29 ­Յու­նի­սի այս օ­րը, 155 տա­րի ա­ռաջ, ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ լոյս տե­սաւ «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան» ա­նու­նով ամ­սագ­րի մը անդ­րա­նիկ հա­մա­րը։
Հ­րա­տա­րա­կիչն ու խմբա­գի­րը Մկր­տիչ Խ­րի­մեան ա­նուն-ազ­գա­նու­նով 35ա­մեայ վար­դա­պետ մըն էր, որ օս­մա­նեան մայ­րա­քա­ղաք ե­կած էր Երկ­րէն՝ հա­յոց ­Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հէն, ուր այդ ժա­մա­նակ տա­կա­ւին կը գոր­ծէր Աղ­թա­մա­րի կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը, ո­րուն նո­րըն­ծայ միա­բան­նե­րէն էր կա­նուխ տա­րի­քին ա­մուս­նա­ցած ու ըն­տա­նիք կազ­մած, բայց յե­տոյ ա­պաշ­խար­հած եւ կու­սակ­րօն ա­ռա­քե­լու­թեան նո­ւի­րո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մահ «­Հայ­րիկ»ը։
­Թէեւ ­Պոլ­սոյ մէջ սկսաւ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ին, բայց թէ՛ իր խմբագ­րին ու յօ­դո­ւա­ծա­գիր­նե­րուն աշ­խար­հա­յեաց­քով, թէ՛ իր ողջ բո­վան­դա­կու­թեամբ, «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ը ե­ղաւ հայ­կա­կան գա­ւա­ռին՝ նոյ­նինքն ­Հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան ձայնն ու շուն­չը օս­մա­նեան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ իր ազ­գա­յին զար­թօն­քը ապ­րող ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան հա­մար։ Այդ ի­մաս­տով ալ ի­րա­ւա­ցի են պատ­մա­գիր­նե­րը, երբ «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ը կը հռչա­կեն Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի եւ, ա­ւե­լի՛ն, Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած հա­յե­րէն ա­ռա­ջին տպա­գիր պար­բե­րա­կա­նը։
«Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ը ու­նե­ցաւ հրա­տա­րա­կու­թեան ե­րեք շրջան։ ­Հիմ­նո­ւե­ցաւ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ, ուր եւ ու­նե­ցաւ իր հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նը՝ միայն տա­րի մը, 1855էն 1856։ Երկ­րորդ եւ ա­մէ­նէն եր­կա­րա­տեւ հրա­տա­րա­կու­թեան շրջա­նը ու­նե­ցաւ ­Վա­նի ­Վա­րա­գայ վան­քին մէջ, իբ­րեւ շա­բա­թա­թերթ, 1858էն 1864, երբ Խ­րի­մեան ­Վար­դա­պե­տին վստա­հո­ւե­ցաւ վա­նա­հայ­րու­թիւ­նը ­Վա­րա­գա­վան­քի։ Հ­րա­տա­րա­կու­թեան եր­րորդ եւ վեր­ջին շրջա­նը, նոյն­պէս ­Վա­րա­գա­վան­քի մէջ, կար­ճա­տեւ ե­ղաւ, հա­զիւ եր­կու տա­րի, 1872էն 1874:
Սկզբ­նա­պէս, ­Պոլ­սոյ մէջ իր հրա­տա­րա­կու­թեան շրջա­նին, թեր­թը մեծ մա­սով նոյ­նինքն Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի տար­բեր գրչա­նուն­նե­րով ստո­րագ­րած յօ­դո­ւած­նե­րով կը ներ­կա­յա­նար ըն­թեր­ցո­ղին։ ­Բայց ո­րով­հե­տեւ ­Հայ­րի­կը պատ­գա­մի տէր մարդ էր եւ իր գրու­թեանց ընդ­մէ­ջէն ողն ու ծու­ծով կը շնչա­ւո­րէր ­Հա­յաս­տա­նի հողն ու ջու­րը, հայ գեղ­ջու­կի ան­պաշտ­պան խոփն ու ա­րօ­րը, հա­յոց լքո­ւած ու ա­ւե­րո­ւած վան­քերն ու պատ­մու­թիւն կեր­տած օ­ճախ­նե­րը, «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ը ան­մի­ջա­պէս ան­դին ան­ցաւ սոս­կա­կան թեր­թի մը սահ­ման­նե­րէն եւ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան յոր­դա­բուխ շար­ժու­մի մը՝ իր ժա­մա­նա­կի հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ — ­Պո­լի­սէն մին­չեւ ­Թիֆ­լիս ու ­Մոս­կո­ւա, դէ­պի Եր­կիր սե­ւե­ռե­լով հա­յեաց­քը, միտքն ու սիր­տը հայ­րե­նա­սէր ա­մէն հա­յու։
