Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն հաղորդած են, որ 16 յունիսին` ժամը 18:05-ի շուրջ, հակառակորդը հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետեր արձակելով խախտած է զինադադարի պահպանման դրութիւնը` բանակի կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին ուղղութեամբ կրակելով եւ սպաննելով զինուորներ Արայիկ Ռուդիկի Մատինեանը, Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեանը եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեանը (բոլորն ալ` 1997-ի ծնունդ):
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զինուորներուն ընտանիքներուն անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:
3 նահատակ` հակառակորդին կրակոցներուն պատճառով
3 նահատակ` հակառակորդին կրակոցներուն պատճառով