Սեպտեմբեր 29ի օրը, 152 տարի առաջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան ժողով գումարուեցաւ Ս. Էջմիածնի մէջ։
1865ի Օգոստոս 22ին վախճանած էր Մատթէոս Ա. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսը, որ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսին յաջորդած էր 1858ին, բայց միայն 7 տարի գահակալելու ժամանակ մնացած էր անոր կեանքին։
Ամենայն Հայոց նոր Կաթողիկոսի ընտրութեան օրակարգով, հետեւաբար, 29 Սեպտեմբեր 1866ին, Ս. Էջմիածին հաւաքուեցան միաբանութեան եւ Կաթողիկոսութեան կապուած Վիճակներու (թեմերը այդ անունով կը ճանչցուէին ժամանակին) 29 ներկայացուցիչներ։
Թէեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ընտրական ժողովին օրինական կազմը 33 պատգամաւորներէ բաղկացած պէտք է ըլլար, բայց 4 պատուիրակներ բացակայ էին։ Այդուհանդերձ՝ ներկայ ժողովականները ընթացք տուին ընտրական ժողովին, վարանք կամ երկմտանք չունեցան յաջորդ Հայրապետի իրենց նախասիրած թեկնածուին շուրջ եւ միաձայնութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրեցին Գէորգ Եպիսկոպոսին, որ նոյնպէս Կոստանդնուպոլսեցի էր եւ մինչ այդ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Վիճակներէն Պրուսայի առաջնորդն էր։
Այդպէ՛ս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ունեցաւ Գէորգ անունով օծուած իր չորրորդ Հայրապետը, որ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ուրոյն տեղ գրաւեց իբրեւ «Գէորգ Դ. Մեծագործ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց»։
Գէորգ Դ. արժանացաւ «Մեծագործ»ի տիտղոսին, ինչպէս որ կը վկայէ բարձրարժէք գրականագէտ եւ լեզուաբան Մանուկ Աբեղեան 1899ին լոյս տեսած իր մենագրութեան մէջ, որովհետեւ ոչ միայն հիմնադիրը եղաւ հայ հոգեմտաւոր դպրութեան մեծագոյն օճախներէն Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանին, այլեւ մեծակշիռ ներդրում ունեցաւ ընդհանրապէս ե՛ւ արեւմտահայ, ե՛ւ արեւելահայ կրթական, հրատարակչական ու թեմական կեանքի կազմակերպումին, ամրապնդումին ու աշխուժացումին մէջ։
Աւազանի անունը Գրիգոր Պետրոսի Քէրէստէճեան էր (ազգանունը կու գար մեծ հօր` ատաղձավաճառ Գրիգորէն) եւ ծնած էր Պոլսոյ Սամաթիա թաղը, 18 Յուլիս 1813ին։ Մ. Օրմանեան իր «Ազգապատում»ին մէջ շեշտակի դրուատիքով ներկայացուցած է «Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի»ն, որ իր գլխաւոր կրթութիւնը ստացած է Կարապետ Պատրիարքի բացած Գում Գաբուի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ` Փէշտիմալճեան Պատուելիի ուսուցչութեան ներքոյ։
Գում Գաբուի Ժառանգաւորացը 1830ին աւարտելով՝ 17 տարեկանին, Գրիգոր իբրեւ գրագիր ընդունուած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիւանատան մէջ։ 1834ին սարկաւագ եւ 1835ին աբեղայ ձեռնադրուած է Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքին կողմէ, որ Արմաշի միաբանութեան ներշնչումով՝ Գէորգ անուանակոչած է նորընծայ հոգեւորականը։