­Յատ­կա­պէս ­Վա­րա­գայ վան­քի մէջ իբ­րեւ շա­բա­թա­թերթ իր հրա­տա­րա­կու­թեան վե­ցա­մեայ շրջա­նին, «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ը դար­ձաւ պատ­գա­մա­բեր բե­մը հայ մտքի ու գրա­կա­նու­թեան այն­պի­սի՛ հսկա­նե­րու, ինչ­պի­սին են ­Գա­րե­գին Վրդ. Ս­րո­ւանձ­տեանցն ու ­Յա­կոբ ­Մե­լիք-­Յա­կո­բեա­նը (­Րաֆ­ֆի), Մ. Ա­նա­նեա­նը (որ նաեւ ե­ղաւ խմբա­գի­րը թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան եր­րորդ շրջա­նին), Ա. ­Թոխ­մա­խեա­նը, ­Տե­կանց եղ­բայր­նե­րը, Մ. Ա­ղա­բե­կեա­նը եւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք ­Վա­րա­գա­վան­քի ­Ժա­ռան­գա­ւո­րա­ցի սա­ներ էին եւ թրծո­ւած էին Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի շուն­չով։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ը գա­ղա­փա­րա­կան կա­պի ու կա­մուր­ջի դեր ու­նե­ցաւ 1850-60ա­կան­նե­րու հա­յոց Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի շար­ժու­մին եւ 1880-90ա­կան­նե­րու ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման մի­ջեւ։
­Տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ ներ­գոր­ծու­թիւ­նը թեր­թի մը, որ հա­րա­զատ թարգ­մանն էր իր հրա­տա­րա­կի­չին ու խմբագ­րին ազ­գա­յին ապ­րում­նե­րուն, հայ­րե­նա­սի­րա­կան պոռթ­կում­նե­րուն եւ յե­ղա­փո­խա­կան շուն­չին։
­Հայ­րի­կի կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, որ 1854ի ­Փետ­րո­ւա­րին Աղ­թա­մա­րի կա­թո­ղի­կոս ­Շի­րո­յա­նի կող­մէ վար­դա­պետ նոր ձեռ­նադ­րո­ւած՝ Խ­րի­մեան ան­մի­ջա­պէս թի­րախ դար­ձաւ միեւ­նոյն միա­բա­նու­թեան ե­րէց, բայց ծայր աս­տի­ճան պահ­պա­նո­ղա­կան ու խա­ւա­րա­միտ կղե­րի հա­լա­ծան­քին։ Խ­րի­մեա­նի ե­րազն էր Աղ­թա­մա­րը դարձ­նել ­Հա­յաս­տա­նի Ս. ­Ղա­զա­րը՝ իբ­րեւ հայ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու լու­սա­ւո­րու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թեան ազ­գա­յին զար­թօն­քին օ­ճա­խը։ ­Բայց ա­մէն քայ­լա­փո­խի դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ միա­բա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու հա­լա­ծան­քին եւ յա­րու­ցած ար­գելք­նե­րուն։ Ս­տի­պո­ւե­ցաւ առ­ժա­մա­բար հե­ռա­նալ ­Վա­րա­գա­վան­քէն, ան­ցաւ Կ. ­Պո­լիս, ուր հիմ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան մղած պայ­քա­րին մէջ՝ ի խնդիր Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշա­կու­մին ու հաս­տա­տու­մին։ Եւ «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ը, իր հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նին, մար­տու­նակ շե­փո­րա­հա­րը դար­ձաւ Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի շար­ժու­մին։
