­Հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ե­զա­կի է­ջե­րէն մէկն է ­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տը, ո­րուն յաղ­թա­նա­կի օ­րը կը տօ­նենք ­Մա­յիս 3ի այս օ­րը։
102 տա­րի ա­ռաջ, գար­նա­նա­յին այս­պի­սի պայ­ծառ օր մը, թրքա­կան բա­նա­կի վեր­ջին զի­նո­ւո­րը հե­ռա­ցաւ ­Վա­նէն՝ պար­տո­ւած ու բա­րո­յալ­քո­ւած։
­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տը սկսաւ 1915ի Ապ­րիլ 7ին, երբ ­Վա­նի նո­րան­շա­նակ կու­սա­կալ եւ ­Թա­լէա­թի ձեռ­նա­սուն ­Ճեւ­տէթ պէ­յը թրքա­կան 12 հա­զա­րա­նոց բա­նա­կին հրա­հան­գեց ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի անց­նիլ քա­ղա­քի հա­յու­թեան դէմ։
­Հե­րո­սա­մար­տը սկսաւ իբ­րեւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ, բայց որ­քան ա­հագ­նա­ցաւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց յար­ձա­կո­ղա­կա­նը, այն­քան թափ ու թ­ռիչք ստա­ցաւ ­Վա­նի հա­յու­թեան կեանքն ու ինչ­քը պաշտ­պա­նող հայ մար­տիկ­նե­րուն հե­րո­սա­կան մար­տու­նա­կու­թիւ­նը։
Այդ­պէ՛ս, Ապ­րիլ 24ին ­Պոլ­սոյ մէջ սկսած ­Հա­յոց ­Մեծ Ե­ղեռ­նի գոր­ծադ­րու­թեան խո­րա­պատ­կե­րին վրայ, ­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տը դար­ձաւ խորհր­դա­նի­շը հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան կամ­քին եւ ռազ­մա­կան ու­ժին ան­պար­տե­լիու­թեան։
­Հաս­տա­տեց, որ հա­յը պար­զա­պէս հա­մաթր­քա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան զո­հա­սե­ղա­նին մոր­թո­ւած գառ­նուկ մը չե­ղաւ, այլ՝ ան­հա­մե­մա­տօ­րէն հզօր ցե­ղաս­պան թրքա­կան պե­տու­թեան դէմ կռո­ւող եւ յաղ­թա­նա­կող հե­րոս ռազ­մի­կը դար­ձաւ։
­Շատ գրո­ւած է ­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տին մա­սին։ Գ­րուած է ե՛ւ հա­յե­րու, ե՛ւ թուր­քե­րու, ե՛ւ օ­տար­նե­րու կող­մէ։ Օ­տար­նե­րը, յատ­կա­պէս ­Վան հաս­տա­տո­ւած օ­տար հիւ­պա­տո­սա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան անձ­նա­կազ­մի վկա­յու­թիւն­նե­րը, հա­կա­ռակ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց հետ այս կամ այն ծա­ւա­լի ու բնոյ­թի մեղ­սակ­ցու­թե­նէ թե­լադ­րո­ւած նկա­տա­ռում­նե­րու եւ չա­րա­փո­խում­նե­րու, միա­հա­մուռ կը հաս­տա­տեն, որ ­Ճեւ­տէթ պէյ ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով կը մարմ­նա­ւո­րէր թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կա­մա­կո­րու­թիւ­նը՝ ա­մէն գնով յա­ռաջ մղե­լու եւ ամ­բող­ջաց­նե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րենց հրէ­շա­յին ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­մը։
Թր­քա­կան աղ­բիւր­նե­րը, ամ­բող­ջա­պէս պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն ծա­ռա­յող ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րով կամ նեն­գա­փոխ պատ­մա­բան­նե­րով, հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն թու­թա­կի պէս կը կրկնեն հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ուղ­ղո­ւած թրքա­կան այն մե­ղադ­րան­քը, թէ իբր 1914ի աշ­նան սկսած ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հուն, երբ թրքա­կան բա­նա­կը պար­տո­ւած կը նա­հան­ջէր եւ ռու­սա­կան զօր­քը կ­’ա­ռա­ջա­նար, ­Վա­նի հա­յու­թիւ­նը կռնա­կէն հա­րո­ւա­ծել փոր­ձեց թրքա­կան զօր­քին…
­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տին նո­ւի­րո­ւած հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու պա­րա­գա­յին եւս կա­րե­լի է հան­դի­պիլ թրքա­կան նեն­գա­փո­խու­թեանց եւ խե­ղա­թիւ­րում­նե­րուն «իւ­րո­վի» ար­ձա­գան­գող ձայ­նե­րու։ ­Յատ­կա­պէս խորհր­դա­հայ «պատ­մա­շի­նա­րա­րու­թեան» ան­ցեա­լի «վար­պետ­ներ» եւ ա­նոնց թոյ­նով սնած մե­րօ­րեայ գրչակ­ներ, հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ի­րենց մո­լուց­քին յա­գուրդ տա­լու հա­մար, ամ­բողջ ­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տը ա­րա­տա­ւո­րել կը փոր­ձեն ի­րենց այն պնդում­նե­րով, որ ե­թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը «խե­լօք» մնար, ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ձեռ­քին «խա­ղա­լիք» չդառ­նար եւ ­Վա­նի տա­րած­քին թրքա­կան զօր­քին դէմ կռո­ւի դուրս չգար՝ հա­ւա­նա­բար խնա­յո­ւէր — ե­ղեր — Ապ­րիլ 24ը…
­Պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան հետ ոչ մէկ կապ ու­նե­ցող եւ զուտ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան դա­ւա­նա­մո­լու­թե­նէ ներշն­չո­ւած այդ ցափռ­տուք­նե­րուն ար­ձա­գան­գը կար մին­չեւ իսկ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի անդ­րա­նիկ նա­խա­գա­հի հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան եր­կու տխրահռ­չակ ե­լոյթ­նե­րուն՝ 29 ­Յու­նիս 1992ի եւ 28 ­Դեկ­տեմ­բեր 1994ի պար­սա­ւա­գիր­նե­րուն մէջ, երբ 20րդ ­դա­րու վեր­ջին պա­հե­րուն, իբր պատ­մա­բա­նի, ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան վրայ բար­դել փոր­ձեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար… «մեղ­քի բա­ժին»…։
­Բայց հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս, յատ­կա­պէս ­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տը ապ­րած եւ կեր­տած գոր­ծիչ­նե­րու բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, դաշ­նակ­ցա­կան ըլ­լան ա­նոնք թէ ար­մե­նա­կան-ռամ­կա­վար, մին­չեւ իսկ հա­մայ­նա­վար թէ չէ­զոք, միա­ձայ­նու­թեամբ կը հաս­տա­տեն, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ իր ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թեանց նա­խան­ձե­լի միաս­նա­կա­նու­թեամբ, ­Վա­նի մէջ հա­յոց պատ­մու­թեան դա­րա­ւոր ան­կու­մի ըն­թաց­քը ար­մա­տա­կա­նօ­րէն շրջեց եւ հի­մը դրաւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին։
­Հայ­րե­նաբ­նակ հա­յու­թեան մէջ մեծ է թիւը վա­նե­ցի­նե­րուն, ո­րոնք 1916ին (ռու­սա­կան զօր­քի նա­հան­ջին հետ) եւ 1918ին (թրքա­կան ար­շա­ւան­քէն ա­զա­տե­լու հա­մար) ան­ցան ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան։ Ս­փիւռ­քեան կողմն հա­յաշ­խար­հի եւս նկա­տա­ռե­լի թիւ կը կազ­մեն վա­նե­ցի­նե­րէ սե­րած հա­յե­րը։ ­Մին­չեւ մեր օ­րե­րը, պատ­մա­կան այդ վե­րի­վայ­րում­նե­րու դա­րաշր­ջա­նէն վե­րապ­րող հա­յու­թեան աշ­խար­հաց­րիւ բե­կոր­նե­րը հպար­տու­թեամբ տէր կը կանգ­նին ­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տի ան­կորն­չե­լի պատ­գա­մին։
Այժ­մէա­կան է այդ պատ­գա­մը, ո­րով­հե­տեւ ա­ռա­ջին հեր­թին լա­ւա­գոյնս կը հաս­տա­տէ պատ­մա­կան այն ճշմար­տու­թիւ­նը, որ 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, հայ ժո­ղո­վուր­դը թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց դէմ զէնք բարձ­րաց­նե­լու ո՛չ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նէր, ո՛չ ալ քա­ղա­քա­կան կամք։ ­Կը հա­ւա­տար, նոյ­նիսկ, որ ­Հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեան տա­պա­լու­մով եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հա­սու­նա­ցու­մով՝ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ ապ­րող Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը, բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րու եւ պե­տա­կան լայն ա­պա­կեդ­րո­նաց­ման գոր­ծադ­րու­թեան ճամ­բով, քայլ առ քայլ պի­տի յա­ռա­ջա­նար դէ­պի ինք­նա­վա­րու­թիւն։
­Մինչ­դեռ ու ընդ­հա­կա­ռակն՝ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կ­’ո­րո­ճար տար­բեր՝ հա­յաջնջ­ման ա­հա­ւոր ծրա­գիր­ներ, ո­րով­հե­տեւ փլու­զո­ւող կայ­սե­րա­պե­տու­թես­նէն կ­’ու­զէր կա­ռու­ցել «միա­ձոյլ ­Թուր­քիա» մը…
Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ նոյ­նիսկ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը պատ­րաստ չէր պա­տե­րազ­մի ձեռ­նար­կե­լու Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դէմ եւ իթ­թի­հա­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց ազ­գայ­նա­մոլ հա­մա­թուր­քա­կա­նու­թիւնն էր, որ թրքա­կան բա­նա­կին հրա­հանգ տո­ւաւ բա­նա­լու ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տը ռուս­նե­րուն դէմ։ ­Ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մը իր ծանր անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ ­Վա­նի հա­յու­թեան վրայ, ո­րով­հե­տեւ ­Ճեւ­տէթ­նե­րու հա­մար պա­տե­րազ­մը «ըն­ձե­ռեց յար­մա­րա­գոյն պա­տե­հու­թիւ­նը»՝ ի գործ դնե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրա­գի­րը։
Մ­նա­ցեալ բո­լոր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը պար­զա­պէս թրքա­կան ­Մեծ Ու­րա­ցու­մի ջա­ղաց­քին ջուր կը հո­սեց­նեն։ ­Վա­նի հա­յու­թիւ­նը պար­զա­պէս պատ­րաստ էր ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան, ո­րով­հե­տեւ 1896ի ­Վա­նի ­Մեծ Կ­ռիւ­նե­րէն ետք, ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան բնօր­րա­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս յան­գած էր այն հա­մո­զու­մին, որ միայն զի­նո­ւե­լով եւ մար­տու­նա­կօ­րէն կազ­մա­կեր­պո­ւե­լով կա­րե­լի էր դի­մադ­րել թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց շա­տոնց մտա­ծո­ւած հա­յաջնջ­ման ծրագ­րին։
­Մին­չեւ իսկ ­Մարտ 1915ին, երբ ­Վա­նի կու­սա­կալ ­Ճեւ­տէթ ա­ռա­ջին քայ­լե­րը նե­տեց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը զի­նա­թափ ը­նե­լու պա­հան­ջով, օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նի ան­դամ եւ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար Ա. Վ­ռա­մեան՝ ­Վա­նի հա­յու­թեան պա­տաս­խա­նը ­Ճեւ­տէ­թին տա­լու հա­մար գու­մա­րո­ւած միջ-կու­սակ­ցա­կան հան­դի­պու­մին, տա­կա­ւին կը պաշտ­պա­նէր այն տե­սա­կէ­տը, թէ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց մշա­կած հա­յաջն­ջու­մի ծրագ­րին հա­մո­զո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ ոչ մէկ պատ­րո­ւակ պէտք էր ըն­ծա­յել ­Ճեւ­տէ­թի… օ­տար հիւ­պա­տոս­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ՝ շարժ­ման մէջ դնե­լու հա­մար թրքա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քը ընդ­դէմ հա­յու­թեան։
Ա­ւե­լի՛ն. Ա. Վ­ռա­մեան կ­’ա­ռա­ջար­կէր ցու­ցադ­րա­կա­նօ­րէն եր­կու հա­րիւր հայ ե­րի­տա­սար­դի զէն­քե­րը յանձ­նել կա­ռա­վա­րու­թեան, միա­ժա­մա­նակ՝ տեն­դա­գին թափ տա­լով ­Վա­նի թէ շրջա­կայ­քի հայ բնակ­չու­թեան մար­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­մին ու նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան, յո­ռե­գոյ­նի դի­մագ­րաւ­ման ի վի­ճա­կի գտնո­ւե­լու հա­մար։ ­Թէեւ Ա. Վ­ռա­մեան իր իսկ մշա­կած մար­տա­վա­րու­թեան զոհ գնաց, ­Ճեւ­տէ­թի հետ բա­նակ­ցո­ղի իր կա­պը շա­րու­նա­կեց պա­հել եւ, այդ­պի­սով, Ապ­րիլ 3ին, ­Ճեւ­տէ­թի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լու հա­մար գնաց ա­նոր մօտ հան­դի­պու­մի մը, ուր ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ ան­յայտ ուղ­ղու­թեամբ տա­րո­ւե­ցաւ մին­չեւ… նա­հա­տա­կու­թիւն։
­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տին ան­կորն­չե­լի պատ­գա­մը այժ­մէա­կան է նաեւ իր այն մե­ծակ­շիռ պատ­մա­կան դա­սով, որ կը վե­րա­բե­րի հա­յոց ան­միա­բա­նու­թեան եւ միջ-կու­սակ­ցա­կան երկ­պա­ռա­կու­թեանց ճիշդ եւ լիի­մաստ ըն­կա­լու­մին։ ­Յատ­կա­պէս ­Վա­նի հա­յու­թիւ­նը, հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման բնօր­րա­նի իր հան­գա­ման­քով նաեւ, միշտ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ներ­հակ մօ­տե­ցում­նե­րու եւ գա­ղա­փա­րա­կան-կու­սակ­ցա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու պատ­կե­րով։ Ոչ միայն յե­ղա­փո­խու­թեան թեր եւ դէմ կող­մեր, այ­լեւ՝ տե­ղա­ցիի եւ դրսե­ցիի հա­կադ­րու­թիւն­ներ շա­րու­նակ զգա­լի ե­ղան ­Վա­նի հա­յու­թեան մէջ։ Ա­ւե­լի՛ն. հայ յե­ղա­փո­խա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ գոր­ծու­նէու­թեան լայն դաշտ ու­նե­ցան ­Վա­նի ու ընդ­հան­րա­պէս ­Վաս­պու­րա­կա­նի մէջ՝ պար­բե­րա­բար ի­րա­րու դէմ գա­ղա­փա­րա­կան սուր պայ­քա­րի պա­հեր ապ­րե­լով։
Ա­հա՛ այդ ազ­գա­յին ան­միա­բա­նու­թեան եւ կու­սակ­ցա­կան երկ­պա­ռա­կու­թեան պաս­տա­ռին վրայ, ­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տը ե­կաւ ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը միան­գա­մընդ­միշտ պար­զե­լու եւ պատ­մու­թեան յանձ­նե­լու։ ­Տար­բե­րու­թիւն­ներն ու տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը ոչ միայն բնա­կան են կեն­սու­նակ հա­սա­րա­կու­թեան մը հա­մար, այ­լեւ՝ անհ­րաժշ­տու­թիւն են, երբ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րէ կը ներշն­չո­ւին եւ ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի առ­ջեւ լա­ւա­գոյն ու­ղին գծե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թե­նէն կը թե­լադ­րո­ւին։
­Վա­նի հա­յու­թիւ­նը 1915ին ցոյց տո­ւաւ հա­յոց հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն, որ յա­նուն Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի մէկ օ­րո­ւան մէջ մէկ­դի կրնան դրո­ւիլ բո­լոր տար­բե­րու­թիւն­ներն ու տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը՝ մէկ մար­դու պէս ծա­ռա­նա­լով թշնա­միին դէմ եւ միաս­նա­կան ճա­կա­տով դի­մագ­րա­ւե­լով օր­հա­սա­կան վտան­գը։
Ար­մե­նակ Ե­կա­րեանն ու Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը, ­Փա­նոս ­Թեր­լե­մէ­զեանն ու ­Պուլ­կա­րա­ցի Գ­րի­գո­րը, ­Կայ­ծակ Ա­ռա­քելն ու Օն­նիկ Մ­խի­թա­րեա­նը 1915ին պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ եւ տա­րո­ղու­թեամբ ոս­տում մը ի­րա­գոր­ծե­ցին, երբ ի­րա­րու քով բե­րին եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան հզօր կա­ռոյ­ցի վե­րա­ծե­ցին ի­րենց կու­սակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը՝ ար­մե­նա­կա­նը, հնչա­կեանն ու դաշ­նակ­ցա­կա­նը։ Այդ միա­ձոյլ կա­ռոյ­ցը օ­րի­նակ դար­ձաւ ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մար՝ թէ՛ զէնք բարձ­րաց­նե­լու եւ թէ ռազ­մա­կան կար­գա­պա­հու­թեամբ գոր­ծե­լու ի­մաս­տով։ ­Նոյն այդ ո­գին էր, որ կու­սակ­ցա­կան պատ­կա­նե­լու­թե­նէ վեր բարձ­րա­ցուց բո­լո­րին, որ­պէս­զի Ա­րա­մի շուրջ բո­լո­րո­ւին եւ ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թեամբ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան կտա­կեն իր յաղ­թա­կան ու հե­րո­սա­կան մար­տե­րուն ա­մէ­նէն ու­սա­նե­լի օ­րի­նակ­նե­րէն մէ­կը։
­Նոյն այդ ո­գին իր կե­նա­րար ներ­գոր­ծու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ 1918ին, երբ յատ­կա­պէս վա­նե­ցի­նե­րու պա­հան­ջով Ա­րամ հռչա­կո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի դիկ­տա­տոր եւ մղիչ ու­ժը դար­ձաւ ­Մա­յի­սեան մե­ծա­գոյն յաղ­թա­նա­կին։
­Մա­յիս 3ը յու­շա­րարն է ա՛յս պատ­գա­մին։
102 տա­րի ա­ռաջ, ­Մա­յի­սի այս­պի­սի՛ օր մը, ­Վա­նի հա­յու­թիւ­նը իր հո­ղե­րէն վտա­րեց թրքա­կան ցե­ղաս­պան, այ­լեւ պար­տո­ւած բա­նա­կին վեր­ջին զի­նո­ւո­րը։