Խոհուն եւ պերճախօս Գէորգ Աբեղան, նոյն տարին իսկ եւ նոյն Պատրիարքին կողմէ կ’արժանանայ «մասնաւոր գաւազանի իշխանութեան»` առ ի գնահատանք իր ծաւալած հոգեմտաւոր քարոզչութեան։ Անմիջապէս կը հրաւիրուի, իբրեւ ծխատէր քահանայի, Խասքէոյի ամիրաներու թաղը, ուր կարճ ժամանակի ընթացքին ոչ միայն իր հոգեւոր քարոզչութեամբ կը բարձրացնէ թաղի եկեղեցւոյ վարկը, այլեւ՝ արդիւնաւէտ գործունէութիւն կը ծաւալէ թէ՛ իբրեւ թաղի դպրոցին տեսուչը, թէ՛ իր ծուխի հոգերուն եւ կարիքներուն հասնող ու դարման գտնող նուիրեալ մը։ Կ’արժանանայ վարդապետի աստիճանին։
Բայց երբ պատրիարքական նոր ընտրութիւն տեղի կ’ունենայ, Ստեփանոս Աղաւնին փոխարինող Յակոբոս Պատրիարքը կ’ուզէ Խասքէոյէն հեռացնել եւ Բերայի անշուք ծուխը ուղարկել Գէորգ Աբեղային` դժգոհելով, որ երիտասարդ հոգեւորականը անհրաժեշտ նուիրումը ցոյց տուած չէր Բողոքականութեան դէմ իր բացած պայքարին։ Ամիրայական շրջանակները, սակայն, ազդու միջամտութիւն կ’ունենան եւ Գէորգ Աբեղայ ծխատիրական ծառայութեան կը կոչուի այս անգամ Օրթաքէոյի մէջ։ Հոն եւս բեղուն ու ժողովրդանուէր գործունէութիւն կ’ունենայ։
1840ին, երբ Ստեփանոս Աղաւնի վերստին Պատրիարք կ’ընտրուի, Գէորգ Վարդապետի կը վստահուի Արմաշ երթալու եւ նորընտիր պատրիարքը Պոլիս հրաւիրելու առաքելութիւնը։ Կ’արժանանայ Պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին, իսկ տարի մը ետք ալ Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանին։ Պատրիարքական փոխանորդութեան պաշտօնին վրայ կը մնայ Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքի յաջորդներուն` Աստուածատուր եւ Մատթէոս Պատրիարքներու օրով ալ։
1844ին կը հիւանդանայ եւ կ’ուղարկուի Պրուսայի ջերմուկները, բուժումի համար։ Միաժամանակ մօտէն շփում կ’ունենայ Պրուսայի հայութեան հետ։ Պրուսացիք անմիջապէս կ’ուզեն իրենց Վիճակին առաջնորդ ընտրել զինք. Պատրիարքը իր հաւանութիւնը կու տայ։ Եւ 1844ի Հոկտեմբերին, Պրուսայի հայոց Վիճակին առաջնորդութեան ստանձնումով՝ կը սկսի Գէորգ Ծ. Վարդապետի հոգեմտաւոր աշխոյժ ծառայութեան գլխաւոր հանգրուաններէն մէկը։
Անընդհատ 14 տարի Գէորգ Ծ. Վարդապետ վարեց Պրուսայի հայոց առաջնորդութիւնը, որ հոգեւորական, մանկավարժական եւ վարչական իր կարողութիւններու դրսեւորման առումով՝ փայլուն գործունէութեան շրջան մը հանդիսացաւ, մեծ վարկ ու հռչակ ապահովելով երեսնամեայ հոգեւորականին։ Ժողովուրդին նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգածութեամբ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ծիսակատարութեանց եւ երգեցողութեանց արմատական բարեկարգումով` դարձաւ թեմին սիրուած ու յարգուած առաջնորդը։ Իր ժողովրդականութեան ու համբաւին տարածման մէջ մեծ դեր ունեցաւ Գէորգ Ծ. Վարդապետի կրթական ասպարէզէն ներս ցուցաբերած աշխուժութիւնը` նախաձեռնութեան ոգին եւ նոր սերունդի հայեցի ու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան գործին բոլորանուէր փարումը։ Հիմնովին վերանորոգեց, վերակազմակերպեց եւ աւելի քան հազար երկսեռ աշակերտներով կրթական յարգուած հաստատութեան մը վերածեց տեղւոյն դպրոցը, որ մինչ այդ հազիւ 200 աշակերտ ունէր եւ խեղճ շէնք մըն էր։