1855ին, Կ. ­Պոլ­սոյ Ս­կիւ­տար թա­ղա­մա­սի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ կար­գո­ւած ըլ­լա­լով՝ Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ իր քա­րոզ­նե­րով բոր­բո­քեց պոլ­սա­հա­յու­թեան հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգաց­մունք­նե­րը, օ­րի­նակ՝ քա­րո­զի մը ըն­թաց­քին կոչ ուղ­ղեց սուլ­թա­նա­կան Բ. Դ­րան ար­քու­նի վա­ռօ­դա­պե­տին՝ ­Յով­հան­նէս պէյ ­Տա­տեա­նին, որ­պէս­զի իր ար­տադ­րած վա­ռօ­դէն «քիչ մըն ալ ­Հա­յաս­տա­նի հա­յե­րուն» տրա­մադ­րէ՝ թշնա­մի­նե­րու դէմ կռո­ւե­լու հա­մար։ ­Կամ՝ այլ քա­րո­զի մը մէջ, յոր­դո­րեց ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ ­Կա­րա­պետ ­Պա­լեա­նին, որ ­Հա­յաս­տան եր­թայ եւ հոն նո­րո­գէ «նախ­նեաց ա­ւե­րակ­ներ, ամ­րոց­ներ, բեր­դեր ու պա­լատ­ներ»:
­Սա­կայն, ինչ­պէս որ ­Հայ­րի­կի կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, քա­րո­զը բա­ւա­րար չէր։ Անհ­րա­ժեշտ էր մեր ժո­ղո­վուր­դին գի­տակ­ցու­թեան ամ­բող­ջա­կան արթ­նա­ցու­մը, որ կը պա­հան­ջէր ա­ւե­լի ազ­դու մի­ջոց­ներ, յատ­կա­պէս պար­բե­րա­կան մա­մուլ: Եւ այդ պա­հան­ջին ծնուն­դը ե­ղաւ «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան» ամ­սա­թեր­թը:
Թեր­թի տպագ­րած յօ­դո­ւած­նե­րուն մեծ մա­սին հե­ղի­նա­կը ի՛նք խմբա­գիր Խ­րի­մեանն էր, որ ըն­թեր­ցող­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցուց գա­ւառ­նե­րու հայ բնակ­չու­թեան ի­րա­կան կա­ցու­թիւ­նը, քննարկ­ման նիւթ դար­ձուց ազ­գի ա­պա­գա­յին առն­չո­ւող բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ, ո­րոնց շար­քին՝ պանդխ­տու­թիւ­նը եւ գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը, Խ­րի­մեա­նի հա­մո­զու­մով, ա­րեւմ­տա­հայ կեան­քի ա­մե­նա­մեծ չա­րիքն էին։ Խ­րի­մեա­նի հա­մար՝ ճշմա­րիտ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը «բուն հայ­րե­նեաց երկ­րին մէջ բնա­կո­ւիլն է»: Այդ պատ­ճա­ռով ան «տա­րաշ­խար­հիկ հայ­կա­զուն­ներ»ուն շա­րու­նակ կը հրա­ւի­րէր վե­րա­դառ­նա­լու հայ­րե­նիք եւ շէնց­նե­լու նախ­նի­նե­րէն ի­րենց ժա­ռան­գու­թիւն տրո­ւած Եր­կի­րը:
Ա­ռա­ջին օ­րի­նա­կը տո­ւաւ ինք՝ Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ։ 1856ի ­Յու­նիս ամ­սու հա­մա­րով, «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ի է­ջե­րուն լոյս տե­սաւ «­Դարձ Արծ­ւոյն պանդխ­տե­լու ի ­Բիւ­զան­դիո­նէն յաշ­խարհն իւր հայ­րե­նի ­Վաս­պու­րա­կան» խո­րագ­րով յօ­դո­ւա­ծը, ուր խմբա­գի­րը կը յայտ­նէր իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն, որ «Ար­ծո­ւի» թռիչ­քը այ­նու­հե­տեւ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի հայ­րե­նի ­Վաս­պու­րա­կա­նին մէջ: Կ. ­Պոլ­սի ­Հա­յոց պատ­րիար­քի կոն­դա­կով եւ Բ. Դ­րան հրա­մա­նագ­րով՝ ֆեր­մա­նով, 1857ի ­Յու­նո­ւա­րին Խ­րի­մեան դար­ձաւ ­Վա­նի ­Վա­րա­գայ վան­քի վա­նա­հայ­րը: 1857ի ­Մար­տին վան­քին մէջ բա­ցո­ւե­ցաւ «­Ժա­ռան­գա­ւո­րաց» վար­ժա­րա­նը, իսկ 1858ի ­Յու­նո­ւա­րէն վերսկ­սաւ «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը՝ ­Վա­րա­գա­վան­քի մէջ ­Հայ­րի­կի հիմ­նած տպա­րա­նէն։
