­նը դա­րա­ւոր ա­ւանդ ու­նէր մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու ազ­գա­յին եւ մարդ­կա­յին իր ի­րա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան ի խնդիր։
Ո­րով­հե­տեւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման փա­ռա­պանծ մա­տեա­նին մէջ իր յա­տուկ տե­ղը կը գրա­ւէ հե­րո­սա­կան ­Հա­ճը­նը, որ հա­յոց պատ­մու­թեան տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն՝ ե­ղաւ ա­նա­ռիկ ամ­րոց­նե­րէն մէ­կը մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տա­տեն­չու­թեան, ա­մէն կար­գի աս­պա­տակ­նե­րու դէմ խի­զախ դի­մադ­րա­կա­նու­թեան եւ, մա­նա­ւա՛նդ, հա­յաջն­ջու­մի թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մին։
97 տա­րի ա­ռաջ, այս օ­րե­րը թուր­քեւֆ­րան­սա­կան դա­ւա­դիր գոր­ծար­քի ժա­մա­նակ­ներ էին։ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տին պար­տո­ւած ու փուլ ե­կած Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան «ա­ւար»էն յաղ­թա­կան ա­խո­յեա­նի իր բա­ժի­նը ա­պա­հո­վե­լէ ետք, Ֆ­րան­սա դա­ւադ­րա­բար կը փոր­ձէր մեր­ձե­նալ ­Քե­մա­լա­կան շար­ժու­մին եւ, զայն սի­րա­շա­հե­լու նպա­տա­կով, կը խոս­տա­նար ա­զա­տագ­րո­ւած ­Կի­լի­կիան զի­ջիլ թուրք ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան նո­րա­յայտ ա­ռաջ­նոր­դին։
­Թուր­քեւֆ­րան­սա­կան այդ դա­ւա­դիր գոր­ծար­քին ա­րիւ­նա­լի փոր­ձա­քա­րը դար­ձաւ հա­յոց ա­նա­ռիկ ամ­րոց ­Հա­ճը­նը։ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ ո­րո­շեց ու­ժեղ գրո­հով կոտ­րել ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը՝ հա­րուա­ծը կեդ­րո­նաց­նե­լով ­Հա­ճը­նի վրայ։
­Հաճ­նոյ հա­յու­թիւ­նը ա­միս­ներ ամ­բողջ քա­ջա­բար ետ մղեց ե­ղեռ­նա­գործ թշնա­մին, յաղ­թա­կան մար­տեր նո­ւա­ճեց ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով մղուած ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռո­ւի ըն­թաց­քին, բայց երբ Ֆ­րան­սան ամ­բող­ջա­պէս քա­շո­ւիլ սկսաւ ­Կի­լի­կիա­յէն՝ ան­խու­սա­փե­լի դար­ձաւ ան­կու­մը ան­պար­տե­լի ­Հա­ճը­նին։
Եւ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ հե­րո­սա­կան ­Հա­ճը­նի վերջ­նա­կան ան­կու­մին ար­հա­ւիր­քը։
Հ­նա­գոյն ժա­մա­նակ­նե­րէ ե­կած քա­ղաք էր ­Հա­ճը­նը՝ Ք­րիս­տո­սէ ա­ռաջ Ա. դա­րուն կա­ռու­ցո­ւած իր հռո­մէա­կան բեր­դի ա­ւե­րակ­նե­րով հռչա­կա­ւոր։ ­Կը գտնո­ւէր ­Տաւ­րո­սեան լեռ­նաշղ­թա­յի ե­ռան­կիւ­նա­ձեւ բլու­րի մը վրայ, Ա­տա­նա քա­ղա­քէն 160 քի­լո­մեթր հիւ­սիս ա­րե­ւելք։
