Ազ­գա­յին հպար­տու­թեամբ, ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ու մար­տու­նա­կու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու խոր­հուր­դով յա­գե­ցած է 28 ­Յու­նո­ւա­րին տօ­նա­կա­տա­րո­ւող ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կին Օ­րը։
25 տա­րի ա­ռաջ՝ 1992ի 28 ­Յու­նո­ւա­րին, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան անդ­րա­նիկ նա­խա­գահ ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի ո­րո­շու­մով, կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ զայն գլխա­ւո­րե­լու պաշ­տօ­նը յանձ­նուե­ցաւ ե­ղե­րա­բախտ ­Վազ­գէն ­Սարգ­սեա­նի։
­Բա­ռին քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով դժո­ւա­րին եր­կունք մը ու­նե­ցաւ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կը։
1988ին թափ ա­ռած Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն սկսաւ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կին սաղմ­նա­ւո­րու­մը։ ­Հայ­կա­կան բա­նա­կի եր­կուն­քին մէջ ի­րենց վճռո­րոշ ներդ­րու­մը ու­նե­ցան Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան նպա­տա­կով կազ­մո­ւած ժո­ղովր­դա­յին ա­ռա­ջին զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը, ա­նոնց կազ­մա­կերպ­ման եւ ձե­ւա­ւոր­ման ա­ռա­ջադ­րան­քով կեանք ա­ռած հայ­կա­կան նո­րա­նուն կու­սակ­ցու­թեանց ֆե­տա­յա­կան ջո­կատ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ու մա­նա­ւանդ խորհր­դա­յին բա­նա­կի հայ սպա­նե­րու յայտ­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ։
­Քա­ղա­քա­կան խի­թեր ու գա­ղա­փա­րա­կան ցա­ւա­գին գա­լա­րում­ներ շատ ու­նե­ցաւ ­Հա­յոց ­Բա­նա­կին եր­կուն­քը. նոյ­նինքն Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման յա­ռա­ջա­տար ու­ժե­րուն մի­ջեւ ներ­քին հա­կա­սու­թիւն­ներն ու հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը ան­պա­կաս ե­ղան։ ­Մին­չեւ իսկ 23 Օ­գոս­տոս 1990ի ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան Հռ­չա­կագ­րի որ­դեգ­րու­մէն ետք, երբ 1918ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան հի­մե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու միա­հա­մուռ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը օ­րէնսդ­րա­կա­նօ­րէն ամ­րագ­րո­ւած էր, ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կի կազ­մու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հիմ­նադր­ման քա­ղա­քա­կան քայ­լը դիւ­րին չառ­նո­ւե­ցաւ եւ ներ-իշ­խա­նա­կան քա­ղա­քա­կան բուռն հա­կադ­րու­թեանց պատ­ճառ դար­ձաւ։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­տե­նի իշ­խա­նու­թեանց ղե­կին հա­սած ­Հա­յոց ­Հա­մազ­գա­յին ­Շարժ­ման ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, յան­ձին խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի, յա­մա­ռօ­րէն պնդեց այն ռազ­մա­վա­րա­կան դա­ւա­նան­քին վրայ, թէ «­Մեր պաշտ­պա­նու­թիւ­նը մեր ան­պաշտ­պա­նո­ւա­ծու­թեան մէջ է»՝ ձգձգե­լով ի­րա­ւա­կան ու պաշ­տօ­նա­կան ամ­րագ­րու­մը մինչ այդ ի­րո­ղա­պէս ար­դէն կազ­մո­ւած ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կի վե­րա­կանգն­ման յա­ռա­ջա­պահ­նե­րուն եւ հայ­րե­նի հո­ղի ա­զա­տագր­ման ու պաշտ­պա­նու­թեան դրօ­շա­կիր ջո­կատ­նե­րուն։
­Դեկ­տեմ­բեր 1991ի ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան լու­ծա­րու­մէն ետք միայն ըն­թաց­քի մէջ դրո­ւե­ցաւ օ­րէնսդ­րա­կան նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կի կազ­մու­թեան եւ, այդ ա­ռու­մով ալ, 28 ­Յու­նո­ւար 1992ին Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան հիմ­նադր­ման օ­րը հե­տա­գա­յին հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կի ստեղծ­ման ազ­գա­յին-պե­տա­կան տօն։
­Տե­ղը չէ ա­ռանձ­նա­բար ու ա­նուն առ ա­նուն յի­շա­տա­կե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման սկզբնա­կան շրջա­նի, ինչ­պէս եւ իբ­րեւ պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն ա­նոր կա­յաց­ման ու ար­մա­տա­ւոր­ման հե­տա­գայ փու­լե­րու գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րը եւ ե­րախ­տա­ւոր­նե­րը։
­Բայց ­Վազ­գէն ­Սարգ­սեա­նի ա­նո­ւան կող­քին ան­պայ­ման ի­րենց ար­ժա­նի տե­ղը ու­նին օ­րին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րած եւ տա­կա­ւին ապ­րող ու գոր­ծող քա­ղա­քա­կան-իշ­խա­նա­ւոր դէմ­քեր, ինչ­պի­սին են ­Վազ­գէն ­Մա­նու­կեանն ու ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նը։