«­Հան­դէս աս­տո­ւած­պաշ­տու­թեան», «­Հան­դի­սա­րան հայ­րե­նա­շէն ա­ռա­քի­նեացն ­Հա­յոց», «­Տե­սա­րանք հայ­րե­նի աշ­խար­հաց» եւ այլ խո­րագ­րե­րով շա­բա­թա­թեր­թի բա­ժին­նե­րուն յօ­դո­ւած­նե­րը ըն­թեր­ցո­ղը ծա­նօ­թա­ցու­ցին ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ՝ հա­յու­թեան կեան­քէն ներս ու­նե­ցած դե­րին, հո­գե­ւոր հայ­րե­րու եւ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­թո­ղի­կոս­նե­րունն, ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն, ա­նոնց հայ­րե­նա­սի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան: Խ­րի­մեան ա­ռանձ­նա­կի եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ եւ յար­գան­քով շեշ­տեց ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի մեծ գոր­ծը. սուրբ թարգ­մա­նիչ­նե­րը՝ ­Մաշ­տո­ցի ա­շա­կերտ­ներ «­Քեր­թո­ղա­հայր» ­Խո­րե­նա­ցին, «Վ­սե­մա­խօս Ե­ղի­շէն», «Ըն­տիր աս­տո­ւա­ծա­բան» Եզ­նիկ ­Կող­բա­ցին դար­ձան խմբագ­րի բարձր գնա­հա­տան­քին ար­ժա­նի դէմ­քեր: ­Թեր­թին մէջ կա­րե­ւոր տեղ գրա­ւե­ցին հա­յու­թեան ըն­կե­րա­յին ու ազ­գա­յին ծանր վի­ճա­կը ներ­կա­յաց­նող յօ­դո­ւած­նե­րը, ո­րոնք հնչե­ցու­ցին պայ­քա­րի ճամ­բով ա­զա­տագ­րո­ւե­լու կո­չեր: Ու­սու­ցիչ-խմբա­գի­րը, իր սա­նե­րուն եւ գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ, կա­տա­րեց ա­մէ­նօ­րեայ տքնա­ջան աշ­խա­տանք, բա­ցո­ւե­ցան նոր դպրոց­ներ, հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք տա­րո­ւե­ցաւ հայ «շի­նա­կա­նի» ա­ռօ­րեայ ծանր հո­գե­րը թե­թեւց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ:
«Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ը ձե­ւա­ւո­րեց նաեւ Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հան­գա­նա­կը, որ քրտա­կան ա­ւա­տա­պե­տու­թեան շա­հա­տա­կու­թիւն­նե­րուն եւ խժդժու­թեանց, ինչ­պէս նաեւ թուրք պաշ­տօ­նեա­նե­րու հարս­տա­հա­րու­թեանց ու կե­ղե­քում­նե­րուն դէմ ըմ­բոս­տա­նա­լու եւ պայ­քա­րե­լու ու­ղին էր՝ սե­փա­կան ձեռ­քով ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դի­մե­լու եւ ի հար­կին զէն­քի ու­ժով սե­փա­կան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­կանգ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։
Ն­ման տա­րո­ղու­թեամբ գա­ղա­փա­րա­կան հնո­ցի մը ծննդեան օ­րը կը տօ­նենք այ­սօր՝ ­Յու­նիս 29ին, ո­րով­հե­տեւ Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի կող­մէ 155 տա­րի ա­ռաջ կեան­քի կո­չո­ւած «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս վա­ռեց գա­ղա­փա­րա­կան խա­րոյ­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին։