Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան», Աթէնքի «Գ. Լազեան», Գոքինիոյ «Մ. Վարանդեան» կոմիտէներուն, Շաբաթ, 8 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-խրախճանք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով:
Խրախճանքին՝ ներկայ էին Հ.Յ.Դ. շարքային ընկերներ, բարեկամներ եւ համակիրներ:
Նաեւ ելոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, գերշ. Տ. Կոմիտաս սրբազանը, Աթէնք այցելութեան առիթով, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ անդամները, ինչպէս նաեւ Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւններու անդամները:
Օրուան ելոյթի բացումը կատարեց ընկ. Վիգէն Մինասեան:
Յաջորդաբար, ընկ. Անի Արզումանեան փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան խօսքը:
Օրուան գլխաւոր խօսողն էր ընկ. Նորա Քիւրտօղլեան, որ փոխանցեց Մայիս 28-ի խորհուրդը:
(Խօսքերը պիտի հրատարակենք առանձին):
Խրախճանքի գեղարուեստական մասը ստանձնած էին յատկապէս հրաւիրուած երգիչ՝ Ղազար Քէօշկէրեան, ընկերակցութեամբ՝ Սեդօ Պաղտասարեանի, որոնք ազգային եւ ժողովրդային երգերով խանդավառեցին ներկաները եւ ստեղծեցին զուարթ մթնոլորտ սրահէն ներս:
Ելոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն զանազան նուէրներով: Խրախճանքը տեւեց մինչեւ ուշ գիշերուան ժամերը:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք 28 Մայիս 1918 106-ամեակին նուիրուած խրախճանք (նկարներ)