1847ին, ընդառաջելով Պրուսայի ազգային ժողովականութեան դիմումին, Մատթէոս Պատրիարք Եպիսկոպոսական աստիճան շնորհեց արժանաւոր հոգեւորականին, որ ճամբայ ելաւ դէպի Ս. Էջմիածին` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ Եպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար։ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոս այդ շրջանին Թիֆլիս կը գտնուէր եւ փափաքեցաւ, որ նորընծայ Եպիսկոպոսը Թիֆլիս երթայ եւ այդպէս ալ եղաւ։ Գէորգ Կոստանդնուպոլսեցիի Եպիսկոպոս ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ մեծ շուքով. Թիֆլիսի մէջ ան արժանացաւ ազգային թէ պետական բարձրագոյն պատիւներու։
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան իր ուղեւորութիւնը Գէորգ Եպիսկոպոս առաւելագոյնս օգտագործեց, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան թեմերուն` Կարսէն մինչեւ Երեւան եւ Ախալքալաք, ինչպէս եւ՝ ընդհանրապէս արեւելահայոց հոգեմտաւոր ու հասարակական կեանքին։
1848ի Սեպտեմբերի վերջերուն, Գէորգ Եպիսկոպոս վերադարձաւ Պրուսա եւ մինչեւ 1858ի Հոկտեմբերը շարունակեց առաջնորդի իր բեղուն գործունէութիւնը։ Այդ շրջանին էր, որ տեղի ունեցաւ 1855ի մեծ երկրաշարժը Պրուսայի մէջ. ամբողջ քաղաքին հետ ծանր վնասներու ենթարկուեցան նաեւ ազգապատկան շէնքերը եւ հայոց ինչքերը։
Հոգեւոր առաջնորդի պատասխանատուութեան արժանաւորապէս տէր կանգնելով` Գէորգ Եպիսկոպոս ամէն դուռ բախեց եւ ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հոգեպէս եւ նիւթապէս վերականգնէ իր հոգատարութեան յանձնուած թեմը։
Հետեւաբար պատահական չէր, որ 1858ի Հոկտեմբեր 30ին, երբ Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութիւն կատարուեցաւ, Գէորգ Եպիսկոպոսի վրայ կեդրոնացաւ ազգային ժողովականութեան նախընտրութիւնը։
Գէորգ Պատրիարքի պաշտօնավարութիւնը, սակայն, կարճատեւ եղաւ. միայն 18 ամիս մնաց պաշտօնի վրայ եւ հրաժարեցաւ 1860 Ապրիլին։ Օրմանեանի համաձայն` Գէորգ Կոստանդնուպոլսեցիի նկարագրով ու աշխարհայեացքով անհատականութիւնը յարմար չէր Պատրիարքութեան պաշտօնին, որովհետեւ գործունեայ եւ արժանաւոր հոգեւորականը պահպանողական էր իր ողջ էութեամբ։ ժողովական կաշկանդումներու եւ հակակշռի ենթարկուող չէր, միանձնեայ ղեկավարումի կողմնակից էր եւ բառին բուն իմաստով իր ձեռքը կ’ուզէր կեդրոնացնել բարոյական եւ վարչական ամէն իշխանութիւն։ Մինչդեռ Պոլսոյ Պատրիարքի պաշտօնը առաւելագոյն չափով ազգային-ժողովական մասնակցութիւն կ’ենթադրէր ոչ միայն ազգի գործերուն, այլեւ նոյնինքն պատրիարքարանի աշխատանքներուն ղեկավարման մէջ։ Մանաւանդ որ Ազգային Սահմանադրութեան մշակման եւ Պատրիարքութեան ղեկավարման մէջ ժողովրդային հակակշիռը ամրապնդելու բուռն պայքարի շրջանին զուգադիպեցաւ Գէորգ Կոստանդնուպոլսեցիի պատրիարքութիւնը։ Ան ուժգնօրէն ընդդիմացաւ եւ բուռն պայքար մղեց Ազգային Սահմանադրութիւնը արմատապէս ժողովրդավարական հիմունքով մշակելու առաջարկութեանց դէմ։ Բայց երբ տեսաւ Սահմանադրութեան կողմնակիցներու յաղթարշաւը, նախընտրեց հրաժարական տալ եւ վերադառնալ Պրուսայի առաջնորդութեան իր պաշտօնին։
1866ին, երբ Մատթէոս Առաջին Կաթողիկոս վախճանեցաւ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան յաջորդ գահակալի փնտռտուքները կեդրոնացան Գէորգ Եպիսկոպոսի վրայ։
29 Սեպտեմբեր 1866ին Կաթողիկոս ընտրուելով, ինչպէս որ նախատեսուած էր Պոլոժենիայով (Ցարական կանոնագրութեամբ), Գէորգ Դ. ձեռնարկեց դէպի Մոսկուա եւ Սէն Փեթերսպուրկ ուղեւորութեան` Ցարին ներկայանալու եւ պաշտօնապէս իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս հաստատուելու համար։ Հիւսիսային Կովկասի հայաշատ քաղաքներէն մինչեւ Ս. Փեթերսպուրկ, նորընտիր Հայրապետը ամէնուր հանդիպումներ ունեցաւ իր հօտին հետ, ծանօթացաւ անոնց դժուարութիւններուն, լսեց անոնց պահանջները եւ տեղւոյն վրայ լուծեց վարչական բնոյթի բազում խնդիրներ։ Վէճեր հարթեց, հայու հաւատքը գօտեպնդեց, կրթական օճախներ բանալու արշաւ կազմակերպեց եւ, ի պատիւ իր այցելութեան նախատեսուած ընդունելութիւնները խրախուսելու փոխարէն՝ բոլորին յորդորեց, որ ազգային նպատակներու նուիրեն իրենց սրտաբուխ նուէր-գումարները։
Ս. Էջմիածին վերադարձին` Գէորգ Դ. նուիրուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը բարեկարգելու եւ հզօրացնելու աշխատանքին։ Հրատարակեց «Արարատ» հանդէսը։ Վերանորոգեց Էջմիածնի տպարանը եւ վերակազմակերպեց հրատարակչական գործունէութիւնը։ Մօտէն զբաղեցաւ միաբանութեան հարցերով ու անոնց վիճակի ընդհանուր բարեկարգման ձեռնարկեց։ Բայց մանաւանդ որոշեց եւ գործադրութեան յանձնեց հոգեւոր ճեմարանի կառուցման ծրագիրը։ Շինարարական եւ նախապատրաստական աշխատանքները տարիներ տեւեցին եւ 1874ին «Գէորգեան» Ճեմարանը իր դռները բացաւ հայ նորահաս սերունդին առջեւ։ Իր ուսումնական մակարդակով, հոգեմտաւոր ջերմ մթնոլորտով եւ դասախօսական բարձրորակ անձնակազմով` «Գէորգեան» Ճեմարանը պատմական նշանակութեամբ մեծ դեր ունեցաւ 19րդ դարավերջի հայութեան ազգային ու հոգեմտաւոր պատրաստութեան եւ զարգացման մէջ։ Ժամանակաշրջանի մեծարժէք դէմքեր կազմաւորուեցան Ճեմարանի շունչով։ Ամբողջ սերունդներ հասցուց եւ նուիրաբերեց հայ ժողովուրդին։
«Գէորգեան» Ճեմարանը եղաւ կարապի երգն ու փառքի պսակը Հայոց Գէորգ Դ. Մեծագործ Հայրապետին, որ 1882ի Դեկտեմբեր 6ին, իր առաքելութիւնը արժանաւորապէս աւարտին հասցուցած մարդու գոհունակութեամբ, առյաւէտ փակեց իր աչքերը Մասիսի փէշերուն, Ս. Էջմիածնի մէջ։
29 Սեպտեմբեր 1866
29 Սեպտեմբեր 1866. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուեցաւ Գէորգ Եպիսկոպոս Կոնստանդնուպոլսեցին (1813-1882) Ն.