Ա­նու­րա­նա­լիօ­րէն մեծ ու ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­ղաւ ներդ­րու­մը նաեւ ու մա­նա­ւանդ խորհր­դա­յին բա­նա­կի մէջ թրծո­ւած հայ սպա­նե­րուն՝ ինչ­պի­սին են ­Գուր­գէն ­Ղա­լի­պալ­թա­յեանն ու ­Մի­քա­յէլ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը, միայն քա­նի մը ա­նուն­ներ յի­շա­տա­կած ըլ­լա­լու հա­մար։
­Բայց ան­պայ­ման պէտք է յի­շել եւ յի­շեց­նել, ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կին տօ­նին ա­ռի­թով, որ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րու­մի թէժ պայ­քա­րի ծնուն­դը ե­ղաւ ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կը։ Իր մար­տու­նա­կու­թիւ­նը ստա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թե­նէն ու հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան դա­րա­ւոր պայ­քա­րի ռազ­մա­հայ­րե­նա­սի­րա­կան ա­ւանդ­նե­րէն։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին, ե­ղաւ առ­նա­կան ծնուն­դը Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տին, որ­մէ եւ ստա­ցաւ ատրպէյ­ճա­նա­կան ու հա­մաթր­քա­կան սպառ­նա­կան վտան­գի դի­մագ­րաւ­ման միշտ պատ­րաստ գտնո­ւե­լու ներ­քին զօ­րու­թիւ­նը։
Ի վեր­ջոյ Անդ­րա­նի­կի եւ ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի, Նժ­դե­հի ու Դ­րո­յի ա­ւանդ­նե­րով սնա­նե­ցաւ ու հա­սակ նե­տեց վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կը, որ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ա­մէ­նէն մար­տու­նակ զօր­քե­րէն մէ­կուն՝ եւ­րո­պա­կան թէ մի­ջազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու վկա­յու­թեամբ։
Ա­հա թէ ին­չո՛ւ ազ­գա­յին ար­դար հպար­տու­թեան ու ինք­նավս­տա­հու­թեան ամ­րագր­ման տօնն է ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կի վե­րա­կանգն­ման տա­րե­դար­ձը։
­Յատ­կա­պէս՝ ազ­գա­յին մեր մար­տու­նա­կու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գե­լու ուխ­տի օր է, ո­րով­հե­տեւ գե­րա­զան­ցա­պէս ազ­գա­յին ինք­նա­պաշ­տա­նու­թեան ու ա­զա­տագ­րու­մի պայ­քա­րէն ծնունդ ա­ռաւ ­Հա­յոց ­Բա­նա­կը եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, կը շա­րու­նա­կէ յոյսն ու ա­պա­ւէ­նը մնալ թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան սպառ­նա­կան վտան­գը տա­կա­ւին, այ­լեւ նո­րո­վի դի­մագ­րա­ւող հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ ի հայ­րե­նիք, բայց նաեւ ի սփիւռս աշ­խար­հի։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կին տա­րե­դար­ձը կ­՚ըն­ծա­յէ ա­ռի­թը, որ­պէս­զի լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւի ազ­գա­յին-պե­տա­կան մեր անվ­տան­գու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րող կա­րե­ւո­րա­գոյն այս կռո­ւա­նին շուրջ ազ­գո­վին՝ իբ­րեւ հա­սա­րա­կու­թիւն, քա­ղա­քա­կան ու­ժեր եւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւն հա­մախմ­բո­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
­Պարզ է, որ ոչ միայն ար­տա­քին սպառ­նա­լիք­ներն ու յատ­կա­պէս թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նեան թշնա­մու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար, այլ նաեւ ազ­գա­յին մեր ներ­քին ճա­կա­տը միա­ձոյլ պա­հե­լու եւ մար­տու­նա­կու­թեան մեր պա­շար­նե­րը ա­մէն կար­գի ցե­ցե­րու դէմ պահ­պա­նե­լու մեկ­նա­կէ­տով՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյն սրու­թեամբ դրո­ւած է անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կին նկատ­մամբ հա­մայն հա­յու­թեան վստա­հու­թեան խո­րա­ցու­մին եւ ճա­ռա­գայ­թու­մին։
­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կը ար­ժա­նի է վեր մնա­լու եւ ան­խո­ցե­լի պա­հո­ւե­լու քա­ղա­քա­կան թէ գա­ղա­փա­րա­կան ա­մէն կար­գի վէ­ճե­րէ, հա­կադ­րու­թիւն­նե­րէ եւ քաշք­շուկ­նե­րէ։
Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան եւ Ա­զատ ու Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին եւ անվ­տան­գու­թեան հա­մար ի­րենց ա­րիւնն ու գե­րա­գոյ­նը նո­ւի­րա­բե­րած մեր հե­րոս­նե­րուն եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ա­նոնց ծնունդ տո­ւած ա­նընկ­ճե­լի մեր ժո­ղո­վուր­դին՝ պար­տա­կան ենք աչ­քի լոյ­սի պէս պահ­պա­նու­մը, բա­րե­կար­գու­մը եւ հզօ­րա­ցու­մը այն­քան դժո­ւա­րին եր­կուն­քով կեանք ա­ռած ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կին։
Ի վեր­ջոյ, ինչ­պէս որ սի­րո­ւած երգն ու քայ­լեր­գը կը պատ­գա­մէ՝

ՄԵՐ ԱՆՈՒՆՆ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ

Օր­նի­բուն դրւում է հին քա­րին նոր քա­րը.
Եւ ա­նունն է մեր հայ շի­նա­րար,
­Նոր գա­րունն իր հետ բե­րում է ցանքն ու վա­րը.
­Մեր ա­նունն է հայ մշակ ար­դար,
­Ժէտք է ի­մա­նայ մա­նուկն իր գիրն ու տա­ռը,
Որ ապ­րի հայ միտ­քը դա­րէ դար։

(Կրկ­ներգ)
­Մեր սրտե­րը միշտ ա­մուր են, հուր են,
­Մեր թրե­րը միշտ ա­մուր են, սուր են,
Եւ թող ի­մա­նան բո­լո­րը`
­Մեր ա­նունն է հայ­կա­կան բա­նակ։

­Հայ հա­զա­րա­մեայ մեր պատ­մու­թեան տա­պա­նը
­Մեզ տա­րու­բե­րել է աշ­խար­հով,
Ետ է մեզ կան­չում մեր հա­րա­զատ օր­րա­նը՝
­Միշտ հա­ւա­տա­րիմ իր կա­րօ­տով,
­Մերն է լի­նե­լու այս նոր հա­րիւ­րա­մեա­կը՝
­Վառ լու­սա­ւո­րո­ւած ճա­նա­պար­հով:

(Կրկ­ներգ)
­Մեր սրտե­րը միշտ ա­մուր են, հուր են…

­Մեր պա­պե­նա­կան մեր հայ­կա­կան հո­ղե­րը
­Մենք գի­շեր ու զօր կը պահ­պա­նենք,
­Թող հան­գիստ քնեն հա­յոց բո­լոր մայ­րե­րը,
­Մենք նրանց ան­դոր­րը կը հսկենք։
­Հայկ նա­հա­պե­տի` մեզ ա­ւան­դած եր­կի­րը
­Մեր զա­ւակ­նե­րին կը ժա­ռան­գենք:

(Կրկ­ներգ)
­Մեր սրտե­րը միշտ ա­մուր են, հուր են…

­Հայ հա­զա­րա­մեայ մեր պատ­մու­թեան կնի­քը
­Մենք յա­ւերժ կրում ենք դա­րէ դար
­Թող որ միշտ խա­ղաղ լի­նեն հա­յոց եր­կին­քը
Եւ լեռ­նե­րը ա­րե­ւա­վառ
Ե­թէ պա­հան­ջո­ւի՝ ան­գամ կը տանք մեր կեան­քը
­Մեր հայ­րե­նի­քի փառ­քի հա­մար.

(Կրկ­ներգ)
­Մեր սրտե­րը միշտ ա­մուր են, հուր են…