­Հա­ճը­նի մէջ հա­յեր հաս­տա­տո­ւած էին հին ժա­մա­նակ­նե­րէ սկսեալ եւ մին­չեւ այ­սօր պահ­պա­նո­ւած կի­սա­ւեր Ս. ­Յա­կոբ ­Վան­քը կա­ռու­ցո­ւած էր 11րդ ­դա­րուն։ ­Հա­յոց ­Կի­լի­կեան թա­գա­ւո­րու­թեան շրջա­նին ­Հա­ճըն ապ­րե­ցաւ իր ծաղկ­ման փառ­քի օ­րե­րը եւ եր­կար դա­րեր պահ­պա­նեց հայ­կա­կան իր դի­մա­գի­ծը նոյ­նիսկ օս­մա­նեան գրա­ւու­մէն յե­տոյ։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին ­Հա­ճըն ու­նէր 35 հա­զար բնա­կիչ, ո­րուն մօ­տա­ւո­րա­պէս 30 հա­զա­րը հա­յեր, իսկ մնա­ցեա­լը թուր­քեր էին, ո­րոնք կը բնա­կէին քա­ղա­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րուն մէջ։ ­Քա­ղա­քին ա­ռեւ­տուրն ու ար­հեստ­նե­րը հա­յե­րու ձեռքն էր. ու­նէին ի­նը ե­կե­ղե­ցի­ներ ու տաս­նեա­կա­ւոր դպրոց­ներ, ո­րոնց շար­քին հռչա­կա­ւոր էր «­Սա­հակ-­Մես­րո­պեան» վար­ժա­րա­նը։ ­Հա­ճը­նի հա­յու­թիւ­նը են­թար­կո­ւե­ցաւ 1896ի հա­մի­տեան ջար­դե­րուն եւ 1909ի իթ­թի­հա­տա­կան կո­տո­րա­ծին, իսկ 1915ի ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ժա­մա­նակ իր կար­գին տա­րագ­րո­ւե­ցաւ ու ­Տէր ­Զօ­րի ա­նա­պատ­նե­րուն մէջ մեծ մա­սով զոհ գնաց թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րին։
1918ին, Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան պար­տու­թե­նէն ետք, երբ ­Դաշ­նա­կից ու­ժե­րու՝ Ֆ­րան­սա­յի ու Անգ­լիոյ մի­ջեւ կնքո­ւած ­Սայ­քըս-­Փի­քո­յի պայ­մա­նագ­րով ­Կի­լի­կիան դրո­ւե­ցաւ ֆրան­սա­կան հո­գա­տա­րու­թեան տակ, շուրջ 8000 վե­րապ­րող հա­յեր վե­րա­դար­ձան ­Հա­ճըն եւ ա­րա­գօ­րէն վե­րա­կա­ռու­ցե­ցին քան­դո­ւած քա­ղա­քը։
­Բայց վե­րա­կանգ­նու­մի եւ վե­րա­շի­նու­թեան հայ­կա­կան կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը շու­տով վերս­տին վտան­գուե­ցաւ 1920ի գար­նան, երբ ­Քե­մա­լի հետ գաղտ­նի գոր­ծար­քով՝ Ֆ­րան­սա թուրք ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րուն զի­ջե­ցաւ հայ­կա­կան ­Կի­լի­կիան եւ ո­րո­շեց իր զօր­քը հե­ռաց­նել ամ­բողջ շրջա­նէն։
­Քե­մա­լա­կան բա­նա­կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւած էր եւ ան­մի­ջա­պէս յար­ձա­կո­ղա­կա­նի ան­ցաւ ու ֆրան­սա­կան զօր­քե­րու հե­ռաց­ման հետ գրա­ւեց, յա­ջոր­դա­բար, Ուր­ֆան եւ Այն­թա­պը, ­Մա­րաշն ու ­Սի­սը՝ ճզմե­լով հա­յոց ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ կո­տո­րե­լով ան­զէն ժո­ղո­վուր­դը։
­Հա­ճը­նի հա­յու­թիւ­նը կա­նու­խէն ձեռ­նար­կեց իր ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան՝ միա­ժա­մա­նակ յու­սա­լով, որ ­Դաշ­նա­կից ու­ժե­րու կող­քին կռո­ւած ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նի կազ­մու­թեան ձեռ­նար­կած Ֆ­րան­սան հա­յու­թիւ­նը այդ­պէս ա­ռան­ձին չի լքեր կա­տա­ղած թշնա­միին դէմ։
­Հա­ճը­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ ­Պետ­րոս ­Սա­րա­ճեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ կազ­մո­ւե­ցաւ ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան խոր­հուրդ մը՝ հայ­կա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թեանց մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ միաս­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ի մի բե­րե­լով ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նի լու­ծա­րու­մէն ետք ի­րենց զէն­քե­րը պահ­պա­նած հա­ճըն­ցի հե­րո­սա­մար­տիկ­նե­րը։
­Մարտ 1920ի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն սկսեալ ­Հա­ճըն հե­րո­սա­բար դի­մադ­րեց թրքա­կան ա­մէն կար­գի ներ­խու­ժում­նե­րուն։ ­Թէեւ լքո­ւած ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ՝ ­Հա­ճը­նի հե­րոս հա­յու­թիւ­նը շուրջ ութ ա­միս քա­ջա­բար դի­մադ­րեց քե­մա­լա­կան­նե­րու քա­ղաք մուտ­քին, բայց ժա­մա­նակն ու քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րը գոր­ծե­ցին թուր­քե­րու օգ­տին։ ­Հոկ­տեմ­բեր 1920ի վեր­ջե­րուն, քե­մա­լա­կան­նե­րը մտան ­Հա­ճըն եւ ձեռ­նար­կե­ցին պա­շա­րո­ւած քա­ղա­քին մէջ մնա­ցած վեց հա­զար հա­յե­րու կո­տո­րա­ծին։ Չխ­նա­յե­ցին մա­նու­կին, ծե­րու­նիին կամ կա­նանց։ ­Միայն 365 հա­յեր կրցան ճեղ­քել պա­շար­ման շղթան եւ փրկո­ւիլ թրքա­կան ար­հա­ւիր­քէն։ ­Նո­յեմ­բեր 3ին ոչ մէկ շնչա­ւոր հայ էակ ողջ մնա­ցած էր. ամ­բողջ քա­ղա­քը հրոյ ճա­րակ դար­ձած ու քա­րու­քանդ ե­ղած էր։
­Հաճ­նոյ հա­յու­թեան հե­րո­սա­մար­տը մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն փա­ռա­հեղ է­ջե­րէն եւ միան­գա­մայն ար­հա­ւիր­քի մղձա­ւանջ­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ եւ անջն­ջե­լի կը մնայ պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ ինչ­պէս իր ար­ժա­նա­ւոր հե­րոս­նե­րով ու ռազ­մա­կան քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, նոյն­պէս եւ ցե­ղաս­պան թուր­քի վայ­րա­գու­թեանց ու մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու դա­ւադ­րու­թեանց դառն ու ա­մօ­թա­լի դա­սե­րով։
­Հե­րո­սա­կան ­Հա­ճը­նի ան­կու­մը ան­մո­ռա­նա­լի դա­սեր կը փո­խան­ցէ յատ­կա­պէս իր ա­հա­ւոր վախ­ճա­նին խտա­ցու­ցած քա­ղա­քա­կան գայ­թակ­ղու­թեամբ. ար­դա­րեւ, 1915ին թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած հա­յաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րէն ետք ան­գամ, փո­խա­նակ ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կան­չե­լու եւ քա­ղա­քա­կան հա­տուց­ման հար­կադ­րան­քին տակ դնե­լու յան­ցա­գործ պե­տու­թիւ­նը, «քա­ղա­քա­կիրթ»ի եւ «ա­զա­տա­սէր»ի պատ­մու­ճան զգե­ցած Եւ­րո­պան մեղ­սակ­ցե­ցաւ դա­հի­ճին հետ՝ վե­րապ­րող հա­յու­թիւ­նը վեր­ջին ան­գա­մո­ւան մը հա­մար զո­հա­բե­րե­լով ո­սո­խին։
­Պատ­մու­թեան այդ դա­ժան դա­սը պի­տի չմոռ­նան հե­րո­սա­կան ­Հա­ճը­նով ազ­գա­յին ի­րենց ինք­նու­թիւնն ու ի­րա­ւա­տի­րու­թիւ­նը ամ­րագ­րած հա­յու­թեան ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը։